Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Շուշիի, Բերդաձորի Եւ Լաչինի Ազատագրումը

Օգոստոս 24, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Մարաղայի Կոտորածը

general4_82416

Ազերիական հրետանին կը շարունակէր անխնայ եւ կուրօրէն ռմբակոծել արցախեան շրջանները: Ստեփանակերտ, Մարտունիի եւ Մարտակերտի գիւղերը եւ Շահումեանը կը մնային հեռահաս հրթիռներու եւ թնդանօթային ռումբերու թիրախ: Արցախի պաշտպան մարտիկները զօրաշարժի մէջ էին եւ ազերիական լայնածիր յարձակողական մը կը սպասէին սահմանի ամբողջ երկայնքին:

«Ազդակ», 24 ապրիլ 1992-ի թիւով եւ «Հայաստանի նորանկախ պետականութիւնը քաղաքական յենարան` Հայ դատի հետապնդման քայլերուն» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայկական պետականութիւնը վերականգնած է փոթորկալի պայմաններու մէջ եւ իբրեւ ինքնիշխան ու անկախ երկիր` դարձած է գործակից-անդամը միջազգային շարք մը ընտանիքներու:

«Ազդակ» կը շարունակէր` նշելով, որ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անոր հողերուն վրայ ապրող հայորդիներն ու իրենց աչքերը հայրենիքին ու Արցախին յարած արտերկրացիները կը տեսնեն եւ կը զգան, որ իրաւազրկող եւ հին ախորժակներով զինուած թշնամին նոյնն է, կայ ու կը մնայ, հակառակ աշխարհի աչքին փոշի ցանելու անոր դիւանագիտական մեքենայութիւններուն:  Հայ ազատամարտիկը, դաժան եւ բարձր գին պահանջող փորձառութեամբ կը տեսնէ, որ Արցախի տաք տագնապէն յաղթական դուրս գալու համար, նախ եւ առաջ պէտք է ապաւինիլ սեփական բազուկին ու այնուհետեւ միայն ակնկալել, որ հին կամ նոր դաշնակիցները, բարեկամները օգնութեան ձեռք մեկնեն մեզի:

«Ազդակ» կը նշէր, որ մեր թշնամին նոյնն է. իր ծրագիրներով եւ քաղաքական ու հողային ախորժակներով. ան իր հակահայ քաղաքականութիւնը ուղղակի կը կիրարկէ Արցախի մէջ, Ազրպէյճանի ձեռքով, մինչդեռ Անգարայի մէջ, կը փորձէ ներկայանալ խաղաղարարի եւ անկողմնակալ միջնորդի դիմակով, սակայն ան բազմիցս վար առած է դիմակը, Հայաստանի դէմ «մանր ճնշումներու» առիթներով:

«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով, որ Հայաստանն է խարիսխը Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն, անոր արցախեան թէ արեւմտահայաստանեան երեսները նկատի առած, եւ այս` անկախ` մարտավարական եւ դիւանագիտական խաղերու ծիրէն: Հայաստանը պիտի ըլլայ նաեւ արցախցի, հայաստանցի թէ արտերկրացի հայերուն կարողութիւններուն ու հզօրանքներուն հանդիպման յենակէտը:

* * *

get_82416

Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղը 10 ապրիլ 1992-ին յարձակման ենթարկուած եւ գրաւուած էր ազերիական ուժերուն կողմէ, բայց յաջորդ օր ազատագրուած էր հայ ազատամարտիկներուն կողմէ:

Ապրիլ 22-23-ին Մարաղա կրկին անգամ յարձակման ենթարկուեցաւ եւ գիւղ  վերադարձած բնակիչները բռնագաղթուեցան, իսկ անոնց բնակարանները կողոպտուեցան եւ հրկիզուեցան:

Առաջին գրաւման ժամանակ եւ այնուհետեւ, երկրորդ գրաւումէն ետք ալ, ազերիներ ձեռք անցուցած գիւղացիները անլուր տանջանքներու ենթարկելով ողջակիզեցին, խողխողեցին եւ կամ կտոր-կտոր ընելով սպաննեցին, կիներն ու աղջիկները բռնաբարեցին, ոմանք ալ առեւանգելով անլուր խոշտանգումներու ենթարկեցին: Զոհերուն թիւը անցաւ 90-ը եւ հաւանաբար հասաւ հարիւրի: Կային աւելի քան 40 վիրաւորներ: 63 գերիներուն մէջ կային ինը երեխաներ, 18 կիներ, երեք տարեցներ եւ կոյր մը: 19 հոգի ալ անյայտ կորսուեցաւ:

Նշենք, որ Մարաղա (նախապէս` Մարգուշեւան, Լենինաւան) կը գտնուի Արցախ-Ազրպէյճան սահմանին վրայ, ազրպէյճանական Միրպաշիր քաղաքէն մէկ քիլոմեթր հեռու, Թարթառի շրջանին մէջ: Ունէր 4660 հայ բնակիչ եւ շրջանին ամէնէն մեծ գիւղն էր: Մարաղացիք կը զբաղէին խաղողագործութեամբ, բանջարաբուծութեամբ, հացահատիկի մշակութեամբ եւ անասնապահութեամբ: Գիւղին մէջ կը գտնուէր խաղողի վերամշակման գործարան:

Մարաղայի բնակիչները այնուհետեւ ցրուեցան եւ գաղթեցին տարբեր վայրեր. շատեր գացին Ռուսիա, ոմանք Հայաստան փոխադրուեցան, իսկ Ղարաբաղ մնացողներն ալ 1995-ին, հին գիւղէն քիչ մը հեռու հիմնեցին Նոր Մարաղան, որ ունի 350 բնակիչ:

Մարաղա կը մնայ ազերիական բռնագրաւման տակ: Գիւղին մէջ այժմ կը բնակին շուրջ 100 ազերիներ: Մարաղայի կոտորածը կը գնահատուի իբրեւ ցեղասպանութիւն:

* * *

«Ազդակ», 1 մայիս 1992-ի թիւով եւ «Ո՛չ ոք իրաւունք ունի մսխելու աշխատաւորին քրտինքը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ նախանձելի չէ Հայաստանի ու Արցախի հայ աշխատաւորին վիճակը: 70 տարիներու համայնավարական սնանկ դրութենէն արիւնաքամ դուրս եկած եւ ազատ ու անկախ հայրենիքին վերականգնումին լծուելու պատրաստուող հայ աշխատաւորը կը տեսնէ, թէ իր արդար քրտինքը ի զուր կը շոգիանայ ներքին ու շրջանային տարապայման դրութեանց պատճառով: Թուրք ազերիին կողմէ Հայաստանի ու Արցախի դէմ հաստատուած պաշարումին հետեւանքով, հայ աշխատաւորին կը զլացուին մինչեւ իսկ աշխատանքի ամէնէն նախնական պայմանները: Պաշարումին ստեղծած ճնշիչ պայմաններու պարտադրանքին տակ, դէպի ոչ-համայնավարական տնտեսութեան փոխանցումի քայլերը անդամալուծութեան կը մատնուին, իսկ հայրենի պետութեան գիտակից թէ ակամայ դանդաղկոտութեան հետեւանքով, չարաշահութիւնները մեծ մասամբ կը մնան հակակշիռէ դուրս: Հայ աշխատաւորը, համայնավարական բռնատիրութեան եւ ամուլ դրութեան ամբողջ  70 տարի տուրք տալէ ետք, տակաւին չի տեսներ իր իսկական աշխատանքին արգասիքը:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ հայրենիքները կը կերտուին իրենց աշխատող զաւակներուն բազուկներով: Ո՛չ ոք իրաւունք ունի յումպէտս մսխելու աշխատաւորին քրտինքը, որովհետեւ ատիկա համազօր է նոյնինքն հայրենիքին մսխումին, ուր որ ալ գտնուի այդ հայրենիքը, որովհետեւ հայրենիքները կը պատկանին, բոլորէն առաջ, իրենց աշխատաւոր զաւակներուն:

* * *

Ազերիներ 1992 ապրիլի վերջաւորութեան կանոնաւոր եւ մեծ յարձակումներ շղթայազերծեցին Ստեփանակերտի վրայ: Արիւնալի եւ ահեղ կռիւներ մղուեցան Ստեփանակերտ-Քարինտակ-Շուշի առանցքներուն վրայ:

Յարձակողականը հասաւ մինչեւ Ստեփանակերտի դուռները, սակայն քաջարի ազատամարտիկները յաջողեցան ետ մղել ներխուժողները:

Մայիսի առաջին օրերուն Ստեփանակերտ սաստիկ ռմբակոծման ենթարկուեցաւ. զոհերուն մէջ կային նաեւ նորածիններ: Ազերիական հրթիռ մը ուղղակի հարուածեց մայրաքաղաքի մայրանոցը:

Ազերիները մօտաւորապէս 1500 զինուոր, 20 զրահապատ կառք եւ քանի մը ուղղաթիռ կեդրոնացուցած էին Շուշի-Ստեփանակերտ ճակատին վրայ:

Ազերիները գրաւեցին Ստեփանակերտի մօտակայ բարձունքները, ուրկէ ռումբ կը տեղացնէին արտաքին աշխարհէն խզուած մայրաքաղաքին վրայ:

* * *

Արցախի խորհրդարանը 1992 մայիս 7-էն 8 գիշերուան կէսէն ետք, որոշեց ազերիներու դէմ իր կիրարկած պաշտպանողական քաղաքականութիւնը փոփոխութեան ենթարկել եւ յարձակողականի անցնիլ, չէզոքացնելու համար հրետանիի այն կեդրոնները, ուրկէ կրակ կը տեղար Ստեփանակերտի վրայ:

Ստեփանակերտի ռմբակոծումը հասած իր անտանելի  համեմատութեան, սպառնալով սով ու համաճարակներ ստեղծել:

Որոշումէն անմիջապէս ետք, Արցախի պաշտպանութեան մարտիկները յարձակման անցան քանի մը ճակատի վրայ: Գլխաւոր թիրախներն էին Ստեփանակերտի արեւմտեան բլուրներուն վրայ գտնուող Ջանհաւանը եւ Շուշին` Արցախի մէջ ազերիներու վերջին ամրոցը, ուր մեծ ուժ եւ ծանր զէնքեր կեդրոնացուցած էին եւ անկէ յարձակումներ կը գործէին դէպի Ստեփանակերտ:

Ջանհաւան գրաւուեցաւ ուրբաթ, 8 մայիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին. հոն հաստատուած «Կրատ»-ի խարիսխ մը քանդուեցաւ, իսկ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք գրաւուեցան:

Զուգահեռաբար, յարձակումի երկրորդ թեւը ուղղուեցաւ դէպի Շուշի: Հայ ազատամարտիկները Շուշիի պաշտպանողականը խորտակեցին կէսօրին եւ հիւսիսէն ու արեւելքէն յառաջանալով` յաջողեցան մասնատել ազերիական ուժերը, որոնք խուճապի մատնուեցան: Հայկական ուժերը յառաջացան դէպի քաղաքին կեդրոնական գօտին, ուր կը գտնուէին շուկաները:

Քաղաքին մէջ հրասայլերով եւ ծանր զէնքերով սաստիկ մարտեր մղուեցան:

Երեկոյեան արդէն Շուշիի մեծ մասը կը գտնուէր հայ ազատամարտիկներու հակակշիռին տակ, բացի բերդէն, ուր հաստատուած էր տխրահռչակ բանտը:

Միւս կողմէ, ազատամարտիկներու յառաջապահ մէկ թեւը կէսօրին հասաւ Շուշի-Լաչին ճամբուն վրայ գտնուող Լիսագոր գիւղը եւ գրաւեց անոր մօտակայ բարձունքը, որ կ՛իշխէ Շուշի-Լաչին գիծին վրայ: Բարձունքի գրաւման պահուն հերոսաբար նահատակուեցաւ Վիգէն Զաքարեան:

Շուշիի գրաւման գործողութեան հակադարձելով, ազերիները դիմեցին ամէն միջոցի, ներառեալ` օդանաւերու գործունէութեան, փորձելու համար շրջել կացութիւնը: Անոնք գործի լծեցին «Սուխոյ 24» տիպի արդիական օդանաւ մը, որ սաստկօրէն ռմբակոծեց Ստեփանակերտը:

Շաբաթ, 9 մայիսի արեւածագին Շուշի ամբողջականօրէն ազատագրուեցաւ հայ ազատամարտիկներու կողմէ, մօտաւորապէս 24 ժամ տեւած ահեղ ճակատումներէ եւ քաղաքին մէջ մղուած սուինամարտերէ ետք:

Շուշի արդէն երկար ատենէ ի վեր պարպուած էր իր քաղաքային բնակիչներէն, վերածուած էր զօրակայանի եւ սննդանիւթերու մթերանոցի. սննդամթերքի թաքստոցի վերածուած էր նաեւ Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, ուր քաղաքին ազատագրումէն քանի մը ժամ ետք, մայիս 9-ի կէսօրին Արցախի առաջնորդ Պարգեւ եպիսկոպոս հոգեհանգիստ կատարեց հայ նահատակներուն համար, ներկայութեամբ` Արցախի պետական պատասխանատուներու:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ 1923-ին, կամայական կերպով Ազրպէյճանի «նուիրուած» Արցախը այժմ գրեթէ ամբողջութեամբ մաքրուած է ազերի բռնագրաւողներէն: Այդ իրողութիւնը հաւասարապէս կը մտահոգէր Պաքուի վարիչներն ու Թուրքիան, որուն իսկական դէմքը այլեւս չէր ծածկուեր դիւանագիտական թափանցիկ դիմակին ետին:

«Ազդակ» կը նշէր նաեւ որ Ազրպէյճանի ղեկավարները ի զուր կը փորձէին միջազգային հանրային կարծիքը լարել հայոց դէմ, հաւաստելով որ «նոր ջարդեր» կը կատարուին Շուշիի մէջ, մինչդեռ բոլորին համար յստակ էր որ Շուշի զինուորական ամրոցի վերածուած էր եւ անոր քաղաքային բնակիչները հեռացած էին:

Շուշիի ազատագրումէն ետք, հայ ազատամարտիկները յառաջ խաղացին եւ աշխատեցան դէպի Հայաստան անցք մը ապահովել Լաչինի վրայով: Թէեւ Ստեփանակերտ ու այլ շրջաններ փրկուած էին ռումբերու պատուհասէն, սակայն պաշարման օղակը կը մնար անփոփոխ:

Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ գտնուող Լաչինի շրջանը, իր 60 հազար բնակիչներով, մեկուսացուած էր հայկական ուժերու կողմէ եւ սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենային շրջանին մէջ:

***

general5_82416

«Ազդակ»-ի 13 մայիս 1992-ի թիւով եւ «Ստալինեան սխալ մը սրբագրուեցաւ արցախեան ոճով» խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Արցախի ազատամարտիկները ի վերջոյ ստիպուեցան Մեծն Աղեքսանդրի ոճին դիմել, քանդելու համար Արցախի մէջ ազերիական վերջին Գորդեան հանգոյցը եւ ազատագրեցին հայկական Շուշին:

Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ բուռ մը ազատամարտիկներ, տասնեակ մը նահատակներու` գիտակից մահուան գիրկը նետուող հերոսներուն արեան գնով, իրագործեցին ազերիներու կողմէ «աներեւակայելի» նկատուող բան մը: Անոնք իրենց սուիններով ու զէնքերով կատարեցին Արցախի նկատմամբ 1920-ական տարիներուն գործուած ստալինեան սխալը: Այսօր, կամայականօրէն Ազրպէյճանի նուէր տրուած Արցախը այլեւս ամբողջովին հայկականացած է, Լեռնային Ղարաբաղի անկախ հանրապետութեան պետութիւնը իր հակակշիռին տակ առած է ազերիներու հաստատած վերջին ամրոցները եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը փրկած ազերիական հրետանիին մահասփիւռ ու աւերիչ ամէնօրեայ պատուհասէն:

Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ անգին կեանքերու գնով է որ ազատագրուեցաւ Շուշին: Կարծէք թէ հայուն «ճակատագրուած» է անպայման արեան տուրք մը վճարել, իր իրաւունքներուն հաստատման եւ պատմական սխալներու սրբագրումին համար, մինչդեռ քաղաքակիրթ այս աշխարհին մէջ, քաղաքակիրթ պետութիւններ եւ ժողովուրդներ կրնան քաղաքական խաղաղ բանակցութիւններով, գաղտնօրէն կնքուած դաւադիր համաձայնագիրի մը անվաւեր ըլլալը ցոյց տալով կամ պարզապէս արդար հանրաքուէի մը ճամբով տնօրինել պատմական սխալի մը սրբագրումին ճակատագիրը:

Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ մեր Արցախի պարագան տարբեր էր, սրբագրումի ոճն ալ տարբեր եղաւ, որովհետեւ ա՛յդ կը պահանջէր ազերի բռնագրաւողին ու զայն հովանաւորող Թուրքիոյ ընթացքը: Բայց, սրբագրումը տեղի ունեցաւ ի վերջոյ:

***

Շուշիի ազատագրումէն շաբաթ մը ետք, մայիս 17-ին Արցախի ազատամարտիկները ազատագրեցին նաեւ Բերդաձորի շրջանը:

Բերդաձոր կը գտնուի Շուշիի հարաւային մուտքը, այսինքն` Շուշիէն դէպի Լաչին տանող ճամբուն երկայնքին, Լաչինի հետ սահմանագիծին անմիջապէս արեւելքը:

Նախապէս ազերիական գիւղերով շրջապատուած Բերդաձորի շրջանը գրաւուած էր ազերիական ուժերուն կողմէ եւ անոր հայ բնակիչները բռնի գաղթի հանուած էին:

Բերդաձորի ազատագրումով, Ստեփանակերտ-Շուշի-Լաչին գիծը կը գտնուէր Արցախի հայկական հանրապետութեան հակակշիռին տակ:

***

Հայ ազատամարտիկները, շարունակելով Ստեփանակերտ-Շուշի-Հայաստան ճամբան բանալու ճակատամարտերը, մայիս 18-ին գրաւեցին Լաչինը, որ Հայաստանը Արցախէն բաժնող հողամասին վրայ գտնուող ազերիական քաղաք մըն էր: Այսպիսով, Արցախ ցամաքի ամէնէն կարճ ճամբով միացաւ Հայաստանի:

Լաչինի շրջանի քիւրտերը արցախեան շարժումի առաջին փուլին իսկ հրապարակաւ յայտարարած էին, թէ կ՛ուզեն անցնիլ Հայաստանի հովանիին տակ, որովհետեւ Պաքուի իշխանութիւնները անոնց նկատմամբ եւս խտրական քաղաքականութիւն կը վարէին:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (24 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?