ԿԱՐՕՏ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին ամէն տարի յունուար 6-ին նշուող Սուրբ Ծնունդի տօնակատարութեան համար այս տարի հրաւէր չէր հրապարակած: Մենք` Տիգրանակերտի մէջ ապրող հայերս, այսպիսի ակնկալիք ունէինք, ուստի տխրեցանք` մտածելով, որ այդ տօնը այս տարի պիտի չնշուի:
Ի վերջոյ, յունուար 11-ին, շաբաթ օրը Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ ղեկավարութիւնը հրապարակեց հրաւէր մը, ըստ որուն, Սուրբ Ծննդեան տօնը պիտի նշէինք յունուար 12-ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ղրկած հոգեւորականներու պատուիրակութեան միջոցով: Մինչ այդ մենք արդէն լիովին յուսահատած էինք, եւ երբ կիրակի օր տեղեկացանք, որ տօնը պիտի նշուի, սակայն` տարբեր օր, շատ ուրախացանք: Մեր բարեկամներուն ու ազգականներուն լուր տուինք եւ կիրակի օրը պատրաստուելով` եկեղեցի գացինք:
Այս տարի, այլ տարիներու համեմատ, շատ քիչ մարդ եկած էր եկեղեցի: Սակայն Տիգրանակերտի հայ համայնքի գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչները ներկայ էին: Բացի հայերէն` ասորական եկեղեցւոյ քահանայ Էպունէ Եուսուֆը, քաղդէական եկեղեցւոյ ղեկավար խորհուրդի նախագահ Եուսուֆ Ալթընելը եւ եկեղեցի այցելած քիւրտ եւ թուրք հետաքրքրասէրներ ալ ներկայ էին:
Այս տարուան պատարագը մատուցուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքարանին ղրկած հոգեւորականներուն ձեռամբ: Արարողութենէն ետք եկեղեցի եկած հիւրերուն նուռ բաժնեցին: Ես ալ իմ ստացած նուռս կտրեցի եկեղեցւոյ մուտքին մօտ` մաղթելով, որ «Մեր մէկը հազար դառնայ…»:
Եկեղեցւոյ մէջ այլ արարողութիւն մըն ալ կատարուեցաւ. իրականացուեցաւ տիգրանակերտցի արուեստի գործիչ Ուտի Երուանդի որդիին` Տիգրանի մկրտութեան արարողութիւնը, զոր կատարեց Թէոդիկ քահանան: Կնունքին, մկրտուող Տիգրանի ծնողներու եւ կնքահօր հետ մէկտեղ, մասնակցեցան նաեւ Տիգրանակերտի հայ համայնքի բազմաթիւ անդամներ: Տէր հայրը առաջարկեց, որ Տիգրանին` որպէս մկրտութեան անուն, տրուի Կիրակոս անունը, սակայն մկրտուողին հայրը` Ուտի Երուանդը, խնդրեց, որ ան կրէ Արամ Տիգրան Կիրակոս անունը: Այդպիսով, այս տարուան առաջին մկրտութիւնը եղաւ Արամ Տիգրան Կիրակոսի կնունքը:
Յոյսով եմ, որ այս տարի նուռի հատիկներու չափ մկրտութեան արարողութիւններ կը կատարուին…
Կը յղեմ իմ յարգանքներս:
«ԱԿՈՒՆՔ»




