Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռքի Տարուան» Առիթով. Հայերէնաւանդ Ուսուցիչները Ի Պատուի Ազգային Առաջնորդարանէն Ներս

Մայիս 5, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, գնահատանքի երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս, ուր մեծարուեցան Ազգ. վարժարաններու հայերէնաւանդ 73 ուսուցիչներ, ներկայութեամբ Կրօնական ժողովի Հոգեւոր հայրերու, Ազգ. վարչութեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի, տնօրէններու եւ Ուսումնական մարմիններու ներկայացուցիչներու:

Հայկական մեղմ ու քաղցր մեղեդիներու հնչիւններու ներքեւ, նախ Ազգ. Առաջնորդարանի շրջափակը հիւրընկալեց հայերէնի եւ հայկական նիւթերու մասնագէտ ուսուցիչները, տնօրէնութիւնները, որոնք աւելի քան ժամու մը տեւողութեամբ ապրեցան ընկերային յիշատակելի պահ, իրենց առօրեայ հոգերէն եւ տաղտուկներէն ձերբազատուած, ապա մուտք գործեցին Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահ, ուր ի պատիւ իրենց կազմակերպուած երեկոյթին պաշտօնական բաժինը բացուած յայտարարեց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ Տիկին Քնար Գորթոշեան՝ դիտել տալով, որ իր տեսակին մէջ աննախադէպ, իւրայատուկ եւ մեծապէս ողջունելի այս ձեռնարկը մտայղացումն է Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որուն ամբողջական զօրակցութիւնը կը վայելեն Ազգ. վարժարաններն ու յատկապէս հայ հոգիի եւ մտքի մշակ ուսուցիչ-դաստիարակները:

Ազգային վարչութեան անունով, Ուսուցչաց տօնը շնորհաւորեց եւ սրահը լեցուցած ուսուցիչներու անխոնջ ճիգն ու նուիրուածութիւնը դրուատեց Ազգային վարչութեան ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի մօտ ներկայացուցիչ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, ապա ջերմ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն:

Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, իր կարգին, գնահատանքով անդրադարձաւ հայ ուսուցիչին ի գործ դրած զոհողութեան ոգիին՝ յատկապէս անհող ու անպետականութիւն դիմագրաւող Սփիւռքի մէջ հայ սերունդներու ազգային դիմագիծի պահպանման առումով, ապա ձեռնարկի կազմակերպման համար երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ուսուցչաց տօնին առիթով շնորհաւորեց բոլոր դաստիարակներն ու կրթական մշակները՝ ըսելով. «Ընդհանրապէս հայ ուսուցիչը եւ մասնաւորաբար հայերէնաւանդ ուսուցիչը հրաւիրուած են վայելելու եկեղեցւոյ ու ազգին՝ այլ խօսքով բովանդակ ժողովուրդին յարգանքն ու գուրգուրանքը: Այսօր, ձեր Առաջնորդ Սրբազանը հրաւիրած է ձեզ ազգի տուն՝ Ազգ. Առաջնորդարան, յանուն մեր ժողովական կառոյցներուն ու մարմիններուն եւ մեր հոգեւոր խնամքին ներքեւ գործող բոլոր-բոլորին, միայն ՇՆՈՐՀԱԿԱԼ ԵՄ ըսելու համար ձեզի, որ ոչ թէ ձեր իմացածէն, այլ ձեր ինքնութենէն ու էութենէն ձեր հաւատքն ու գիտութիւնը նշխարի պէս կը ձգէք մեր աշակերտներու հոգեմտաւոր գանձարկղին մէջ»:

Իր խօսքի աւարտին, Թորգոմ Եպս. կոչ ուղղեց Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, Խնամակալ մարմինին, Ուսումնական խորհուրդներուն եւ տնօրէններուն՝ միշտ շարունակել բարձր գնահատել հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն տեղն ու դերը Ազգ. վարժարաններու կեանքէն ներս եւ ըստ արժանւոյն մեծարել զանոնք բոլոր մակարդակներու վրայ եւ անդաստաններէ ներս:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, յոտընկայս եւ համախումբ արտասանուեցաւ «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս» աղօթքը, ապա երգուեցան «Կիլիկիա» մաղթերգն ու «Մեր Հայրենիք» քայլերգը:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Սուրբ Պատարագ Եւ Հսկում

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?