Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Հրամանատար Շարհի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու Հետ Հանդիպումին

January 6, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2024-ին, Սուրիոյ նոր վարչակազմի հրամանատար Ահմետ Շարհ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքապետներու պատուիրակութեան հետ:

Հանդիպումին մասնակցեցաւ նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան` հայ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ համայնքապետներու ներկայացուցիչներու կողքին:

Հանդիպումին մասին Մակար սրբազան հետեւեալը յայտնեց «Գանձասար»-ին.

«Նախ տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակում, ապա ծանօթացում, որուն ընթացքին հոգեւոր պետերը ներկայացուցին իրենց եկեղեցին ու ժողովուրդը: Այնուհետեւ յայտնեցին իրենց մտահոգութիւններն ու ապագայ Սուրիոյ վերաբերող իրենց տեսլականը` վստահեցնելով, որ պատրաստ են համագործակցելու յանուն երկրի բարելաւման եւ ժողովուրդի բարօրութեան:

«Հրամանատար Շարհ ներկայացուած հարցումներուն պատասխանելով շեշտեց, որ բոլորս համագործակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ պիտի ջանանք անցումային այս շրջանը բոլորել ու երկրի բարելաւման սատարել, մինչեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը, որուն պիտի վստահուի երկրի վերականգնումի հիմքերուն հաստատումը:

«Շարհ հաստատեց, որ նոր իշխանութիւնը խտրութիւն չի դներ սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներուն միջեւ, որովհետեւ եկած է երկրին իրավիճակը բարելաւելու` աւելցնելով, որ հիմնական բարեփոխումները, ինչպէս երկրի սահմանադրութեան վերամշակումը կամ ընտրութիւնները, ժամանակի կը կարօտին, հետեւաբար պէտք է գործակցիլ, համբերել, ձեռք-ձեռքի տալով աշխատիլ երկրի բարգաւաճման ու ժողովուրդի բարօրութեան համար»:

 

Նախորդը

Քասեմ. «Լիբանանի Մէջ Բռնագրաւումը Առանց Դիմադրութեան Չի Կրնար Շարունակուիլ»

Յաջորդը

Մի՛ Վախնար, Փոքրիկ Հօտ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 1, 2026
Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը
Գաղութէ Գաղութ

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

September 28, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.