Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Ապրիլ 21, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

«Ցեղասպանութեան Կրթութիւնը 21-րդ Դարաշրջանին Առաջնորդրուելով Ապագայ Սերունդը` Պոսթընէն Պուրունտի Նիւթով Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ Արեւելեան Մասաչուսեցի Հայ դատի յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Պոսթընի ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, 10 ապրիլին Ուաթըրթաունի Հայ կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին: Օրուան նիւթն էր «Ցեղասպանութեան կրթութիւնը 21-րդ դարաշրջանին, առաջնորդելով ապագայ սերունդը` Պոսթընէն Պուրունտի»:

Օրուան հանդիսավար Անի Զարգարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 10 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուեցաւ օրուան բանախօս «Աւրորա»-ի (2016) եւ Միացեալ ազգերու «Նանսեն» (2005) մրցանակակիր Մարկըրիթ Պարանքիցէի (Պուրունտի) անձնական եւ հետեւողական ջանքերով հիմնած «Maison Shalom» բարեգործական հիմնարկը: Այս կեդրոնին պարտականութիւնն էր խնամել եւ դաստիարակել փոքր տարիքէն չարաչար շահագործուած եւ ստիպողաբար ռազմաճակատ տարուած պատանիներ:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Մարկըրիթ Պարանքիցէ, որ վերապրած է իր երկրի ներքին քաղաքացիական պատերազմը: Ան սրտբացօրէն արտայայտուեցաւ` նկարագրելով, թէ որքա՛ն զարհուրելի է ատելութիւնը` կոչ ուղղելով ամէն գնով դէմ կենալ որեւէ պատերազմի, որպէսզի կտրուկ կերպով վերջ դրուի ծայրայեղութիւններուն, ատելութիւններուն եւ ցեղասպանութեանց:

Օրուան զեկուցողներ` դոկտ. Լեռնա Էքմեքչիօղլու (Պոլիս ծնած, պատմութեան դասախօս` Պոսթընի MIT համալսարանէն ներս), Էրիք Քոհեն (ցեղասպանութեանց դէմ պայքարող անձ մը, որ յատկապէս հարաւային Սուտանի մէջ պատահած ջարդերուն գծով աշխատանք տարած է), Հերման Բրուտեան («Արմինիըն Ասեմպլի»-ի գործօն անձերէն, որ շարունակ գործած է ի նպաստ Ցեղասպանութեան ճանաչման) եւ դոկտ. Տիգրան Խալիկեան (Արեւելեան Մասաչուսեցի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար եւ ցեղասպանութեան մասին մասնագէտ դասախօս) անդրադարձան, թէ ինչպէս կարելի եղած է տարիներ շարունակ աշխատիլ եւ քաղաքական բեմի վրայ համոզել ղեկավարներ, որպէսզի կարելի ըլլայ յատուկ ցեղասպանութեանց մասին դասընթացք ներկայացնել, առաջին հերթին Մասաչուսեցի եւ ապա` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կրթօճախներէն ներս:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Լեւոն Շառոյեանի «Գրականաշունչ Պտոյտ` Այբուբենի Տառերուն Հետ» Հատորը Կը Նուիրէ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Դպրոցներու Հայերէնի Ուսուցիչներուն

Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, վերջերս Հալէպի մէջ լոյս տեսաւ արեւմտահայերէնի ուղղագրութեան եւ կէտադրութեան նուիրուած հանրամատչելի նոր ուղեցոյց մը` «Գրականաշունչ պտոյտ` այբուբենի տառերուն հետ» խորագրով, հեղինակութեամբ հալէպահայ գրող, մամլոյ աշխատակից եւ կրթական մշակ Լեւոն Շառոյեանի:

Հատորը իր բնոյթով թէեւ գերազանցապէս քերականական գործ մը կը նկատուի, սակայն գրի առնուած է դիւրամատչելի լեզուով եւ կրնայ ընթերցանութեան գիրքի մը պէս հեզասահ կարդացուիլ` իր մայրենի լեզուն բարելաւելու եւ անոր ուղղագրական կանոններուն ծանօթանալու ցանկութիւն ունեցող ամէն տարիքի հայորդիի կողմէ: Գիրքը մասնաւորաբար օգտակար պիտի ըլլալ նաեւ սփիւռքահայ վարժարաններու հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն եւ հայագիտական հիմնարկներու ուսանողներուն:

Գիրքին հիմնական նպատակն է կարելի եղած չափով դարմանել մեր ուղղագրական սխալները եւ ուղիներ ցոյց տալ` յաղթահարելու համար նմանահնչիւն տառերէն ծնունդ առնող ուղղագրական դժուարութիւնները: Այսուհանդերձ, գիրքը միայն ուղղագրական ուղեցոյց չէ, այլ ունի երկու այլ երեսներ եւս` բառագիտութիւն եւ կէտադրութիւն:

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը, որ իր մէկ դարեայ պատմութեան ընթացքին մի՛շտ ու տեւաբար կանգնած է հայ դպրոցին ու հայ ուսանողին կողքին, այս նոր գիրքէն օրինակ մը նուիրեց Հիւսիսային Ամերիկայի (Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա) հայ դպրոցներու մէջ դասաւանդող հայ ուսուցիչներուն, այն հաւատքով, որ քերականութեան նորատիպ այս գիրքով նպաստած պիտի ըլլայ արեւմտահայերէնի վերածաղկումին ու կենսունակութեան եւ օգտակար գործիք մը դրած կ՛ըլլայ մեր հայախօս ու հայագիր հանրութեան ձեռքը:

Անհատ փափաքողներ այս գիրքէն կրնան օրինակ մը գնել Աւետարանչականի առցանց գրախանութէն հետեւեալ կայքէջով. https://amaa.org/featuredbooks/:

Սուրիա

 ՍՕ Խաչի Մայրերու Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկին Պարգեւատրուեցան 30 Եւ Աւելի Տարիներու Ծառայութիւն Ունեցող Խաչուհիներ

Կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, 31 մարտին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Մայրերու տօնը:

Տօնակատարութեան հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Լենա Միսաքեան, որ անդրադարձաւ իգական սեռի գեղեցկութեան եւ ծաւալած բազմերանգ գործունէութեան` նշելով, որ կիները վճռորոշ ազդեցութիւն ունին կեանքի ձեւաւորման մէջ, իսկ ՍՕԽ-ը` իբրեւ կնոջական միութիւն, իր կառոյցով եւ բեղուն գործունէութեամբ պատկառելի ներկայութիւն եղած է սուրիահայութեան կեանքէն ներս:

Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հուրի Մուսալլի, որ  նկարագրելով հայ մայրը որպէս սիրոյ խորհրդանիշ եւ առաջին ուսուցիչ` յայտնեց, որ ՍՕԽ-ը իր հիմնուած օրէն մեծ դերակատարութիւն ունեցած է սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան կեանքէն ներս` մատուցելով բժշկական, դաստիարակչական եւ այլ ծառայութիւններ` շնորհիւ իր նուիրուած խաչուհիներուն:

Օրուան բանախօս Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց հայ մօր դերը երեք առանցքներու ընդմէջէն` ա) Մօր բնութագրումն ու անոր առաքելութիւնը, բ) Հայ մօր առաքելութիւնը, գ) Միութենական մօր առաքելութիւնը, աւելցնելով, որ մայրը իր կեանքի իւրաքանչիւր վայրկեանը կ՛անցընէ խնամելով եւ հոգատարութեամբ, սորվեցնելով սիրել, յարգել եւ բարի ըլլալ, իսկ մեր պատմութեան մէջ հայ մօր դերը եղած է եզակի, յատկապէս` եկեղեցական, մշակութային, ընկերային, բարեսիրական, քաղաքական եւ ազատագրական պայքարներու մէջ, ինչպէս` 451-ին, 1918-ին, 1988-ին եւ նորօրեայ մղուած Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ:

Գաթրճեան յայտնեց, որ կոտորուած ժողովուրդի մը աղքատ գիրկին մէջ ծնաւ Հայ օգնութեան միութիւնը` ՍՕԽ-ը, որ իր մեծագոյն նպաստը բերաւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը ապրած ժողովուրդի հայակերտման` դառնալով սպեղանի մեր որբերուն եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Այս առիթով բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը, ՍՕԽ-Ազգային պատսպարանը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ պատերազմի պայմաններուն մէջ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ՍՕԽ-ի ծաւալած նուիրական աշխատանքը:

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիրան Ամպարճեան «մայր» բառը բնութագրելով` անդրադարձաւ մօր սրբազան առաքելութեան, դիտել տալով, որ ան լոյսի եւ ներշնչման աղբիւր Է, կամքի ամրոց, արժանապատուութեան դպրոց եւ մշակոյթի ու աւանդութեանց անքուն պաշտպան: Ան պարզեց ՍՕԽ-ի գործունէութեան նպատակը` որպէս ՀՕՄ-ի հարազատ շառաւիղ:

ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Նելլի Վէքիլեան, որ այդ շրջանին կը գտնուէր Սուրիա, իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ հայ կինը մայր է իր զաւակներուն, հայ զինուորին, աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայ համայնքներուն, հայրենիքին: Պատմութեան ընթացքին եւ այս չարաբաստիկ օրերուն միշտ ի մտի ունենանք ՀՕՄ-ուհիներու, հայ մայրերու, քոյրերու եւ դուստրերու աննկուն այս միութիւնը, որ հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենադաժան օրերուն իր 112 տարիներու գործունէութեամբ մայրութիւն ըրաւ որբերու, այրիներու, անօգնականներու եւ հոն, ուր հարկ է:

Հանդիսութեան աւարտին ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը գնահատեց բազմավաստակ խաչուհիներ, որոնք 30 տարիներէ աւելի բեղուն գործունէութիւն ծաւալած են միութեան շարքերուն մէջ:

«Կանթեղ» շքանշանով օժտուեցաւ Աւստրալիայէն ժամանած վաստակաւոր խաչուհի Վեհան Պալէոզեան` առ ի գնահատանք 1972-էն ի վեր իր տարած նուիրական աշխատանքին: Ապա յաջորդաբար գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան հետեւեալ խաչուհիները.

Շողիկ Կիրակոսեան, Մարի Մխճեան, Մարինա Պչաքճեան, Ալին Քիւրիւմլեան, Զեփիւռ Կուրղիկեան, Անի Գըվըրեան, Անի Նազարեան, Թերեզ Տ. Սարգիսեան, Անի Առուշեան, Սօսի Ղազէլեան:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ֆրանսա

Մոն Տը Մարսան Քաղաքին Մէջ Խաչքարի Տեղադրում

Ի նշան հայ-ֆրանսական բարեկամութեան`  Ֆրանսայի Մոն տը Մարսան քաղաքին մէջ տեղադրուեցաւ խաչքար մը, որ գործն է գիւմրեցի ճարտարապետ Սուրեն Կուրազեանի:  Խաչքարը Մոն տը Մարսան քաղաքին նուիրուած է Գիւմրիի կողմէ:

Խաչքարի բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Գիւմրի համայնքի ղեկավարի առաջին տեղակալ Արթուր Պապիկեան` փոխանցելով Գիւմրի համայնքի ղեկավար Վարդգէս Սամսոնեանի ողջոյնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բարեկամական մօտեցման եւ Գիւմրիի հետ քոյր քաղաքներու յուշագիր կնքելու իրենց ցանկութեան համար: Ան հաստատեց, որ Մոն տը Մարսանը մշակութային քաղաք է եւ քաղաքի թատրոնի համբաւը տարածուած է նաեւ երկրի սահմաններէն դուրս: Ան վստահեցուց, որ այս ծիրին մէջ կարելի է համագործակցութիւն նախատեսել:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, Մոն տը Մարսանի քաղաքապետ Շարլ Տայօ, «Երազ» հայկական երկշաբաթեայ մշակութային փառատօնի կազմակերպիչ Անթուան Գարիէլ:

Յայտնենք, որ Գիւմրիի պատուիրակութիւնը համայնքի ղեկավարի առաջին տեղակալ Արթուր Պապիկեանի գլխաւորութեամբ, Ֆրանսայի Մոն տը Մարսան քաղաքին մէջ տեղի ունեցած հայկական մշակութային «Երազ» փառատօնի այցելութեան ծիրին մէջ Մոն տը Մարսանի եւ Գիւմրի միջեւ  կնքուեցաւ քոյր քաղաքներու յուշագիր:

Յունաստան

Այցելութիւն Հայաստանի Դեսպանին

8 ապրիլին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեանի, Կրօնական ժողովի անդամ Նարեկ քհնյ. Շահինեանի, Քալամաթայի հայ համայնքի Թաղական խոհուրդի անդամներ` Սոֆիա Յարութիւնեանի, Արփինէ Յակոբեանի, Յով-հաննէս Աբրահամեանի, այցելեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտիչեանին, դեսպանատան գրասենեակին մէջ:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ այս առիթով ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Քալամաթայի հայ համայնքի կազմակերպման աշխատանքներու հոլովոյթը, նաեւ ծանթացուց Քալամաթայի Թաղական խորհուրդին անդամները:

Դեսպանը իր կարգին ուրախութիւնը յայտնեց ծանօթացման համար` նշելով, որ Յունաստանի մէջ իր դիւանագիտական պատասխանատուութիւններու եւ գործունէութեան կարգին կարեւոր կը նկատէ տեղւոյն հայկական կեանքին հետ ըլլալու, համայնքներուն յաճախակի այցելելու եւ հաղորդակցութեան մէջ մնալու եւ հարկ եղած աջակցութեամբ նեցուկ կագնելու համայնքային կեանքին:

Քալամաթայի ներկայացուցիչին կողմէ եղած հարցադրումին, թէ հայ համայնքները ինչպէ՞ս կրնան օգտակար ըլլալ, Հայաստանին, դեսպանը պատասխանեց` ըսելով, որ Յունաստան հաստատուած Հայաստանի հայրենակիցները յատկապէս երկու բան հարկ է կատարեն. առաջին` անոնք աջալուրջ ըլլան իրենց անձնական կեանքի շրջանակներու մէջ պահպանելու հայկական ինքնութիւնն ու մայրենի լեզուն, յատկապէս` երեխաներու պարագային, եւ  երկրորդ` բոլոր պարագաներուն հայրենիքի կողքին ըլլան միակամ:

Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը հրաւիրեց դեսպանը ներկայ գտնուելու 18 ապրիլին Քալամաթային մէջ տեղւոյն քաղաքապետարանի եւ հայ համայնքի գործակցութեամբ տեղի ունենալիք Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին:

Կիպրոս

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան

Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը, գործակցութեամբ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի գրասենեակին, նախաձեռնած է «Մելգոնեան կրթական հաստատութեան յուշամատեան»-ի պատրաստութեան, որ պիտի ընդգրկէ 1924-ին Նիկոսիոյ մէջ հիմնուած հաստատութեան 79-ամեայ կրթական, մարզական, արի-արենուշական, արհեստից վարժարանի, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան պատմութիւնը:

«Մելգոնեան կրթական հաստատութեան յուշամատեան»-ի նոր եւ այս նպատակով կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ շաբաթներէ ի վեր լծուած է արժէքաւոր նիւթերու եւ կարեւորագոյն պատկերներու ընտրութեան աշխատանքին` հաստատութեան տեղւոյն պատասխանատու մարմինին կողմէ տրամադրուած պահոցներուն մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Մելգոնեան կրթական հաստատութեան յուշամատեան»-ը առաւելագոյնս ամբողջական դարձնելու նպատակով կը դիմենք աշխարհասփիւռ մելգոնեանցիներուն, ուսուցիչներուն, պաշտօնեաներուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի թանգարաններուն` հաստատութեան ազգանուէր գործունէութեան վերաբերեալ պատկերներ եւ վաւերական նիւթեր տրամադրելու խնդրանքով, որուն համար նախապէս կը յայտնենք մեր խորին շնորհակալութիւնը:

«Ջերմապէս կը փափաքինք մինչեւ 31 մայիս 2022 ստանալ ձեր տրամադրութեան տակ եղած արժէքաւոր լուսանկարները եւ բնագիր նիւթերը` պատկերահանուած բարձրորակ եղանակով (300 dpi resolution):

«Վերոյիշեալ պատկերները եւ վաւերական նիւթերը բարի եղէք առաքել հետեւեալ հասցէին`

Armenian Representative Office
46E Ifigeneias street, 2007 – Strovolos
Tel: 22-454540
Email: [email protected]

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ՄԿ Հաստատութեան Յուշամատեանի Յանձնախումբ

 

 

 

Նախորդը

Զախարովա. «Ռուսիան Ֆինլանտային Եւ Շուէտին Նախազգուշացուցած Է ՕԹԱՆ-ին Անդամակցելու Հետեւանքներէն»

Յաջորդը

Կրիայի Եւ Նապաստակի Խաղ

RelatedPosts

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի  Համաժողովին Մասնակից Հոգեւոր Պետերը`  Եգիպտոսի Նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին Մօտ
Գաղութէ Գաղութ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Համաժողովին Մասնակից Հոգեւոր Պետերը` Եգիպտոսի Նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին Մօտ

Մայիս 19, 2022
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 19, 2022
Պաղտատի Մէջ.   Ժորժ Քալլաս Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրուեցան Յուշանուէրներով
Գաղութէ Գաղութ

Պաղտատի Մէջ. Ժորժ Քալլաս Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրուեցան Յուշանուէրներով

Մայիս 14, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In