Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայեացք Մը Հայ Մշակոյթի Ինքնութեան Վրայ

Օգոստոս 6, 2016
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

ՄԱՏԹԷՈՍ ԶԱՐԻՖԵԱՆի (1894-1924) «Տրտմութեան եւ խաղաղութեան երգեր»-ը եւ «Կեանքի ու մահուան երգեր»-ը: Պ. Դուրեանի եւ Մ. Մեծարենցի քերթողական վաստակին շարունակողն է ան, բայց` ինքնայատուկ իր խառնուածքով. մինչ Դուրեան կ՛ընդվզի մահուան դէմ, իսկ Մեծարենց խոհուն համակերպութիւն ցոյց կու տայ մահուան առջեւ, Զարիֆեան կ՛արհամարհէ ու կը հեգնէ մահը: Կ՛երգէ սէրը, տրտմութիւնը եւ մահը. այսպիսով կը վերականգնէ արեւմտահայ քնարերգութեան աւանդութիւնները` դառնալով անոր ոսկեշղթային վերջին օղակը Պոլսոյ մէջ (նոյն, էջ 281):

Զարիֆեան մինչեւ վերջին շունչ կ՛արհամարհէ ցաւն ու մահը.
Ցաւիս խորերէն, տե՛ս, ճակատագիր,
Անսահման ծիծաղ մ՛ունիմ քեզի դէմ.
Գիտցի՛ր որ նորէն քեզ կ՛արհամարհեմ,
Չկարծես թէ ա՛լ զիս կործանեցիր…

Զարիֆեանի արուեստին գլխաւոր յատկանիշներն են պարզութիւնը եւ հաղորդականութիւնը: Անոր պատկերներն ու նախադասութիւնները վճիտ են ու պարզ (նոյն, էջ 282):

Բանաստեղծ ըլլալէ առաջ, Զարիֆեան եղած է մարզիկ. ողիմպիական մետալներ շահած է նոյնիսկ: Մինչեւ 1919 ոչ ոք կ՛ակնկալէր, որ բանաստեղծ մը պիտի յայտնուէր անոր մէջ: Սակայն «Ճակատամարտ»-ի իր առաջին քերթուածներուն հրատարակումով կը դառնայ վերջապահը 1900-1920 թուականներու լուսապսակ սերունդին («Դար մը գրականութիւն», ա. հատոր, էջ 690):

Աթլեթիզմի երեք քայլ ոստումի մը ընթացքին կուրծքին տակ սուր ցաւ մը կը զգայ, որ թոքախտի ազդանշանը կ՛ըլլայ: Կը մահանայ 1924-ին եւ կը թաղուի Սկիւտարի գերեզմանատունը, Պ. Դուրեանի շիրիմէն ոչ շատ հեռու:

ԼԵՒՈՆ ՇԱՆԹ-Սեղբոսեանի (1869-1951) վիպակներէն եւ բանաստեղծութիւններէն «Մնաք բարովի իրիկուն»-ը, «Լերան աղջիկը», «Դրսեցիներ»-ը, «Երազ օրեր»-ը, «Դերասանուհին», «Դարձ»-ը, «Կին»-ը, «Հոգիները ծարաւի» վէպը, թատերախաղերը` «Եսի մարդ»-ը, «Հին աստուածներ»-ը: Շանթ կը հանդիսանայ արեւմտահայ իրապաշտ եւ գեղապաշտ սերունդներու բանաստեղծ` հակադրուելով ռոմանթիկ շրջանի զգացական զեղումներով գրուած բանաստեղծութիւններուն: Իբրեւ վիպագիր` Շանթ իրական կեանքը կը ներկայացնէ որոշ գաղափարական եւ երազային բարեխառնումով. հոն կ՛երեւին իր անձը, հակումները եւ սկզբունքայնութեան իմաստասիրութիւնը:

Լեւոն Շանթ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐն է, որ հասած է բացառիկ նուաճումներու: Անոր «Եսի մարդ»-ը, «Հին Աստուածներ»-ը, «Կայսր»-ը, «Շղթայուած»-ը «Ինկած բերդի իշխանուհին» զինք կը վերածեն ոչ միայն արեւմտահայ թատրոնի լաւագոյն, այլ ամբողջ հայ թատերական գրականութեան ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԴԷՄՔԻՆ: Անոր բեմական լեզուն կենդանի է եւ աշխուժ: Մշակած է պատմական թատրերգութեան սեռը. իր հերոսներուն միջոցով յաջողած է ազգայինէն անցնիլ համամարդկայինի` առանց անոնց միջեւ հակասութիւն տեսնելու, այլ` զիրար ամբողջացնելու ճարտարութեամբ:

Նիկոլ Աղբալեանի համաձայն, Լեւոն Շանթ թատերական նոր հոսանք կը բանայ, որ` «նորագոյն տրամայի մի ազգային նմուշ է դա»: Աշխատեցէք մա՛րդ ըլլալ. մարդը տիեզերքի բարձրագոյն արժէքն է: Շանթի երկերուն ընթերցումը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ազնիւ գաղափարներու եւ արարքներու սէրը իր գրականութեան խորքը կը կազմէ: Բարոյական նկարագրի գեղեցկութիւնը եւ գրագէտի կոչումը իր մէջ միաձուլուած ներդաշնակութիւն մըն են դարձած. ահա թէ ինչո՛ւ ան չբաժնեց արուեստը գաղափարէն, գեղեցիկը ճշմարիտէն եւ երազը իրականութենէն: Գրական հին ճաշակներին եւ ըմբռնումներին «Հին աստուածներ»-ը եւ «Կայսրը» իր տաղանդով ու համարձակութեամբ նորը հակադրում է հինին: Այդ տրաման գալիս է վկայելու, որ մենք մտնում ենք գրական զարգացման մի նոր դարաշրջան («Արդի հայ գրականութիւն», Գ. հատոր, էջեր 204, 207):

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆի (1878-1945) «Հոգեր»-ը, «Հրաշալի յարութիւն»-ը, «Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս»-ը, «Սէր»-ը, «Հայերգութիւն»-ը եւ «Տաղարան»-ը, ուր կը յայտնուի իրա՛ւ բանաստեղծը: Վ. Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը կը բնորոշեն` ժուժկալութիւնը, խտութիւնը, պատկերներու թելադրական խորհուրդն ու մտածումի զուգակցութիւնը զգացումին հետ: Մեր գրականութեան ԻՐԱ՛Ւ բանաստեղծն է:

Թէքէեան հեռու մնացած է հռետորութենէ եւ զգացումներու պոռթկացող զեղումէ: Անոր քերթուածներուն մէջ խոհն ու յոյզը, միտքն ու զգացումը զուգահեռ կ՛ընթանան: Այդ է պատճառը, որ մեծ ներշնչումներու թեւատարած թռիչքը չենք գտներ անոր տողերուն մէջ:

Հաշուեյարդար. ի՞նչ մնաց. կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին. տարօրինակ. ա՛յն միայն.

ՍԷՐ

Աղուորն ա՛ն է յաւիտեան` որ անցաւ օր մը քովէդ
Եւ աչուընե՛րդ օծեց, աստուածային այցելո՛ւ,
Գեղեցկութեամբ մը որուն ա՛լ չդարձար նայելու,
Եւ չուզեցիր հանդիպիլ անոր անգամ մըն ալ գէթ:

ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆի (Քիւֆէճեան) (1883-1948) վէպերը` «Խոնարհներ»-ը, երեք հատորով մեծ վէպը` «Մնացորդաց»-ը, թատերական գործերը` «Մինչեւ ո՞ւր», «Երկինքի ճամբով», «Երբ մեռնիլ գիտենք», եւ քննադատական 10-ը հատորով «Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան» կոթողային աշխատութիւնը:

Յակոբ Օշական իր գործին պատկառելի քանակով հայ գրականութեան մէջ երեւոյթ մը կը հանդիսանայ: Գրականութիւնը իրեն համար դարձած է հաւատք ու կրօն, որուն սէրն ու պաշտամունքը տարածած է շարունակ թէ՛ իբրեւ ուսուցիչ եւ թէ՛ իբրեւ քննադատ:

Օշական գերազանցօրէն հայ գրականութեան քննադատն է:

Օշական ՔՆՆԱԴԱՏԸ կը ներկայանայ հետեւեալ յատկանիշներով. 1) կ՛առաջնորդուի անձնական տպաւորութեամբ, սակայն հակառակ այս մօտեցումին` անոր ապրումները կը խորացնեն ընթերցողին գրական վայելքը: 2) Օժտուած է զօրաւոր բնածին զգայարանքով` արուեստին մէջ գեղեցկութիւնը եւ իրաւը տեսնելու կարողութեամբ. գիտական քննադատութիւնները կը պակսին իր դատումներուն մէջ: 3) Քննադատական կալուածին մէջ մուտք կը գործէ տապալելով կարգ մը համբաւներ իրենց պատուանդանէն, յատկապէս` Պոլսոյ մէջ, ուր յաճախ սովորամոլական դարձած է կեղծ արժէքներու գովասանքը (նոյն, էջ 229):

Օշական ՎԻՊԱԳԻՐԸ. «Խոնարհներ» ընդհանուր խորագրին տակ գրած պատմուածքներն ու հեքիաթները կը կրեն բանաստեղծական շունչ: Իսկ երեք հատորով մեծածաւալ «Մնացորդաց»-ը կը պատկերացնէ գիւղի կեանքը, յաճախ հայ,

երբեմն նաեւ` թուրք տիպարներով. անոր նկարագրած տիպարները բարի եւ խաղաղ

հայ գիւղացիներ չեն, այլ` բուռն կիրքերով հոգիներ, որոնք կը կռուին, կը սիրեն, կ՛ատեն եւ մինչեւ իսկ ոճիր կը գործեն:

Յակոբ Օշական ժողովրդական հեղինակ մը չէ եղած երբեք: Անոր լեզուն ծանր է, ոճը` խրթին: Իր վէպերը սիրելու համար պէտք է ընտելանալ իր գրելու եղանակին (նոյն, էջ 230):

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆի (1878-1943) վէպերը` «Կեղծ հանճարները», «Սկիւտարի վերջալոյսները», «Աւերակներու մէջ»-ը, «Շնորհքով մարդիկ»-ը, «Սպասման սրահին մէջ»-ը, եւ վիպակները` «Սկիւտարի պարտէզներ»-ը, «Անձկութեան ժամեր»-ը, «Վերջին բաժակ»ը եւ այլն: Զապէլ Եսայեան հայ գրականութեան հոգեբանական վէպին մեծագոյն գրագիտուհին է: Գիտէ նրբութեամբ եւ թափանցումով վերլուծել կնոջ հոգիին ծալքերը, սիրոյ բոլոր ալեկոծումները. մանաւանդ յաջողած է զգացուող, բայց չարտայայտուող խուսափուկ վիճակներ պատկերացնել (նոյն, էջ 96):

Անոր գրականութիւնը, ուրեմն, արտաքինէն աւելի հոգեկան ապրումներու նկարագրութիւն է: Իր վիպակներուն եւ վէպերուն մէջ կերտած տիպարները եւ պատկերները բնականի տպաւորութիւն կը ձգեն կարդացողին վրայ եւ կը հոգեխառնեն զինք անոնց մէջ: Եսայեան իր կեանքով եւ գրիչով հայ կինը մղած է գործօն դերակատար ըլլալու այր մարդու կողքին: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ իր յօդուածներէն մէկուն մէջ.  «Կինը աշխարհ չէ եկած միայն հաճելի ըլլալու համար: Կնոջ իտէալը պէտք է ըլլայ այս երկրիս վրայ գործօն բարերար տարր մը դառնալը» (նոյն, էջ 99):

Զապէլ Եսայեան ստալինեան հալածանքի տարիներուն իր գրչեղբայրներուն (Ակսել Բակունց, Գուրգէն Մահարի եւ բազմաթիւ այլ գրողներ) հետ կը ձերբակալուի, կ՛աքսորուի եւ կը մահանայ 1943-ին, Սիպերիոյ մէջ:

ԻՆՏՐԱ-ՏԻՐԱՆ ՉՐԱՔԵԱՆԻ (1875-1921) «Ներաշխարհ»-ը եւ «Նոճաստան»-ը, ուր կը յայտնուի ոգեղինացման ճամբով անհունութեան եւ անմահութեան հասցնող ձգտում մը: Տիրան կը խրտչի նիւթականէն եւ առօրեայ կենցաղէն. ամէն ինչ կ՛ոգեկանացնէ. սէրը ամբողջովին մաքրազտուած է մարմնեղէն տարրերէ:

Ինտրա կ՛երգէ գեղեցկութիւնն ու լոյսը, որովհետեւ գեղեցիկը անանց է ու վեր կը մնայ առօրեայէն: «Ներաշխարհ»-ի եւ «Նոճաստան»-ի մէջ կը պատմէ աշխարհիկ կեանքի պարապութիւնը (նոյն, էջ 151):

Ինտրա, Մեծարենցի նման, աշխարհը կը տեսնէ գունագեղ պատկերներով եւ ունի նկարչական շատ հարուստ զգայարանք: Ամէն մէկ էջի մէջ կը ստեղծէ լոյսի եւ ստուերի խաղեր, բնութիւնը կը կենդանացնէ (նոյն, էջ 152):

Ինտրայի գրական ոճը բարդ է: Գրեթէ բնաւ չի գործածեր մաշած կաղապարներ. ամէն մէկ ստեղծած պատկերին վրայ իր կնիքը կայ: Եղած է գերազանցօրէն ինքնատիպ հեղինակ (նոյն, էջ 152):

1910-ին յաջորդական ներքին տագնապներ կ՛անցընէ, հոգեփոխութիւն կ՛ունենայ եւ կ՛ուրանայ իր անցեալը ու կը սկսի աւետարանական քարոզչութեամբ զբաղիլ: Բարեբախտաբար մինչ այդ գրած է հայ գրականութեան երկու գոհարներէն «Ներաշխարհ»-ն ու «Նոճաստան»-ը, ուր մարմնաւորուած են գեղեցիկը, բարին ու ճշմարիտը` անոնցմէ իւրաքանչիւրին իմաստասիրական գունաւորումով:

գ2.- Արեւելահայ ճակատ

Արեւելահայ գեղապաշտ գրականութեան գեղեցիկ լեզուն կը յայտնուի երիտասարդ սերունդի գրողներուն մօտ եւ շրջանի նկարագիրը կը բնորոշեն. Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Տէրեան, Եղիշէ Չարենց, Աւետիս Ահարոնեան, Աւետիք Իսահակեան եւ ուրիշներ:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ (1869-1923)` հայ գրականութեան Ամենայն Հայոց բանաստեղծը,  եղած է ժողովրդական, կենսուրախ, ժպտադէմ, կատակաբան:

Թումանեանի գործերը կարելի է բաժնել հետեւեալ գլխաւոր խումբերուն.

– ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ.- «Քաջ Նազար», «Տէրն ու ծառան», «Խօսող ձուկը», «Բարեկենդանը», «Անխելք մարդը», «Գիքորը»:

– ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐ եւ ԱՌԱՍՊԵԼՆԵՐ.- «Մի կաթիլ մեղր», «Ախթամար», «Շունն ու կատուն», «Փարւանա», «Անբախտ վաճառականներ», «Աղաւնու վանքը»:

– ՎԻՊԵՐԳՆԵՐ.- «Անուշ», «Թմկաբերդի առումը», «Սասունցի Դաւիթ», «Լոռեցի Սաքոն», «Դէպի անհունը», «Մարոն»:

– ՔԱՌԵԱԿՆԵՐ.- Մօտ 70 հատ, որոնք իմաստասիրական խորքով եւ յուզական շեշտով բանաստեղծութիւններ են (նոյն, էջ 314):

Թումանեանի քնարերգական քերթուածները թիւով շատ չեն` հազիւ երկու տասնեակ, ուր արտայայտած է իր մտածումները կեանքին եւ մահուան հանդէպ: Մահը չի սարսափեցներ զինք, որովհետեւ զայն կը նկատէ բնական երեւոյթ:

Հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով կ՛արտայայտէ լուռ տառապանքը` ի տես հայ ժողովուրդի թշուառութեան, սակայն ամրօրէն կը հաւատայ հայութեան լուսաշող ապագային:

Քառեակներու չորս խիտ տողերու մէջ կ՛երեւին սիրոյ յաղթանակը ատելութեան եւ ոխին վրայ եւ երազինը նիւթին վրայ` իմաստասիրական երանգաւորումով մը:

Թումանեանի առասպելներուն եւ առակներուն մէջ կը յայտնուի մեր աւանդական բարքերուն արձագանգը` յարգանք մեծերու հանդէպ, նահապետական հեղինակութեամբ շէնցող օճախներ, սէր ու պաշտամունք հողին եւ արօրին (նոյն, էջ 316):

Յովհ. Թումանեանի դերը հայ գրականութեան մէջ կրնանք համեմատել Կոմիտասի դերին` հայ երաժշտութեան: Հանճարեղ Կոմիտաս հաւաքած եւ մշակած է ժողովրդական երգերը` բացայայտելով մեր ազգային երաժշտութեան իսկութիւնը. նոյնպէս, Թումանեան տոհմիկ աւանդութիւնները մշակելով, արտասանած է մեր նահապետական եւ ազգային իւրայատկութիւնը, եւ արդարօրէն ինքզինք պարտադրած` իբրեւ հայ գրականութեան Ամենայն Հայոց բանաստեղծ:

ՎԱՀԱՆ ՏԷՐԵԱՆի (Տէր Գրիգորեան) (1885-1920) «Մթնշաղի անուրջներ»-ը, «Բանաստեղծութիւններ»-ը, «Փշէ պսակ»-ը, «Ոսկէ հեքիաթ»-ը, «Երկիր Նայիրի»-ն, ուր կը յայտնուի իր գերազանցապէս քնարերգակ բանաստեղծ ըլլալը:

Վ. Տէրեան իր մորմոքն ու մէգը սիրելի կը դարձնէ ընթերցողին, շնորհիւ իր երգի կախարդական արուեստին: Քերթուածներուն մէջ կ՛երեւին` մելամաղձոտ խառնուածքը, թոքախտի առթած ՑԱՒը եւ յոռետեսութիւնը (նոյն, էջ 359):

Տէրեան նոյն տխուր շեշտով երգած է նաեւ սէրը, որ յստակ կերպարանք չունի: Իր սպասած սէրը միայն գուրգուրանք է, գրեթէ քրոջական վերաբերում:

Տէրեանի հայրենասիրական քերթուածներուն մէջ կը գտնուի Հայաստանի այրող կարօտը. հեռաւոր հիւսիսէն նամակի մը մէջ խօսքը ուղղելով Նայիրեան Երկրին` կը գրէ.

Ինձ տարէք մեր դաշտերը պայծառ,
Մեր սարերն անառիկ, վեհանիստ,
Մեր արտերն արեւոտ ու հանգիստ…

Տէրեան քաղաքական հակումներով եղած է հետեւորդ համայնավարական գաղափարախօսութեան, գործակցած է` Լենինի եւ անոր կարգ մը գործերը հայերէնի թարգմանած: Թոքախտը հետզհետէ կը շեշտուի բանաստեղծին մէջ. բուժուելու համար կը ճամբորդէ քաղաքէ քաղաք եւ կը մահանայ Օրենպուրկի մէջ, 1920-ին:

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑի (Սողոմոնեան) (1897-1937) «Երկիր Նայիրի»-ն, «Ամբոխները խելագարուած»-ը, «Տանդէական առասպել»-ը, «Գիրք ճանապարհի»-ն եւ այլ գործերը: Չարենցի արուեստը կը յատկանշուի յանդուգն եւ հրավառ պատկերներու հարստութեամբ, խռովայոյզ ոգիով, թռչող երեւակայութեամբ եւ խօսքին վարակիչ ջերմութեամբ (նոյն, էջ 402):

Երբ 1915-1917 բարձրագոյն ուսում ստանալու համար Մոսկուա կը գտնուի, ականատես կը դառնայ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան եւ կ՛իյնայ անոր սին գաղափարախօսութեան ազդեցութեան տակ. 1918-ին նոյնիսկ Կարմիր բանակին մաս կը կազմէ:

Այսուհանդերձ, հայ գրականութեան ծանօթ քննադատ Նիկոլ Աղբալեան Չարենցի մօտ կը յայտնաբերէ խոստմնալից եւ տաղանդաւոր բանաստեղծը: Աղբալեան կրթութեան նախարար եղած շրջանին Չարենցը կը տեղաւորէ նախարարական գրասենեակներէն մէկուն մէջ, որպէսզի բանաստեղծը առանց նիւթական մտահոգութեան ստեղծագործէ: Հոս է ահա, որ Եղիշէն կը ստեղծէ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» աննման բանաստեղծութիւնը: Եթէ ոեւէ մէկը այս քերթուածը գրէ միայն, կրնանք զինք բանաստեղծ համարել:

Մթում կորած խրճիթների անհիւրընկալ պատերը սեւ
Ու հնամեայ քաղաքների հազարամեայ քա՛րն եմ սիրում:

«Ես իմ անուշ Հայաստանի»-ն կը վերածուի երգի` հայու սրտին մօտիկ երաժշտութեամբ: Մինչ սփիւռքահայութիւնը ամէն առիթով կը պանծացնէ այս երգը, Ստալին կ՛արգիլէ զայն Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Միայն Բ. Համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին կ՛արտօնուի` շահագործելով հայ ժողովուրդի հայրենասիրութիւնը` Հայրենական մեծ պատերազմին մասնակցութիւնը ապահովելու նպատակով:

Ի վերջոյ, Եղիշէ Չարենց վերջնականապէս կը դառնայ ոչ միայն իր ազգային ակունքներուն, այլ` ՀՅ դաշնակցութեան: Կը գրէ իր անզուգական «Գիրք ճանապարհի»-ն: «Գիրք ճանապարհի»-ի «Մահուան տեսիլ» բաժնին մէջ «Հըդահի՜ւն» եւ «Խա՜ն-Բա՜ն-օ՜տ» խորհրդանշական եզրերով կ՛ակնարկէ ՀՅԴ-ին եւ Խանասորին ու Պանք Օթոմանին («Գիրք ճանապարհի»), էջ 85, Եղիշէ Չարենց, «Սեւան» հրտ.,  Պէյրութ, 1959):

Նոյնպէս, «Գիրք ճանապարհի»-ին մէջ «Պատգամ» քերթուածով, հայ ազգի բազմաչարչար բանաստեղծը արուեստագէտի հնարամիտ ոճով կը յղանայ հայ ժողովուրդի պատմութեան վրայ երկարող մշակութային եւ գոյութենական պայքարի մնայուն ռազմավարութիւնը. իրօք, բանաստեղծութեան տողերուն երկրորդ գիրերը հաւաքելով կը ստացուի` «ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» (նոյն, էջ 269):

Ահա թէ ինչո՛ւ Չարենց համայնավարներու կողմէ կը ձերբակալուի, անմարդկային չարչարանքի կ՛ենթարկուի եւ 1937-ի մռայլ օրերէն մէկը կը նահատակուի Երեւանի պոլշեւիկեան զնտաններէն մէկուն մէջ:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆի (Ղարիպ) (1866-1948) «Ազատութեան ճանապարհին»-ը, «Շվէյցարական գիւղը», «Իտալիայում»-ը, «Մրրիկի սուրբը», «Լռութիւն»-ը», «Արցունքի հովիտ»-ը, «Զարթիր Աստուած»-ը, «Հայրենիքիս համար»-ը, «Կարօտ հայրենի»-ն, «Իմ գիրքը» (երկու հատոր), «Մանկութիւն»-ը եւ «Պատանեկութիւն»-ը, ուր ընդհանրապէս կը գտնենք գաղափարական բնաբանով` դէպի ժողովուրդ եւ ամէն ինչ հայրենիքին համար հզօր կոչը:

Ահարոնեան կ՛ազդուի «Գամառ-Քաթիպաներու եւ Րաֆֆիներու ազգային, յեղափոխական գաղափարապաշտութեան (idealism) շունչով: Վաղ երիտասարդութեան տարիներուն, Աւետիս, զարթնող իմացականութեան եւ զգացմունքի թարմ շրջանին, կը կարդայ Րաֆֆիի յեղափոխաշունչ վէպերը եւ դասընկերներուն հետ կ՛երգէ Գամառ-Քաթիպայի ազգային զարթօնքի երգերը` Արեւմտահայաստանի հայութեան տառապանքին ու կոտորածներուն բովանդակութեամբ:

Ահարոնեանի մեծագոյն կիրքը կ՛ըլլայ ապրիլ հայութեան տառապանքը եւ արծարծել յեղափոխութեան կրակը: Ուսանողական տարիներուն կամ` այցելութիւններու, որքան կը ճանչնայ Եւրոպան եւ Արեւմուտքը, այնքան աւելի իր մէջ կը խորանայ այն համոզումը, թէ մեր ցեղային խառնուածքով եւ ազգային կոչումով իսկ մօտիկ կանգնած ենք համամարդկային իտէալներու` ազատութեան, քաղաքակրթութեան, արդարութեան եւ ազգային հպարտութեան («Դար մը գրականութիւն», Ա. հատոր, էջ 708):

Կ՛արժէ առանձին անդրադառնալ Ահարոնեանի գլուխ գործոցին` «Ազատութեան ճանապարհին»-ին: «Դրօշակ»-ի մէջ Ղարիպ ստորագրութեամբ այս գործը կը բովանդակէ գրութիւններ` «Խայը», «Պատիւը», «Էլ մի աղօթիր», «Արիւնոտ թթխմոր», «Աշուղը», «Ջաւոն» եւ այլն: Առաջին նիւթը` «Խայը» իրեն թելադրած է Քրիստափոր Միքայէլեանը: Ահարոնեան առիթով մը կը գրէ. «Ինչ որ գրեցի, Քրիստափորի ազնուական ներշնչումն է եղած: Առանց Քրիստափորի` «Ազատութեան ճանապարհին»-ը չէր գրուի» (նոյն, էջ 710): «Արիւնոտ թթխմորը» ժապաւէնի վերածուած է ոչ զուտ գեղարուեստական չափանիշով, այլ` դաստիարակչական: Ահարոնեանի վաստակը կը դադրի զուտ գրական գործ ըլլալէ եւ կը դառնայ սերունդները դաստիարակող ժառանգի: Աւետիս Ահարոնեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ 10 օգոստոս 1920-ին կը ստորագրէ միջազգային եւ հայանպաստ Սեւրի դաշնագիրը:

ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆի (Վարպետ) (1875-1957) «Երգեր ու վէրքեր»-ը, «Աչըղի խաղեր»-ը, «Աբու Լալա Մահարի»-ն, «Ալագեազի մանիներ»-ը, «Սասմայ Մհեր»-ը, «Հայրենի աղբիւրից»-ը եւ «Հայրենիք» ամսագրին մէջ հրատարակուած, բայց կիսատ մնացած վէպ մը` «Ուստա Կարօ»-ն («Արդի հայ գրականութիւն», Գ. հատոր, էջ 335):

Իսահակեան յաջողած է օգտագործել հայ ժողովրդական մոթիֆները` պատուաստելով արեւելահայ արդի բանաստեղծութեամբ: Հաւատարիմ մնացած է նաեւ իր ծննդավայր Գիւմրիի աշուղներու աւանդութեան` ինք ալ դառնալով խոր զգայնութեամբ եւ գունագեղ լեզուով արուեստագէտ աշուղ մը (նոյն, էջ 336):

Նիկոլ Աղբալեանի համաձայն, Իսահակեան քնարերգակ եւ աւելի շատ ժողովրդական բանաստեղծ է. ունի վառ երեւակայութիւն, յարատեւ ոգեւորութիւն, հարուստ լեզու եւ փորձուած գրիչ (նոյն, էջ 338):

Աւետիք Իսահակեան եղած է ոչ ծայրայեղ դաշնակցական. 1936-ին Խ. Հայաստան կը ճամբորդէ եւ վերջնականապէս կը հաստատուի հայրենիք:

ԱՐԱՐԱՏԻՆ

Արարատի ծեր գմբէթից          
Դար է եկել, վայրկեանի պէս,
Ու անցել:
Անհուն թուով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին,
Ու անցել:
Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս-գագաթին`
Ու անցել:
Հերթը մի պահ քոնն է հիմա
Դո՛ւ էլ նայիր սէգ ճակատին,
Ու անցի՛ր…

(Շար. 5)

 

 

Նախորդը

Ուղեւորութիւն Դէպի Պրազիլ (Ա. Բաժին)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Արեւմտահայերէնը` Խօսիլ, Գրել, Կարդալ. Համակարգիչը Եւ Սփիւռքահայ Երիտասարդութիւնը

RelatedPosts

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր
Մշակութային եւ Այլազան

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?