Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Լաթաքիոյ Նորանշանակ Նահանգապետ Մոհամետ Օսմանի Այցելութիւնը Ս. Աստուածածին Եկեղեցի
31 դեկտեմբերին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հովիւ Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահին մէջ ընդունեց Լաթաքիոյ նորանշանակ նահանգապետ Մոհամետ Օսմանը եւ քաղաքական, ապահովական ու զինուորական պատասխանատուները, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Ամանորը եւ ապահովութիւն ներշնչելու հայ համայնքի զաւակներուն:
Հանդիպման ներկայ էին Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի ազգային երեսփոխան Աւետիս Կարպուշեան, թաղականութեան ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան, յարաբերական մարմինի պատասխանատու Մկրտիչ Էքմեքճեան եւ Թաղական խորհուրդի անդամներ:
Վազգէն Ա. քհնյ. Քէօշկէրեան բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն` շեշտելով հայութեան դարաւոր ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, անոնց ներդրումները և հաւատարմութիւնը Սուրիոյ նկատմամբ:
Իր կարգին, թաղականութեան ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան պատմական ակնարկ մը կատարեց սուրիահայութեան մասին` սկսեալ Տէր Զօրէն մինչեւ օրս: Ապա հիւրերը այցելեցին եկեղեցի:
«Սաղմոս» Հոգեւոր Երգչախումբը Խաղաղութիւն Ու Սէր Երգեց
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղականութեան, կիրակի, 12 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Սաղմոս» երգչախումբը հոգեւոր համերգով մը Սուրբ Ծննդեան եւ Քրիստոսի անուանակոչութեան նախատօնակին առիթով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ խաղաղութիւն հայցեց մեր Տիրոջմէն` Յիսուս Քրիստոսէն, որպէսզի մարդիկ համերաշխութեամբ, սիրով ապրին ու գործեն, իսկ երկիրը թօթափէ իր դժուարութիւններն ու քայլ առ քայլ բարգաւաճի:
Երգչախումբը հանդէս եկաւ 12 երգերով` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Սօսի Սահակեան-Փիլաւճեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Նախքան բացման խօսքը, Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան յայտնեց, որ արհաւիրքով լեցուն այս աշխարհին մէջ մեկնարկել հոգեւոր երգչախումբ եւ զԱստուած փառաբանել` դրական երեւոյթ է, որպէսզի դժուարութիւններու բովէն անցած մարդիկ, որոնք մոռցան ժպիտն ու հոգեկան խաղաղութիւնը, բարեփոխուին աստուածային խօսքով ու հոգեւոր երգերով:
Բացման խօսքով եկեղեցւոյ քարոզչական յանձնախումբի անդամ Մարիա Պօտիկեան-Գայթանճեան յայտնեց, որ «Սաղմոս» երգչախումբը հիմնուած է տարիներ առաջ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեանի գաղափարով եւ ջանքերով, կ՛ընդգրկէ երաժշտասէր անդամներ: Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը Նոր տարուան ուրախ առիթով վերակազմեց երգչախումբը, որպէսզի նոյնիսկ երկրի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ պատրաստուի այս համերգը` Նոր տարին դիմաւորելու նոր արեւի ճառագայթներով, յոյսով եւ ազատութեան խորհուրդով: Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավար մայեսթրօ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ դաշնակահար Սօսի Սահակեան-Փիլաւճեանին:
Համերգը կ՛ընդգրկէր հետեւեալ երգերը.
«Տէրունական աղօթք»` կոմիտասեան, «Ծննդեան աղօթք»` Արմէն աբղ. Գալաճեան, «Եկեղեցին հայկական»` երժ. Վ. Պետելեան, ս. պատարագէն հատուածներ` կոմիտասեան, «Նարեկ»-էն ընթերցում, զոր կարդաց Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան, «Խորհուրդ մեծ»` մշկ. Զարեհ արք. Ազնաւորեան, «Լոյս ի լոյսոյ»` շարական` Մովսէս Խորենացի, «Զան ճառելի լուսոյ մայր»` կոմիտասեան, «Այսօր տօնն է Ս. Ծննդեան»` Զարեհ արք. Ազնաւորեան, «Ով զարմանալի»` կոմիտասեան, «Այսօր ձայնն հայրական»` կոմիտասեան, «Փրկուած մեղաւորին փառաբանանքը»` խօսք եւ երժշտ. Մակար արք. Աշգարեան, «Քրիստոս ծնաւ»` մշկ.փրֆ. Խորէն Մէյխանաճեան:
Համերգի աւարտին Արմէն աբղ. Գալաճեան սրբազան հօր անունով գնահատեց երգչախումբին ելոյթը ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ, ողջունեց երգչախումբի հիմնադրութեան եւ այս ելոյթի կազմակերպման գաղափարը յղացող Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեանի աստուածահաճոյ առաքելութիւնն ու վճռակամութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց խմբավարին, դաշնակահարին եւ երգչախումբի անդամներուն, խաղաղ երկինք եւ նորանոր յաջողութիւն մաղթելով երգչախումբին:
Միացեալ Նահանգներ
Թիւ 5 Մայրուղիին Վրայ Հատուած Մը Պիտի Կոչուի Ճէյք Յակոբ Քիւրեճեանի Անունով
31 օգոստոս 2001-ին 40 տարեկան հայ ոստիկան Ճէյք Յակոբ Քիւրեճեան Սանթա Քլարիթայի մէջ զոհ գնաց ոճրային արարքի մը, երբ գործակիցներու հետ առաքուած էր հետապնդելու աւազակ մը: Լոս Անճելըսի եւ յատկապէս Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը ամէն տարի յատուկ արարողութեամբ մը կը յարգէ Ճէյք Յակոբի յիշատակը: Անոր յիշատակին ձօնուած են Սանթա Քլարիթայի մէջ հանրային զբօսավայր մը, փողոց մը, իր անունով կը կոչուին ոստիկաններու շրջանաւարտ դասարաններ եւ այլ մրցանակներ: Ան կը յիշուի նաեւ Մալիպուի մէջ` իր հերոսական արարքին համար (կեանք մը փրկած էր): 8 յունուարին Սանթա Քլարիթա քաղաքի Փօ եւ ՄըքՊին փողոցներու խաչմերուկին վրայ, յիշեալ զբօսավայրին մօտ, Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը յատուկ արարողութեամբ ոգեկոչեց իր նահատակ ոստիկանին յիշատակը եւ այս առիթով թիւ 5 մայր ուղիին վրայ հատուած մը անոր անունով կոչեց ու յատուկ ցուցատախտակ մը հաստատեց: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ….
Պաշտօնական այս հանդիսութեան, ոստիկան Ճէյք Յակոբ Քիւրեճեանի մoր եւ երկու եղբայրներուն կողքին, ներկայ էին Քիւրեճեան ընտանիքին հարազատները, ինչպէս նաեւ` շրջանի քաղաքապետը եւ ոստիկանապետն ու զանազան շրջաններու բարձրաստիճան ոստիկանական ներկայացուցիչներ:
Առաջնորդ Սրբազանը Նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ Ս. Պատարագին Եւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան Տուչութիւն Կատարեց
29 դեկտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ս. պատարագին, որուն ընթացքին, բարձր տնօրինութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ան ծայրագոյն վարդապետի իշխանութիւն շնորհեց Զարեհ վրդ. Սարգիսեանին:
Իր քարոզին մէջ սրբազանը ընդգծեց Հայ եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքի քարոզչութեան եւ ուսուցման կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, յատկապէս` հաւատքի ամրապնդման ու պահպանման առումով, միաժամանակ շեշտելով, որ Հայ եկեղեցւոյ եւ անոր սպասարկուներուն կողմէ որքան որ կարեւոր է քրիստոնէական հիմնարար սկզբունքներուն մասին քարոզելն ու սորվեցնելը, նոյնքան անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները յանձնառու ըլլան իրենց ճշմարիտ հաւատքի անխաթար պահպանման եւ կիրարկման` առիթ չտալով, որ սխալ կամ մոլորութեան առաջնորդող վարդապետութիւններ մուտք գործեն հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս:
Շնորհաւորելէ ետք Արեւմտեան թեմը, գաղութը եւ Կլենտէյլի մեծ ընտանիքը, Գեղամ արք. Խաչերեան շնորհաւորեց ծայրագոյն վարդապետի տիտղոսակիր նորոգ ընծայեալ հայր սուրբը եւ անոր մաղթեց բեղուն ծառայութիւն:
Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Կը Զօրակցի Լոս Անճելըսի Հրդեհներէն Վնասներ Կրած Անձերուն
7 յունուարին Լոս Անճելըս գաւառի քանի մը շրջաններու մէջ ծագած ահաւոր ու ծաւալուն հրդեհները, որոնք առաւել եւս տարածուեցան զօրաւոր փոթորիկներու պատճառով, հասան բնակարաններու, վարժարաններու եւ գործատեղիներու ու տագնապի մատնեցին ծովափէն մինչեւ Փասատինայի, Լա Քրեսենթայի, Լա Քանիատայի եւ Կլենտէյլի բնակիչները, որոնց կարգին` հարիւրաւոր հայորդիներ եւ հայ ընտանիքներ: Հրդեհը կալուածներու ու ստացուածքներու հսկայ վնասներ պատճառեց: Յատկապէս Փասատինայի եւ ծովափի շրջաններուն մէջ մեծաթիւ հայորդիներ կորսնցուցած են իրենց բնակարանները եւ գործատեղիները: Ալթատինայի մէջ գործող Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ վարժարանը եւս հրոյ ճարակ դարձած է:
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հաղորդակցութեան մէջ մտաւ ծխական շրջաններու հովիւներուն հետ` ծանօթանալու դէպքերու ընթացքին եւ վերահասու ըլլալու իւրաքանչիւր շրջանի իրավիճակին:
Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը` հրդեհէն հարուածուած շրջաններու եկեղեցիներու սրահները իբրեւ ապաստանարան տրամադրելու կարիքը ունեցողներու:
Առաջնորդ սրբազանը իր աղօթքներով կը միանայ ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ` Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի մեծ ընտանիքին, եւ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած` խնդրամատոյց ըլլալով, որ ան իր օրհնառատ հովանիին տակ անվտանգ եւ ապահով պահէ բոլորը, մխիթարութիւն տայ վնասուած անձերուն, եւ ուժ, կորով ու համբերութիւն` յիշեալ շրջաններու մեր ժողովուրդի զաւակներուն` շրջանցելու համար այս աղէտը:
Քանատա
Հայ Դատի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Փարթի Քեպեքուա Կուսակցութեան Ղեկավար Փոլ Սենթ–Փիեր Փլոմոնտոնի Հետ
Նախաձեռնութեամբ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբին, 8 յունուարին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին ներկայացուցիչները Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան Փարթի Քեպեքուա կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ Քեպեքի խորհրդարանի երեսփոխան Փոլ Սենթ-Փիեր Փլոմոնտոնի հետ: Հանդիպման ներկայ էին` ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, ԿԿ-ի անդամ Յովիկ Թիւֆենքճեան, Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան, կոմիտէի անդամ Սագօ Եագուպեան, Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեան, Մոնրէալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Դաւիթեան, յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեան, Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Աֆարեան, յանձնախումբի անդամներ` Արեւիկ Աֆարեան եւ Թալին Ապրաքեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան քանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս` Քեպեքի կրթական ծրագրին վերաբերեալ առաջադրութիւններ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հիմնահարցին եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերու:
Հանդիպումէն ետք Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Քանատայի եւ Քեպեքի խորհրդարաններու երեսփոխաններու ի պատիւ ընթրիք մը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Աֆարեան, որ շնորհաւորելէ ետք ներկաներուն Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը ըսաւ, որ հայ համայնքը վերջին տարիներուն լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, յատկապէս` արցախեան պատերազմի եւ բռնագրաւման, Հայաստանի անկայուն իրավիճակին պատճառով աւելցնելով, որ վերջերս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը շարունակեն ցնցել հայ համայնքը: Ան հրաւիրեց ներկաները` միասին խորհրդակցելու մեր համայնքը յուզող հարցերուն շուրջ:
Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան յոյս յայտնեց, որ միասնաբար առաջ պիտի տանինք մեր համայնքին համար կարեւոր խնդիրները` վստահեցնելով, պիտի յաջողին համագործակցիլ` բաւական բարդ հարցերու շուրջ հնարաւոր լուծումներ գտնելու:
Ֆրանսա
Երկու Ձեռնարկներով Նշուեցաւ Փարաջանովի Ծննդեան Օրը
Նախաձեռնութեամբ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան, 9 յունուարին` Սերգէյ Փարաջանովի ծննդեան օրը, Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցան աշխարհահռչակ բեմադրիչին 100-ամեակին նուիրուած երկու ձեռնարկներ` լուսանկարչական ցուցահանդէս մը եւ դասախօսութիւն մը` արուեստի պատմաբան եւ ընկերաբան փրոֆ. Ալեն Նաւարա-Նաւասարդեանի մասնակցութեամբ: Գլխաւոր հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեան իր ելոյթին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէին եւ փոխքաղաքապետ Սոնիա Զտորովցոֆին` սոյն նախաձեռնութեան աջակցելնուն, Ալէն Նաւարա-Նաւասարդեանին` դասախօսութեան, ինչպէս նաեւ Մաքսիմ Եւատեանին եւ անոր «Հայաստանի ակունքները» միութեան` ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ընդառաջ տարած աշխատանքին համար:
Ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Լիոնի քաղաքապետարանի «Աթրիում»-ին մէջ, կազմակերպուած էր Երեւանի` Փարաջանովի թանգարանին հետ գործակցաբար: Ցուցադրուած էին արուեստագէտին դիմանկարները, «քոլաժ»-ները», յատկապէս` «Քանի մը դրուագ Ժոքոնտի կեանքէն» շարքէն, «Նռան գոյնը» ժապաւէնի զգեստներու ուրուագիծերը, բանտին մէջ ստեղծուած գործերը եւ այլն: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 16 յունուար:
Լուսանկարներու մեծ մասին հեղինակն է լուսանկարիչ, Փարաջանովի թանգարանի հիմնադիր Զաւէն Սարգսեան:
Վրաստան
Փարաջանովի 100-Ամեակին Առիթով Տեղի Ունեցաւ «Վերադարձ» Ներկայացումը
10 յունուարին Թիֆլիսի հանդիսութիւններու տան մէջ Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը հանդէս եկաւ «Վերադարձ» ներկայացումով` նուիրուած Փարաջանովի 100-ամեակին:
Դեսպան Աշոտ Սմբատեան շնորհակալութիւն յայտնեց թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Դադասեանին եւ դերասաններուն` իրենց կատարողական բարձր արուեստին համար: Ան դրուատեց նաեւ կազմակերպիչներուն աշխատանքը` յանձին «Նումէն արթ» ժամանակակից միջազգային փառատօնի հիմնադիր Գիորգի Դաւիթաշվիլիի:
Յունաստան
Համազգայինի Յունաստանի Շրջանի «Նանօր» Պարախումբը Ելոյթ Ունեցաւ Յոյն Հանդիսատեսներուն Համար
Կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2024-ին երեկոյեան Նիքէայի մէջ իրագործուեցաւ ելոյթ մը, որուն ընթացքին յոյն հանդիսատեսները ծանօթացան հայկական պարային արուեստին եւ մեծապէս գնահատեցին մեր պատանիները: «Նանօր» միջին տարիքի երկսեռ խումբը, պարուսուցութեամբ գլխաւոր պարուսոյց Էտկար Էկեանի եւ պարախումբի պատասխանատու ուսուցող Աննա Պօղոսեանի, հրամցուց հինգ հայկական պարեր Նիքէայի Այոս Նիքոլաոս հրապարակին վրայ:
Նիքէայի քաղաքապետարանին կողմէ տօնական օրերուն նուիրուած ելոյթներու շարքին մէջ, գործակցութեամբ շրջանի ՀՅԴ «Մ. Վարանդեան» կոմիտէին եւ Համազգայինի պարի միաւորին, կիրակի երեկոյեան ելոյթին մէկ մասը յատկացուած էր հայկական մշակոյթին:
«Մեղեդիներ կորսուած հայրենիքէն» ընդհանուր խորագիրով ելոյթին ընթացքին նաեւ Նիքէայի քաղաքապետական երաժշտանոցի նուագախումբը ներկայացուց փոքրասիական երաժշտական գոհարներ:
Յոյն եւ հայ բազմաթիւ ներկաներուն առջեւ «Նանօր» պարախումբը հրամցուց տպաւորիչ պարեր:
Տօնական օրերու մթնոլորտին մէջ, հրապարակի լուսաւոր եւ բազմապիսի զարդարանքներու պատկերներուն տակ, հայկական պարը եւս զարդարեց տօնական միջավայրը: