Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպի Հայկական Վարժարանները Վերսկսան Իրենց Ուսումնական Տարեշրջանը
Երկուշաբթի, 16 դեկտեմբեր 2024-ին Հալէպի հայկական վարժարանները կանոնաւոր դասաւանդութեամբ սկսան իրենց ընթացքը:
Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Զեփիւռ Ռէյիսեան «Գանձասար»-ին յայտնեց, որ աշակերտները ներկայ են, բացականեր գրեթէ չկան, իսկ ուսուցչական եւ վարչական կազմերը անցած են իրենց աշխատանքին: Դասաւանդութիւնը սկսած է կանոնաւոր ձեւով:
Հալէպի Կրթասիրաց-Սարգիս Չէմպէրճեան երկրդ. վարժարանի տնօրէն Անդրանիկ Պօղոսեան յայտնեց, որ աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ վարչական պաշտօնեաները ներկայ են, ուսումնական առաջին օրը սկսած են աղօթքով եւ շարունակած դասաւանդութիւնը` բնականոն կերպով:
«Մեր զաւակները վերադարձան մեր գիրկը` մեր դպրոցը: Այս փուլին, կը մաղթենք, որ Սուրիան խաղաղի եւ ժողովուրդը ձեռքձեռքի, բոլորիս մասնակցութեամբ լծուի երկրի վերականգնումի աշխատանքին», եզրափակեց Պօղոսեան:
Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ աւետ. համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանի մանկապարտէզ, նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու դասաւանդութիւնները եւս բնականոն ընթացքով սկսան: Ուսուցիչները գրկաբաց դիմաւորեցին աշակերտները:
Իրենց դռները բացին նաեւ Դամասկոսի Ազգային Միացեալ ճեմարանը եւ Լաթաքիոյ ու Քեսապի հայկական դպրոցները:
Աշակերտները խանդավառութեամբ վերսկսան հետեւիլ ուսումնական իրենց առօրեայ ընթացքին:
Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
15 դեկտեմբերին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. Պատարագ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին առիթով: Պատարագը մատուցեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան: Պատարագին ներկայ էին` Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի առաջնորդ մար Մորիս Ամսիհ սրբազանը, աւետարանական եկեղեցւոյ պատուելին, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քահանաներ եւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան:
Իր քարոզին մէջ հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ Քրիստոս կը խօսի մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ Աստուածաշունչի միջոցով, աւելցնելով, որ Իր խօսքերը խրատ, ուսուցում եւ ուղղիչ պատգամներ կը դառնան մեզի` հարթելու մեր քրիստոնէական ապրելակերպի ճանապարհը ճշմարիտ կերպով: Ան յորդորեց հաւատացեալները` հեռու մնալու աշխարհիկ խաբէութենէ եւ կարծրասրտութենէ, որոնք պատճառներ են ուրիշները գայթակղութեան ուղղելու: Հայր սուրբը դիտել տուաւ, որ Քրիստոս մեզի հետ կը խօսի սուրբերու միջոցով, որոնք բարեխօսներն են Աստուծոյ, եւ անոնց ապրած կեանքը մարդկութեան մէջ Քրիստոսի խօսքին տարածման կը ծառայէ: Ան շեշտեց, որ Քրիստոսի ցուցմունքներով անոնք կենդանի օրինակներ կը դառնան մեր կեանքին մէջ, եւ մէջբերում կատարեց Ս. Յակոբի կեանքէն եւ գործունէութենէն:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Նշենք, որ ուրբաթ, 13 եւ շաբաթ, 14 դեկտեմբերին տեղի ունեցան ջուրի, աղի եւ մոմի օրհնութիւններ Ս. Յակոբոսի մասունքով, որոնց մասնակցեցան կիրակնօրեայ վարժարանի աշակերտները: Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան մեկնաբանեց օրուան տօնը եւ ներկայացուց Ս. Յակոբի կենսագրական տուեալները:
Միացեալ Նահանգներ
Սերժ Պուչաքճեան Նշանակուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն
Վերջերս Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը նշանակեց Սերժ Տ. Պուչաքճեանը` որպէս իր նորընտիր գործադիր տնօրէնը: Պուչաքճեան իր նոր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 փետրուար 2025-ին: Պուչաքճեան ծնած է Պէյրութ: Տիրացած է առեւտրական կառավարման պսակաւոր արուեստից վկայականին` Հայկազեան համալսարանէն: 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ան գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ իր ուսումը շարունակած է Պոսթընի Northeastern համալսարանին մէջ` ստանալով մագիստրոսի վկայականին: Ան նաեւ ամբողջացուցած է կառավարման ծրագիրներ Harvard, Oxford եւ Northwestern համալսարաններուն մէջ:
Պուչաքճեան աւետարանչականին կը բերէ առաւել քան 35 տարիներու փորձառութիւն մը` միջազգային օդատիեզերական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներէն: Ան ստանձնած է L3 Technologies-ի միջազգային լուծումներու առեւտրական բաժինի փոխնախագահի եւ գլխաւոր ղեկավարի պաշտօններ, ինչպէս նաեւ` Oshkosh Defense-ի միջազգային ծրագիրներու աւագ փոխնախագահի եւ գլխաւոր ղեկավարի, ուր ան նաեւ եղած է ընկերութեան կառավարման պաշտօնեայ: Պուչաքճեան մեծ ներդրում ունեցած է բազմաթիւ հասարակական եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ ծառայած է հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու մէջ:
Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի ներկայ նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան յայտնեց, որ Պուչաքճեան կը միանայ ընկերակցութեան կառավարման աշխարհի մեծ փորձառութեամբ, ուր ան կատարելագործած է իր հմտութիւնները` իբրեւ արդիւնաւէտ առաջնորդ ու ընդունակ նորարար եւ վարիչոր Պուչաքճեան հնարաւորութիւն պիտի տայ աւետարանչականին` իրականացնելու իր առաքելութիւնը եւ բարձրացնելու ընկերակցութիւնը նոր բարձունքներու վրայ:
Վարչական խորհուրդի նորընտիր նախագահ Կերի Ռ. Ֆիլիփս, իր կարգին, ըսաւ, որ Սերժ Պուչաքճեանի մեծ փորձառութիւնը միջազգային ղեկավարութեան մէջ եւ անոր խոր նուիրուածութիւնը ընկերակցութեան արժէքներուն եւ առաքելութեան` իրեն կու տան եզակի որակաւորում` ընկերակցութիւնը առաջ տանելու դէպի ազդեցիկ ծառայութեան նոր շրջան մը:
Պրետ Շըրմըն Նշանակուեցաւ Քոնկրեսի Հայկական Համախմբումին Փոխատենապետ
Հայանպաստ իր կեցուածքներով ծանօթ քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն նշանակուեցաւ յառաջիկան Քոնկրեսին մէջ Հայկական համախմբումին փոխատենապետը: Դեմոկրատ կուսակցութեան անդամ Շըրմըն կը ներկայացնէ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 32-րդ ընտրատարածքը եւ Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին բարձրաստիճան անդամ է:
Շըրմըն իրեն համար պատիւ համարեց այս նշանակումը` յիշեցնելով, որ վերջին գրեթէ երեք տասնամեակներուն իր կարելին ըրած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու համար եւ նեցուկ կանգնած է ամերիկահայութեան իրաւունքներուն:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց Շըրմընի նշանակումը` յիշեցնելով, որ ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Միացեալ նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու սերտացման, Հայոց ցեղասպանութեան քոնկրեսական ճանաչումը ապահովելու, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը հաշուետուութեան կանչելու եւ Արցախին ու Հայաստանին աջակցութիւններ ապահովելու ջանքերուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը ներկայիս ունի առաւել քան 100 անդամներ:
Իրան
Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմին Մէջ» Մատենաշարի Գ. Հատորի Շնորհահանդէս
Կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանական միութեան վարչութեան, 4 դեկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Համազասպ Ոսկանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ» մատենաշարի նորատիպ Գ. հատորին շնորհահանդէսը:
Կազմակերպիչ վարչութեան անունով բացման խօսքը արտասանեց եւ օրուան պատմական նշանակութեան անդրադարձաւ Արաքս Առաքելեան:
Օրուան գլխաւոր բանախօս Անահիտ Յակոբեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց նոր հատորը, որ երրորդն էր Ատրպատականի հնադարեայ ընդարձակ թեմի բազմաթիւ շրջաններուն, աւերուած կամ փլատակ վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցիները ներկայացնող, թեմի արխիւներէն կարեւոր նիւթեր բացայայտող, ինչպէս նաեւ` թեմին մէջ ապրող հնագոյն սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցներ պարփակող: Յակոբեան լայն բացատրութիւններ տուաւ նորատիպ հատորի երեք գլխակարգումներուն մասին:
Ազգային իշխանութեան անունով շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Արմինէ Յովսէփեան-Վահրամեան, որ յատկապէս անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ ծնուած առաջնորդին Ատրպատականի պատմութեան մասին ունեցած լայն հետաքրքրութեան` շնորհաւորելով յատկապէս ատրպատականցի ժողովուրդը, որ իր հնամենի պատմութիւնը անցեալի խորքէն դուրս բերուած, շօշափելի տեսքով իր ձեռքերուն մէջ ունեցաւ:
Այնուհետեւ ընթերցուեցաւ Ուրմիոյ Ժողովական մարմինի, միութիւններու, ազգային բարերար Էդիկ եւ Սանդրա Մեջլումեան ամոլին եւ ժողովուրդին անունով գրուած շնորհաւորական խօսքը:
Աւարտին երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ սրբազան հայրը, որ կարեւորութեամբ շեշտեց նաեւ Բ. եւ Գ. հատորներուն համար իր կատարած շրջագայութիւններու ընթացքին իրեն ընկերակցած անձերուն նուիրեալ մօտեցումը, նաեւ` խմբագրական կազմի անդամները:
Աւարտին կատարուեցաւ հատորին գինեձօնը, որմէ ետք Թեմական խորհուրդին անունով Հենրիկ Աբրահամեան երախտագիտական խօսք ուղղեց սրբազան հօրը` անոր կոթողային աշխատանքին համար եւ խորհուրդին անունով նուիրեց ոսկեդրամ: Այնուհետեւ բոլոր միութիւններուն անունով նուէրներ յանձնուեցան սրբազանին:
Թեհրանի ՀՄՄ «Նայիրի» Միութեան «Նայիրի» Պարախումբի Ելոյթը` Նուիրուած Պարախումբի Հիմնադրութեան 15-Ամեակին
Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայ մշակութային «Նայիրի» միութեան եւ համագործակցութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի վարչութեան, 22 նոյեմբերին միութեան սրահին մէջ «Նայիրի» պարախումբը, գլխաւոր պարուսոյց ունենալով Մերի Աւետիսեանը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Արտաւազդ Աւետիսեանի, հանդէս եկաւ տարեկան համերգով, նուիրուած իր հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 15-ամեակին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մշակութային միաւորի վարչութեան անդամ Արսինէ Մարգարեան, որ անդրադարձաւ մշակոյթին ունեցած դերակատարութեան եւ նշանակութեան` աւելցնելով, որ պարը ոչ միայն արուեստ է, այլ` գիտութիւն, իւրաքանչիւր շարժումը, գեղեցկութենէն անկախ, առանց բառերու, կը փոխանցէ ուժ եւ յաղթութիւն: Մարգարեան նաեւ ներկայացուց յոբելեար պարախումբի հիմնադրութեան եւ ծաւալած գործունէութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ:
Երեկոյի ընթացքին պարախումբը հանդէս եկաւ հայկական եւ օտար 18 պարերով: Ցուցադրուեցաւ նաեւ պարախումբի գործունէութեան մասին տեսերիզ մը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ փոխադարձ յուշանուէրներու յանձնում` «Նայիրի» միութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմոնդ Մովսիսեանի եւ «Արարատ» միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սարօ Պօղոսեանի միջեւ:
Յունաստան
«Օրթի» Գրքոյկի Ներկայացումը Թեսաղոնիկէի Մէջ
17 նոյեմբերին Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ շրջանի հովիւ Եղիա վրդ. Մալխասեան մատուցեց ս. պատարագ:
Աւարտին, կազմակերպութեամբ շրջանի Թաղային խորհուրդին, «Արցախ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի «ՕՐԹԻ» գրքոյկին ներկայացումը: Գրքոյկը ներկայացուց հայր սուրբը, որ հակիրճ բացատրութիւն տուաւ անոր մասին: Ան դիտել տուաւ, որ գրքոյկը իր մէջ կը ներառէ ս. պատարագին վերաբերեալ որոշ մանրամասնութիւններ եւ բացատրութիւններ, որոնց մասին մեր ժողովուրդը տեղեակ չէ:
Աւարտին գրքոյկը բաժնուեցաւ ներկաներուն, որպէսզի կարդան եւ ճանչնան ս. պատարագը:
Իտալիա
Արցախի Պատերազմին Մասին Պատմող «1489» Ժապաւէնը` Հռոմի Փառատօնին Յաղթական
Արցախեան պատերազմին մասին պատմող Շողակաթ Վարդանեանի «1489» վաւերագրական ժապաւէնը յաղթական ճանչցուեցաւ Հռոմի վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային փառատօնին:
Շողակաթ Վարդանեան դիտել տուաւ, որ այս յաղթանակը պատիւ է, որովհետեւ դատակազմին նախագահը Սերգէյ Լոզնիցան է:
Նշենք, որ Հայաստանի շարժապատկերի ազգային ակադեմիան «1489»-ը չներկայացուց «Օսքար»-ի մրցանակի թեկնածու, հակառակ անոր որ ժապաւէնը 2023-ին արժանացած էր Ամսթերտամի վաւերագրական ժապաւէներու միջազգային փառատօնի (IDFA) գլխաւոր մրցանակին:
Ժապաւէնին ժամանակագրական շրջանը 2020-2022 տարիներն են: Անիկա 44-օրեայ պատերազմի 7-րդ օրը անհետացած Սողոմոնի` Շողակաթի եղբօր որոնման պատմութիւնն է: