Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Ապրիլ 7, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Կիպրոս

Կիպրոսի Խորհրդարանը Քաջալեր Պիտի Հանդիսանայ Հայկական Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման

Հինգշաբթի, 31 մարտ 2022-ին, Կիպրոսի խորհրդարանը վաւերացուց կրթութեան նախարարութեան կողքին` Մշակոյթի փոխնախարարութիւն մը հաստատելու ձգտող բանաձեւը:

Խորհրդարանը նոյն ատեն միաձայնութեամբ վաւերացուց նաեւ այն, որ որոշ բարեփոխումներով քաջալեր պիտի հանդիսանայ Կիպրոսի երեք փոքրամասնական համայնքերուն` մարոնիներու, հայերու եւ լատիներու մշակութային ժառանգութեան պահպանման:

Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան կիպրահայ գաղութին անունով իր երախտագիտական ջերմ զգացումները յայտնեց խորհրդարանի բոլոր անդամերուն` անոնց անվերապահ զօրակցութեան շնորհիւ որդեգրուած այս որոշումին համար:

Միացեալ Նահանգներ

Ներսէս Ա. Քհնյ. Մանուկեանի Երկու Հատորներուն Ներկայացումը

20 մարտին Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ յաւարտ ս. պատարագ, տեղի ունեցաւ Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեանի «Հովիւի գրասեղանէն» հայերէն եւ անգլերէն նորատիպ զոյգ հատորներուն ներկայացումը:

Թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան յայտնեց, որ հեղինակին այս գործը լաւագոյնս հասկնալու համար պէտք է զայն կարդալ վերջին էջէն, եւ ապա երթալ սկիզբը: Արդարեւ,  քահանայ հայրը վերջաբանին մէջ ամենայն խոնարհութեամբ կը յայտնէ, որ իր հոգեմտաւոր կազմաւորումը կը պարտի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուսուցիչներու այն փաղանգին, որոնք նիւթերու դասաւանդումէն անդին` իրենց հաւատքին ու տեսլականին ոգիով ներշնչեցին սերունդներ:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը խօսելով գիրքի ընդհանուր նկարագրի մասին` ըսաւ, որ այս հատորը սոսկ յօդուածներու հաւաքածոյ մը չէ, այլ Կրենիթ Սիթիի եւ Ֆիլատելֆիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներէն ներս քահանայ հօր երեսնամեայ հովուական ծառայութեան արտացոլացումն է, ուր կը տողանցեն հոգեւոր, ազգային եւ ընկերային տօներու, շրջանաւարտից հանդիսութեանց, եկեղեցւոյ տարեդարձներու, նորանոր կառուցումներու առթիւ սրտի խօսքեր, մտորումներ եւ պատգամներ:

Յատկանշական բաժին մը կը կազմեն քահանայ հօր օրատետրէն փրցուած կարգ մը թանկագին էջերը, ուր ան այնքան հարազատ կերպով ընթերցողին կը ներկայացնէ նոյն օրուան մէջ տեղի ունեցած յաջորդական ուրախ եւ ցնցիչ ու տխուր տեսարաններ, որոնք յաճախակի են առհասարակ բոլոր հովիւներու կեանքին մէջ:

Հոգեմտաւոր այս ծաղկեփունջը կը փակուի գողտրիկ բանաստեղծութիւններով` ներշնչում ունենալով հեղինակին քահանայական ձեռնադրութեան, երեխաներու մկրտութեան, կնքումին ու հաղորդութեան այլազան առիթներ:

Յայտնենք, որ Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեանի այս հատորը իր յատուկ տեղը կը գրաւէ հովուական ծառայութեան գրականութեան մէջ:

Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Համալիրի Ընդարձակում

Գլխաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի, 29 մարտին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը` մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի հետ կապ Ճորճ Չորպաճեանի, գանձապահ դոկտ. Գալուստ Ակոբեանի, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ իրաւաբան Սարգիս Ուրֆալեանի, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի, հոգաբարձութեան ատենապետ Յովիկ Պետեւեանի, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Վահէ Պէնլեանի եւ առցանց միացումով` Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի:

Առաջնորդ սրբազանը, բացուած յայտարարելով յոյժ կարեւոր այս հանդիպումը, որուն տուն տուող պատճառը հանդիսացաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կից հողատարածքի գնման ծրագրի գործնականացումը, նկատել տուաւ, որ հայկական վարժարանները, հայ սփիւռքի կեանքէն ներս, իրենց ծաւալած գործունէութեամբ եւ իրագործած նպատակներով ե՛ւ քարեղէն, ե՛ւ ոգեղէն անկրկնելի կառոյցներ են, որոնք նման ովասիսի` կեանք ու զովութիւն կը շնորհեն մեր նոր սերունդին, զաւակներուն ու թոռներուն: Հայ տղաքն ու աղջիկները հայկականութիւն, քրիստոնէական հաւատք, իմաստութիւն ու գիտութիւն կ՛ամբարեն հայկական վարժարաններէն եւ կը հրաւիրուին մեր ժողովուրդի կեանքի ապագայ ղեկավարութիւնը ստանձնող առաջնորդներ եւ համայնքային կեանքի զանազան բնագաւառներու պատասխատուները դառնալու:

Յայտնենք, որ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը, ուր կը գործէ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանը, աւելի քան կը կրկնապատկուի իր ծաւալով, Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ տեղւոյն համայնքի նախաձեռնութեամբ ու աշխատանքով ի մօտոյ ձեռք բերելով ներկայ համալիրին անմիջական կից հողատարածքը: Հանդիպման ուրախութիւն յայտնուեցաւ, որ ծրագիրը արդէն մտած է առ ու վաճառքի իրաւական փուլ, եւ մինչեւ երկու շաբաթ կը յստականայ արդիւնքը:

Յստակացնենք, որ ամիսներէ ի վեր այս ծիրէն ներս տքնաջան աշխատանք կը տարուի առաջնորդ սրբազանին, Ազգային վարչութեան, տեղական գործող մարմիններու եւ բարերարներու կողմէ, որպէսզի նշեալ ծրագիրը իր լրումին հասնի եւ ակնկալուած յաջողութեամբ պսակուի:

Սրբազան հայրը յայտնեց, որ դպրոցաշինութիւնը մաս կը կազմէ Արեւմտեան թեմի աւելի քան կէսդարեայ առաքելութեան, որովհետեւ ազգային վարժարանները մեր ազգի գոյութեան ամուր կռուաններն են, աւելցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը փափաքեցաւ ժողովուրդն ու համայնքը տեղեակ պահել այս մասին, եւ շեշտեց, որ համայնքը դրական կ՛արձագանգէ Ազգային առաջնորդարանի այս նոր ձեռքբերումին, եւ բարերարներ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զանազան մակարդակներով եւ լիաբուռն իրենց օժանդակութիւնը բերելու մեծածախս այս ծրագրին: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը յայտնեց, որ իբրեւ գործնական զօրակցութիւն` Ազգային առաջնորդարանը կը ստանձնէ հարիւր հազար ամերիկեան տոլարի առաջին նուիրատուութիւնը կատարելու յանձնառութիւնը` յոյժ ողջունելի այս ծրագրի կատարելագործման, զայն իբրեւ թթխմոր օգտագործելու համար:

Ծերակուտական Փորթանթինօ Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

25 մարտին Քալիֆորնիոյ նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ,  ընկերակցութեամբ իր օգնականին` Արտա Չաքեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպում  ունեցաւ թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին, առաջնորդ սրբազանը բարձր գնահատեց համայնքի կեանքին մէջ ծերակուտական Փորթանթինոյի բերած նպաստն ու գործունէութիւնը` մասնաւորելով ամերիկեան քաղաքական բեմին վրայ անոր ցուցաբերած հայանպաստ կեցուածքը:

Փորթանթինօ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպման համար եւ սրբազան հօր հետ զրուցեց Փասատինայի Ազգային Թաւլեան մանկամսուրի բարգաւաճման ի նպաստ իր զօրակցական ծրագիրներուն մասին, միաժամանակ պատրաստակամութիւն յայտնելով` աջակցիլ առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային առաջնորդարանի աշխատանքներուն:

Ֆրանսա

Դեսպան Տոլմաճեան Մոնաքոյի Հայ Համայնքին Ներկայացուց Հայաստանի Եւ Արցախի Շուրջ Իրավիճակը

Վերջերս Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան Մոնաքօ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակներուն մէջ հանդիպում ունեցաւ Մոնաքոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան հայ-մոնեգասկեան յարաբերութիւններուն եւ երկկողմ շփումներուն մէջ Մոնաքոյի հայ համայնքի դերակատարութեան վերաբերեալ: Քննարկուեցան շարք մը համատեղ ծրագիրներ իրականացնելու հնարաւորութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին դեսպանը պատասխանեց Մոնաքոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչները յուզող հարցերուն եւ ներկայացուց Հայաստանի ու Արցախի շուրջ տիրող իրավիճակը եւ առկայ մարտահրաոէրները:

Իտալիա

Թադիվանքի Հայկական Վանական Համալիրի Որմնանկարներու Նուիրուած Գիրքի Շնորհահանդէս

Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 27 մարտին Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ճարտարապետ Արա Զարեանի եւ վերականգնող Քրիստին Լամուրէի` Թադիվանքի հայկական վանական համալիրի որմնանկարներու վերականգնման աշխատանքներուն նուիրուած «Թադիի վանք Dadivank» գիրքին շնորհահանդէսը:

Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը եւ հայերէն եւ օտար լեզուներով գիտական ուսումնասիրութիւններու առկայութիւնը:

Դեսպանը յատկապէս կարեւոր նկատեց սոյն ձեռնարկի կայացումը ներկայիս` նկատի ունենալով իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական դարաւոր ներկայութեան մասին պատմական վկայութիւնները վերացնելու ուղղութեամբ Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` Արցախի մէջ հետեւողականօրէն յառաջացող ցեղային զտման միտումները:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի տնօրէն Նարեկ վրդ. Նամոյեանը: Արա Զարեան եւ Քրիստին Լամուրէ ներկայացուցին որմնանկարներու մասին տեղեկութիւններ:

Քուէյթ

Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդը Ընդունեց ՀՄԸՄ ՔՄՄ–ի Նորընտիր Վարչութիւնը

30 մարտին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս ծ. վրդ. Մանուէլեան առաջնորդարանի սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի Քուէյթի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան: Հանդիպման ընթացքին հայր սուրբը շնորհաւորեց վարչութեան անդամները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց յառաջիկայ երկամեայ շրջանի գործունէութեան: Ան բարձր գնահատեց ՀՄԸՄ-ի դերը քուէյթահայ գաղութի ազգային կեանքին մէջ` նշելով, որ ՀՄԸՄ-ը միշտ Հայ եկեղեցիին ու դպրոցին կողքին ստանձնած է հայեցի դաստիարակութեան, հայակերտումի ու մարդակերտումի մեծ պատասխանատուութիւն:

Վարչութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց յառաջիկայ ծրագիրները, իսկ կաթողիկոսական փոխանորդը յայտնեց իր համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները. Ի՞նչ Գիտենք Ծաղկազարդի Մասին

Յաջորդը

Սրբավայրէ Ուխտավայր

RelatedPosts

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի  Համաժողովին Մասնակից Հոգեւոր Պետերը`  Եգիպտոսի Նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին Մօտ
Գաղութէ Գաղութ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Համաժողովին Մասնակից Հոգեւոր Պետերը` Եգիպտոսի Նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիին Մօտ

Մայիս 19, 2022
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 19, 2022
Պաղտատի Մէջ.   Ժորժ Քալլաս Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրուեցան Յուշանուէրներով
Գաղութէ Գաղութ

Պաղտատի Մէջ. Ժորժ Քալլաս Եւ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Պարգեւատրուեցան Յուշանուէրներով

Մայիս 14, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In