Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Թերեւս քիչ մը անհեթեթ թուի «նոր նորարարութիւն» եզրը, սակայն ներկայիս գիւտերն ու արհեստագիտական հնարքները գլխապտոյտ պատճառող արագութեամբ կը յայտնուին եւ կը տարածուին, մանաւանդ` պատանիներու եւ երիտասարդներու շրջանակներուն մէջ, որոնք նաեւ ակամայ կը դառնան այդ նորութիւններն ու սարքերը հրապարակ, շուկայ հանող ընկերութիւններու «կթան կովերը»: Կրկնելու գնով ըսենք, որ ներկայիս մեր կենսակերպին մաս կազմած այս «հրաշք-սատանաները» օգտագործելէ պէտք չէ խրտչիլ, բայց միշտ դրական նպատակը գերադասելով:
Ն.
«Փոքեմոն Կօ»-ն Նպաստեց Սմարթֆոներու Վաճառքին
«Փոքեմոն Կօ» խաղը սմարթֆոներու բարդերու լիցքաւորման սարքերու վաճառքով զբաղող ընկերութիւններու արժեթուղթերու գիները, ոչ միայն բարձրացուցած է, այլեւ բարելաւած է այդ ընկերութիւններու վիճակը: 10 յուլիսէն սկսեալ արտաքին բարդերը աւելի լաւ սկսած են վաճառուիլ: Քանի մը շաբթուան ընթացքին վաճառուած է 1,2 միլիոն սարք:
Խնդիրը այն է, որ խաղին սիրահարները խաղալիք հրէշներ կ՛որսան, որուն հետեւանքով սմարթֆոնի բարդը արագ կը դատարկուի, այդ պատճառով ալ բարդերու լիցքաւորման շարժական սարքերը այդքան լաւ կը վաճառուին:
100 Միլիոն Մարդ Միացած Է Փոքեմոններու Որսին
Մինչեւ 1 օգոստոս 2016-ին «Փոքեմոն կօ» խաղը Այ.Օ.Էս. եւ Անտրիոտ հարթակներուն մէջ ներբեռնողներուն թիւը հասած է 100 միլիոնի: Օրուան մը ընթացքին յաւելուածը շուրջ 10 միլիոն տոլարի եկամուտ կը բերէ: Ընդ որում, խաղին տարածումը չ՛ազդեր Այ.Օ.Էս. եւ Անտրիոտ հարթակներու միւս յաւելուածներուն վրայ: Յաւելուածին եկամուտին մեծ մասը կը ստացուի օգտագործողներու ոչ մեծ խումբէն, որ տարածուած այլ խաղերով չի հետաքրքրուիր:
Իրանի Մէջ Արգիլուեցաւ «Փոքեմոն Կօ»-ն
Իրանի իշխանութիւնները, ազգային անվտանգութիւնը նկատի ունենալով, արգիլեցին քաղաքացիներուն երկրին մէջ խաղալու վերջերս ներկայացուած եւ ամբողջ աշխարհի մէջ լայն տարածում գտած «Փոքեմոն կօ» խաղը: Այսպիսով, Իրան դարձած է առաջին երկիրը, որ պաշտօնապէս արգիլած է յիշեալ խաղը:
«Փոքեմոն կօ»-ն արդէն հասանելի է աշխարհի 35 երկիրներու մէջ: Խաղացողները կը հետազօտեն իրական աշխարհը` փորձելով գտնել «վիրչուալ» փոքեմոններ. ըսենք, տան մէջ նստած` խաղալ կարելի չէ, պէտք է պտտիլ ամբողջ քաղաքին մէջ: Փոքեմոնները կարելի է տեսնել եւ որսալ սմարթֆոներու միջոցով:
Ինչպէս խաղերու մեծամասնութեան մէջ, «Փոքեմոն կօ»-ն պէտք է սկսիլ զերօ մակարդակէն, փոքեմոններ բռնել, ձուեր տեղադրել, մրցիլ: Իսկ շատեր կ՛ուզեն խաղը սկսիլ աւելի բարձր մակարդակէն եւ դէմ չեն ատոր համար վճարելու: Խաղին հեղինակները «Նինթենտօ», «Փոքեմոն» եւ «Նիանթիք» ընկերութիւններն են:
Սմարթֆոնը Ինչպէ՞ս Ճիշդ Լիցքաւորել
Սմարթֆոները դարձած են մեր կեանքի անբաժան մասը, բայց մարդոց համար մեծ խնդիր կը շարունակէ մնալ ատոնց բարդերու (պեթըրի) տեւական լիցքաւորման հարցը, որովհետեւ սարքը անդադար օգտագործելու պարագային, լիցքաւորումը կը բաւարարէ միայն մէկ օր: Հետեւաբար օգտագործողները ատոնք ամէն գիշեր ստիպուած են լիցքաւորել: Հարցը այն է, թէ որքան վնասակար է բարդին համար ամբողջ գիշերը հոսանքին միացած ըլլալը: Ըստ էութեան, արդէն 10 տարիէ կ՛օգտագործուին նոյն բարդերը, սակայն ծրագրային ապահովուածութեան շնորհիւ` կարելի կ՛ըլլայ բարդին ներուժը աւելի արդիւնաւէտ եւ անվտանգ խնայել:
Ասիկա կարեւոր է, որպէսզի սմարթֆոնի բարդը ամբողջովին չդատարկուի եւ ամբողջութեամբ չլիցքաւորուի: Ատիկա կ՛օգնէ երկարեցնելու անոր կեանքը:
«Այֆոն 7» Սմարթֆոն` 1,3 Միլիոն Տոլարով
Ամերիկեան «Պրիք» ընկերութիւնը, որ մասնագիտացած է կաճեթներ զարդարելու գործին մէջ, յայտարարած է նոր «ԱյՖոն 7»-ի համար նախնական ապսպրանքներ ընդունելու մասին:
Հեռաձայնի պատեանը կ՛առաջարկուի պատել վարդագոյն, դեղին ոսկիով կամ լսնոսկիով (փլաթին): Նաեւ կարելի է ատիկա զարդարել մինչեւ 60 քարաթ ընդհանուր ծանրութեամբ ադամանդներով: Այսպիսի հեռաձայն մը 1,3 միլիոն տոլար կ՛արժէ:
Ք. Քարտաշեան «Այֆոն»-ի Համար «Մարմարէ» Պատեաններ Ստեղծած Է
Քիմ Քարտաշեան վերջերս ստանձնած է ձեւագէտի դերը, եւ սմարթֆոներու համար պատեաններու արտադրութեամբ զբաղող «ԼուՄի» ընկերութեան հետ համագործակցելով` ստեղծած է «ԱյՖոն»-ի համար նախատեսուած ինքնատիպ պատեաններ, որոնք արտաքնապէս նման են սեւ ու սպիտակ մարմարի, եւ իւրաքանչիւրը կ՛արժէ 54,95 տոլար: Ատոնք կը նախատեսուին «ԱյՖոն 6» եւ «6 Էս» տեսակի սմարթֆոներու համար:
«Էփըլ»-ի Նորութիւնը
«ԷՓԸԼ» ընկերութիւնը կը յաջողի «ԱյՖոն» սմարթֆոներուն մէջ սարք մը եւս աւելցնել ՍԻՄ քարտի համար: Այդուհանդերձ, տակաւին յայտնի չէ, թէ ո՛ր տեսակներուն մէջ պիտի յայտնուին նորարարութիւնները: Շատ հաւանաբար այդ նորարարութիւնը չի վերաբերիր «ԱյՖոն 7»-ին:
Անհրաժեշտ է նկատի առնել, որ երկրորդ քարտի համար սլոթի յայտնուիլը կը պահանջէ որոշ արհեստագիտական փոփոխութիւն` ընդունիչ եւ հաղորդիչ յատուկ սարքեր:
«Էփըլ»-ը Գնեց «Թուրի» Ընկերութիւնը
Արհեստական իմացութեան մշակումով զբաղող «Թուրի» ընկերութիւնը այժմ դարձած է «Էփըլ»-ի սեփականութիւնը: Գործարքի գումարը կազմած է մօտ 200 միլիոն տոլար:
«Թուրի» սթարթափը կ՛օգնէ մշակողներուն` ստեղծելու ծրագրային ապահովում եւ ծառայութիւններ, որոնց շնորհիւ արհեստական իմացութիւնը կրնայ ինքնիրեն ուսուցանել: Բացի ատկէ, սթարթափի համակարգերու շնորհիւ` ընկերութիւնը կը յայտնաբերէ խաբէութիւնները եւ վերլուծել սպառողներու վարքը: Գործարքի միջոցով «Էփըլ» կ՛ուզէ արտօնեալ դիրք գրաւել արհեստական իմացութեան մարզին մէջ: «Թուրի»-ի կրնայ համարկուիլ «Սիրի» ձայնային յաւելուածին` որոշելու համար համակարգիչի եւ մարդու փոխադարձ գործողութիւններու նոր ուղիներ:
«Ինսթակրամ»-ի Նոր Կարելիութիւնները
«Ինսթակրամ»-ը մեկնաբանութիւնները վերահսկելու ընդլայնուած կարելիութիւններ կը տրամադրէ:
Օգտագործողները իրենց էջերուն մէջ այժմ կրնան «ձեռքով» ջնջել անցանկալի արտայայտութիւնները, սակայն նման ձեւը շարք մը թերութիւններ ունի: «Ինսթակրամ»-ի մասնագէտները կը մտադրեն մեկնաբանութիւնները վերահսկելու համար լրացուցիչ գործիք ստեղծել, որ թոյլ կու տայ որոշ բառեր, եզրեր եւ բառակապակցութիւններ սեւ ցուցակի մէջ ընդգրկելու: Եթէ լուսանկարին տակ գրուած մեկնաբանութիւնը պարունակէ անցանկալի բառեր, համակարգը ինքնաբերաբար կը ջնջէ ատիկա: Բացի ատկէ, օգտագործողները շուտով կը կարենան անջատել իրենց ելեկտրոնային հասցէին` մեկնաբանութիւններ եւ արձագանգներ ուղղակի ստանալու կարելիութիւնը:
«Ինսթակրամ» Ընդդէմ «Սնեփչեթ»-ի
«Ինսթակրամ» ընկերային ցանցը, որ կը պատկանի Ֆէյսպուք-ին, հրապարակած է «Ինսթակրամ սթորիզ» կոչուող նոր ծառայութիւն մը, որ համացանցին մէջ կարճ տեսաձայնագրութիւններով բաժնեկցելու կարելիութիւն կու տայ, այնուհետեւ` ատոնք նկարներով, «էմոթիքոն»-ներով եւ գրութեամբ ամբողջացնելու:
«Սնեփչեթ» ցանցի նման, «Ինսթակրամ» այժմ թոյլ կու տայ տեղադրել լուսանկար եւ տեսանիւթ` «սլայտ-շօ»-ի տեսքով, որ կը պահպանուի 24 ժամ, այնուհետեւ կը ջնջուի:
2011-ին ի յայտ եկած «Սնեփչեթ»-ը տարածուած էր դեռահասներու շրջանակին մէջ: Անոնք կը գնահատէին այդ յաւելուածին խորհրդապահութիւնը: Ատոր մէջ գրութիւնները կ՛անհետանան կարդալէ անմիջապէս ետք, իսկ արձանագրութիւնները` հրապարակելէ օր մը ետք: Ասիկա վերջին համազարկն է «Ֆէյսպուք»-ի (որ 2012-ին «Ինսթակրամ»-ը գնեց 1 միլիառ տոլարով) եւ «Սնափչաթ»-ի միջեւ պատերազմին, որ մերժեց «Ֆէյսպուք»-ի առաջարկը` միայն 3 տարի առաջ 3 միլիառ տոլարով գնելու մասին:
«Սնափչաթ»-ը հանրաճանաչ է երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Անոնք չեն ուզեր, որ իրենց գրութիւնները կարդան ծնողները, որոնք ալ իրենց կարգին կը նախընտրեն «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցը, որ 1,7 միլիառ օգտագործող ունի: Վերջերս «Սնափչաթ»-ը «Թուիթըր»-էն աւելի հանրաճանաչ դարձաւ: «Սնափչաթ»-ի շուկայական արժէքը կը գնահատուի 18 միլիառ տոլար:
«Ինսթակրամ սթորիզ» կոչուող նոր ծառայութիւնը առայժմ հասանելի է միայն Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն մօտ օրէն տեղի պիտի ունենայ անոր համաշխարհային առաջին հրապարակումը:
«Ուաթսափփ»-ը Ջնջելէ Ետք Իսկ Կը Պահէ Նամակը
«ՈւաթսԱփփ»-ը հաղորդագիրները (մեսէյճ) նոյնիսկ ջնջելէ ետք կը պահպանէ նամակագրութիւնը: Ասիկա յայտնաբերած է անվտանգութեան հարցերու մասնագէտ Ճոնաթան Զտզիարսքին:
Մասնագէտը ուսումնասիրած է յաւելուածի վերջին տարբերակը եւ գտած է, որ սարքը «այՔլաուտ» ամպային պահուստի բաժինին մէջ տուեալները կը պահպանէ նոյնիսկ այն պարագային, երբ օգտագործողը կը նախընտրէ ջնջել նամակագրութիւնը: Ըստ Զտզիարսքի, նամակագրութիւնը ձեռք բերելու համար անհրաժեշտ է ատոր ֆիզիքապէս հասանելիութիւն ունենալ, բայց ատիկա, ամէն պարագայի, հաւանական վտանգ կը ներկայացնէ:
Բացի ատկէ, քանի որ խօսքը «Այ.Օ.Էս» սարքերուն մէջ տեղադրուած «ՈւաթսԱփփ»-ի մասին է, հասանելիութիւն կարելի է նաեւ ունենալ` ձեռք բերելով ամպային պահեստի պահուստային պատճէնը: Օրինակ` ատիկա կրնան ընել յատուկ սպասարկութիւնները:
«Ֆէյսպուք» 5 Միլիառ Տոլար Տուրքի Պարտք Ունի
«Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցը կրնայ շուրջ 5 միլիառ տոլարի պարտք ունենալ` պետական յաւելեալ տուրքերու տեսքով: Այս մասին նշած է «Սի.Էն.Էն.», ըստ որուն, նման եզրակացութեան յանգած են Միացեալ Նահանգներու հարկային վարչութեան մէջ, ուսումնասիրելէ ետք արտերկրի մէջ ընկերութեան հաշիւներու փոխանցումը եւ` ենթադրած, որ հարկային բեռը կրնայ կազմել 3-5 միլիառ տոլար:
Խօսքը Իրլանտայի մէջ դուստր ընկերութեան գործունէութեան մասին է: Այս ընկերութեան 2010 թուականին փոխանցուած գումարներուն մէկ մասը եւ, ըստ հետաքննութեան, ատոնց արժէքը չափազանց նուազ ներկայացուած է: «Ֆէյսպուք» մեղադրանքները հիմնաւոր չի նկատեր եւ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հարկային դատարան դիմում ներկայացնել` բողոքելով հարկային մարմինի յայտարարութեան դէմ:
700 Միլիոն Չին Համացանց Կ՛օգտագործէ
2016-ի յունիսի դրութեամբ, Չինաստանի մէջ համացանց օգտագործողներուն թիւը հասած է 710 միլիոնի: Համացանցը կ՛ընդգրկէ երկրի բնակչութեան 51,7 առ հարիւրը: Այդ մասին ըսուած է Չինաստանի մէջ համացանցի զարգացման վերաբերեալ վիճակագրական զեկոյցին մէջ: Հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ ընթացիկ տարուան առաջին կէսին Չինաստանի մէջ համացանց օգտագործողներուն թիւը աճած է 21,32 միլիոնով եւ առաջին անգամ գերազանցած է 700 միլիոնի սահմանը:
Համացանցէն այն օգտուողները, որոնք կանոնաւոր կերպով ցանց կը մտնեն բջիջային հեռաձայններէ, հասած է 656 միլիոնի:
Ընկերային Ցանցեր` 20-րդ Դարու Սկիզբի՞ն
Ըստ բրիտանացի գիտնականներու, ընկերային ցանցերը յառաջացած են 20-րդ դարու սկիզբին: Գիտնականները իրենց աշխատանքի ընթացքին պարզած են, որ 20-րդ դարու սկիզբին ընկերային ցանցերու գործը կը կատարէին սովորական բացիկները (քարտ փոստալ): Գիտական աշխատողները պարզած են, որ միջին վիճակագրական բնակիչը կրնար օրական շուրջ 6 բացիկ ուղարկել, նաեւ` լուսանկարներ:
Մասնագէտները կը շեշտեն, որ այդ ձեւի բացիկներ մարդիկ կը գրէին ոչ միայն տօնական, այլեւ` սովորական օրերուն:
Օգտագործուած աղբիւրներ.
«Կազեթթա», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Կարտիըն»,
«Ինտիփենտընթ», «Պի.Պի.Սի.», «Սի.Էն.Էն.»