ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
– Արցախեան Իրադարձութեանց Խեղաթիւրումը
Արցախի արեւելեան սահմանային գօտիին վրայ ազերիական իրերայաջորդ եւ կազմակերպ յարձակումները կը շարունակուէին, իսկ հայ ազատամարտիկներ արժանի հակահարուած կու տային նախայարձակ ուժերուն:
Ազերիական հրետանին կը շարունակէր ռմբակոծել Ստեփանակերտն ու յարակից գօտին, Ասկերանը, Շահումեանի գիւղերը եւ Մարտունին:
«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Ազրպէյճանի ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները տարբեր լեզուներ կը խօսէին Պաքուի եւ այլ երկիրներու մէջ: Պաքուէն, յայտնապէս յենելով Թուրքիոյ չյայտարարուած բայց բացայայտ զօրակցութեան վրայ, անոնք քողարկուած սպառնալիքներ կ՛ուղղէին Հայաստանի, իսկ այլ երկիրներու մէջ, անոնք պատրաստակամութիւն կը յայտնէին ընդառաջելու խաղաղարար որեւէ նախաձեռնութեան եւ կ՛ըսէին, թէ իրենք անմիջական զինադուլ կը պահանջէին: Անոնց հրետանին, սակայն, կը խօսէր միայն մէկ լեզու` հայկական գիւղերու հետեւողական ռմբակոծման լեզուն:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով, որ հայկական կողմը, Երեւանի մէջ թէ այլուր, կը խօսէր նոյն լեզուով. անիկա կը պահանջէր անմիջական զինադուլ, քաղաքական լուծում եւ բուն իրաւատիրոջ` արցախցիներուն մասնակցութիւնը խաղաղութեան բանակցութեանց. Պաքուի վարիչները կը փորձէին կոյր ձեւանալ վերջին պահանջին հիմը կազմող իրականութեան վրայ եւ կը ձայնակցէին Թուրքիոյ, Արցախը նկատելով վերջնականապէս ազերիական:
***
Ազերի թշնամիներու կողմէ պաշարուած Լեռնային Ղարաբաղի գոյութիւնը կախեալ էր Երեւանէն ստեղծուած չափազանց վտանգաւոր օդային կապէն:
Հայ օդաչուները թռիչք առնելէ առաջ հրաժեշտ կու տային իրենց զաւակներուն եւ հարազատներուն, առանց գիտնալու թէ զանոնք դարձեալ պիտի կարենա՞ն տեսնել կամ ոչ:
Ազերիները անոնց վրայ կրակոցներու եւ հրթիռներու տարափ մը կը տեղացնէին. անոնք նոյնիսկ ուղղաթիռներով կը հալածէին հայ օդաչուները:
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ուղղաթիռներու վեց էջուղիներ կային: Ուղղաթիռները Երեւանէն իրենց հետ կը տանէին սննդեղէն, դեղորայք, հագուստներ եւ վառելանիւթ, իսկ Արցախէն Երեւան կը փոխադրէին վիրաւորներ:
Օդաչուներէն ոմանք, իբրեւ ուղեկցող, իրենց հետ ունէին նախկին խորհրդային բանակի ուղղաթիռները. չորս քաղաքային ուղղաթիռներու խումբի մը համար երկու գնդացիրներով օժտուած զինուորական ուղղաթիռ մը: Իսկ ուրիշներ վտանգաւոր ուղեւորութեան յանդգնութիւնը կ՛առնէին առանձնաբար:
Ամէնէն ճակատագրական հանգրուանը քսան վայրկեան տեւողութեամբ թռիչքն էր ազերիներու հակակշռած այն հողամասին վրայէն, որ Լեռնային Ղարաբաղը կը բաժնէր Հայաստանէն:
Ամպոտ օդին, օդաչուները ստիպուած էին շատ ցածէն թռչիլ, բան մը, որ կ՛աւելցնէր ազերիներուն ձեռք ձգած գնդացիրներուն ու ցամաքէ-օդ ուսէ արձակուած հրթիռներուն վտանգը:
Թռիչքները շատ անգամ կը յետաձգուէին բախումներուն սաստկացումին պատճառով:
Ստեփանակերտի մէջ ժողովուրդը կ՛ապրէր նկուղներու մէջ. ուտելիք գրեթէ չունէին, իսկ իբրեւ ըմպելի ջուր կ՛օգտագործէին տանիքը աւազաններուն մէջ ամբարուած ջուրը: Անվնաս մնացած տուն չկար քաղաքին մէջ եւ շէնքերուն մեծամասնութիւնը ռմբակոծումներուն պատճառով աւերուած էր:
***
Հայկական քոմանտօ մը 12 մարտ 1992-ի առաւօտուն յանդուգն գործողութիւն մը կատարեց Աղտամի մէջ: Հայկական ֆետայական գունդը նախ ռմբակոծեց Աղտամը, ապա յաջողեցաւ պայթեցնել զէնքի այն մթերանոցը, որ ազերիներուն կողմէ գրաւուած էր անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան ուժերէն եւ ահաւոր սպառնալիք մը կը ներկայացնէր Արցախի համար:
Հայկական քոմանտոն, գործողութիւնները կատարելէ ետք վերադարձաւ Արցախ, ազերիական բանակներէն խլելով «Թի. 72» տիպի հրասայլ մը, հինգ զրահապատ կառքեր եւ մեծ քանակութեամբ զինամթերք: Քոմանտոյին նահանջէն ետք, մթերանոցին մէջ պայթումները շարունակուեցան քանի մը ժամ, պատճառելով մեծ հրդեհ մը:
Աղտամի ազերի բնակիչները, սարսափահար, խոյս տուին քաղաքէն, «հայերը կու գան» ըսելով: Անոնցմէ մաս մը ապաստան գտաւ Եւլախի մէջ:
Միւս կողմէ, հայ ազատամարտիկները ազատագրեցին Մարտակերտի շրջանի Ղազանչի գիւղը:
Մարտ 13-ին ազերիները մեծ յարձակում մը գործեցին Մարտակերտի արեւելեան սահմանային գօտիին վրայ, սակայն ետ մղուեցան: Հայկական ուժերը գրաւեցին Փոփրաւէնդը, Մանիքշին ու Սրխաւէնդը: Այսպիսով, Արցախի ամբողջ արեւելեան սահմանագիծը անցաւ հայկական ուժերու հակակշիռին տակ եւ վերածուեցաւ պաշտպանութեան ամուր գիծի:
«Ազդակ» օրին կը գրէր, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կրկին անգամ կը փորձէին խաղաղարարի եւ խաղաղասէրի դիմակներով ներկայանալ աշխարհին, խեղաթիւրուած ձեւով ներկայացնել իրականութիւններն ու դէպքերու հոլովոյթը, մերթ հրապարակ նետելով զինադուլի համաձայնութեան մը լուրը, ապա` բանակցութիւններու մասին լուրեր հրապարակելով:
«Ազդակ» կը նշէր, որ Արցախի պատերազմը կը շարունակուի իր ճամբով, իսկ խաղաղարար նախաձեռնութիւնները` այլ ճամբով մը:
***
«Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան, 18 մարտ 1992-ի թիւով եւ «Արցախեան իրադարձութեանց խեղաթիւրումը պէտք է վերջ գտնէ» խորագիրով ակնարկով կը գրէր, որ միջազգային մամուլն ու լրատու աղբիւրները, կամովին կամ ակամայ, ինկած են ազերիական քարոզչութեան լարած` խեղաթիւրումներու ծուղակին մէջ: Այս քարոզչութեան իր անուղղակի մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Թուրքիա:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով որ քարոզչական ու խեղաթիւրումի արշաւը, այսինքն` դէպքերը շրջուած ձեւով ներկայացնելու արշաւը հասաւ մինչեւ հոն, որ Խոջալուի եւ շրջակայ գիւղերուն դէմ հայ ազատամարտիկներուն մղած ինքնապաշտպանութեան կռիւները ներկայացուեցան իբրեւ ազերի խաղաղ բնակչութեան դէմ «ցեղասպանական արարք»: Միջազգային մամուլը արձագանգ եղաւ Պաքուէն արձակուած ահազանգային այն լուրերուն, ըստ որոնց` հայերը կը պատրաստուին Աղտամի վրայ արշաւել եւ… ազերիները ջարդել:
Մահսէրէճեան կը նշէր, որ վերոյիշեալ վերագրումները արժանի չեն հերքումի, սակայն անհրաժեշտ է կատարել կարգ մը մատնանշումներ:
Արցախի պատերազմը չշղթայազերծուեցաւ հայերու կողմէ. արցախցի հայուն «յանցանքը» այն էր, որ կ՛ուզէր գոյատեւել իր պատմական հայրենիքին մէջ, պահպանել իր լեզուն, մշակոյթը, վայելել մարդկային ամէնէն տարրական իրաւունքները, ենթակայ չմնալ Պաքուի խտրական քաղաքականութեան, որուն նպատակը` Արցախի մէջ երկրորդ Նախիջեւան մը ստեղծելն էր, այսինքն` պատմականօրէն հայկական հողամաս մը պարպել իր հայ բնակիչներէն ու միանգամընդմիշտ իւրացնել զայն:
Մահսէրէճեան կ՛աւելցնէր ըսելով որ Արցախի հայուն այդ «յանցանքը» պատժելու համար, ազերիները գործեցին Սումկայիթի փոկրոմը, ահաբեկեցին եւ բռնի կերպով Պաքուէն տեղահանեցին բազմահարիւր-հազարաւոր հայեր, իւրացուցին անոնց ինչքերը, ահաբեկեցին Գանձակի հայերը եւ զանոնք մատնեցին Պաքուի հայերուն ճակատագրին: Միջազգային խիղճն ու քաղաքական ազդեցիկ աշխարհը պարզապէս դիտեց այդ բոլորը եւ չանցաւ ցաւ կամ դատապարտանքի խօսքեր արտայայտելու սահմանէն անդին:
Մահսէրէճեան հարց կու տար. ո՞վ կրնայ խլել, ո՞վ իրաւունք ունի խլելու հաւաքականութեան մը ապրելո՛ւ, գոյատեւելո՛ւ եւ իր սեփական հողին վրայ իր ճակատագիրը որոշելու կամքը: Արցախցին բազմիցս յայտարարեց ու կրկնեց, թէ միայն մահուան գնով կրնայ հրաժարիլ իր այդ իրաւունքէն, որ այլապէս իրաւունքն է ինքզինք յարգող եւ ինքզինք չլքող ոեւէ ժողովուրդի:
Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով. Խոջալուի եւ անոր հետեւած դէպքերը պարզապէս արդիւնք էին այն վիճակին, որ «դանակը հասած էր ոսկորին»: Կ՛ամ պէտք էր վերցնել չարիքի արմատը` քաղաքային իր բնակիչներէն մեծ մասամբ պարպուած եւ պարզ զօրակայաններու վերածուած ազերիական գիւղերը, եւ կամ` մնալ մահասփիւռ յարձակումներուն առօրեայ խաղալիքը: Արցախի հայուն պարտադրուած բոլոր դժնդակ պայմաններուն պէս, Խոջալուի ճակատամարտը եւս պարտադրուեցաւ: Եւ ատիկա եղաւ ճակատամարտ, ոչ թէ Սումկայիթ, Պաքու կամ «մահուան դաշտեր», ինչպէս փորձեցին ներկայացնել այդ դէպքերը` Պաքու եւ իրեն ձայնակցողները, որոնց սարքած «թակարդ»-ը պարզապէս կը նպատակադրէր խեղդել հայերու պահանջատէր եւ իրաւատէր ձայնը:
Մահսէրէճեան կ՛ընդգծէր ըսելով որ բոլորին, այսինքն` Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ ու անոնց սարքած արշաւներուն ձայնակցողներուն համար պէտք է յստակ ըլլայ մէկ բան. Արցախը պատմականօրէն հայկական հող է: Ոչ ոք կ՛ուրանայ թէ անիկա 1923-ին, բռնատէր Ժոզէֆ Սթալինի այլանդակ հաշիւներուն հիման վրայ, շինծու համաձայնագիրով մը տրուեցաւ Կովկասի մէջ համայնավարութիւնը հիւրընկալող Ազրպէյճանին` իբրեւ վարձատրութիւն:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ Արցախը հայկական է ու պիտի մնայ: Անոր ճակատագիրին եւ դիմագիծին վճռումը, առաջին հերթին, բացարձակ ու անսակարկելի իրաւունքն է անոր բնակիչներուն, որոնք արդէն ժողովրդավարական միջոցներով անկախութիւն յայտարարած են, իսկ Արցախի տագնապին վախճանական լուծումը պիտի ըլլայ այն, որ պիտի ջնջուի 1923-ի շինծու համաձայնագիրը եւ հայկական այդ հողը պիտի վերադառնայ մայր հայրենիքին: Այսքան պարզ:
***
Հայաստան 22 մարտ 1992-ին հիմը դրաւ ազգային բանակին: Զինուորական իշխանութիւնները ստացան երդումը բանակի առաջին կամաւորներուն: Այսպիսով Հայաստան առաջին քայլը կ՛առնէր կազմելու իր ազգային բանակը:
120 կամաւորներ, «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներ կրելով իրենց կուրծքերուն, առանձին-առանձին երդում տուին Եռագոյնին առջեւ, ապա ազգային-յեղափոխական երգերով տողանցք մը կատարեցին:
Պաշտօնական զգեստով քահանայ մը օրհնեց նորագիրները եւ անոնց յիշեցուց թուրքին դէմ 1918-ին մղուած պատմական ճակատամարտերը:
Զինուորները ենթարկուած էին երկու ամսուան նախնական մարզումի: 18 տարեկան այդ երիտասարդ զինուորները դիրքաւորուեցան Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ:
Նորագիրները հագած էին նախկին խորհրդային բանակի համազգեստներ, սակայն իրենց գլխարկներուն վրայ կը կրէին Հայաստանը խորհրդանշող նշան մը: Տողանցքին մասնակցեցաւ երկու փոքր հրասայլ եւ երկու զինուորական փոխադրակառք:
***
Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 25 մարտ 1992-ի նիստին վճռեց հանրապետութեան զինանշանի հարցը:
Իբրեւ զինանշան` ընդունուեցաւ առաջին հանրապետութեան ծանօթ զինանշանը:
Նոյն նիստին վերջնական որոշում տրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սեփական դրամի մասին:
Ազգային դրամը պիտի կոչուէր դրամ, իսկ մանր դրամը` լումա: Մէկ դրամը հաւասար պիտի ըլլար 100 լումայի:
***
Ստեփանակերտ մարտ 29-ին սաստիկ ռմբակոծման ենթարկուեցաւ թնդանօթներով եւ «Կրատ» տիպի հրթիռներով: Ռմբակոծման հետեւանքով ինկան 12 զոհ եւ 30 վիրաւոր:
Ռմբակոծման յաջորդեց զինեալ լայնածիր յարձակում մը: Ազերի շուրջ երկու հազար զինուորներ եւ տասը հրասայլեր մասնակցեցան այդ յարձակումին եւ հասան մինչեւ մայրաքաղաքին ծայրամասը:
Ստեփանակերտի պաշտպան ուժերը ետ մղեցին յարձակումը, ազերի ներխուժողներէն խլելով շուրջ 600 սպաննուած: Յարձակող ուժերը, ստեղծուած խուճապալի կացութեան մէջ, սխալմամբ զիրար սպաննեցին:
Ռմբակոծումներուն պատճառով Ստեփանակերտի օդակայանը գրեթէ անգործածելի դարձաւ:
Իրենց կարգին հայկական ուժերը ռմբակոծեցին Շուշին: Իսկ Շահումեանի շրջանի մէջ վար առին «Մի. 24 Էյ.» տիպի ուղղաթիռ մը, որ կրակ առաւ եւ անկէ հրթիռներ արձակուեցան ամէն կողմ:
Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կոչ ուղղեց ազերի գաղթականներուն, որպէսզի վերադառնան իրենց բնակավայրերը. կոչը իբրեւ օրինակ կը յիշէր թշնամի հայերը, ընդգծելով որ «հայերը քաջ են եւ փախուստ չեն տար առաջին փամփուշտին ձայնը լսելով»:
***
Ազերի մօտաւորապէս հազար զինեալներ, քսան հրասայլերով եւ զրահապատներով ապրիլ 10-ին մեծ յարձակում մը շղթայազերծեցին Մարտակերտի շրջանի Մարաղա գիւղին վրայ եւ մասամբ գրաւեցին զայն:
Ապրիլ 10-էն 11 լուսցող գիշերուան ընթացքին, հայ ազատամարտիկները հակայարձակումի անցան եւ գիւղէն ետ մղեցին նախայարձակ ուժերը, քանդելով չորս զրահապատ եւ երկու թնդանօթ: Զոհուեցաւ երեք ազատամարտիկ: Ազատագրումէն ետք գիւղին մէջ գտնուեցան ազերիներու կողմէ խողխողուած շուրջ 60 հայերու դիակներ: Այնուհետեւ ազերի ուժերը դիրք բռնեցին մօտակայ բլուրներուն վրայ:
Արցախի խորհրդարանի նախագահ Արթիւր Մկրտչեան ապրիլ 14-ին երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ զոհ գնաց ոճրային արարքի մը:
Նոյն օրերուն ազերիներ Շուշիէն անընդհատ կը ռմբակոծէին Ստեփանակերտը եւ կը փորձէին յարձակման անցնիլ Արցախի մայրաքաղաքին դէմ:
Յարձակումներ կը գործուէին նաեւ Հատրութի շրջանին վրայ, իսկ Ֆիզուլիէն կը ռմբակոծուէր Հատրութի շրջանային կեդրոնը:
Ազերիները նոր յարձակում մը փորձեցին նաեւ Մարտակերտի Մարաղա եւ Չայլու գիւղերուն վրայ, սակայն ամուր դիմադրութեան բախելով ետ մղուեցան: Ազերիները մեծ ուժ եւ զէնք կեդրոնացուցին Մարտակերտի եւ Թարթառի շրջաններուն դէմ, մեծ յարձակումի մը պատրաստուելով:
Ստեփանակերտ, Մարտունիի եւ Մարտակերտի գիւղերը, ինչպէս նաեւ` Շահումեանը եւ Ղարաչինարը կը մնային հեռահաս հրթիռներու եւ թնդանօթային ռումբերու թիրախ:
Զինեալ միջադէպեր կ՛արձանագրուէին նաեւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային մէկէ աւելի շրջաններու մէջ: