Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Հիւրընկալեց Սուրիոյ Նոր Իշխանութեան Հալէպի Քաղաքական Եւ Ապահովական Խորհուրդներու Ներկայացուցիչները

January 4, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային երեսփոխանական եւ Կրօնական ժողովներու դիւանները, Ազգային վարչութեան անդամներն ու յարաբերական յանձնախումբի ներկայացուցիչները երկուշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2024-ի միջօրէին Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան Քաղաքական խորհուրդի Հալէպի ղեկավարութեան պատասխանատու Մոհամետ Մսաթաթն ու ապահովական եւ անվտանգութեան գրասենեակի պատասխանատու Լուէյ Սայէտը, որոնց կ՛ընկերակցէր լատին համայնքի առաջնորդ Հանա Ճալլուֆը:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ հայութեան պատմական գոյութեան եւ տարիներ շարունակ սուրիահայութեան բերած մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ տարածքին գոյութիւն ունեցած հայաբնակ աւաններուն:

Անդրադարձ կատարուեցաւ թեմի ընդհանուր կառոյցին, նաեւ նահանգներուն մէջ թեմին հովանաւորութիւնը վայելող կառոյցներուն եւ կրօնական համարատուութեան:

Այցելուները խօսեցան ներկայ կացութեան մասին` վստահեցնելով, որ միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տալով պիտի վերակառուցենք Սուրիան:

Այցելուները անհրաժեշտ նկատեցին յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք համագումարին սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչ տարրերուն մասնակցութիւնը` միասնաբար քննարկելու եւ գործնական քայլերով Սուրիոյ բարգաւաճման գործընթացին նպաստելու:

Պատասխանատու մարմինները յայտնեցին, որ քաղաքի ապահովութեան համար կարգաւորած են քաղաքացիներէ բաղկացած խմբակներ, որոնք ապահովական կեդրոններուն հետ համագործակցաբար պիտի հսկեն թաղամասերը: Այս ուղղութեամբ, անոնք գնահատեցին սուրիահայ համայնքի տղոց կամաւոր մասնակցութիւնը քաղաքի թաղամասերու ապահովութեան ի նպաստ տարուող գիշերային հսկողութեան աշխատանքին:

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Պապական Նուիրակը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Յաջորդը

Խմբագրական «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկի. Քաղաքական Նոր Քարտէսագծում. Իրավիճակներ, Ընելիքներ

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.