Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Ջրօրհնէք Կատարեց «Մեմորիըլ» Հիւանդանոցին Մէջ Եւ Հայ Տարեցներու Միշըն Հիլզի «Արարատ» Տան Մէջ
* 3 յունուարին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցի տնօրէնութեան խնդրանքին, Ս. Ծնունդի առիթով, ընկերակցութեամբ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերէն Կոմիտաս Ա. քհնյ. Թորոսեանի եւ Կրօնական ժողովի անդամ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի, այցելեց հիւանդանոց եւ ջրօրհնէք կատարեց: Առաջնորդը իր օրհնութեան խօսքին մէջ հակիրճ բացատրութիւն տուաւ, թէ Հայ եկեղեցին ինչո՞ւ Ս. Ծնունդը կը տօնախմբէ 6 յունուարին, ապա լուսաբանեց ջրօրհնէքին իմաստը` իբրեւ խորհրդանիշը Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան, աւելցնելով, որ ս. միւռոնի գործածութիւնը բաղադրիչ մասնիկներէն մէկն է մկրտութեան խորհուրդին:
Այս առիթով հիւանդանոցի նոր տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ քահանայ հայրերուն, ապա փափաք յայտնեց փոխադարձաբար այցելել Ազգային առաջնորդարան` մօտէն ծանօթանալու համար սրբազան հօր եւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի հոգեւոր կեդրոնի մարդասիրական ծրագիրներուն:
* 22 յունուարին Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն, Ս. Ծննդեան տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի հայ տարեցներու «Արարատ» տուն:
Սրբազանը գնահատեց իւրաքանչիւրին նուիրուածութիւնն ու անձնազոհութիւնը` իրենց ընտանիքին, շրջապատին ու ազգին:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ 2025 տարեշրջանը աւանդութիւններու տարի հռչակման երեւոյթին եւ տարեցներուն փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառի հայրապետական ողջոյնները, ապա անոնցմէ խնդրեց, որ իրենց աղօթքներուն մէջ յիշեն նաեւ այսօրուան երիտասարդ ծնողները եւ աղօթեն անոնց համար, որպէսզի իրենց նման` հայ նոր ծնողները եւս լիուլի կատարեն իրենց ուսերուն դրուած ծնողական ծանր պարտականութիւնները եւ իրենց զաւակներուն ջամբեն հայեցի դաստիարակութիւն, պահպանեն հայկական աւանդութիւններն ու գեղեցիկ սովորութիւնները եւ փոխանցեն իրենց զաւակներուն:
Այնուհետեւ հոգեւորականաց թափօրը շրջեցաւ նաեւ հայ տարեցներու ապաստանարանին հիւանդանոցային եւ բնակարանային զոյգ բաժինները, ուր սրբազան հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցան տնօրհնէքի, եւ ջրօրհնէքի արարողութիւններ:
Աւարտին կառոյցի տնօրէն Տէրիք Ղուկասեան շնորհակալական խօսք ուղղեց սրբազան հօր եւ ուղեկից հայրերուն:
Մոնթեպելլոյի Ցեղասպանութեան Յուշարձանը Պատմական Կոթողներու Ցանկին Վրայ Դնելու Դիմում
Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը իր անդամներէն 36-ին ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղած է Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին` խնդրելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպելլոյի յուշարձանը դրուի Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ:
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ հայկական եկեղեցիի գմբէթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցուած յուշարձանը 1968-էն ի վեր դարձած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը, աւելցնելով, որ անիկա հանրային տարածքի մը վրայ կառուցուած` Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ:
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի անդամներուն թիւը վերջերս հասած է 50-ի, եւ անոր նոր ղեկավար ընտրուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեան:
Իրաւաբան Կերի Ռ. Ֆիլլիփս` Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նորընտիր Նախագահ
Վերջերս Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդը, համաձայն ընկերակցութեան սահմանադրութեան, ընտրեց իրաւաբան Կերի Ռ. Ֆիլլիփսը` որպէս խորհուրդի իր նոր նախագահը:
Ֆիլլիփս երկար ժամանակ ներգրաւուած է իր եկեղեցւոյ եւ Հայ համայնքին մէջ: Ան երկու անգամ ծառայած է որպէս ատենապետ` Լոս Անճելոսի Հայ աւետարանական Միացեալ եկեղեցւոյ խորհուրդին, ուր ստանձնած է տարբեր պաշտօններ, ինչպէս` Խնամակալութեան եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան խորհուրդի նախագահ:
Աւետարանչական ընկերակցութեան իր ծառայութեան կողքին, Ֆիլլիփս կը ծառայէ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութեան` որպէս անդամ, եղած է նախկին անդամ Շ. եւ Է. Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի Հոգաբարձական խորհուրդին եւ ղեկավարի պաշտօններ ունեցած է այլ քրիստոնէական եւ բարեգործական հիմնադրամներու մէջ:
Ֆիլլիփսի կողքին, Աւետարանչական ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի դիւանի նոր անդամներն են տոքթ. Մայքըլ Ոսկեան` փոխնախագահ, դոկտ. Նուրհան Հելվասեան` գանձապահ, իրաւաբան Մարք Գասապեան եւ Ֆիլլիս Տոհանեան` ատենադպիրներ:
Համազգայինի «Անի» Պարախումբը Տօնեց Իր Յիսնամեակը
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան միաւոր «Անի» պարախումբը հիմնուած է 1974-ին` գեղարուեստական ղեկավարներ եւ պարուսոյցներ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի կողմէ:
«Անի» պարախումբը իր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առիթով վերջերս ելոյթ ունեցաւ Կլէնտէյլ Հայ Սքուլի «Կլենտէյլ փրֆորմինկ արթս սենթըր»-ին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական դերասան «Մովսէս Խորենացի» մետալակիր, Հայաստանի պետական «Բարեկամութիւն» պարախումբի հիմնադիր եւ պալէի վարպետ Նորայր Մեհրապեան սկսաւ գործակցիլ «Անի» պարախումբին հետ եւ նոր շունչ տուաւ պարախումբին ու զայն տարաւ դէպի նոր վերելք: «Անի» պարախումբը 50 տարիներու ընթացքին ունեցած է շուրջ 250 ելոյթներ` Լոս Անճելըսի եւ Միացեալ Նահանգներու հայահոծ նահանգներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Քանատայի եւ Պրազիլի մէջ: Սակայն ամէնէն յիշատակելին հիմնադրութեան 25-ամեակին առիթով իրենց շրջապտոյտն էր դէպի հայրենիք, ուր Երեւանի, Գիւմրիի եւ Արցախի մէջ ունեցան ելոյթներ եւ արժանացան մեծ գնահատանքի: Ապա անոնք երեք անգամ այցելեցին Հայաստան եւ Արցախ: Յիսուն տարիներու ընթացքին «Անի» պարախումբը արժանացած է շատ մը շքանշաններու եւ գնահատանքներու, որոնցմէ կարելի է յիշել` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառի շնորհած «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ Կոմիտասի անուան շքանշանը եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի եւ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ գնահատականները:
Իրաք
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Շնորհաւորեց Էրպիլի Մէջ Հայաստանի Նորանշանակ Հիւպատոսը
16 յունուարին իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, ընկերակցութեամբ Արթուն քհնյ. Խալաթեանի, Էրպիլի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Իվոն Պօղոսեանի եւ անդամ Յակոբ Խալաթեանի, այցելեց Էրպիլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարան եւ հանդիպում ունեցաւ նորանշանակ հիւպատոս Ռաֆայէլ Մովսէսեանի եւ նախկին հիւպատոս` Անդրանիկ Մանուկեանի հետ: Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորանշանակ հիւպատոսը մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք: Ան նաեւ երախտիքի խօսք ուղղեց նախկին հիւպատոսին, քրտական մարզի հայութեան` հիւպատոսարանի մատուցած ծառայութեանց համար:
Շուէտ
Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպում Ունեցաւ Էօրեպրոյի Համայնքին Հետ
14 յունուարին Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպան Աննա Աղաջանեան այցելեց Էօրեպրօ քաղաքը, ուր հանդիպումներ ունեցաւ նահանգապետին եւ քաղաքապետին հետ: Այնուհետեւ տեղւոյն մշակութային դպրոցին մէջ դեսպանը, տնօրէնութեան ուղեկցութեամբ, ծանօթացաւ դպրոցի աշխատանքներուն, ուր կը գործեն երաժշտական, պարի, թատերական արուեստի, կաւագործութեան, նկարչութեան խմբակներ, իսկ գրադարանին մէջ կը կազմակերպուին զանազան մշակութային ձեռնարկներ` 9-19 տարեկան պատանիներուն համար: Աղաջանեան քննարկեց հայ պատանիներուն հետ միատեղ ծրագիրներ մշակելու կարելիութիւնը: Ան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Էօրեպրոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Յունաստան
Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Վիգէն Չոլաքեան Այցելեց ՀՀ Դեսպանին
Վերջերս Յունաստանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքապետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան այցելեց Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին հետ:
Վեր. Չոլաքեան ներկայացուց Յունաստանի Հայ աւետարանական համայնքի ընթացիկ ծրագիրները եւ գործունէութիւնը` նշելով շարք մը բարեգործական ու մշակութային նախաձեռնութիւններ, որոնք կը ծառայեն հայապահպանութեան նպատակին:
Դեսպան Մկրտչեան կարեւոր նկատելով համայնքային կեանքի գործընթացներու պատշաճ կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը` իր աջակցութիւնը յայտնեց ընթացիկ եւ ապագային միտուած ծրագիրներուն եւ ներկայացուց դեսպանութեան 2025 տարուան նախատեսած ձեռնարկներու մէկ մասը:
Իտալիա
Միքայէլ Կուրճեանի Ամերիկացի Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
Վերջերս Հռոմի «Cinema delle Provincie» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ամերիկացի» ժապաւէնին Հռոմի մէջ անդրանիկ ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ բեմադրիչ եւ գլխաւոր դերակատար Միքայէլ Կուրճեանի, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Իտալիա: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան եւ «Սինէ քլապ ինթըրնէշընըլե ընկերութեան նախագահ Փաոլօ Մինութօ:
Ցուցադրութեան աւարտին բեմադրիչը պատասխանեց հայ եւ իտալացի հանդիսատեսներու հարցումներուն:
Նշենք, որ Հռոմէն ետք ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի նաեւ Պոլոնիոյ, Փատովա Միլանոյի, Ֆլորանսի եւ Ճենովայի մէջ, ուր կան հայկական փոքր համայնքներ:
2022-ին արտադրուած «Ամերիկացի» ժապաւէնը կը պատմէ Ցեղասպանութենէն հրաշքով վերապրած եւ Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայ երիտասարդ Չարլիին մասին, որուն ընտանիքը այդ ոճրագործութեան զոհ գացած է: Պատմութիւնը կը սկսի 1947-ին, երբ Չարլին այլ հայրենադարձներու հետ կը վերադառնայ Հայաստան եւ կը բախի Խորհրդային Միութեան համայնավար վարչակարգի դաժան իրականութեան:
Վրաստան
Շարլ Ազնաւուրի 100-Ամեակին Նուիրուած Համերգ
Կազմակերպութեամբ Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, 21 յունուարին Թիֆլիսի Շոթա Ռուսթավելիի անուան ազգային թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ, արմատներով Վրաստանէն, հռչակաւոր երգիչ, երգահան, դերասան Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած համերգ` կատարողութեամբ երգչուհի, երգերու հեղինակ, երաժիշտ, ձայնագրման արտադրող Արփի Ալտոնի (Արփինէ Տէր Պետրոսեան):
Ձեռնարկին նպատակն էր ոչ միայն յիշատակել Ազնաւուրի ժառանգութիւնը, այլեւ` ամրապնդել հայ եւ վրացի ժողովուրդներու մշակութային կապերը: Վրաստանի հայկական համայնքի եւ տեղի հասարակութեան համար այս ձեռնարկը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ Ազնաւուր արմատներով նաեւ Վրաստանէն է:
Համերգի ընթացքին հնչեցին Ազնաւուրի ամէնէն նշանաւոր երգերը` ներկաներուն վերյիշեցնելով անոր անկրկնելի ձայնը եւ զգացմունքային կերպարները:
Յայտնենք, որ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուած է «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի` հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2024-2025 տարիներու օրացոյցին մէջ` աջակցութեամբ նաեւ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի ֆրանքոֆոն դեսպաններու աւելի քան 80 անդամ ունեցող խումբին: