Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»` Իննսունամեայ Առաքելութեան Ճամբուն Վրայ. Խոջալուի Ազատագրումը Եւ Ազերիական Լայնածիր Յարձակում Արցախի Արեւելեան Սահմանի Երկայնքին

August 10, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

– Հայաստան` ՄԱԿ-ի Անդամ

Armenia-a-UN-member_81016
Հայաստանի անդամակցութիւնը ՄԱԿ-ին, Նիւ Եորք, 2 մարտ 1992

Արցախի ազատագրական պայքարի ճամբուն վրայ հայ ազատամարտիկները մեծ յաղթանակ մը արձանագրեցին 1992-ի փետրուարի վերջաւորութեան: Արդարեւ, 26 փետրուարին հայ ազատամարտիկները հատու հարուած մը տուին Ստեփանակերտի հիւսիսը գտնուող հայկական գիւղերը ահաբեկող աւազաբոյնի մը` Խոջալուի եւ զայն ազատագրեցին երկար ատենէ ի վեր հոն ամրացած ազերիական ուժերէն:

Ազերիական այս զօրակայանը գրաւելէն ետք հայ ազատամարտիկները անոր մէջ գտնուող բնակիչները եւ զինեալները վտարեցին դէպի Աղտամ:

Խոջալուի գրաւումը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ. անոր մօտ գտնուող օդակայանը ազատագրուեցաւ ազերիական ուժերէն, գրաւուեցաւ նաեւ գիւղին մէջ հաստատուած «կրատ» հրթիռներու խարիսխ մը:

Խոջալու «գամի պէս խրած էր» Ստեփանակերտի հիւսիսը. անոր ազերի բնակիչներուն մեծ մասը շատոնց հեռացած էր դէպի Աղտամ եւ գիւղը վերածուած էր զինուորական կայանի, որ կ՛ահաբեկէր շրջանի հայ բնակչութիւնը:

Խոջալուի գրաւումով, վերաբացուեցաւ Ստեփանակերտը դէպի Արցախի արեւելեան` Աղտամի սահմանակից հայկական շրջաններ տանող ճամբան:

Միւս կողմէ, հայ ազատամարտիկներ ազատագրեցին Վէյսալուն եւ զայն մաքրագործեցին ազերի հրոսակներէ: Վէյսալու փոքր հողամաս մըն էր Մարտունիի հարաւը եւ կ՛իյնար ազերիներու իշխանութեան տակ: Այսպիսով, Մարտունիէն Ստեփանակերտ տարածուող գօտին ընդհանուր առմամբ անցաւ հայկական ուժերու հակակշիռին տակ: Մեծ թիւով ազերի զինեալներ գերի բռնուեցան:

* * *

Արցախեան պատերազմի իր առօրեայ տեղեկատուութեան մէջ «Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Արցախի մէջ ծայր տուած ռազմական գործողութիւնները ապրեցան աննախընթաց զարգացումներ եւ Արցախի պատերազմը հասցուցին վտանգաւոր նոր անկիւնադարձի մը, հայ ազատամարիկները նետելով աննահանջ եւ անձնուէր ճակատամարտերու մէջ:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ Արցախի ազատամարտիկներուն կը մնար մէկ ելք, ամուր կերպով պաշտպանել հայրենի հողը: Եւ անոնք հաւատարիմ էին այդ յանձնառութեան:

«Ազդակ» ուշագրաւ կը նկատէր նաեւ այն, որ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ստեղծուած վիճակին մէջ, նախաձեռնած էր սեփական բանակ ստեղծելու, պաշտպանելու համար Հայաստանը` «ազերիական գաղթատիրական ձգտումներուն դէմ»:

* * *

Խոջալուի գրաւումէն ետք, նոյն գիշերն իսկ ազերի բանակը մեծ ուժ կեդրոնացուց Աղտամի մէջ եւ 27 փետրուարի առաւօտուն յարձակումի անցաւ:

Ազերի ուժերը, «կրատ»-ներ, հրասայլեր եւ «Մի. 8» եւ «Մի. 24» տիպի ուղղաթիռներ (գերարդիական ուղղաթիռներ, որոնք աւեր գործած էին Աֆղանիստանի մէջ) գործածելով, փորձեցին ճեղքել Արցախի արեւելեան պաշտպանողականը: Անոնք մօտաւորապէս հինգ քիլոմեթր յառաջացան Արցախի սահմաններէն ներս, ռմբակոծեցին Ասկերանն ու Նախիջեւանիկը եւ դիրք բռնեցին Նախիջեւանիկի մօտակայ բարձունքի մը վրայ:

Միւս կողմէ, զօրավար Եւգենի Շափոշնիքով հրահանգեց Արցախ գտնուող թիւ 336 զօրաբաժինին, ինչպէս նաեւ` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային գօտիին մէջ գտնուող անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան ուժերուն, որպէսզի հեռանան շրջանէն:

Այս զարգացումներուն դիմաց, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան բոլոր հայ սպաներուն եւ զինուորականներուն, որպէսզի հայրենիք վերադառնան եւ միանան Հայաստանի բանակին ստեղծման աշխատանքներուն: Կոչը կ՛ըսէր որ Ազրպէյճան գաղթատիրական քայլերու կը դիմէ եւ սկսած է սպառնալ նաեւ Հայաստանի սահմաններուն:

* * *

Խոջալուի գրաւումէն եւ ազերի զինեալներէ մաքրագործումէն ետք, բազմաթիւ ազերիներ կը շարունակէին Աղտամ թափիլ: Անոնք հետիոտն կը կտրէին Խոջալուէն Աղտամ տարածուող լեռնային եւ ձիւնածածկ շրջանները:

Աղտամի մէջ քաոսային վիճակ ստեղծուած էր եւ քաղաքին բնակիչները իրենց հասողութեան մէջ եղող բոլոր միջոցներով սկսած էին փախուստ տալ քաղաքէն: Անոնք կը վախնային հայկական յարձակումէ մը:

Ազրպէյճանական բանակը անցարգելներ հաստատեց Աղտամէն դէպի Պաքու տանող ճամբուն վրայ, արգիլելու համար աղտամցիներու զանգուածային փախուստը:

Հայ ազատամարտիկներ
Հայ ազատամարտիկներ

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ հայ ազատամարտիկներու կողմէ Խոջալուի գրաւումը զինուորական եւ բարոյական ծանր հարուած տուած է ազերիներուն, անոնք ըլլան պարզ ժողովուրդ թէ զինուորականներ, որոնք բազմաձայն քարոզչութեան ձեռնարկած էին հայերու եւ անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան ուժերուն դէմ ու աներեւակայելի զրպարտութիւններ եւ ամբաստանութիւններ կ՛արձակէին յատկապէս հայերու հասցէին:

«Ազդակ» ուշագրաւ կը նկատէր յատկապէս Աղտամի մէջ ստեղծուած խուճապի մթնոլորտը, որ կը մատնէր ազերիներուն բարոյալքումը: Ազերիական ուժերը բռնի կերպով ժողովուրդը կը փորձէին պահել Աղտամ: Ազերիներ մտահոգ էին, որ «եթէ հայերը Աղտամը գրաւեն, անոնք շուտով պիտի սկսին դէպի Պաքու քալել»:

«Ազդակ» կը նշէր նաեւ, որ Արցախի տագնապին անկիւնադարձային պահերը սկսած էին շատ աւելի յաճախակի դառնալ: Այդ հոլովոյթին ծիրին մէջ անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան կանոնաւոր բանակները սկսան հեռանալ Ստեփանակերտէն, իրենց հետ տանելով իրենց կազմածներն ու ծանր զէնքերը:

* * *

Armenian-flag-raised_81016
Հայկական եռագոյնը ՄԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակին առջեւ

«Ազդակ», 4 մարտ 1992-ի թիւով եւ «Մեր եռագոյնը` 175 դրօշներու շարքին» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ 2 մարտ 1992-ին պատմական թուական մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ: Պանծալի թուական մը` հայ ժողովուրդին համար: Այդ օր, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի շէնքին առջեւ, պաշտօնական հանդիսութեան մը պահուն բարձրացան միջազգային ընտանիքին նոր անդամներուն դրօշները: Անոնց շարքին էր հայկական եռագոյնը` 1918-ին ծնունդ առած եւ 1991-ին վերականգնած հայկական անկախ պետականութեան խորհրդանիշը:

«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ իւրաքանչիւր հայ, ուր որ ալ գտնուի ան, անխառն գոհունակութեամբ կը դիմաւորէր պատմական այդ իրագործումը: Կ՛իրագործուէր հայ ժողովուրդի անկատար տենչերէն մէկը` եռագոյնը կը բարձրանար բազմատասնեակ դրօշներու կողքին: Հայաստան կը դառնար մէկ անդամը 175 երկիրներ իր ուխտին շուրջ համախմբող այդ մեծ ընտանիքին:

«Ազդակ» կը նշէր, որ 1945-էն ետք, երբ ՄԱԿ-ը 51 անդամով ճամբայ ելաւ պատմութիւն կերտելու, վստահաբար անոր անդամակցելու որեւէ երկրի եւ ոեւէ ժողովուրդի քայլը մեծ ցնծութիւններու եւ երջանիկ տօնախմբութիւններու առիթ ընծայած էր այդ երկրին ու ժողովուրդին: Յատկապէս նորանկախ երկիրներ, ՄԱԿ-ին իրենց անդամակցութեան մէջ, տեսած են քաղաքական, ազգային եւ մշակութային իրաւունքներու կենսագործման, անոնց անդառնալի ճանաչման եւ, հետեւաբար, բնականոն պայմաններու մէջ բարգաւաճելու երաշխիքներու ապահովման քայլ մը, եւ արդարօրէն:

«Ազդակ» կ՛աւելցնէր ըսելով, որ իւրաքանչիւր հայ անհատ, հպարտանքի արդար զգացումներով վարակուելու իրաւունք ունէր: Սակայն դժբախտաբար Հայաստանն ու Արցախը պատմական այդ թուականը կը դիմաւորէին դժնդակ պայմաններու մէջ:

«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով, որ Հայաստան տարապայման մթնոլորտի մէջ մուտք կը գործէր ազգերու մեծ ընտանիքին սեմէն ներս: Նոյն օրն իսկ ՄԱԿ-ի անդամ ընդունուող Ազրպէյճանը տնտեսական պաշարման ենթակայ կը պահէր Հայաստանը եւ տարիներէ ի վեր արիւնաքամ կ՛ընէր քաջարի Արցախը, կ՛ոտնակոխէր հայկական այդ շրջանի բնակիչներուն ամէնէն տարրական իրաւունքները, տնտեսական եւ ապրուստի ահաւոր ու երկարաշունչ ճնշումներէ ետք, այնքան մը կը բարձրացնէր զինուորական ճնշումը, որ արցախցի հայը ի վերջոյ դանակը ոսկորին հասած կը նկատէր եւ կը նետուէր ինքնապաշտպանութեան արդար եւ անհաւասար կռիւի մէջ, գործնապէս ցոյց տալով, որ «երբ չի մնում ելք ու ճար…»:

«Ազդակ» կը հաստատէր ըսելով, որ Խոջալուի, Ղարադաղլիի, Խոջաւէնդի, Վէյսալուի եւ Մալիբէյլիի հպարտառիթ  ճակատամարտերը հայ ազատամարտիկներուն պարտադրուեցաւ ոչ թէ միայն Ստեփանակերտի ահաւոր, մահասփիւռ ու աւերիչ ռմբակածումներով, կամ` Քարինտակի, Նախիջեւանիկի ու մինչեւ իսկ Գետաշէն-Մարտունաշէնի ու Շահումեանի կռիւներով, այլ զանոնք կանխած Սումկայիթով, Պաքուով, Երասխաւանով եւ Հայաստանի արեւելեան սահմաններուն երկայնքին գտնուող հայկական շէներուն վրայ ազերիական աւազակաբարոյ, բայց նաեւ քաղաքական յետին նպատակներով` հայկական հողերու իւրացման միտումով կատարուած հետեւողական յարձակումներով: Տարիներ տեւած ու միջամտութեան ամէն կոչի դիմաց փակ ականջներ գտնող ժողովուրդի մը տառապանքը ո՞ւր կրնար առաջնորդել զայն, եթէ ոչ իր սեփական միջոցներով իր կեանքն ու ստացուածքը պաշտպանելու անսակարկելի իրաւունքին:

«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ՄԱԿ-ը իր նորագոյն մէկ անդամին արդար պահանջին ընդառաջելու ոչ-աննախընթաց համայականին դէմ յանդիման կը գտնուէր: Հայ ժողովուրդը եւ հայկական անկախ պետութիւնը կը հաւատային, որ միջազգային ընտանիքը, իր արդար օրէնքներուն հիման վրայ, կարողութիւնն ու միջոցները ունէր խաղաղարար միջամտութեան մը դիմելու իր միւս անդամին` Ազրպէյճանի պարտադրելու, որ յարգէ ՄԱԿ-ի ուխտի իր յանձնառութիւնը:

Հայ ժողովուրդն ու հայկական պետականութիւնը նաեւ կը հաւատան, որ ինչպէս ոեւէ այլ ժողովուրդ ու պետութիւն, իրենք եւս, հողային ու ազգային իրենց ամբողջական իրաւունքներուն կրնան հասնիլ միայն ու միայն միջազգային օրինականութեան ճամբով, ի խնդիր խաղաղ ու կայուն աշխարհի մը կերտումին:

* * *

Ազերիական կանոնաւոր եւ անկանոն ուժեր, միլիսներ եւ զինեալներ, ընդամէնը` շուրջ երկու հազար հոգի, զինուած` արդիական «Թի. 72» տիպի եօթը հրասայլերով եւ «Պի. Էմ. Փի.-2» տիպի 15 զրահապատներով, 6 մարտ 1992-ին լայնածիր յարձակում մը շղթայազերծեցին Արցախի արեւելեան սահմանին երկայնքին, Աղտամէն Ստեփանակերտ հասնելու քաղաքական ու ռազմական միտումով:

Յարձակումը սկսաւ Աղտամէն դէպի Ասկերան «կրատ»ներու տարափով մը, միաժամանակ 40 հրթիռ արձակող կազմածներով, Ասկերան ռմբակոծուեցաւ վայրագօրէն: Յարձակումը, մէկէ աւելի առանցքներու վրայ, կը տարածուէր մօտաւորապէս 25-30 քիլոմեթր լայնքով ճակատի մը վրայ, հիւսիսէն` Ղազանչի գիւղէն մինչեւ Ասկերան, Խրամորթ, Նախիջեւանիկ, Դահրազ եւ Կիչան:

Յաջորդ օր, նոր յարձակում մը ծայր տուաւ շատ աւելի հարաւ գտնուող Հատրութի շրջանին վրայ:

Ներքին գօտիներուն մէջ, յարձակման ենթարկուեցաւ նաեւ հերոսական Քարինտակը:

Ազերիական յարձակող ուժերը մինչեւ երկու քիլոմեթր մօտեցան Ասկերանի, սակայն պաշտպանող ուժերը, հսկայական զոհողութիւններով եւ մեծաթիւ զոհերով, զսպեցին ազերիական յարձակումը:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ ինչ որ տեղի կ՛ունենար Արցախի արեւելեան սահմաններուն վրայ, արդէն իսկ պատռած է վերջին քողը Պաքուի վարիչներուն այն ոճրային ծրագիրներուն վրայէն, որոնք կը հետապնդէին հին, բայց միշտ այժմէական իրականութիւն մը` հայկական Արցախի ջնջումը:

Խոջալուի ազատագրումը
Խոջալուի ազատագրումը

«Ազդակ» կը նշէր, որ Ասկերանի, Ղազանչիի եւ մինչեւ Հատրութի շրջանները տարածուող սահմանային գօտիին վրայ իրերայաջորդ եւ կազմակերպ յարձակումները ապացոյց մըն էին, թէ ազերիները բազմերես եւ բազմաբնոյթ ինչպիսի բեմադրութիւններ սարքած էին արտաքին աշխարհին համար, մերթ յայտարարելով որ հայերը ջարդեր կազմակերպած են Խոջալուի մէջ, իսկ այլ գիծի մը վրայ` ներքին քաղաքական հակամարտութիւնը ներկայացնելով արցախեան խաղաքարտի դիտանկիւնէն, մինչդեռ լայնածիր յարձակողականը կու գար ապացուցելու որ այդ բոլորը կատարուած էին ուշադրութիւններ շեղելու, զոհը իբրեւ դահիճ ներկայացնելու բացայայտ միտումով, իբրեւ թէ արդարացնելու համար յարձակողականը: Միւս կողմէ, Թուրքիա կը փորձէր աշխարհին եւ իր դաշնակիցներուն ներկայանալ հաշտարար միջնորդի դերով: Թուրքիա ի վերջոյ չկրցաւ ծածկել իր իսկական դիմագիծը, երբ անոր ղեկավարը յայտարարեց որ «պէտք է վախցնել հայերը», իբրեւ օժանդակութիւն`«ազերի եղբայրներուն»:

* * *

Ազրպէյճանի բանակը մարտ 9-ին յարձակում գործեց Հայաստանի սահմաններէն ներս, Գորիսի շրջանի Տեղ գիւղին վրայ (Լաչինի դիմաց): Ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ: Ազերիական ուժերը ետ մղուեցան:

Ազերիական բանակը 155 միլիմեթրնոց թնդանօթներով ռմբակոծեց Մարտունին, Շուշիէն սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ Քարինտակը, որ ինկան զոհեր եւ վիրաւորներ, իսկ Շահումեանի շրջանի Կարաչինար գիւղը յարձակման ենթարկուեցաւ «մի.24» տիպի ուղղաթիռներով:

Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերը  Ասկերանի ճակատին վրայ ուժեղ դիմադրութիւն կը ցուցաբերէին ազերիական հրասայլային յարձակումներուն դէմ: Հայկական ուժերը քանդեցին երեք հրասայլ եւ ետ մղեցին ազերի հրոսակերը:

«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը սկսած է խօսիլ նոր լեզուով մը, սակայն անոր արարքները ոչ մէկ ձեւով փոփոխութեան ենթարկուած են, ազերիական քարոզչական մեքենան կը փորձէր իբրեւ թէ զինուորապէս տկար եւ անզէն ներկայացնել ազերիական ուժերը, սակայն խորքին մէջ, Ազրպէյճան ինքզինք այնքան զօրաւոր զգաց, որ մինչեւ իսկ յարձակում գործեց Հայաստանի սահմաններէն ներս:

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Օգոստոս 1966)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հերակլէսի Սրբավայրը  Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները
Մշակութային եւ Այլազան

Հերակլէսի Սրբավայրը Եւ Ազնուականութեան Դամբարանները

January 30, 2026
Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական  Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի
Մշակութային եւ Այլազան

Էրզրումի (Կարին) Երբեմնի Հայկական Սանասարեան Վարժարանի Շէնքը Կը Քանդուի

January 23, 2026
ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը  Լոնտոնի Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.