Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Յունուար 9, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

 Նոր Տարուան Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Հայ Ծերանոց

Չորեքշաբթի, 1 յունուար 2025-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ամանորի առիթով այցելեց Հայ ծերանոց: Ան մեծապէս գնահատեց Հայ ծերանոցին անձնակազմը, որ Մեծն Ներսէս հայրապետի օրինակին հետեւելով` հոգատարութիւն կը ցուցաբերէ մեր տարեցներուն:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը տարեցներուն հետ տեսակցելով` աղօթեց, քաջառողջութիւն մաղթեց եւ նուէրներ յանձնեց անոնց:

Հայ ծերանոցի խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեցին սրբազան հօր` այս օրհնաբաշխ այցելութեան համար:

Ազգային Պատսպարանի Մեծ Ընտանիքի Ամանորեայ Տօնակատարութիւն

Հալէպի մէջ միութենական աշխատանքներն ու ամանորեայ տօնակատարութիւնները նոյն թափով կը շարունակուին նաեւ երկրի այս փուլին:

Արդարեւ, Ազգային պատսպարանի մեծ ընտանիքի ամանորեայ տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 30 դեկտեմբեր 2024-ին, Ազգային պատսպարանին մէջ:

Տօնակատարութիւնը սկսաւ Ազգային պատսպարանի ատենապետ Էմմա Վարդապետեանի բարի գալուստի խօսքով: Ան ըսաւ, որ պատսպարանը երկար տարիներէ ի վեր կը գոյատեւէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն զօրակցութեան եւ նիւթաբարոյական աջակցութեան շնորհիւ, ապա Շրջանային վարչութեան ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան խօսք առնելով, շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին` մաղթելով, որ 2025-ը ըլլայ բարեբեր եւ յաջողութիւններով լեցուն տարի մը:

Խաղերով ու անակնկալներով լեցուն յայտագիրն ու փոքրերուն խանդավառ երգերն ու ասմունքները առաւել ճոխացուցին տօնական այս օրը:

Փոքրերը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան ու Կաղանդ մաման: Այնուհետեւ բաշխուեցան սրբազան հօր նուիրատուութեամբ պատրաստուած քաղցրաւենիքի ծրարները:

Աւարտին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ իր հայրական բարեմաղթանքն ու օրհնութիւնը ուղղեց ներկաներուն: Ան գնահատեց ՍՕ Խաչի բարեսիրական աշխատանքը, որուն շնորհիւ պատսպարանի սաները, վայելելով յանձնախումբի հոգատարութիւնը, կ՛ապրին ընտանեկան ջերմ ու տաքուկ մթնոլորտի մէջ:

Այս առիթով յանձնախումբը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի անդամներուն, որոնց նուիրատուութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուեցաւ պատսպարանի ամանորեայ տօնակատարութիւնը, եւ փոքրիկները ուրախացան նուէրներով:

Քանատա

Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան Արժանացաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճանի

29 դեկտեմբերին, հրամանաւ եւ օրհնութեամբ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ ձեռամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագի ընթացքին ծայրագոյն վարդապետութեան տասը աստիճաններ շնորհուեցան Գարեգին վրդ. Շխրտմեանին:

Արարողութեան ընթացքին հայր սուրբը ծնրադիր հրաժարեցաւ եւ նզովեց բոլոր աղանդաւորական եւ սխալ քարոզութիւնները, խոստացաւ դաւանիլ ու աշակերտիլ ուղիղ վարդապետութեան:

Աւարտին սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը` վեր առնելով մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական իւրաքանչիւր աստիճանի իմաստն ու ծառայական ընթացքը, ապա շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետն ու միաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ թեմի Կրօնական ժողովը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ընտանիքը` մաղթելով յաջողութիւն եւ բարի ծառայութիւն:

Միացեալ Նահանգներ

 Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան Ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան Կազմի Շնորհաւորական Այցելութիւնը

16 դեկտեմբերին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներու Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի շնորհաւորական այցելութիւնը` գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Քրիստին Խանճեանի:

Հիւրերը սրբազան հօր յայտնեցին իրենց բարեմաղթութիւնները եւ անդրադարձան ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան աշխատանքային առօրեային` իրենց ազգօգուտ բազմաշերտ ծրագիրներուն մասին տալով յաւելեալ բացատրութիւններ:

Սրբազան հայրը գնահատեց կնոջական այս աշխուժ միութեան ժրաջան եւ ազգանուէր գործունէութիւնը եւ մարդասիրական յոյժ կարեւոր ծրագիրներն ու այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ գնահատանքը յայտնեց ընդհանրապէս ՀՕՄ-ի աշխարհատարած մասնաճիւղերուն եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Ամերիկայի նուիրեալ ՀՕՄ-ուհիներուն ու Շրջանային վարչութեան իւրաքանչիւր անդամի` բոլորին մաղթելով անսպառ առողջութիւն եւ նոր յաջողութիւններ:

Իրաք

Պաղտատի Մէջ Կայացաւ Հոգեւորականաց Հաւաք

18 դեկտեմբերին Պաղտատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա Իրաքի տարբեր ծուխերուն մէջ ծառայող քահանայ հայրերը հանդիպում ունեցան սրբազան հօր հետ` քննարկելով եկեղեցական շարք մը հարցեր:

19 դեկտեմբերին առաջնորդարանին մէջ, նախագահութեամբ Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, կայացաւ քահանայ հայրերու ժողով, որ բաղկացած էր հինգ նիստերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրի ընթացքին կը կատարուէր բանախօսութիւն եւ քննարկում:

Առաջին նիստին հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանը, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց նման հաւաքներու կարեւորութիւնը` նշելով որ անիկա հնարաւորութիւն կու տայ` մէկտեղուելու, հոգեւոր առանձնութիւն, փորձառութեան փոխանակում եւ տարատեսակ հարցերու եւ խնդիրներու շուրջ քննարկում ունենալու: Սրբազանը խօսեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն եւ ծիսական միօրինակութեան մասին:

Երկրորդ նիստին «Հայոց եկեղեցւոյ ծէսը» նիւթին շուրջ բանախօսեց Յակոբոս քհնյ. Իսահակեան` շեշտելով հայոց ծէսի անաղարտութիւնը եւ միօրինակութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Երրորդ նիստին «Քահանայի պարտականութիւնն ու իրաւունքները եւ Հայոց եկեղեցւոյ ծիսական լեզուն» նիւթը ներկայացուց Սեպուհ քհնյ. Պաղտասարեան:

Չորրորդ նիստին բանախօսն էր Արտակ քհնյ. Միրզոյեան, որ ներկայացուց «Եկեղեցւոյ ծառայութեան աստուածաբանութեան հիմքը» նիւթը:

Հինգերորդ նիստը վարեց Իրաքի հայոց նախկին առաջնորդ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան Աւագ արք. Ասատուրեան:  Ժողովի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Օշական  եպս. Կիւլկիւլեանի, Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն:

Պաքուպայի Վերանորոգուած Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանին Օծումը

22 դեկտեմբերին, պատարագի ընթացքին, ձեռամբ իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, օծուեցաւ Պաքուպայի վերանորոգուած Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ սուրբ սեղանը:

Արարողութեան աւարտին սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Կեդրոնական վարչութեան, որ աջակցեցաւ վերանորոգման աշխատանքներուն, նաեւ շինարարներուն` իրենց բարեխիղճ աշխատանքին համար: Առաջնորդ սրբազանը  ի մասնաւորի նշեց, որ սոյն հրաշակերտ եկեղեցին` որպէս գերեզմանատան հրեշտակ, պիտի կանչէ բոլորը` աղօթելու եւ յիշելու իրենց ննջեցեալները:

Հուսկ, առաջնորդ սրբազանը եւ քահանայ հայրերը այցելեցին հանգուցեալներու շիրիմները եւ աղօթեցին անոնց հոգիներու խաղաղութեան եւ փրկութեան համար:

Իրան

ՀՄ «Սարդարապատ» Միութեան 41-Ամեակի Նշում

12 դեկտեմբերին նշուեցաւ  Հ Մ «Սարդարապատ» միութեան 41-ամեակը:

Ծրագրի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արփա Քարամեան, որ անդրադարձաւ անցնող 41 տարիներու միութեան աշխատանքներուն, որոնք անսասան պահած են միութեան երթը:

Օրուան հանդիսավար Ռազմիկ Այտինեան  իր գոհունակութիւնը յայտնեց միութեան անցեալի ու ներկայի անդամներուն կատարած աշխատանքներուն համար:

Միութեան հիմնադիր եւ ներկայ վարչութեան նախագահ Մուշեղ Ծատուրեան իր խօսքին մէջ  համառօտ ակնարկ մը նետեց միութեան 41 տարիներու անցած օրերուն եւ գոհունակութիւն յայտնեց միութեան ներկայիս աշխատանք տանող մարզական, գրական, երէցներու խումբերու աշխատանքներուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբերու աշխատանքներու վերաբերեալ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ միութեան անցեալը ներկայացնող տեսերիզ մը:

Յունաստան

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 190-Ամեակի Նշում

Վերջերս արժանաւորապէս  նշուեցաւ Քոմոթինիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 190-ամեակը:

Արդարեւ, 11 դեկտեմբերին  կատարուեցաւ մատաղի պատրաստութիւն: Նոյն օրը երեկոյեան Քոմոթինիի համայնքի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում Յունաստանի թեմի առաջնորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանի եւ շրջանի բոլոր միութիւններուն միջեւ: Հայր սուրբը գնահատեց միութիւնները եւ շեշտեց շրջանի ազգային կեանքի աշխուժութիւնը` ընդգծելով նաեւ Յունաստանի հայ գաղութին մէջ համայնքի կարեւոր տեղն ու դերակատարութիւնը:

12 դեկտեմբերին, եկեղեցւոյ 190-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, Քոմոթինիի երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ թատերական ներկայացում` յոյն հանրածանօթ դերասան Խրիսթինա Ալեքսանեանի կողմէ, որ ներկայացուց «Անժէլ Գուրթեանի տետրակները»: Աւարտին տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք:

15 դեկտեմբերին եկեղեցւոյ մէջ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան մատուցեց սուրբ պատարագ:

Իր քարոզին մէջ ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ 190-ամեակը` նշելով, որ շուրջ երկու դար առաջ եկեղեցին կառուցուած է հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ եւ մինչեւ օրս ունեցած է տարբեր հոգեւորականներ ու սպասաւորներ, մեր ժողովուրդի զաւակները դրոշմուած են այս սուրբ եկեղեցւոյ մէջ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, ինչպէս նաեւ` սրբապատկերներու եւ սպասներու օրհնութեան կարգ:

Այնուհետեւ «Փոսիտոնիօ» ճաշարանին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ հայր սուրբին եւ ներկայութեամբ յոյն պետական անձնաւորութիւններու, Թրակիոյ շրջանի ուխտաւորներուն եւ Քոմոթինիի հաւատացեալ ուխտաւորներուն:

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գիտէ՞ք Թէ…

Յաջորդը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ». «Բանավէճի Ծրագրի» Աշակերտները Կ՛այցելեն «Շաղզոյեան» Կեդրոն Եւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?