ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Դ.- Սփիւռք Եւ Խորհրդային Շրջան 1920-1950
Ռուս-թրքական դաւադիր գործակցութեան պատճառով, Հայաստանի Հանրապետութեան փլուզումէն ետք, հայ ժողովուրդին մէկ մասը կ՛արտագաղթէ փաստօրէն երկուքի բաժնուելով սփիւռքի եւ Խորհրդային Հայաստանի: Բնականաբար հայ գրականութիւնն ալ կ՛երկփեղկուի:
Երկու շրջաններու մեր գրողներուն չենք անդրադառնար արդէն իսկ ծանրաբեռնուած այս յօդուածին մէջ: Այս մասին մանրամասնօրէն կարելի է գտնել Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն»-ին (Ա. եւ Բ. հատորներ), Յակոբ Օշականի «Համապատկեր»-ին եւ Պ. Սնապեանի «Երկու սպանդ»-ին մէջ:
դ1.- Սփիւռքահայ սերունդ
Խորհրդանշականօրէն սփիւռքահայ գրականութիւնը կը սկսի, երբ Մեծ եղեռնի ընթացքին, Արաբական անապատներու աւազներուն վրայ, հայ մայրը իր մանկիկին այբ-բեն-գիմը կը սորվեցնէ:
Սփիւռքահայ սերունդը 1920-1950 կ՛իրագործէ հետեւեալ նուաճումները.
ա.- Եղեռնէն փրկուած սերունդը կը պահպանէ գեղապաշտներու իրագործած գեղեցիկ աշխարհաբար լեզուն:
բ.- Կ՛ոգեկոչէ հայրենի կեանքը, գաւառը, բարքը եւ աւանդութիւնը:
գ.- Մշակոյթ կու տայ մեր քերթողութեան:
դ.- Քերթողութիւնը կ՛ենթարկէ նոր հոսանքներու ազդեցութեան:
ե.- Հայրենիքը կը վերածէ ներշնչումի վերնագոյն աղբիւրին:
Վալատ Վալատեան, Հրաչ Զարդարեան, Յ. Ճ. Սիրունի, Գէորգ Կառվարենց, Կարօ Սասունի, Օննիկ Մխիթարեան, Գրիգոր Ճիզմեճեան, Արսէն Երկաթ, Բենիամին Թաշեան, հայր Վահան Սահակեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Շաւարշ Նարդունի, Նշան Պէշիկթաշլեան, Կարօ Մեհեան, Արամ Հայկազ, Սարգիս Սահակեան, Յարութիւն Ֆրենկեան, Նիկողոս Սարաֆեան, Վազգէն Շուշանեան, Սիրան Զարիֆեան, Շահան Շահնուր, Զարեհ Որբունի, Արմէն Անուշ, Վահէ Վահեան, Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, Կարապետ Փոլատեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան, Եղուարդ, Ժաք Յակոբեան, Բիւզանդ Չեքիճեան, Յարութիւն Գեղարդ, Պօղոս Սնապեան եւ ուրիշներ («Դար մը գրականութիւն», 1850-1950, Բ. հատոր, էջ 47, Մինաս Թէօլէօլեան, «Յուսաբեր», տպ. Գահիրէ, 1956):
դ2.- Խորհրդահայ գրականութիւն
Իրողութեան մէջ խորհրդահայ գրականութիւն չէ եղած, այլ` խորհրդային: Խորհրդային գրականութեան ժամանակաշրջանը կը յատկանշուի հիմնական երեք երեւոյթներով.
1.- Աբեղեանական կամ պոլշեւիկեան անուղղայ ուղղագրութիւնը կը պարտադրուի հայերէնին:
2.- Կարգ մը գրողներ Մարքս-Լենին-Ստալին գաղափարախօսութիւնը կը գովաբանեն` ան-որակ գրականութեամբ մը: Խորհրդահայ գրողը, կամաւոր թէ ճնշումի տակ, պէտք է կարենայ համայնավար գաղափարներն ու «բարոյականութիւնը» տարածել խորհրդային ժողովուրդներուն մէջ (Նայիրի Զարեան, Գէորգ Աբով, Հրաչեայ Քոչար եւ այլն):
3.- Ազգայնական գրողներու վերայայտնումը` Եղիշէ Չարենց, Գուրգէն Մահարի, Ակսել Բակունց եւ ուրիշներ, որոնք անլուր չարչարանքներու ենթարկուելով` քաջաբար կը նահատակուին պոլշեւիկներուն մանգաղներով. տեսնել յատկապէս` Պօղոս Սնապեանի «Երկու սպանդ»-ը:
Բ.- Գեղանկարչութիւն
5 յունիս 2015-ին հայ գեղանկարչութեան մասին Օքսֆորտ համալսարանի Օսմանեան ուսումնասիրութեան խմբակը համացանցին վրայ տեղադրած յօդուածի մը մէջ կը ներկայացնէ Օսմանեան կայսրութեան 19-րդ դարու վերջաւորութեան հայ գեղանկարիչներուն աւանդը, ուր կը նկարագրուին հայկական եւ թրքական նիւթեր հաւասարապէս: Խմբակը այս երեւոյթը սեպած է բնական` նկատի ունենալով անոնց ապրած միջավայրը: Մինչ կը խորհինք աւելի հարազատ պէտք է եղած ըլլար ժամանակի Հայ յեղափոխութեան ոգիէն ներշնչուած ազգային բնաբաններու արուեստացումը:
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հաւանաբար ամէնէն նշանաւոր հայ արուեստագէտը վանեցի Փանոս Թերլեմեզեանն (1865-1945) է. Արեւմտահայաստանի անոր գեղանկարներէն մէկը Սիփան լերան գեղանկարն է` Վանայ լիճի Կտուց կղզիէն դիտուած, եւ զանազան պատկերներ` Հայաստանի արօտավայրերու մշակումէն: Հետագային Թերլեմեզեան կը փոխադրուի Խորհրդային Հայաստան, ուր կը շարունակէ իր գեղարուեստական գործը:
Օսմանեան ծանօթ հայ արուեստագէտներէն մէկը նաեւ տրապիզոնցի Արշակ Ֆեթվաճեանն (1866-1947) է. անոր գեղանկարներուն մէջ կը պատկերուին թէ՛ հայկական եւ թէ՛ թրքական նիւթերով նկարներ (վերը յիշուածն է):
Այլ գեղանկարիչի մը` Սիմոն Յակոբեանի (1857-1921) նկարները ազդուած են եւ կը յիշեցնեն պոլսահայ իրապաշտ սերունդի գրողներու` Արփիար Արփիարեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Հրանդի, Երուխանի, Լեւոն Փաշալեանի եւ ուրիշներու գործերը: Այլ անուն մը` արուեստի դասատու Սարգիս Տէր Ազարեան (1865-1915) նկարած է հայ շինականներու պատկերներ, երազային, հայկական գիւղերէ ներշնչուած (Wikipedia.org):
ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻ (Յովհաննէս Այվազեան, 29 յուլիս 1817, 2 մայիս 1900) հայ եւ միջազգային գեղագիտական պատմութեան մէջ կը նկատուի ծովանկարի մեծագոյն ռոմանթիք արուեստագէտը:
Այվազովսքի անձնական ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Ռուսիոյ, Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Վաթսուն տարուան գործունէութեան ընթացքին ստեղծած է շուրջ 6 հազար գեղանկարներ` հանդիսանալով իր ժամանակի ամենաշատ արտադրող արուեստագէտներէն մէկը: Գործերուն մեծամասնութիւնը` ծովանկարներ, սակայն գեղանկարած է նաեւ հայկական բնաբաններ, ճակատամարտերու տեսարաններ եւ դիմանկարներ: Ռուսերը փորձած են Այվազովսքին իւրացնել, ինչպէս թուրքերը, պարսիկներն ու արաբները փորձած են հայ աշուղները սեփականացնել:
Այվազովսքիի գործերուն մեծ մասը պահ դրուած են հայկական, ռուսական եւ ուքրանական թանգարաններու, նաեւ` անձնական հաւաքածոներու մէջ: (http//en.wikipedia.org/wiki/Ivan-Aivazov)
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆ (28 փետրուար 1880 – 5 մայիս 1972) հիմնադրած է հայ ազգային գեղանկարչութեան վարժարանը: Իր առաջին նկարները կը յօրինէ` պատկերելով Մաքրավանքը (1902). Արագածը (1902), Սեւանայ լիճը (1903), «Երեկոն պարտէզին մէջ» (1903), «Հայկական գիւղէն ներս» (1903), որոնք մեծապէս կը ցոլացնեն հայկական տեսարաններ: Ան նաեւ յօրինած է Խորհրդային Հայաստանի զինանշանը:
1926-1928 ապրած եւ աշխատած է Փարիզ, սակայն հոն ստեղծած գործերուն մեծ մասը նաւուն վրայ այրած է` Խորհրդային Միութիւն դառնալու ճանապարհին: Այնուհետեւ, 1928-էն մինչեւ մահ կ՛ապրի Խորհրդային Հայաստան:
Սարեան անդամակցած է Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիային (1956) եւ Խորհրդային Միութեան արուեստի ակադեմիային (1974): Տունը այժմ վերածուած է թանգարանի, ուր հարիւրէ աւելի գործեր կը ցուցադրուին: Թաղուած է Կոմիտաս վարդապետին քով, անոր անուան պանթէոնին մէջ:
Բ.- Երաժշտութիւն
1.- Հայկական երաժշտական գործիքներ
Հայկական երաժշտական գործիքներէն նշանաւոր են Սայաթ Նովայի ներմուծած ՔԱՄԱՆՉԱն, որով ան արտայայտած է իր հոգիին սէրն ու թախիծը: Ապա ծիրանենիով շինուած մեր հոյակապ ՏՈՒՏՈՒԿԸ` մեր երգիչներուն ուրախութիւնն ու մորմոքը արտայայտող: (Տուտուկին ձայնը այնքան խորհրդաւոր է, գեղեցիկ ու թաւշային, որ բառերով չի ձայնաբանուիր):
2.- Հայ երաժշտութիւն
Հայ երաժշտութիւնը 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը ազդուած է եւրոպական երաժշտութեան լինելութեան, կենդանի տեւողութիւնը իրերուն խորը, տարածութենէ դուրս ընդլայնուող տիեզերքի խորքը խորհրդանշող արուեստէն:
Արեւմտահայ եւ արեւելահայ երաժիշտները փորձած են յայտնաբերել մեր ազգային շարժումին եւ արեւմտեան երաժշտութեան զարգացման միջեւ կապ մը: Մէկ կողմէ, անշուշտ, հայ տոհմիկ երգը մեր ժողովուրդին հարազատ կու գայ, միւս կողմէ` զարգացած եւ կազմակերպուած եւրոպական երաժշտութիւնը, որ շատերու համար առինքնող կը թուի: Հայ երաժշտութիւնը կ՛առնէ այն ուղղութիւնը, որ այսօր կայ:
Հայ երաժշտութիւնը, հայկական եկեղեցիին նման, առաջին իսկ ունկնդրութեամբ կը մատնէ հայ երաժշտական անշփոթելի ոճը: Հայ երաժշտութեան մշակոյթին զարգացման նախադրեալը անշուշտ մեր ազգային արժէքներու խոր հասկացողութեամբ ստեղծած պայմաններն են: Այս շրջանին մեր առաջին օփերան կը գրուի երաժիշտ Չուխաճեանի կողմէ: 1918-1950 Հայաստանի անկախ եւ խորհրդային հանրապետութիւններուն, նաեւ սփիւռքի մէջ կը գործեն երաժշտական առաջնակարգ հիմնարկներ, միջնակարգ ու բարձրագոյն երաժշտանոցներ, համանուագային, համերգական ու սենեկային երաժշտութեան համար սքանչելի «համալիրներ»:
Ալեքսանդր Թամանեանի կողմէ նախագծուած պետական օփերան իր ճարտարապետութեամբ նախանձը կը շարժէ եւրոպական որեւէ մեծ մայրաքաղաքի: Խ. Հայաստան թէ սփիւռք` ունեցած ենք երաժշտական, հրատարակչական, յօրինող ու գործադրող երաժշտագէտներու համար կենցաղային յարմարաւէտ պայմաններ: Այս բոլորը կարելիութիւններ հայթայթած են հայ երաժշտութեան ծաղկումին:
Հայ տխուր երգը տրտում է ու թախծոտ, բայց լալկան կամ քրթմնջացող չէ. իսկ հայ ուրախ երգը խանդավառ է եւ ոգեւորիչ, սակայն բռնազբօսիկ կամ թեթեւսոլիկ չէ:
Կոմիտաս Վարդապետ
Սողոմոն Սողոմոնեան (1869-1935)` հայ երաժշտութեան գիւտին փա՛ռքը, հիմնարա՛րը: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց հայկական այբուբենը կերտած է, Ս. Կոմիտասը` հայ երաժշտութիւնը: Կոմիտաս վարդապետ կը նկատուի հայ ազգային երաժշտութեան հիմնադիրը. երաժշտագէտ, երգող, խմբավար, յօրինող, դաշնաւորող: Վարդապետը գնահատուած է իբրեւ ազգագրա-երաժշտութեան ռահվիրաներէն մէկը:
Փոքր տարիքին որբացած` կը ղրկուի Էջմիածին. ուսումը կը ստանայ Գէորգեան ճեմարանին մէջ: 1895-ին վարդապետ ձեռնադրուելէ ետք կը մեկնի Պերլին` ուսումը շարունակելու Ֆրետրիք Ուիլիըմ համալսարանին մէջ: Իր ստացած արեւմտեան երաժշտական կրթութիւնը կը գործածէ կառուցելու հայ ազգային աւանդութիւնը (վերը նշած ենք այս մասին): Հաւաքած եւ մշակած է աւելի քան 3 հազար տոհմիկ երգեր, որոնցմէ փրկուած են շուրջ 1200-ը միայն, վատահամբաւ թուրք ոճրագործներու կողմէ այրուելէ ետք: (https://en.m.wikipedia.org/wiki/komitas )
1904-ին Կոմիտաս վարդապետ, հայ տոհմիկ երգերուն կողքին, դաշնաւորած եւ հրատարակած է նաեւ քրտական ժողովրդային երգեր. սակայն ո՛չ մէկ իմաստակ համարձակած է Սուրբ Վարդապետը սեփականացնել:
Վարդապետը, փախչելով Էջմիածնի պահպանողական կրօնաւորներէն, 1910-ին կը հաստատուի Պոլիս եւ հայ տոհմիկ երաժշտութիւնը կը ծանօթացնէ աւելի մեծ թիւով ունկնդիրներու: Պոլսահայութիւնը գրկաբաց կ՛ընդունի զայն իբրեւ հայ երաժշտութեան փրկարար:
Կոմիտասի 300 անհատներէ բաղկացած երգչախումբը շրջած է բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ` արժանանալով գնահատանքներու եւ մրցանակներու, որոնց կարգին` Քլոտ Տեպուսիի:
Մեծ եղեռնի ժամանակ, ի տես հայ ժողովուրդի ապրած արհաւիրքներուն եւ իր ընկերներուն` Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Գրիգոր Զօհրապի եւ Ռուբէն Սեւակի ձերբակալութիւններուն եւ ի լուր անոնց անծանօթ վայրերու եւ գազանային կամ թրքաոճ սպանութիւններուն, հայ երաժշտութեան հանճարը ջիղերու խիստ խանգարում կ՛ունենայ, անգլերէնով` posttraumatic stress disorder (PTSD): Նախ զինք կը տեղաւորեն թրքական զինուորական հիւանդանոցի մը մէջ, ապա` 1919-ին կը փոխադրեն հոգեբուժարան մը` Փարիզ: Կեանքի վերջին տարիները կ՛անցընէ հոգեկան ծանր ճնշումներու տակ` առանց ճանչնալու իր այցելուները, ի վերջոյ հոգեվարքի մէջ մտնելով` հայ երաժշտութեան հանճարեղ հոգին կ՛աւանդէ:
Երբ Պոլսոյ մէջ Վարդապետը առաջին անգամ բեմ կը հանէ իր երգչախումբը, ժողովուրդին մէջ կ՛արթննայ հայ ազգային ոգին: Հայ կրօնական երաժշտութիւնը ձայնեղէն մէկ պատկերն է մեր ճարտարապետութեան, նոյն տարօրինակ վսեմութեամբ («Գեղագիտութիւն եւ գեղարուեստ», էջ 254, Շահան Պէրպէրեան, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1975):
Կոմիտաս հայ երաժշտութեան տեսաբանն է` անգերազանցելի միտքով: Այս կարողութեամբ ուսումնասիրած է հայ երգին մասնայատկութիւնը` յարաբերաբար ուրիշ երաժշտութիւններու: Տեսանող մը, որ յայտնաբերած է հայ երաժշտութեան իսկութիւնը: Ան իր երաժշտական կեանքի ընթացքին միտքը ի սպաս դրած է ժողովրդական եւ կրօնական երգերու դաշնաւորման. Կոմիտասի պարագային դաշնաւորումը համազօր է յօրինումի. սեփական գործ չունի, թերեւս մտադրած էր կատարելու, բայց ժամանակ չէ ունեցած…
Կոմիտաս Մեծ եղեռնի նահատակութեան խորհրդանիշը կը նկատուի:
Արամ Խաչատուրեան (1903-1978)
Արամ Խաչատուրեան հայ երաժշտութիւնը փոխադրած է համանուագային ծիր, եւ` համանուագային այնպիսի գործերով, որոնք մեր հայրենիքէն դուրս ելած ու նուաճած են համաշխարհային երաժշտական ասպարէզ: Անոր համանուագային գործերը յաղթական կատարուած են Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մեծ նուագահանդէսներուն եւ արժանացած` միջազգային երաժշտական գնահատութեանց:
Մանկութեան իր սիրած խաղերէն մէկը տան ձեղնայարկը քաշուիլ եւ փայտիկով մը կուժի մը վրայ զարնելով` տարբեր կշռոյթներ ստեղծել եւ ուրախանալ է եղած: 1921-ին կը մեկնի Մոսկուա` ուսողութեան եւ բնագիտութեան ճիւղերուն հետեւելու: Սակայն տակաւին երաժշտական նոթերուն անծանօթ` կը մտնէ Կնեսսին երաժշտական հիմնարկ, ապա կ՛անցնի Մոսկուայի երաժշտանոց եւ կ՛աշակերտէ Նիքոլայ Միասքովսքիի եւ ուրիշներու: Կը վկայուի 1936-ին:
Խաչատուրեանի առաջին գլխաւոր գործը «Դաշնակի յարմարանուագ»-ը (concerto) իր անունը կը ժողովրդականացնէ Խորհրդային Միութեան մէջ եւ անկէ դուրս. անոր կը հետեւին «Ջութակի յարմարանուագ»-ը (1940), եւ «Թաւջութակի յարմարանուագ»-ը (1946): Իր նշանակալից գործերը կ՛ընդգրկեն. Masquerade Suite (1941), Խորհրդային Հայաստանի քայլերգը (1944), երեք համանուագները (1935, 1943, 1947): Խաչատուրեան ամէնէն աւելի ճանչցուած է, սակայն, իր երկու թատերապարերով «Գայեանէ» (1942) եւ «Սպարտակ» (1954): «Գայեանէ»-էն առնուած անոր ամէնէն ժողովրդական կտորը «Սուրերու պար»-ն է, որ լայնօրէն ճանչցուած է իբրեւ ժողովրդային մշակոյթ. ինչպէս նաեւ կը կիրարկուի բազմաթիւ միջազգային երաժիշտներու կողմէ: Իր ոճը կը յատկանշուի հրապուրիչ կշռոյթներով, գունագեղ երաժշտականութեամբ, գեղագիտութեամբ, անմիջականութեամբ, եւ զգայապաշտ մեղեդիներով (https://en.m.wikipedia.org/wiki/Aram-Khachatourian):
Գերմանական եւ ռուսական երաժշտութիւնները Արամ Խաչատուրեանի երաժշտական մշակումին ապահոված են բարձր ճաշակ, սակայն ան չի դադրիր ունենալէ իր ինքնատիպ նախասիրութիւնները: Անոր գործերը միաժամանակ ունին դասական-արդիական եւ ազգային-անձնական ոճ մը:
Խաչատուրեանի միտքն ու ոգին կը մշակեն բուն հայկական երաժշտութիւն մը, աւելի քան` արեւմտեան. այդ ոգին կը սիրէ` զուսպը, յստակը, սեղմօրէն հիւսուածը, մինչդեռ արեւելեանը կը նախընտրէ` փարթամը, զարդարումը, մթամածն ու անորոշը: Հոս տեղը չէ աւելի մասնագիտականօրէն ներկայացնել անոր հոգենիւթը, ալլեկրոն, սքետցոն եւ անտանթէն («Գեղագիտութիւն եւ գեղարուեստ», էջ 279, Շահան Պէրպէրեան):
Երաժշտութիւնը ֆիզիքական բան մը չէ, թէեւ իրաւ է որ մթնոլորտէն կու գան զայն կազմելու կոչուած տարրերը. հոգիներու մէջ միայն, կը կառուցուի երաժշտութիւնը, որովհետեւ, անոնք միայն կրնան բռնել ամէն ակնթարթի չքացող ձայները, անոնցմէ կազմելու համար երաժշտութեան ձայնեղէն ճարտարապետութեան ոգին, ու անկէ ալ անդին` հայ ցեղին երաժշտական հանճարը («Գեղագիտութիւն եւ գեղարուեստ», էջ 281, Շ. Պէրպէրեան):
Խաչատուրեան կը համարուի հայ երաժշտութեան ազգային գանձը:
Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1921)
Հայ երաժշտութեան յօրինող, խմբավար եւ հիմնադիր ազգային համանուագային երաժշտութեան` հայ նահապետական դասական հենքին վրայ (https//en.m.wikipedia.org/wiki/Alexander-Spendiarian):
Սպենդիարեանի երաժշտական արուեստը կը յատկանշուի մեղեդային եւ կշռութաւոր հարստութեամբ, հարմոնիք եւ նուագախմբային արտայայտչամիջոցներու ցայտունութեամբ, ազգային բնորոշութեամբ, բանաստեղծականութեամբ եւ քնարականութեամբ («Հայկական սովետական հանրագիտարան», հատոր 11, էջ 65, 1985, Երեւան):
1924-ին Սպենդիարեանի ստեղծագործութիւնը կը հասնի իր ծաղկումի բարձրութեան: Կ՛աւարտէ հերոսական եւ հայրենասիրական «Ալմաստ» օփերայի յօրինումը` Յովհաննէս Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» քերթուածին հիման վրայ. «Ալմաստ»-ին մէջ ակնյայտ է իր ազգային ինքնատպութիւնը` խմբերգներով եւ պարերով յագեցուած:
Երեւանի մէջ հաստատուած է Ա. Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը. իր անունը կը կրէ Օփերայի եւ պալէի պետական ակադեմական թատրոնը. հրատարակուած է 11 հատորնոց իր երկերու լիակատար ժողովածուն (նոյն, էջ 65):
Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967)
Բարսեղ Կանաչեան հայ երաժշտութեան քերականագէտն է: Այսինքն, ինչպէս արհեստաւոր մը, որ ամէն առաւօտ կ՛երթայ իր գործին եւ կը շարունակէ նախապէս նո՛յն տեղէն, ուրկէ կէս ձգած էր աշխատանքը: Նոյն ձեւով, Կանաչեան, երբ աւարտած կ՛ըլլայ սոնաթը կամ թրիոն, գիտէ, որ հիմա պէտք է գրէ քուաթիոր մը, անոր ետեւէն կու գայ քենտետը (նոյն, էջ 281): Սակայն, եթէ այս ընթացքը այսպէս շարունակուի, կրնայ պատահիլ, որ երաժշտութեան մէջ քանակը արժեւորուի, աւելի քան` որակը:
Այսուհանդերձ, Բարսեղ Կանաչեան, անսալով հայ ազգային մշակոյթի կանչին, քերականութենէն անդին անցնելով, որակին ալ անհրաժեշտ կարեւորութիւն տալով` կը մշակէ իսկական հայ երաժշտութիւն: Իրաւացիօրէն, Կանաչեանի տաղանդը, դաշնագիտական (harmony) եւ արուեստագիտական իմաստուն մասնագիտութեամբ մը որակը արժեւորած է իր յօրինումներուն մէջ (նոյն, էջ 282):
10 դեկտեմբեր 1910-ին կը ծանօթանայ Մեծն Կոմիտասին. երեք տարի կ՛աշակերտէ անոր` ծաղկելու հայ երաժշտութեան ոգիին ու կազմելու այսպէս իր ճաշակն ու իտէալը: Կանաչեան կը յօրինէ աննման կշռոյթով «Յառաջ նահատակ»-ը, որ սկիզբը հայ կամաւորական գունդերուն քայլերգը կ՛ըլլայ, ապա` ՀՄԸՄ-ի: Իսկ Պոլսոյ մէջ կը դաշնաւորէ շարք մը ազգային երգեր. «Բամբ որոտան», «Մեր հայրենիք», «Լուսին չկար», «Յառաջ ընթանանք», «Ես լսեցի մի անուշ ձայն», «Ահա ելաւ լուսին», «Ծիծեռնակ»:
Հետագային կը դաշնաւորէ նշանաւոր «Օրօր»-ը, «Ուռենի»-ն. այս շարքէն պէտք է յիշել նաեւ` «Ծով աչեր»-ը, «Ալ վարդի երազ»-ը, «Ցայգերգ»-ը, Շահազիզի բառերուն վրայ «Սիրուն պատկեր պարզ գիշեր»-ը: Բոլորին մէջ Կանաչեանի մեղեդիական արուեստը կը յայտնուի նուրբ ու յաճախ քնքուշ զգացումով ներթափանց (նոյն, էջ 283):
1922-էն ետք Բարսեղ Կանաչեան Փարիզի մէջ հետեւած է Լընոռմանի դասընթացներուն եւ ապա` Ռիմսքի Քորսաքովի դաշնագիտութեան դասընթացքին: Այս ուսումնառութիւններով ամբողջական հասունացումը զինք կը մղեն զուտ երգչախումբի համար կտորներ յօրինելու. ասիկա կը նպաստէ հայ համերգային զարգացումը բարձր մակարդակի հասցնելու: Այնուհետեւ համերգներ կու տայ` Եգիպտոսի, Կիպրոսի, Հալէպի եւ վերջապէս Պէյրութի մէջ:
Կանաչեան հայ համերգային երաժշտութեան գեղեցիկ յօրինումներու շարք մը «Կամներգ»-ը, Մատթէոս Զարիֆեանի «Խենթ»-ը, «Տալիլօ»-ն, «Հոյ նար»-ը, «Լուսնակն ելաւ»-ը: Վերջապէս, Կանաչեան յօրինած է իր կոթողային գործը «Նանոր»-ը, որ ժողովրդական ուխտագնացութիւն է դէպի հայրենիք բնութիւնը` Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետը: «Նանոր»-ը խոր զգացմունքային է, տրամադրութիւնների ցայտուն հակադրութիւններով, ազատ նպատակակէտ զարգացումով, լարուածութեամբ յագեցած, վառ պատկերաւոր ու կուռ բովանդակալի եւ դարձել է հայ դասական խմբերգային («Հայկական սովետական հանրագիտարան», Ե. հատոր, էջ 235, Երեւան, 1979):
Բարսեղ Կանաչեան մշակած է շուրջ 20 խմբերգ, 10 դաշնամուրով մեներգ եւ 20 մանկական երգեր. իր հայ երաժշտական բազմակողմանի գործունէութեամբ լաւագոյն երախտիքի արժանի է:
(Շար. 6)