Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքը 3 յունուար 2025-ին հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ Պոլսոյ հայ կաթողիկէ համայնքին, ինչպէս նաեւ կատարեց համայնքի աւագ թեմին նորանշանակ պատրիարքական կառավարիչ Վարդան թ.ծ.վ. Գազանճեանին ծիսական խորհրդանիշներու տուչութիւնը:
Պատրիարքին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին` Մեսրոպ ծ. վրդ. Թօփալեանը, Նարեկ թ.ծ.վրդ. Նամոյեանը եւ Մովսէս վրդ. Տօնանեանը, որոնք պաշտօնական ընդունելութեան արժանացան` Պոլսոյ աւագ թեմի վաստակաւոր նախկին առաջնորդ Լեւոն արք. Զէքիեանի, Վարդան թ.ծ. վրդ. Գազանճեանի, Միքայէլ Ուչարի եւ Աբրահամ ծ. վրդ. Ֆիրաթեանի, Վարդան քհնյ. Քէշիշեանի, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի Թաղական մարմինին կողմէ:
Բարձրաստիճան հիւրերը ուղղուեցան Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցի, ուր հոգեւոր տէրը արժանացաւ հայ կաթողիկէ համայնքի ջերմ ընդունելութեան, եկեղեցւոյ զանգակները իրենց զուարթ ղօղանջներով աւետեցին ժամանումը պատրիարքին, որ առաջնորդուած քահանաներէ եւ գեղաձայն դպիրներէ` «Հրաշափառ»-ի շարականով մուտք գործեց տաճար:
Աւագ խորանին առջեւ աղօթք բարձրացնելէ ետք, Վարդան թ.ծ.վրդ. Գազանճեան բարի գալուստ մաղթեց պատրիարք հօր` շեշտելով, որ հոն պատրիարքներու տունն է: Հոգեւոր տէրը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց` հոգեւոր եղբայրներուն, հոգաբարձուներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք մեծ սիրով ընդառաջ ելած էին զինք ընդունելու:
Շաբաթ, 4 յունուար 2025-ի առաւօտուն պատրիարքը այցելեց Պոլսոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սահակ Բ. պատրիարքին: Ս. Աստուածածին տաճարին մէջ հովուապետները բարձրացան խորան, տեղի ունեցաւ պատարագի ճաշու մասը: Երկուստեք պատգամներ եւ բարի գալուստի խօսքեր արտասանուեցան` շեշտը դնելով եկեղեցւոյ միութեան եւ եղբայրական յարաբերութեան վրայ: Յիշատակութեան արժանի է Սահակ Բ. պատրիարքին վկայութիւնը Վարդան թ.ծ.վ. Գազանճեանին մասին, թէ` հոգեւոր տէրը լաւագոյնը ընտրած էր Պոլսոյ աւագ թեմին համար: Պատրիարք հայրը տարիներու փորձառութեամբ տեսած էր անոր մեծ նուիրումը եկեղեցւոյ եւ մեղուաջան աշխատանքը` ի սպաս իր համայնքի զաւակներուն: Ապա հոգեւորական դասը ուղղուեցաւ պատրիարքարանի դահլիճ, ուր հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ եւ նուէրներու փոխանակում: Այս առթիւ դարձեալ խօսք առին Լեւոն արք. Զէքեանը եւ Վարդան գերապայծառը:
Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ս. Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` ներկայութեամբ Պոլսոյ բոլոր համայնքապետներուն, ինչպէս` Սահակ Բ. պատրիարքի եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորական դասուն, Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքին ներկայացուցիչ մետրոպոլիտ Աթենակորասի, Թուրքիոյ մէջ Վատիկանի աւագ դեսպան տէր Մարեք Սոլչենսկիի, Պոլսոյ լատին թեմի առաջնորդ տէր Մասիմիլիանօ Փալինուրոյիի, Զմիւռնիոյ լատին առաջնորդ տ. Մարդին Գրեմեթեքի, ասորի կաթողիկէ քորեպիսկոպոս տէր Օրհան Չանլիի, Ասորի եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, քաղդէացի կաթողիկէ եպիսկոպոս տէր Սապրի Անարի եւ վաստակաւոր եպիսկոպոս տէր Ռեմզի Կարմուի, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ եպիսկոպոս տէր Եուսոֆ Չեթինի, Ղպտի եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ հոգեւորականներու, վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի եւ հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի Թաղական մարմինի եւ հոգաբարձութեան անդամներուն ու հաւատացեալ ժողովուրդին:
Հոգեւոր տէրը հայրապետական պատարագ մատուցեց եւ յղեց օրուան պատգամը` բնաբան ունենալով. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»: Ապա կարդացուեցաւ Վարդան թ.ծ.վրդ. Գազանճեանի պատրիարքական կառավարիչ նշանակումի պատրիարքական նամակը, որմէ ետք հայրապետը օրհնութեան աղօթքով մը պատրիարքական կառավարիչի իշխանութեան ծիսական նշանները` հովուական գաւազան, խոյր, լանջախաչ եւ մատանի շնորհեց Վարդան գերապայծառին: Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ կից գտնուող դահլիճին մէջ հիւրասիրութիւն եւ շնորհաւորութիւններ տեղի ունեցան տօնական մթնոլորտի մէջ:
Կիրակի, 5 յունուար 2025-ին Ս. Աստուածածին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որ թեմին մեծագոյն տաճարներէն մին է, սուրբ պատարագ մատուցանեց Վարդան թ.ծ.վրդ. Գազանճեան` նախագահութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին: Առաջնորդ հայրը իր քարոզին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ ընտրուած է իբրեւ այսպիսի պատմական թեմի մը աթոռին պատրիարքական կառավարիչ, որ մեծ պատիւ ըլլալու կողքին, ծառայութեան մեծ պատասխանատուութիւն է իր ուսերուն, եւ ինք Աստուծոյ եւ իր թեմի զաւակներուն օգնութեամբ պիտի տանի այս գործը:
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք, պատրիարքը հոգեւորական դասուն եւ թաղականներու ընկերակցութեամբ այցելեց Պոլսոյ յոյն ուղղափառ Բարթողոմէոս Տիեզերական պատրիարքին, որ եղբայրական ջերմ ընդունելութիւն ցոյց տուաւ` պանակէ մը նուիրելով հոգեւոր տիրոջ, իսկ հայր Վարդանին` Այա Սոֆիայի խաչին նմանութեամբ լանջախաչ մը: Հոգեւոր տէրը եւ Պոլսոյ թեմի առաջնորդը, իրենց կարգին, նուէրներ յանձնեցին պատրիարք հօր:
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարք նոյն օրը այցելեց նաեւ Օրթաքէօյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ ներկայիս վերանորոգումի ենթարկուած է հայր Վարդանին եւ տեղւոյն Թաղական մարմինի անդամներուն հսկողութեան տակ: Երկուշաբթի, 6 յունուար 2025-ին կէսօրին այցելութիւն տրուեցաւ Պոլսոյ լատին առաջնորդին, եւ այնտեղ եղբայրական ագապ մը տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Այնուհետեւ հայրապետական շքախումբը մեկնեցաւ դէպի Պոլսոյ կուսակալին նստավայրը, որմէ ետք երեկոյեան ժամը 6:00-ին Յիսուսի Քրիստոսի Մկրտութեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ ս. պատարագ մատուցուեցաւ եւ ջրօրհնէք տեղի ունեցաւ Գարաքէօյի Ս. Փրկիչ ամենահին եկեղեցւոյ մէջ: Երեքշաբթի, 7 յունուար 2025-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին սուրբ պատարագ տեղի ունեցաւ Սամաթիոյ Անարատ յղացեալ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, եւ երանելի տէր Կոմիտաս քհնյ. Քէօմիւրճեանին նուիրուած խորանին առջեւ աղօթք: Նոյն օրը կէսօրէ ետք, մեռելոց ըլլալով, հոգեւոր տէրը, հոգեւորական դասը եւ ժողովուրդը Շիշլիի հայոց գերեզմանատունը գացին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելու հին եւ նոր ննջեցելոց հոգւոց հանգստեան համար:
Այսպէս, արդիւնաշատ կերպով աւարտեցաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի հնգօրեայ հովուապետական այցելութիւնը ի Պոլիս: