Սուրբ Նիկողայոս սքանչելագործ հայրապետին օրինակով, Յարութ Հարպոյեան` բոլորին ծանօթ մերօրեայ ԿԱՂԱՆԴ ՊԱՊԱ-ն, Մայտա Անտոնեանը եւ երրորդ համեստ անձ մը` Վ. Չ., որ չի փափաքիր իր անունին յիշուիլը, 25 տարիներ առաջ կատարեցին ուխտ մը` հայկական իրականութեան մէջ Կաղանդ պապային առաքելութիւնը շարունակելու եւ ուրախացնելու մանուկներն ու պատանիները:
2024-2025 եւս անոնք շարունակեցին իրենց այդ խոստումին հաւատարիմ մնալ, ինչպէս նաեւ 8-րդ անգամն ըլլալով իրականացուցին Հայաստանի մէջ արցախցի մանուկները եւս այս ծրագիրին մէջ ներառելու աշխատանքը` այցելելով Արցախէն բռնի տեղահանուած եւ այսօր Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ հաստատուածներուն, որոնց մէջ նկատի առնուեցան նաեւ նահատակներուն զաւակները:
Նախորդող եօթը տարիներուն Կաղանդ պապան այցելեց մայր Հայաստանի զանազան մարզեր եւ սահմանամերձ շրջաններ` Տաւուշ, Գիւմրի, Բիւրական, Սիւնիք, Աշտարակ, Ծաղկաձոր, Արարատեան մարզ` Վեդի, Էջմիածին, Նուպարաշէն եւ Երեւանի վարժարաններ, ուր հանդիպում ունեցաւ տնտեսական եւ ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող արցախցի մանուկներուն հետ, որոնք ոչ միայն ուրախ ժամանակ անցուցին, այլ նաեւ նուէրներ ստացան Կաղանդ պապայէն:
2024-ի Կաղանդին այս նախաձեռնութիւնը յղացած եւ զայն միասնաբար իրականութիւն դարձնողները փափաքեցան տարբեր բնոյթ տալ իրենց գործունէութեան եւ այս տարի այցելութեան կեդրոն դարձուցին երկու մարզեր:
– 22 դեկտեմբեր 2024-ին Գիւմրիի Տիկնիկային թատրոնը վարձուեցաւ լիբանանահայ Կաղանդ պապային եւ անոր ընկերներուն կողմէ, հոն հրաւիրուեցան 180 արցախցի երեխաներ, որոնք անվճար դիտեցին հաճելի ներկայացում մը: Աւարտին, մինչ փոքրիկները կը պատրաստուէին դուրս գալ դահլիճէն, մեծ եղաւ անոնց զարմանքը, երբ Կաղանդ պապան յայտնուեցաւ բեմին վրայ, ողջունեց զանոնք ու սկսաւ նուագել: Ներկայ մանուկները իսկոյն միացան Կաղանդ պապային, սկսան երգել, արտայայտել իրենց գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ իւրաքանչիւրը Կաղանդ պապայէն նուէրներ ստացաւ: Կարծէք հեքիաթային պահեր կ՛ապրէին անոնք:
Բայց այս բոլորէն անկախ` այս հաւաքին արձանագրուեցաւ երեւոյթ մը, զոր արժէ ընդգծել: Արցախցի մանուկներն ու պատանիները, որոնք Արցախի մէջ դպրոցական ընկերներ կամ թաղեցիներ էին, եւ որոնք Արցախի դէպքերէն ետք զիրար կորսնցուցած էին, եւ կապը անջատուած էր անոնց միջեւ, ոչ մէկ լուր ունէին իրարմէ, այս ներկայացումին եւ Կաղանդի հաւաքոյթին զիրար գտան, հանդիպեցան, ողջագուրուեցան, եւ կրկին հարազատ կապը հաստատուեցաւ անոնց միջեւ:
– 23 դեկտեմբեր 2024-ին Կաղանդ պապան ու անոր ընկերակիցները այցելեցին Կոտայքի մարզի Բուժական գիւղի «Գեղամ Ղարիպեան»-ի անուան միջնակարգ դպրոցի աշակերտութեան: Այս երեխաները դպրոց կը յաճախեն շատ համեստ պայմաններու մէջ:
Նախորդ հոկտեմբերին այս աշակերտները նամակներ պատրաստած ու յղած էին Կաղանդ պապային, որ ստացած էր աւելի քան 50 նամակներ, որոնց մէջ արցախցի փոքրիկները կը խնդրէին առաւելաբար դպրոցական պայուսակներ, փոքր ինքնաշարժներ, պուպրիկներ, իսկ աղջնակ մըն ալ` բուրդէ ճերմակ գլխարկ ու վզնոց մը:
Կաղանդ պապան ու Մայտա Անտոնեանը խնդրուած բոլոր նուէրները ո՛չ միայն ապահովեցին, այլ փոքր ինքնաշարժներու փոխարէն` մեծ, հեռավար դրութեամբ գործող խաղալիք ինքնաշարժներ ընտրեցին, աղջիկներուն պարագային գնեցին մեծ ու խօսող պուպրիկներ, որոնք ունին իրենց կառքերը` Պէյրութէն տարուած:
Համախմբուած աշակերտները արտասանութիւններ ներկայացուցին Կաղանդ պապային, երգեցին, պարեցին, ուրախացան եւ բարձր տրամադրութեան մէջ մինչ կը պատրաստուէին ստանալու իրենց խնդրած նուէրները, նկատեցին, որ իրենց ուզածէն շատ աւելին բերած է Կաղանդ պապան: Անոնց զարմանքն ու հիացմունքը մեծ էր, յուզիչ եւ Կաղանդ պապային ու ընկերներուն մեծ գոհունակութիւն պատճառող: Վարժարանի տնօրէնը երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց նախաձեռնութեան հեղինակներուն եւ անոնց յանձնեց շնորհակալագիր մը:
– 24 դեկտեմբեր 2024-ը պատմական ու կարեւոր թուական եղաւ անոնց համար: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին յատուկ հրաւէրով մը Յարութ Հարպոյեան եւ Մայտա Անտոնեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաժողովներու դահլիճին մէջ ներկայ գտնուեցան ցեղասպանագէտ Թեհմինէ Մարտոյեանի «Ցեղասպանութեան քաղաքականութեան շարունակութիւնը Զմիւռնիայում (1922)» գիրքին շնորհահանդէսին: Գիրքը նուիրուած է սեպտեմբեր 1922-ին Զմիւռնիոյ քրիստոնէաբնակ թաղամասերուն մէջ յոյն եւ հայ բնակչութեան բնաջնջման:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ գետնի վրայ այս Կաղանդ պապայի առաքելութեան իրականացման մէջ մեծ ներդրում ունի Թեհմինէ Մարտոյեան:
Ապա տեղի ունեցաւ յատկանշական ծառատնկումի արարողութիւն: Արդարեւ, բոլորը միասնաբար ուղղուեցան Նուպարաշէն` Նոր Զմիւռնիա պողոտային վրայ գտնուող քաղաքապետարանի մուտքն, ուր յատուկ հողամաս մը տրամադրուած էր, որպէսզի Կաղանդ պապային եւ Մայտա Անտոնեանի ի պատիւ եղեւնիի ծառատնկում կատարուէր յաւերժացնելու համար անոնց կատարած առաքելութեան խորհուրդը: Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին օրհնութեամբ եւ քաղաքապետին ու քաղաքապետութեան անձնակազմին ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ծառատնկումը, որուն ամէնէն յատկանշական հիւրը Զմիւռնիայէն վերապրած 90-ամեայ Նուպար Պէրպէրեանն էր:
Արարողութեան ընթացքին երեք երեխաներ` հայկական աւանդական տարազով, մօտեցան լիբանանահայ Կաղանդ պապային եւ անոր յանձնեցին պարեգօտը, գլխարկն ու գօտին, որպէսզի իր սրտի խօսքը արտասանէ այս առիթով: Կաղանդ պապան` մեծապէս յուզուած այս քայլէն, իր խօսքին մէջ ամփոփեց իր ստանձնած առաքելութեան կարեւորութիւնը նաեւ իրեն համար, խրախուսեց ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս աշխատանքի իրականացման մէջ իրենց ներդրումը ունին: Անկէ ետք բոլորը իրարու ձեռք սեղմած` շուրջպար բռնեցին ծառին շուրջ եւ գոյնզգոյն գնդակներով զարդարեցին զայն:
25 դեկտեմբերին, այս անգամ` Երեւանի մէջ, ներկայացում մը վարձուեցաւ, Խամաճիկներու թատրոնին մէջ: Նպատակը նոյնն էր, շուրջ 120 երեխաներ անվճար հրաւիրել` դիտելու թատերական ներկայացում մը: Անոնց առաջին ու զիրենք բաւարարող անակնկալ եղաւ այն, որ անվճար մուտք գործեցին սրահ, իսկ երկրորդ ու աւելի մեծ անակնկալը Կաղանդ պապային անսպասելի գալուստն էր` բերնադաշնակ (հարմոնիքա) նուագելով, տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ ստեղծելով: Բոլորը միասնաբար երգեցին, ուրախացան, թատրոնը վերածուեցաւ ամանորեայ խրախճանքի, որուն աւարտին բոլոր փոքրիկներն ալ ստացան նուէրներ:
26 դեկտեմբերին ուղղութիւնը դէպի սահմանամերձ Տաւուշն էր` Չորաթան գիւղ, ուր նախապէս դասաւորումներ կատարուած էին, եւ կազմակերպուած էր յատուկ հանդիսութիւն: Կաղանդ պապան ու անոր ընկերակցողները առաջնորդեց համալսարանի դասախօս փրոֆ. Էտկար Քալանդարեանը, իսկ անոնց ընկերակցեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Համազասպ Քէշիշեանը, որ նշեալ մարզի գիւղին հոգեւոր պատասխանատուութիւնը ստանձնած է:
Երեւանէն Տաւուշ տեւած 4 ժամուան ուղեւորութենէ ետք հասնելով Չորաթան, արդէն իսկ 200 երեխաներ ու անոնց ծնողները հաւաքուած էին սրահին մէջ ու կը սպասէին հիւրերուն: Անմիջապէս սկսաւ յայտագիրը` պարեր, երգեր, կարճ թատրոն, ասմունք, ընդհանուր շուրջ մէկուկէս ժամուան գեղարուեստական ոգեշնչող ծրագիր` անմեղ մանուկներուն կողմէ մատուցուած: Ապա խօսք առաւ Էտկար Քալանդարեանը, որ կը հոգայ այդ գիւղին բոլոր կարիքները, ստանձնած է կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ տեղւոյն բնակիչ է: Ան գնահատեց երեխաներուն ներկայացումները, ապա յայտարարեց, որ Կաղանդ պապան եկած ու հասած է Չորաթան, որպէսզի նուէրներ բաշխէ բոլոր փոքրիկներուն, որոնց ուրախութեան բացագանչութիւնները լեցուցին սրահը` «Ձմե՛ռ պապ, Ձմե՛ռ պապ»: Երբ ներս մտաւ Կաղանդ պապան, բոլորը շրջապատեցին զայն, ողջունեցին, փաթթուեցան, անոր մասին երգեր ու ասմունքներ հրամցուցին, տօնական մթնոլորտը աւելի տիրական դարձաւ: Հաճելի ժամեր անցընելէ ետք բոլորն ալ նուէրներու արժանացան եւ մեծ ուրախութեամբ բաժնուեցան Կաղանդ պապայէն ու իրենց ընկերներէն:
Հանդիսութենէն ետք փրոֆ. Էտկար Քալանդարեան խնդրեց, որ Կաղանդ պապան ու անոր ընկերակցողները իր հիւրերը ըլլան եւ միասին ճաշեն: Երբ հասան իր տունը, Էտկարին մայրն ու հայրը աւանդական հայկական ճոխ սեղան պատրաստած էին: Է. Քալանդարեան ծանօթացուց իրենց տան պատուհանէն արդէն իսկ պարզ աչքով երեւցող թշնամի ազերիներու զօրքերուն գտնուած վայրը, որ ընդամէնը 3 քիլոմեթր անդին էր. ան ըսաւ, որ անոնք յաճախ թիրախ կը դարձնեն բնակարանները, կը ռմբակոծեն պարզ բնակիչները:
Էտկար Քալանդարեանին ընտանիքին հետ շատ հաճելի ու մտերիկ պահեր ապրեցան, հաց կիսեցին ու անմոռանալի յիշատակներ կերտեցին, բայց պէտք չէր ուշանալ` նկատի ունենալով ազերիական դիրքերուն այդքան մօտիկ ըլլալը: Վերադարձի ճամբուն վրայ, կրկին Էտկար Քալանդարեանին ինքնաշարժով, լիբանանահայ հիւրերուն ցոյց տրուեցան անտառներուն մէջ շողացող աղօտ լոյսեր, որոնք կը պատկանէին 200-300 հեռաւորութեան վրայ տեղակայուած Ազրպէյճանի զօրքերուն, ինչ որ այդ երթեւեկի հիմնական ուղին կը դարձնէր վտանգաւոր:
27 դեկտեմբերին, Թեհմինէ Մարտոյեանին խնդրանքով, Կաղանդ պապան այլ առաքելութիւն մը կատարեց: Արդարեւ, այս անգամ իբրեւ լիբանանահայ Յարութ Հարպոյեան` Գլաձոր համալսարանին մէջ ուսանողներուն տուաւ դասախօսութիւն մը Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն եւ մանաւանդ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Նկատի ունենալով, որ ուսանողներուն մասնագիտական ճիւղը միջազգային յարաբերութիւններն են, շեշտը դրուեցաւ դէպքերու զարգացումներուն մէջ այդ կապերուն ունեցած դերակատարութեան վրայ: Դասախօսութեան յաջորդեց ուսանողներուն հետ թէյասեղան, որուն շուրջ կրկին առիթ եղաւ մտերմիկ զրոյցի, տեսակէտներու փոխանակումի, հարցումներու:
2024-ին Կաղանդ պապան, Մայտա Անտոնեանը եւ անոնց երրորդ բարեկամը կրկին կրկին իրականութիւն դարձուցին Հայաստանի մէջ եւս մանուկներ ուրախացնելու իրենց ծրագիրը, յատկապէս` նկատի ունենալով արցախցիները, որոնք ոչ միայն ծանր ընկերային ու հոգեկան պահեր կ՛ապրին, եւ անոնց նկատմամբ եղած ուշադրութիւնը ձեւով մը կրնայ սփոփանք ըլլալ իրենց, որ սփիւռքը չէ մոռցած զիրենք:


