Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հօր Կողմէ Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան Եւ Արմէն Աբղ. Գալաճեան Իրենց Մասնակցութիւնը Բերին Համայնքապետներու Ժողովին
14 յունուարին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի կողմէ Մանուկ վրդ. Պարիխանեան եւ Արմէն աբղ. Գալաճեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ասորի ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանէն ներս Հալէպի համայնքապետներուն գումարած ժողովին, որուն ներկայ գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Կոնզալօ Գաբրիէլ Վարկաս Եոսա:
Համայնքապետները անդրադարձան Սուրիոյ ընդհանուր իրավիճակին` արտայայտելով երկրի կայունութեան նպաստող տեսակէտներ:
Գլխաւոր յանձնակատարը խօսելով գաղթականներու հարցին մասին` դիտել տուաւ, որ երկրէն գաղթած զաւակները կրնան իրենց ազատ կամքով վերադառնալ Սուրիա:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Այցելեց Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Նոր` «Արիս Սթամպոլեան» Կեդրոնը
4 յունուարին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, այցելեց Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոնը, շնորհաւորեց միութեան գնած նոր կառոյցը եւ այդ նպատակին համար նիւթաբարոյական աջակցութիւն չզլացած բարերարները` նշելով, որ հայ կեանքի յառաջդիմութեան կարեւոր ազդակներէն մէկն է ազգային մշակոյթի պահպանումը, տարածումը եւ նոր ու ժամանակակից ոգիով եւ յաջորդական սերունդներու ճիգերով յարատեւութիւնը:
Այս առիթով ան նաեւ բարձր գնահատեց հրաւիրեալ բարերարները եւ նուիրատուներն ու յատկապէս իշխանական նուիրատուութիւն կատարող կեդրոնի գլխաւոր բարերարներ Արիս եւ Անժելա Սթամպոլեան ամոլը, որոնց անունով կը կոչուի Համազգայինի անդրանիկ նոր կեդրոնը:
Սրբազանը գնահատեց Համազգայինի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները` իրենց միութենական ծառայութեան եւ հայկական արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերած նուիրուածութեան համար, դիտել տալով, որ ամերիկեան ափերուն Համազգայինը կարեւոր դեր կը կատարէ, յատկապէս` արեւմտահայութեան հոգեկերտուածքին հարազատ արեւմտահայերէնին ու մշակոյթին պահպանման եւ զարգացման շատ կարեւոր գործին մէջ:
Սրբազանը իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց Շրջանային վարչութեան ներկայի թէ նախկին անդամներուն եւ հրաւիրեալներուն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր իրենց նիւթաբարոյական աջակցութեամբ սատար կը հանդիսանան շրջանին մէջ Համազգայինի մշակութային գործունէութեան անարգել ծաւալումին եւ բարգաւաճումին:
Յիշեցնենք, որ Ազգային առաջնորդարանը Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նոր կեդրոն գնելու նպատակին համար, յատկապէս` վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, կատարած է նկատառելի նուիրատուութիւններ:
Իրաքահայութեան Երիտասարդաց Միութեան Նոր Տարուան Տօնախմբութիւնը
4 յունուարին թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Կլենտէյլի մէջ գործող Իրաքահայութեան երիտասարդաց միութեան Ամանորի խրախճանքին, որուն ներկայ եղաւ` նաեւ ազգային բարերար Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը:
Այս առիթով սրբազանը դրուատիքով անդրադարձաւ իրաքահայութեան ազգային աւանդապահ ապրելաձեւին եւ հայ նկարագիրին, դրուատեց իրաքահայութեան կեանքին մէջ առանցքային տեղ գրաւող հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, ապա ան իր ուրախութիւնը յայտնեց հայկական ոգեղէն արժէքներու սերունդէ սերունդ աւանդումը հայութեան այս հատուածին նախանձախնդրօրէն եւ լրջութեամբ կատարելուն համար:
Հայ Դասական Երաժշտութեան Համերգ` Փիցպուրկի Համալսարանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Միացեալ Նահանգներու Փիցպուրկի համալսարանի (Փենսիլվանիա) Հայկական ամպիոնի յանձնախումբին, 11 յունուարին տեղի ունեցաւ «Նոթեր Հայաստանէն» խորագրով հայկական դասական երաժշտութեան համերգ մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Հայաստանի հարուստ մշակոյթէն պատառիկ մը:
Համերգին հանդէս եկան «Թրիօ Շել» եւ «Կասիա անսամպլ» խումբերը, որոնք մեկնաբանեցին Կոմիտասի, Առնօ Բաբաջանեանի, Արամ Խաչատրեանի եւ այլ նշանաւոր հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:
«Թրիօ Շել» եռեակը, դաշնակահար` Շուշան Յակոբեան, ջութակահար` Լիլիթ Զաքարեան եւ թաւջութակահար` Քաթիա Ջանփոլատեան, ստեղծուած է 1996-ին, Երեւան, եւ միջազգային հարթակին վրայ համբաւ կը վայելէ, իսկ «Կասիա անսամպլ»-ը կիներէ կազմուած սենեկային երաժշտական խումբ մըն է:
Օրէնսդիրներ Այցելեցին Աղէտեալներուն Օժանդակութիւն Տրամադրող «Ճիվելեկեան» Երիտասարդական Կեդրոն
Վերջերս քոնկրեսական Ճուտի Չու, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեան եւ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի նախկին անդամ Էնթընի Փորթանթինօ այցելեցին Փասատինայի «Ճիվելեկեան» երիտասարդական կեդրոն` մօտէն հետեւելու համար Ալթատինայի հրդեհներէն տուժած քաղաքացիներուն օժանդակութիւն տրամադրելու համար Հայ դատին եւ ՀԵԴ-ին նախաձեռնած աշխատանքներուն: Օրէնսդիրները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր կամաւորներուն, որոնք իրենց միջոցները եւ ժամանակը տրամադրելով` օգնութեան ձեռք կ՛երկարեն իրենց համաքաղաքացիներուն:
Այցելութեան ընթացքին Չու եւ Հայրապետեան նաեւ առիթը ունեցան հանդիպելու հրոյ ճարակ դարձած Ալթատինայի Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի ներկայացուցիչներուն հետ:
Քանատա
ՀՕՄ–ի «Ղեկավարներու Պատրաստութեան Ծրագիր»
Կազմակերպութեամբ Հայ օգնութեան միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, վերջերս Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ղեկավարներու պատրաստութեան ծրագիր» նախաձեռնութեան աւարտական հանդիսութիւնը:
Դասընթացքի դասախօսական կազմը կը բաղկանար դասախօսներ` Յասմիկ Ծառուկեանէ, Ռինա Խոսրոֆէ, Ժագլին Աճեմեանէ, Նաթալի Կէօքշենեանէ եւ Ալիք Ֆարրա Գիրեճեանէ, որոնք ինքնաճանաչումի, ինքնագիտակցութեան, ինքնաարժեւորման, ինքնավստահութեան եւ ինքնագնահատման պահերու ճանաչողութիւնը եւ արժեւորումը կատարելով` մասնակիցներուն օգնեցին աւելի գիտակցօրէն մօտենալու իրենց առօրեայ կեանքին, իսկ աշխատանքի մարզին մէջ` ճիշդ կողմնորոշմամբ նպատակասլաց եւ դրական քայլերով առաջ երթալու:
Հանդիսութեան ընթացքին մասնակիցները ստացան վկայագրեր, ինչպէս նաեւ մէկական օրինակ` նախորդ տարիներու «Տոհմիկ օր»-երու առիթով հրատարակուած գիրքերէն:
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ատենապետ Անի Հոթոյեան-Ժոլի շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` վստահեցնելով, որ դասընթացքի մասնակիցները իրենց սորված եւ իւրացուցած գիտելիքները պիտի գործածեն անձնական կեանքի ընթացքին, ինչպէս նաեւ` աշխատանքի ծիրէն ներս:
Ֆրանսա
Հանդիպում–Ասուլիս` «Ժամանակակից Ֆրանսերէն Գրականութեան 2700 Գիրք` Հայաստանի Աշակերտներուն» Ծրագրին Շուրջ
«Défis humanitaires» ֆրանսական կազմակերպութեան կողմէ իրականացուող «Ժամանակակից ֆրանսերէն գրականութեան 2700 գիրք` Հայաստանի աշակերտներուն» ծրագրին շրջագիծին մէջ Ֆրանսայի Հրատարակիչներու ազգային արհեստակցական միութիւնը 16 յունուարին Փարիզի իր կեդրոնին մէջ կազմակերպեց հանդիպում-ասուլիս մը` աջակցութեամբ Հրատարակիչներու ազգային արհեստակցական միութեան, յանձին` նախագահ Վենսան Մոնթանիյի, «Défis humanitaires» կազմակերպութեան նախագահ Ալեն Պուանէի, Օվերնիյը-Ռոն-Ալփի շրջանին, նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ ներկայութեամբ` ֆրանսացի հրատարակիչներու, գրողներու, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ լրագրողներու: Նախաձեռնութեան հեղինակն ու կնքահայրն է գրող, փիլիսոփայ, ճանապարհորդ Սիլվեն Թեսոն:
Կը նախատեսուի Հայաստանի բոլոր մարզերուն, բայց յատկապէս Սիւնիքի մէջ գոյութիւն ունեցող 76 գրադարաններուն տրամադրել ֆրանսական ժամանակակից գրականութեան շուրջ 2700 նոր գիրք: Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան ելոյթ ունենալով` շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն ծրագրին նախաձեռնող, զայն կազմակերպող եւ իրականացնող բոլոր դերակատարներուն` իրենց յանձնառութեան եւ օժանդակութեան համար, ընդգծելով մասնաւորապէս Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Սիւնիքի մարզին գիրքեր նուիրելու կարեւորութիւնը, աւելցնելով, որ սոյն ծրագիրը ոչ միայն կը նպաստէ հայ երիտասարդներուն` ֆրանսական ժամանակակից գրականութիւնը բացայայտելուն, այլեւ կ՛ընդգծէ ֆրանսերէն լեզուի առանձնայատուկ դերը Հայաստանի մէջ:
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Սիլվեն Թեսոն, Վենսան Մոնթանիյը (SNE-ի նախագահ) եւ Ալեն Պուանէ (Défis Humanitaires-ի նախագահ):
Նշենք, որ աւելի քան տասնեակ մը հեղինակաւոր հրատարակչատուներ, որոնց շարքին` Gallimard Jeunesse, Hachette Jeunesse եւ Flammarion, ընդառաջած են կոչին` բազմաթիւ գիրքեր նուիրելով 6-18 տարեկաններու համար: Այս հատորները, որոնք կը կշռեն աւելի քան 1,5 թոն, արդէն փոխադրուած են Երեւան, ուրկէ բաշխումը սկսած է 20 յունուարին:
Պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմեն Սիլվեն Թեսոն, Վենսան Մոնթանիյը եւ Ալեն Պուանէ, պիտի այցելէ Երեւան` ծրագրի պաշտօնական մեկնարկը նշելու համար: Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ արարողութենէ մը ետք, նախատեսուած են հանդիպումներ աշակերտներու հետ, որոնցմէ ոմանք Արցախէն գաղթականներ են, Երեւանի եւ Գորիսի SPFA ֆրանսախօս կեդրոններուն մէջ: Այս փոխանակումները հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն գնահատելու յաջորդ քայլերը` այս մարդասիրական գործողութիւնը ամրապնդելու համար: