Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան
107-րդ Ամեակի Ոգեկոչումներ
Սուրիա
* 24 ապրիլին Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի նոր տեսլական» խորագիրը կրող ձեռնարկ:
Բացման խօսքը արտասանեց պատուելի Շանթ Ակիշեան: Ելոյթ ունեցան օրուան բանախօս հայ կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեան եւ Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան:
Այնուհետեւ ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի Մեծ եղեռնի յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ կարճ արարողութիւն մը:
* 24 ապրիլին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի:
Այնուհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Ախալքալաք
23 ապրիլին Ախալքալաքի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, որուն յաջորդեց ջահերթ դէպի Ախալքալաքի Բերդ ամրոց, որմէ ետք շարունակուեցաւ ջահերթը մինչեւ Ս. Խաչ եկեղեցի, ուր Ցեղասպանութեան զոհերու յուշաքարին մօտ հնչեց երիտասարդական միութեան պահանջատիրական կոչը եւ Սամցխէ-Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդ Նշան վրդ. Հմայեակեանի խօսքը: Նոյն օրը պահանջատիրական ջահերթ կազմակերպուեցաւ նաեւ Ախալցխայի մէջ, իսկ 24 ապրիլին` Նինոծմինտայի եւ Ծալկայի մէջ: 24 ապրիլին Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ եւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ:
Ֆրանսա
22 ապրիլին Փարիզի քաղաքապետարանի հանդիսութիւններու սրահին մէջ քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի հրաւէրով տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն:
Ելոյթներով հանդէս եկան Փարիզի քաղաքապետը, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ` Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան: Դեսպան Տոլմաճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դատապարտման անհրաժեշտութեան` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը համայն հայութեան եւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ու մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու միջազգային պայքարի տեսանկիւնէն:
Միացեալ Նահանգներ
* Ապրիլ 23-ին Պոսթընի «Ժառանգութեան այգի»-ին մէջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը: Մասաչուսեցի մէջ Ցեղասպանութեան դասատու Ճասթին Պիլթըն իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ հակառակ թափուած բոլոր ճիգերուն, դժբախտաբար Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ եւ շարունակ ծածկել այդ ահաւոր աղէտը, եւ կոչ ուղղեց չվհատիլ ու շարունակ պայքարիլ: Օրուան բանախօս, Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախագահ տոքթ. Հենրի Թերիօ հարց տուաւ, թէ արդեօ՞ք կանգ առած է Ցեղասպանութիւնը եւ շեշտեց, թէ պէտք է ընդունիլ այն իրողութիւնը, որ Թուրքիան կ՛օգտագործէ առիթներ: Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի տարբեր տարազով, տարբեր միջոցներով, տարբեր ձեւակերպումներով, կը շարունակուի նաեւ մշակութասպանութիւնն ալ եւ կը քանդուին մեր եկեղեցիները, մեր վանքերը, մեր խաչքարերը, կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը, կը կեղծուին փաստաթուղթերը: Թերիօ եզրակացուց, որ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութիւնը պէտք է աւելի աշխուժ գործունէութիւն մշակէ եւ աւելի նախաձեռնող մարմին մը դառնայ: Հուսկ, կարդացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան առիթով Մասաչուսեցի կառավարիչ Չարլի Պէյքըրի յղած յայտարարութիւնը:
* 24 ապրիլին «Թայմզ» հրապարակին շուրջ նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը: Քոնկրեսական Ճեք Շումըր հպարտութիւն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները վերջապէս պատշաճօրէն ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը` յանձին նախագահ Պայտընի: Քոնկրեսական Ռապըրթ Մենենտես յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ ուրանալ եւ շարունակ կը փորձէ ծածկել իր կատարած ահաւոր ցեղասպանութիւնը: Պիտի շարունակենք այս գծով ճնշում բանեցնել եւ յատկապէս նաեւ դադրեցնել հետեւողական օժանդակութիւնը` Ազրպէյճանին, կանխելու համար նոր ցեղասպանութիւն մը: Քոնկրեսական Թոմաս Սուոզի արծարծեց մարդկային իրաւունքներու հարցը` շեշտելով, որ ներկայ օրերուն կարելի չէ այսպէս շարունակել եւ ոտնակոխել մարդկային ամենադոյզն իրաւունքները: Այս գծով Թուրքիա կը մնայ խոցելի երկիր:
Ներկայացուցիչ Թոմաս Քին շեշտեց, որ պիտի չմոռցուի երբեք աշխարհի պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը: Շատ աւելի մանրամասն տեղեկութիւններով ծերակուտական Ճոն Լիու քննադատեց Անգարայի կիրարկած ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Խօսք առնողներու շարքին էին նաեւ` տոքթ. Արա Չալեան (Հայ դատ), Արամ Արքուն («Թէքէեան» մշակութային միութիւն), Նաթալի Գաբրիէլեան (ՀԲԸՄ), Պրայըն Արտունի («Արմինիըն ասեմպլի»), Հայկ Խրլոբեան (Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն):
Փակման խօսքը եւ աղօթքը կատարեց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան:
* Կազմակերպութեամբ Օրենճ Քաունթիի Հայ դատի յանձնախումբին, Հայկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ: Յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ երբ կը շարունակուի հայերը իրենց բնիկ հայրենիքէն հեռացնելու համատեղ ջանքերը, եւ կը ժխտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, մէկ բան հաստատ է, որ որեւէ հաշտութեան կամ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի կրնար վտանգել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կամ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:
* 22 ապրիլին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան Մեծ եղեռնի ոգեկոչում: Օրուան հանդիսավար Ալիս Նաճարեան անգլերէն լեզուով ամփոփ պատմական մը ներկայացնելէ ետք, ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» եւ Քեմպրիճի Հայ դատի յանձնախումբին խօսքը հայերէնով արտասանեց Ցոլեր Մկրտիչեան: Օրուան պատգամաբերն էր Քանատայի Հայ դատի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պէլեան: Ան յայտնեց, որ այս օրը սուգի օր չէ այլեւս, այլ հպարտութեան օր է, որովհետեւ մենք չենք ճանչնար վախը եւ չենք ընդունիր որեւէ արգելք` արդարութեան հասնելու ճանապարհին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վերջին գործողութիւնները կը հանդիսանան Հայոց ցեղասպանութեան շարունակութիւնը եւ նոր սպառնալիք են հայ ժողովուրդի գոյութեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումը ունի ուղղակի հետեւանքներ, եւ քաղաքական որոշումներու ընդմէջէն քաղուած դասերը էական նշանակութիւն ունին որոշումներ տալու, կանխելու նոր ցեղասպանութիւններ:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Քանատայի խորհրդարանի անդամներ` Պրայըն Մէյ, Թիմ Լուիզ, Պարտիշ Չակկեր, Վալըրի Պրատֆորտ, Մայք Մորիս, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Պելինտա Քարահալիոս Քեմպրիճի քաղաքապետ Քաթրին ՄըքԿերի, Քիչնըրի քաղաքապետ Պերի Վրպանովիչ, Նորթ Տամֆրիսի քաղաքապետ Սու Ֆաքսըն, Քարեն Ռետմեն, Ճան Կուտմեն, Տոնա Ռիտ, Նիքոլաս Էմեթա: Հանդիսութեան աւարտին Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ մոմավառութիւն:
Քանատա
23 ապրիլին Մոնրէալ քաղաքի կեդրոնը գտնուող «Փլաս տիւ Քանատա»-ի մէջ, տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը: Օրուան խորհուրդի բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Արիանէ Թասլաքեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցան Քեպեքի Հայ համայնքի միացեալ մարմինի ներկայացուցիչ Վիգէն Սարգիսեան` հայերէնով եւ Մարի Լոր Սիմեթիեն` ֆրանսերէնով:
Ապա խօսք առաւ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօնի արարողութիւնը: Այնուհետեւ կարդացուեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլիի ուղերձը:
Խօսք առին` Պահպանողական, Ազատական, Քեպեք Լիպերալ կուսակցութենէն ներկայացուցիչներ, Ասամպլ Նասիոնալ տիւ Քեպեքի, Էքիփ անսամպլ Մոնրէալի եւ Աքսիոն Լաւալէն ներկայացուցիչներ, Մոնրէալի քաղաքապետութենէն Էմիլի Թուիլըր, թուրքերու կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուած ազգերէն յունական գաղութի ներկայացուցիչ Անտրէաս Քրիլիս:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում` անմոռուկ ծաղկեպսակին դիմաց:
* 23 ապրիլին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը:
Օրուան հանդիսավար Ռոզալին Յովհաննէս շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչները պատասխանատուութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ ժխտման եւ ուրացման արարքը կը քաջալերէ յանցագործները, որպէսզի շարունակեն վարել ցեղասպանական քաղաքականութիւն տասնամեակներ շարունակ:
Հայ դատի յանձնախումբին անունով Սարգիս Գըլըպոզեան յայտնեց, որ խորապէս կը գիտակցինք անարդարութեան դիմաց լուռ ու անտարբեր մնալու վտանգները` աւելցնելով, որ միջազգային հանրութեան լուռ արձագանգը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի սադրանքներուն` ազդակ հանդիսացան հետագայ նոր բռնութիւններու աշխարհի ողջ տարածքին: Քանատայի կառավարութեան անունով հանդէս եկաւ խորհրդարանի անդամ եւ Հարաւային Օնթարիոյ դաշնակցային տնտեսական զարգացման նախարար դոկտ. Հելենա Ճազեք, որմէ ետք խօսք առաւ երեսփոխան Արիս Պապիկեան, որ ներկայացուց Օնթարիոյ նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի խօսքը:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ժոն Թորի, ինչպէս նաեւ` Պրամպթընի քաղաքապետ Փաթրիք Պրաուն: Խօսք առաւ նաեւ նահանգային 2022-ի ընտրութիւններու թեկնածու Ճանըթըն Ցաու:
Օրուան հանդիսավարը կարդաց Քանատայի պաշտօնական ընդդիմութեան` Պահպանողական կուսակցութեան, դաշնակցային եւ նահանգային Նոր դեմոկրատ եւ Ազատական կուսակցութիւններուն յղած ուղերձները Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով:
Կառավարական ու քաղաքական դէմքերը իրենց արտասանած խօսքերով ու յղած նամակներով արտայայտեցին իրենց յարգանքը հայ ազգին ու Հայ դատին, հաստատեցին, որ իրենք կը զօրակցին եւ հայ ժողովուրդի կողքին կը կանգնին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ոգեկոչման առիթով:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ աղօթք` Ցեղասպանութեան յուշարձանին դիմաց:
* 23 ապրիլին Յիշատակի պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն-հսկում: Բացման խօսքը արտասանեց Արմէն Արթին, որ յայտնեց, թէ մենք ոչ միայն կը յիշենք, այլ կը վերանորոգենք նաեւ մեր յարատեւ պայքարի ուխտը, մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ, թուրքը ճանչնայ մարդկութեան ու ի մասնաւորի հայութեան դէմ գործած իր ահաւորագոյն ոճիրները եւ հայ ժողովուրդը վերատիրանայ իր անժամանցելի իրաւունքներուն: ՀՅԴ ՔԵՄ-ի խօսքը ներկայացուց Անթօ Շիշոյեան: Ան կոչ ուղղեց ընդվզելու եւ վերջ տալու մեր տունէն ներս թափանցած պարտուողականութեան ու անձնատուութեան բիծին, կանխելու մեր ազգի երկրորդ ցեղասպանութիւնը նոյն դարաւոր թշնամիին կողմէ: Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան կոչ ուղղեց հայ երիտասարդներուն, որ շարունակեն պայքարը` յանձնառու մնալով մէկուկէս միլիոն նահատակներու կտակին մինչեւ արդար յաղթանակ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Յունաստան
18 ապրիլին Քալամաթայի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ կից գտնուող հրապարակի հայկական խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ գոհաբանական արարողութիւն: Յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նշեց, որ Քալամաթայի վայրը եղած է յունական յեղափոխութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը` թօթափելու համար թրքական լուծը: Ան ըսաւ, որ հայ ժողովուրդը ոտքի կանգնած` աշխարհի բոլոր կողմերը իր պահանջատիրութեան ձայնը կը բարձրացնէ` պահանջելով արդարութեան վերականգնումը եւ հատուցումը: Քալամաթայի քաղաքապետ Աթանասիոս Վասիլոփուլոս իր ելոյթին մէջ նշեց, որ 107 տարի ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնը եւ ընդգծեց անմեղ զոհերու յիշատակութեան ու ոգեկոչումի կարեւորութիւնը: Երեսփոխան Փերիքլիս Մանտաս յայտնեց, որ Յունաստանի խորհրդարանը պիտի շարունակէ միջազգային հանրութենէն պահանջել ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէսզի այլեւս մարդկութիւնը չառերեսուի նմանատիպ ոճրագործութիւններու հետ: Հայաստանի դեսպան Տիգրան Մկրտչեան նշեց, որ Յունաստանը այն եզակի երկիրներէն է, ուր թէ՛ մեծ եւ թէ՛ փոքր քաղաքներուն մէջ կը յարգուի Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը: Դեսպանը արձանագրեց, որ երկու ժողովուրդները ունին ընդհանուր արժէքներ, ընդհանուր սպառնալիքներ, նաեւ` ընդհանուր պատմութիւն, որ ուրոյն դերակատարութիւն ունի երկու պետութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ:
Այնուհետեւ խաչքարին առջեւ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն:
Ցեղասպանութեան Յիշատակի Հանդիսութիւն
Ժընեւի Մէջ
Ցեղասպանութեան 107-ամեակը Զուիցերիոյ հայաշատ Ժընեւ քաղաքին մէջ յիշատակուեցաւ կրօնական արարողութեամբ եւ ժողովրդային հաւաքով:
Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտուն թեմի նստավայր Ս. Յակոբ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ ս. պատարագը մատուցեց առաջնորդական տեղապահ եւ Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեանը` ներկայութեամբ ժընեւի եւ Լեմանի շրջանի ժողովուրդէն հոծ բազմութեան:
Իր քարոզին մէջ հայր սուրբը Հայ դատի մասին հաստատեց, որ այս դատը միայն սփիւռքի դատը չէ, այլ համահայկական վճռակամութեամբ հետապնդելու ենք, այս հաւատքով պէտք է գործէ իւրաքանչիւր հայ, մեր մէջ իրարու հանդէպ ատելութիւնը պէտք է վերանայ: Խօսելով Արցախի մասին` ան ըսաւ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մեծագոյն պատասխանատուութիւնը կը կրեն Արցախի ժողովուրդի նկատմամբ: Այս կիրակին Կրկնազատիկ է կամ Նոր կիրակի, նաեւ հին հայկական տոմարով յարութեան տօնն է: Հայր սուրբը կարեւորութեամբ յիշեցուց, որ մեր նահատակներու սրբադասուելէն ետք, հայկական եկեղեցւոյ կանոններով, անոնց համար հոգեհանգիստ չի կատարուիր, այլ մենք կը խնդրենք անոնց բարեխօսութիւնը:
Ապա ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հաստատուած նահատակաց խաչքարին դիմաց, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հայաստանի դեսպանութեան, Ծխական խորհուրդին եւ զուիցերահայ բոլոր միութիւններուն կողմէ, հոն, սրբադասման շարականի եւ բարեխօսութեան աղօթքի կատարումէն ետք, ներկաները Կիլիկիա մաղթերգով եւ Տէրունական աղօթքի հաւաքական երգեցողութեամբ աւարտեցին ձեռնարկը:
Եկեղեցւոյ հաւաքէն ետք տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն` Ժընեւի «Թրամպլէ» շրջանի պարտէզին մէջ զետեղուած Ցեղասպանութեան յուշալապտերներու շուրջ:
Զուիցերահայ միութեան ատենապետուհի Միգանուշ Բաղրամեան իր բացման խօսքին մէջ ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց թուրքերու կողմէ շուրջ երկու հարիւր զուիցերացի քաղաքական գործիչներու ղրկուած 13 ապրիլ թուակիր նամակի եւ խտասալիկի մը, ուր կը հերքուի Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Դեսպան Անդրանիկ Յովհաննէսեանի խօսքէն ետք մեներգով հանդէս եկաւ Խաչիկ Մատթէոսեան:
Ռուանտայի տ՛Իպուքա Սուիս միութեան կողմէ խօսք առաւ Սեզար Միրանկիրա, որուն յաջորդեց Ժընեւ նահանգի երեսփոխան Փաթրիք Տեմիէի խօսքը: Արուեստագէտ ու գրող Արմէն Կոտել Թէքէեանէն եւ Սարոյեանէն ֆրանսերէնի թարգմանուած կտորներ հրամցուց ներկաներուն:
Մայր ու աղջիկ` Գայեանէ Ալւեսի ու Փամելա Հեքիմեաններու ջութակի կատարողութեամբ յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:
Ներկաները Ցեղասպանութեան այս հանդիսութեան վերանորոգուեցան հայրենաշունչ տրամադրութեամբ` գիտակցելով, որ Հայ դատի հետապնդումը կուռ շարքերով իրագործելի աշխատանք է Ժընեւի նման քաղաքի մը մէջ, ուր կը գործեն միջազգային կազմակերպութիւններ:
Շնորհաւորելի է Զուիցերահայ Միութեան կազմակերպած այս բացառիկ հանդիսութիւնը:
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ժընեւ