Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 19, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ.

 «Սփիւռքի Տարուան» Ծիրէն Ներս` Հայ Լիբանանը Հայ Հոլիվուտի Մէջ

Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, 12 մայիսին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայութեան զօրակցական հանդիսութիւն մը:

Օրուան հանդիսավար Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն քհնյ. Վասիլեան իր բացման խօսքին մէջ բացատրեց, որ ձեռնարկին մեկնակէտը հանդիսացած է ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի «Սփիւռքի տարի»-ի հռչակագիրը, որուն թելադրանքին վրայ եւ առաջնորդ սրբազանին խորհրդատուութեամբ, ամբողջ երկու ամիս աշխատանքի լծուած են Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը, որպէսզի հայ սփիւռքի ամէնէն բաբախուն գաղութներէն` Լիբանանը ներկայացուի նմանատիպ ձեռնարկով մը, որուն բոլորանուէր մասնակցութիւն կը բերեն զանազան կարգի աշակերտական խումբեր` երաժշտութեամբ, երգով, ասմունքով եւ պարով:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ օրուան խորհուրդը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ օրուան բանախօս, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի գործավար եւ կրթական մշակ Թամար Թիւֆէնքեան:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ գնահատելէ ետք իւրայատուկ այս ձեռնարկը, մասնակիցներն ու բոլոր կազմակերպիչները եւ օժանդակողները, իր խօսքը եզրափակեց` անդրադառնալով պատմական Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Լիբանանի մէջ հաստատման հանգամանքներուն եւ կարեւորութեան, միաժամանակ հնչեցնելով դրուատանք` ոչինչէն գաղութ կերտած հայրենիքի, ունեցուածքի ու մարդկային կորուստներու ամբողջ ծրար մը իր ետին թողած գաղթական հայ բեկորներու սերունդին ու անոնց յաջորդներուն, ապա իր խօսքը ուղղեց հայ-քրիստոնեայ սերունդներ կերտած լիբանանահայութեան եւ ապրելու ու արարելու անսպառ կորով եւ լաւագոյն օրեր մաղթեց անոր:

Առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց Արեւմտեան թեմին կողմէ կատարուած զօրակցական բոլոր նախաձեռնութիւնները, ապա յայտարարեց, որ Արեւմտեան թեմը իր օժանդակութիւնը պիտի հասցնէ Լիբանանի ազգային վարժարաններու մէջ ուսում առնող թիւով 500 աշակերտներու, ընդհ. գումար` երկու հարիւր յիսուն հազար ամերիկեան տոլար ($250,000):

Ազգային Առաջնորդարանը Դարձաւ Սեփականատէրը Ս. Նահատակաց Համալիրին Կից Ընդարձակ Կալուածին

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եւ Ազգային վարչութիւնը յայտարարեցին, որ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրին կողքին գտնուող հողաշերտը, որ տարածութեամբ աւելի ընդարձակ է, քան ներկայ կալուածը, 14 ապրիլ 2022-ին, դարձաւ Ազգային առաջնորդարանին սեփականութիւնը:

Այս նոր կալուածը յատկապէս պիտի երաշխաւորէ Ս. Նահատակաց Ազգային Ֆերահեան վարժարանի եւ անոր ապագայ գործունէութեանց ընդարձակումը` իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ ընդհանրապէս օգտակար պիտի հանդիսանայ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ տեղւոյն համայնքի առաւել ծաղկումին: Անոնք նկատել տուին, որ Ազգային առաջնորդարանը, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը, բարերարներ, բարեկամներ եւ ժողովուրդ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն` ամէնէն կարճ միջոցին փակելու նոր կալուածի գնման նիւթական մեծ պարտաւորութիւնը:

Այս առիթով առաջնորդ սրբազանը, յանուն Ազգային վարչութեան, Կրօնական ժողովին, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան, Ազգային Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անանուն այն բարերարին, որ ամբողջ ամիսներ այս գործի յաջողութեան համար բոլորանուէր իր զօրակցութիւնը յայտնեց եւ նոր կալուածի գնման յաջողութեան մէջ իր բաժինը բերաւ` նուիրաբերելով հինգ միլիոն ամերիկեան տոլար:

Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեանի Դասախօսութիւնը

* 18 ապրիլին «Զոհրապ» տեղեկատուական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն: Օրուան բանախօսն էր Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան:

«Զոհրապ» կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Ճեսի Արլեն իր բացման խօսքին մէջ  ներկայացուց դասախօսը:

Դոկտ. Մատթէոսեան, հիմնուելով վերջերս լոյս տեսած իր անգլերէն «Տը փոլիթիքս աֆ նէյմինկ տը Արմինիըն ճենոսայտ» հատորին վրայ, վերլուծեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ «Մեծ եղեռն» անուան առնչութեան հարցը եւ անոր քաղաքականացումը:

* Կազմակերպութեամբ Ֆիլատելֆիոյ միջհամայնքային յանձնախումբին, 24 ապրիլին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ դոկտ. Մատթէոսեան ներկայացուց իր գիրքը: Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Հայ քոյրերու վարժարանին աշակերտները:

Սուրիա

Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբին Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Վերջերս, Սուրիոյ դեսպանութեան հետ գործակցաբար, Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 9-րդ մարդասիրական խումբը Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցեց 4 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագաներ:

Առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին հայ բժիշկներուն ցուցաբերած բժշկական ամէնօրեայ աջակցութեան համար:

Յայտնենք, որ առաքելութեան առաջին օրէն մինչեւ այսօր Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցուած է 24 թոն դեղորայք:

Ատրպատական

Մեծարանք Եւ Պարգեւատրում Թաւրիզահայ Երեք ՀՕՄ–ուհիներու

Վերջերս, Ս. Կոյսի Աւետման տօնին եւ հայ մայրերու օրուան առիթով ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն` մեծարելու համար բազմավաստակ երեք հայ ՀՕՄ-ուհիներ, որոնք պարգեւատրուեցան Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի օրհնութեան գիրով:

ՀՕՄ-ի վարչութեան ատենապետուհի Անահիտ Յովսէփեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` շնորհաւորելով բոլոր հայ մայրերու տօնը: Օրուան հանդիսավար Կարէն Սարգիսեան պատմական անցեալը վկայակոչելով` անդրադարձաւ Թաւրիզի մէջ ՀՕՄ-ի ունեցած մարդասիրական, կրթական եւ մշակութային 131 տարիներու հարուստ փորձառութեան:

Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Արմինէ Վահրամեան իր խօսքին մէջ ՀՕՄ-ի պատմութեան վերաքաղը կատարելով` յիշեց, որ համաշխարհային այս կազմակերպութեան մայր մասնաճիւղը հիմնադրուած է Թաւրիզի մէջ, անդրադառնալով այն անձերուն, որոնք իրենց մատղաշ տարիքէն անդամակցած են ՀՕՄ-ին եւ աւելի քան 70 տարիներ տակաւին կը շարունակեն իրենց զօրակցութիւնը բերել այս կազմակերպութեան:

Թեմական խորհուրդի ատենապետ Գագիկ Ճորճեան խօսք առնելով` շեշտեց հայ մօր ինքնազոհ նկարագիրը ի խնդիր իր զաւակներուն, ազգին եւ հայրենիքին:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ վեր առաւ ՀՕՄ-ի աւելի քան մէկդարեայ ծառայութիւնը, նաեւ` այն անձնդիր նուիրումը, որ այս կազմակերպութեան հիմնադիր անդամներէն սկսեալ մինչեւ ներկայ անդամագրեալները կը ցուցաբերեն թաւրիզահայութեան հանդէպ: Անդրադառնալով ՀՕՄ-ի ժամանակակակից պատմութեան ընթացքին հոգիով ու սրտով ծառայողներուն, սրբազանը առանձնացուց երեք ՀՕՄ-ուհիներ` Ռիմա Յովսէփեան, Սեդա Մանասէրեան եւ Քլար Վարդանեան, որոնք գնահատուելու համար չծառայեցին, այլ ծառայեցին` ծառայելո՛ւ համար: Սրբազանը շեշտեց, որ ազգային ծառայութիւնը իր լաւ օրերու չափ եւ աւելի ունի վատ օրեր, դժուարին կացութիւններ, անարգանք եւ այլ խնդիրներ, սակայն մինչեւ վերջ դիմացողն է, որ իր ծառայութեամբ կը մեծնայ, այլապէս, տարիներու երկարութիւնը ո՛չ մէկ իմաստ ունի:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Նշենք, որ մէկ ամիս առաջ վերոյիշեալ երեք նուիրեալներու սերնդակից Հեղուշ Խաչատուրեան եւս պարգեւատրուեցաւ իր տան մէջ անկողինի ծառայած միջոցին` սրբազան հօր նոյն գնահատագրով եւ ապա դժբախտաբար հեռացաւ կեանքէն իննսունամեայ յոգնաբեռն մարմնով:

Գահիրէ

Նահանգապետ Զօր. Խալետ Ապտել Աալ Ներկայ Եղաւ Սուրբ Զատկուան Պատարագին

17 ապրիլին, Ս. Յարութեան տօնին առթիւ, Գահիրէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանի կողմէ:  Արարողութեան ներկայ էին Գահիրէի նահանգապետ զօր. Խալետ Ապտել Աալ որպէս ներկայացուցիչ Եգիպտոսի վարչապետ դոկտ. Մուսթաֆա Մատպուլիի, Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան դոկտ. Հրաչեայ Փոլատեան:

Նահանգապետը ներկայացուց իր շնորհաւորութիւնները` ընդգծելով սիրոյ եւ բարեկամական կապերը, որոնք կը միացնեն երկրի բաղադրիչները: Ան անդրադարձաւ նաեւ այն զօրաւոր ու եղբայրական կապերուն եւ կրօնական հանդուրժողականութեան, որոնք կը տարբերեն եգիպտացիները այլ ժողովուրդներէ` նշելով, որ Եգիպտոս կը մնայ անվտանգ եւ ապահով երկիր բոլոր եգիպտացիներուն համար, մաղթելով Եգիպտոսին յարատեւ կայունութիւն: Ան նկատել տուաւ, որ տօները առիթ են սէր եւ խաղաղութիւն սփռելու, ինչպէս նաեւ` ամրապնդելու եգիպտացիներու եւ բոլոր ժողովուրդներու միջեւ եղբայրական կապերը:

Քանատա

 Մկրտիչ Տարագճեանի Երկու Նոր Գործերու Բացում

Վերջերս  Մոնրէալի մէջ  տեղի ունեցաւ քանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեանի երկու նոր գործերու բացումը:  31 մարտին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի վերանորոգուած «Ահարոնեան» սրահի պաշտօնական բացման հանդիսութեան առընթեր ներկայացուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի մեծադիր դիմաքանդակը, որ  տեղադրուած է սրահի կեդրոնական պատին վրայ յուշելու համար սրահը իր անուանակոչումը ստացած  պատմական դէմքի` Ահարոնեանի, դերակատարութիւնը արդի Հայոց պատմութեան մէջ:

Նախաձեռնութեամբ «ՄԷԿ» Մշակութային միութեան 8 ապրիլին Մոնրէալի Պոլսահայ մշակութային կեդրոնին մէջ  բացումը կատարուեցաւ Հրանդ Տինքի պրոնզեայ առաջին քանդակին:

Կիսանդրիի սպիտակ պատուանդանին վրայ տեղադրուած է նաեւ Հրանդ Տինքը խորհրդանշող աղաւնիի կերպարը:

Տարագճեան, ինչպէս իր կերտած միւս գործերուն` Մոնրէալի Կոմիտասի, Օթթաուայի Եուսուֆ Քարշի եւ Ուաշինկթընի Արմէն Գարոյի յուշարձաններուն մէջ, կը ջանայ երկխօսութիւն մը ստեղծել կիսանդրիին եւ զինք բարձրացնող պատուանդանին միջեւ`  զանոնք միաձուլելով եւ ներկայացնելով որպէս մէկ ամբողջութիւն:

Յայտնենք, որ Մկրտիչ Տարագճեանի ստեղծագործած յաջորդ յուշարձանը արդէն պատրաստութեան մէջ է, որ պիտի տեղադրուի  Զանգակատուն գիւղին մէջ, Պարոյր Սեւակի տուն- թանգարանին դիմաց:

 

 

Նախորդը

Ժամանց. Ի՞նչ Տեսաք Առաջին Հերթին

Յաջորդը

Պետական Շահը Ընդդէմ… Ազգային Շահի՞ն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?