Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Դատն Ու Հայ Երիտասարդութիւնը» Խորագիրով Խորհրդաժողով

May 6, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբին, ուրբաթ, 29 ապրիլին տեղի ունեցաւ «Հայ դատն ու հայ երիտասարդը» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հալէպահայ 15 միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ:

Բացման խօսքով յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան նախ ողջունեց մասնակիցները, ապա մէջբերեց Երինկի հետեւեալ խօսքը.

«Արդարութիւնը մէկ ձեռքով բռնած է կշիռք, միւսով` սուր: Կշիռքով կը կշռէ իրաւունքը, սուրով կը պաշտպանէ եւ կը հաստատէ զայն: Սուրը առանց կշիռքի` մերկ բռնութիւն է, իսկ կշիռքը առանց սուրի` իրաւունքի անզօրութիւն»:

Ապա ան անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան` ըսաւ, որ 1915-ին Թուրքիոյ գործած մեծագոյն ոճիրը հայ ազգին հայրենահանումն էր, ինչ որ արեւմտահայ ժողովուրդը դարձուց անարմատ, գաղթական` մեռնելու եւ հուսկ ձուլուելու դատապարտուած: Հետեւաբար ան շեշտեց, որ հերթական ապրիլ 24-ը առիթ պէտք է ըլլայ ոչ թէ միայն ոգեկոչելու նահատակներուն յիշատակը, այլեւ` մասնաւորաբար յիշելու հայրենահանման պատմական չարիքը: Այսօր, եթէ մենք մոռնանք մեզմէ յափշտակուած հայրենիքը, ուրիշներ ալ կը մոռնան, իսկ Արեւմտահայաստանը` մեր պատմական հայրենիքը, կը դառնայ ովկիանոսի յատակը կորած Աթլանթիտ քաղաքին նման:

Գահուէճեան դիտել տուաւ, որ հայ ժողովուրդին համար Հայ դատը լոկ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցերը չեն, այլ` ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին իրականացումը: Ապա եզրափակելով` յայտնեց, որ խորհրդաժողովի կազմակերպման նպատակն է իրազեկ դարձնել երիտասարդութիւնը` Հայ դատին, անոր յանձնախումբերուն աշխատանքին, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ քննարկել անոնց յաղթահարման մէջ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը:

Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին հետեւեալ միութիւններուն ներկայացուցիչները. Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ.  միութեան, ՀՄԸՄ-ի, Սուրիոյ պատանեկան միութեան, «Քրիստափոր» ուսանողական եւ «Տխրունի» ուսանողական-երիտասարդական միութիւններու, Սուրիոյ երիտասարդաց միութեան, Սուրիահայ օգնութեան խաչի, Թէքէեան մշակութային միութեան, Համազգայինի, Հայ կաթողիկէ միութեան, Հայ աւետարանական համայնքի Ք. Ջ. երիտասարդաց միութեան, ինչպէս նաեւ «Գանձասար»-ի թղթակիցներ:

Խորհրդաժողովը կ՛ընդգրկէր հետեւեալ չորս զեկոյցները.

Ա.- «Հայ դատ. սահմանում, պահանջատիրութիւն, գրասենեակներ եւ անոնց գործունէութիւնը»:

Զեկուցաբեր` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:

Բ.- «Հայ դատն ու միջազգային օրէնքը»:

Զեկուցաբեր` իրաւաբան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ, Արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական իրաւական կեդրոնի տնօրէն- խորհուրդի անդամ` դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան:

Գ.- «ԶԼՄ-ներուն դերը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ»:

Զեկուցաբեր` ՀՅԴ-ի անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռային ընկերութեան լրատուական եւ հասարակական-քաղաքական հաղորդումներու նախկին տնօրէն Գեղամ Մանուկեան:

Դ.- «Հալէպահայ միութիւններու դերակատարութիւնը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ»:

Զեկուցաբեր` հրապարակագիր, Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի «Հայ դատ» նիւթի դասախօս Աւօ Գաթրճեան:

Ապա հալէպահայ միութիւններն ու կազմակերպութիւնները ներկայացուցին զեկոյցներ` Հայ դատին գծով իրենց տարած աշխատանքին մասին:

Խօսուեցաւ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ միութիւններուն, երիտասարդութեան եւ լրատուամիջոցներու դերին շուրջ: Տեղի ունեցան քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ:

Խորհրդաժողովը փակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգով:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (5 Մայիս 2022)

Յաջորդը

Ֆելիքս Յարութիւնեանի Մահուան 10-ամեակ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.