Գաղութէ – Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Լիզպոնի Հինգ Անմահ Հերոսներու Յիշատակին Նուիրուած Ոգեկոչումներ Սուրիա Կազմակերպութեամբ Սուրիահայ երիտասարդական միութեան, 27 յուլիսին Ազգային գերեզմանատան մէջ զետեղուած յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Սուրիահայ երիտասարդական միութեան անունով Անժելա Չաղլասեանը արտասանեց սրտի խօսք` վերանորոգելով երիտասարդական միութեան անդամներուն ուխտը` Հայ դատի հետապնդման ու սերունդներու իրազեկման, պատմութեան իւրացման եւ ապագային նորովի հայեացքով ու հաւատքով, պատմագիտական եւ...




















