«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Շուշիի, Բերդաձորի Եւ Լաչինի Ազատագրումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Մարաղայի Կոտորածը Ազերիական հրետանին կը շարունակէր անխնայ եւ կուրօրէն ռմբակոծել արցախեան շրջանները: Ստեփանակերտ, Մարտունիի եւ Մարտակերտի գիւղերը եւ Շահումեանը կը մնային հեռահաս հրթիռներու եւ թնդանօթային ռումբերու թիրախ: Արցախի պաշտպան մարտիկները զօրաշարժի մէջ էին եւ ազերիական լայնածիր յարձակողական մը կը սպասէին սահմանի ամբողջ երկայնքին: «Ազդակ», 24 ապրիլ 1992-ի թիւով եւ «Հայաստանի նորանկախ պետականութիւնը քաղաքական յենարան` Հայ դատի հետապնդման...

















