ՇԱՆԹ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ
Դ.- Պարարուեստ
1.- Պարարուեստը հին դարերուն
Յոյն դասական ողբերգութիւններուն երաժշտական գործերը ներկայացուած են պարարուեստով` հեթանոսական տաճարներուն մէջ: Եսքիլէս, Եւրիպիդէս, Սոփոկլէս բանաստեղծներ ու երաժիշտներ չեղան միայն, այլեւ` պարադրողներ («Գեղագիտութիւն եւ գեղարուեստ», էջ 349, Շահան Պէրպէրեան, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1975):
Իմաստուն Սոկրատը, աշխարհակալ Ալեքսանդրը եւ իտէալական Պղատոնը դասական ներկայացումներուն մէջ պարին յատուկ տեղ տուած են: Մինչեւ 7-րդ դար եկեղեցին կը շարունակէ տաճարներուն պարային աւանդութիւնը: Ապա, հոգին մարմինէն անջատելու քրիստոնէական նախանձախնդրութեամբ, կը փորձէ պարարուեստը արտաքսել եկեղեցիէն: Անշուշտ ո՛չ բոլորովին, քանի որ պարը չէր կրնար հիմնովին անջատուիլ արարողութենէն: Աւելի՛ն. արարողութիւնը խօսք ու երաժշտութիւն ըլլալով հանդերձ, շարժուձեւ կը մնար, ծանր ու ոճաւորուած շարժուձեւ (նոյն, էջ 350):
Ուրեմն, պարը տակաւին կը մնայ կրօնական ժեսթերու ձեւին մէջ (օր. թափօրներու), հին պարային երաժշտութեան կշռոյթին վրայ: Բայց կորսնցուցած էր այլեւս իր անունը, իր շեշտուած կերպարանքը: Կը մնար հոն իբրեւ պարզ դերակատար մը, կրօնին յարգի մնացած միւս արուեստներու կողքին (նոյն, էջ 350):
Հետզհետէ այս մեծ պարարուեստը կը կորսնցնէ իր կրօնական բնոյթն ու կը դառնայ աշխարհիկ: Իտալական Վերածնունդի օրերուն այլեւս պարը ընկերային հաւաքոյթներու ընթացքին կը վերածուի ուրախացնող ժամանցի` պալէի ձեւով սոսկ աչքի հաճոյքի պարարուեստի չարդարացուած կորուստով մը: Ահա այս պայմաններուն մէջ կը յայտնուի փրկարար արուեստագիտուհի մը` Իզատոռա Տընքանը:
Տընքան պալէ կը պարէ, եւ ժողովուրդը խուռներամ կը վազէ մերկ սրունքներով պարուհին դիտելու: Սակայն Տընքան տեղ մը կը գրէ` «Մերկ սրունքներու կրօնական զգացումը ունէի ես»: Փաստօրէն սովորական պալէ մը չէ պարածը: Անիկա վերստին հագած է հին յունական դասական պարեգօտը: Տընքան ուրիշ յատկանշական երեւոյթ մըն ալ կը կատարէ, երաժշտական թեթեւ կտորներու փոխարէն` կը ներմուծէ Պախի եւ Պեթհովենի որակաւոր էջերէն բաժիններ (նոյն, էջ 351):
Ռուսերը մասամբ ազդուած Տընքանէն եւ իրենց ինքնատիպ նկարագրին շնորհիւ` պալէ պարը կը հասցնեն արուեստի նոր մակարդակի:
Պարարուեստի այս նախաբանը կը կատարենք արդարացնելու համար այն հանրածանօթ խօսքը, թէ արուեստը մէկ է եւ իր տեսակները` հազար: Կարելի է նաեւ զայն մասամբ սկիզբը համարել հայ պարարուեստի ներկայացումին:
2.- Հայ պարարուեստը
1850-1950 դարաշրջանին հայ մշակոյթը զարգացման վերելք ունեցած է: Պարարուեստը անմասն չէ մնացած այս զարգացումէն, վերելքէն:
Հայաստանի ժողովրդական երգի ու պարի համոյթը ղեկավարած եւ պարադրած են Թաթուլ Ալթունեան, էդուարդ Մանուկեան եւ Ալ. Ալեքսանդրեան:
Հայ ազգային պարի օրինակ մը կարելի է ներկայացնել հետեւեալ կերպով.
– Հայաստանի բնութեան մէջ, սլացիկ բարտիներու սիւնաշարքի մը առջեւ, հայ աղջիկներն ու կիները ճաշակաւոր ժողովրդական տարազ կարուած, քնքշութեամբ, պարզութեամբ, համեստ զգաստութեամբ, ազնուական նկարագրով, գրեթէ անզգալի քայլերով կը սահին (կը պարեն), տաքուկ-հայկական երաժշտութեան մը խորապատկերին առջեւ:
– Հայ պարարուեստին մէջ յատուկ տեղ ունի հայ աղջկան հեզաճկուն նազպարը` գեղեցիկ պարային արուեստի կշռոյթով մը: Մինչեւ դաստակները գոց թեւերը, ձեռքերը, մինչեւ մատներուն պիրկ ծայրերը եւ մարմնի հեզասահ շարժուձեւերը կը մատնեն հայ պարին հեթանոսական արուեստացումը:
– Ինչպէ՞ս Եղիշէ Չարենցին հետ չերգել.
Արնանման ծաղիկների ու վարդերի բոյրը վառման
Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պարն եմ սիրում:
Ե.- Քանդակագործութիւն
Ըստ երեւոյթին, հայկական քանդակագործութիւնը եօթը արուեստներուն մէջ ամէնէն քիչ ուսումնասիրուածն է: Հեթանոսական քանդակագործութիւնը, որ կոթողային ոճով եղած է (վերը յիշուած Արամազդի, Աստղիկի, Վահագնի, Անահիտի արձանները), ապա քրիստոնէական խաչքարագործութիւնը մեր մշակութային քանդակագործութեան խարիսխը կը դնէ: Յետոյ, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Ջաւախք ու Նախիջեւան, մինչեւ սփիւռքի հեռաւոր քաղաքները հայ քանդակագործները քարերը կը վերածեն խաչքարներու:
Համաձայն Շ. Պէրպէրեանի, հայ քանդակագործութեան ոճը հետեւեալ մնայուն յատկանիշներով կը ներկայանայ.
1.- Առաջին յատկանիշը իմացական, գրեթէ չափագիտական կերտողութիւնն է: Հայ քանդակագործը` բնութեան տպաւորութիւններու իրապաշտ արձանագրող մը ըլլալէ հեռու, իր իմացականութենէն եկող թելադրութիւններուն համեմատ զարդական կերպարներու ստեղծիչն է մանաւանդ:
2.- Երկրորդ յատկանիշը համադրողականութիւնն է. բուսային, կենդանական եւ մարդկային կերպարներու իրագործման մէջ համադրական մօտեցում մը կը տեսնուի: Հարթ կամ ցցազանգուած, բայց միշտ ժուժկալօրէն համադրական կերպարանքներ կը ներկայացնեն հայ պատկերաքանդակները առհասարակ` յաջողելով այնուամենայնիւ կենդանացնել իրենց խորքին նորմը (նոյն, էջ 838)` օրինակ` Անիի պարիսպներուն առիւծը, Աղթամարի եկեղեցիին զարդագօտիին տակ կենդանական ցցուն գլուխները, Այրիվանքի վիմափոր եկեղեցիին ներս իր մագիլներուն մէջ գառնուկ մը ունեցող արծիւը համադրողական ոճի ապացոյց են:
3.- Երրորդ յատկանիշը հայ պատկերաքանդակներու արուեստին յատուկ տեսակ մը օրէնքներու փոփոխութեան-համեմատութեան մէջ կը կայանայ (արտօրինութիւն): Յոյն քանդակագործներու եւ եգիպտացի արձանագործներու, զուտ կանոնական որդեգրումին հակառակ, հայկական կենդանական թէ մարդկային պատկերաքանդակները ճարտարապետական զարդարման դեր մը ունին:
4.- Չորրորդ յատկանիշը հայ քանդակագործութեան ոճին կը վերաբերի ատաղձին` նիւթեղէնը ձեւաւորելու կամ կերպաւորելու արուեստին: Նախ շեշտը կը դրուի բոլոր` զանգուած թէ ցցաքանդակ կամ հարթաքանդակ պատկերաւորման մէջ ներկայացուած մարմիններու կիսադէմերուն վրայ, այսինքն` քանդակագործուած ծաւալներուն շրջագիծերուն վրայ, հետամուտ ըլլալով անոնց մէկ ներդաշնակ գծաւորումը ունենալու (նոյն, էջ 385):
Այս բոլորին կը հետեւի «լոյս-ստուեր»-ի երեւոյթը: Երկրաչափական ու ձեռարուեստային կերպարներով զարդաքանդակներուն մէջ կիրարկուած է մասնաւորաբար լոյս-ստուերի հակադիր արժէքներով աշխատուածքը (նոյն, էջ 385): Հոս, ազդեցութիւնը կ՛ըլլայ այս ձեւով. զարդական գիծերը յառաջ կը բերուին լոյսի հարթ մակարդակի մը վրայ ստուերի խոռոչներով. լաւագոյն օրինակը այս մասնագիտութեան` մեր խաչքարն է: Էջմիածնի թանգարանին թագագլուխ սիռենա-թռչուններով խոյակը ուրի՛շ գլուխ-գործոց մըն է այդ աշխատուածքէն (նոյն, էջ 385):
Այս բաժինը համառօտելու համար պէտք է աւելցնել, որ հայկական քանդակագործութեան ոճը իր նկարագրով համազօր է հայկական ճարտարապետութեան: Այս ճարտարապետութիւնը զանգուածային (massive) քարի ճարտարապետութիւն է: Մինչ բիւզանդականը աղիւսը ճարտարապետութիւն ըլլալով, կրածեփ կամ խճաքարերուն զարդաւորման մէջ, անոնց ճարտարապետական ոգիին հաւատարիմ մնալով` զայն քանդակով ծաղկեցուցած է:
Պուռտել հայ քանդակագործութեան մասին Ա. Չոպանեանին ուղղած իր նամակին մէջ գրած է. «Ահա՛ ամենամեծ արուեստը, ծաղկիլ` առանց ըսելու, տալ` առանց աղաղակելու, ծաղկիլ` բուրումնաւէտելու համար աւիշը. ահա՛ օրէնքը ձեր հայկական արուեստին (նոյն, էջ 391)»:
Զ.- Ճարտարապետութիւն
Յօդուածին առաջին բաժինին մէջ արդէն յիշատակած ենք հայկական ճարտարապետութեան երեք կարգերը եւ յատկանիշները: 20-րդ դարու առաջին կէսին երկու նշանաւոր ճարտարապետներու անուններ կ՛առանձնանան` Ալեքսանդր Թամանեան եւ Թորոս Թորամանեան:
Ալեքսանդր Թամանեան հեղինակն է Երեւանի գլխաւոր յատակագիծին, կառավարութեան շէնքին, համաշխարհային չափանիշով Օփերայի թատրոնին: Օփերայի շէնքի առանձնայատկութիւնը բեմի հակադիր կողմերուն երկու դահլիճներ տեղադրելու գաղափարն է: Անոր նախագիծը արժանացած է մեծ ոսկէ մետալին` Փարիզի համաշխարհային ցուցահանդէսին, 1937 թուականին: Հայկական ճարտարապետութեան ծաւալա-տարածական առանձնայատկութիւնները, մանրամասների անկրկնելիութեան եւ բազմազանութեան սկզբունքը, կառուցուածքի եւ զարդաքանդակի փոխադարձ կապի բնորոշ իւրօրինակութիւնը նոր որակ են ստացել Թամանեանի կառուցած շէնքերում («Հայկական սովետական հանրագիտարան, 4-րդ հատոր, էջ 134): Անոր ազդեցութեամբ ստեղծուած է դպրոց, որ իր անունով կոչուած է Թամանեանական:
Թորոս Թորամանեան կը նկատուի հայկական ճարտարապետութեան գիտական ուսումնասիրութեան հիմնադիրը: 1905-ին կը պատրաստէ Զուարթնոցի վերակազմութեան նախագիծը եւ 1907-ին կ՛ուսումնասիրէ Անիի եկեղեցիներուն ճարտարապետական կառոյցները: 1917-1920 գաղթի տարիներուն Թորոս Թորամանեան կը կորսնցնէ իր արխիւը, սակայն իր շնորհիւ հայկական ճարտարապետութիւնը միջազգային ճանաչում կը ստանայ որպէս ինքնուրոյն ճարտարապետական ոճ (նոյն, էջ 204):
X.- Եզրակացութիւն Եւ Առաջադրանք
Ա. Հայ մշակոյթը խարսխուած է երեք հիմերու վրայ. հայրենիք, հայկական եկեղեցի եւ հայ լեզու: Հայրենիքը հայ մշակոյթի տունն է` օրրանը. հայկական եկեղեցին հայ մշակոյթը դէպի նախախնամութիւն կը բարձրացնէ եւ պահպանելով զայն` սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ. հայ լեզուն հայ մշակոյթին առանցքը կը կազմէ: Հայ գրականութիւնը հիմնազարգացուած է մեր սուրբ գիտնականին` Մեսրոպ Մաշտոցին կողմէ: Խ. Աբովեան իր «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ գրած է. «Ձեզ եմ ասում, ձեզ` հայոց նորահաս երիտասարդք, ձեր արեւու ղուրպան, տասը լեզու սովորեցէք, ձեր լեզուն, ձեր հաւատքը ղայիմ բռնեցէք» («Արդի հայ գրականութիւն», Ա. հատոր, էջ 241, Մուշեղ Իշխան. տպ. Համազգային, Պէյրութ):
Բ. Հայ ժողովուրդը մշակութաստեղծ ազգ է: Հազիւ երկրին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի` կը կերտէ մշակոյթի աւագ եւ կրտսեր արուեստները: Իսկ եթէ պատերազմ պարտադրուի, խիզախօրէ՛ն կը կռուի հայրենիքի ֆիզիքական ու մշակոյթի պաշտպանութեան ի խնդիր` ռազմական արուեստը բարձրացնելով մշակութային մակարդակի:
1.- Հայաստան հեթանոսութեան ժամանակաշրջանէն մինչեւ օսմանեան տիրակալութիւն` ենթարկուած բազմաթիւ արշաւանքներու` հռոմէական, պարսկական, բիւզանդական, արաբական, թուրանական (սելճուքեան-մոնկոլեան), մեր ժողովուրդի պիտանի զաւակները յաջողած են յօրինել եւ արտադրել գեղարուեստական գործեր` ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելով եւ հարստացնելով հայ մշակոյթի ոսկիէ գանձանակը:
2.- Հայ ազգի արուեստագէտները ստեղծած են հեթանոսական տաճարներ, մեհեաններ, քանդակած են հին աստուածներու կուռքեր, նախաքրիստոնէական բանահիւսութիւն, հայկական եկեղեցիներ, մատենագրութիւն (պատմութիւն, իմաստասիրութիւն, աստղագիտութիւն, ուսողութիւն), խաչքարագործութիւն, երաժշտութիւն, գեղանկարչութիւն, (զարթօնքի, իրապաշտ եւ գեղապաշտ) սերունդներու գրականութիւն:
3.- Մեր մշակոյթի գործիչները` Տիր, Մեսրոպ Մաշտոց, ոսկեդարու թարգմանիչներ, Դաւիթ Անյաղթ, Ներսէս Շնորհալի, Անանիա Շիրակացի, Գրիգոր Նարեկացի, միջնադարեան տաղերգուներ, աշուղներ, Մխիթարեան միաբանութիւն, Րաֆֆի, Դանիէլ Վարուժան, Եղիշէ Չարենց, Կոմիտաս, Սարեան, Այվազովսքի, Արամ Խաչատուրեան եւ շա՜տ ու շա՛տ հայ ազգի արուեստի այլեւ գիտութեան արժանաւոր արուեստագէտները հայ մշակոյթին տուած են քաղաքակրթական որակ:
4.- Հայ գրականութեան զարթօնքի, իրապաշտ եւ գեղապաշտ շրջաններէն իւրաքանչիւրը տուած է մէկ կին գրող` յաջորդաբար Սրբուհի Տիւսաբ, Սիպիլ եւ Զապէլ Եսայեան: Տիւսաբ անզիջող պայքար մղած է իգական սեռի իրաւունքներուն ի խնդիր, Սիպիլ որոշ չափով շարունակած է անոր գործը. իսկ Զապէլ Եսայեան գիրով եւ գործով պայքարած է հայ կինը ընկերային եւ ազգային կեանքին մասնակից դարձնելու համար: Յ. Օշական արդարօրէն Զ. Եսայեանը հռչակած է «Արեւմտահայ վէպին ամէնէն մեծ դէմքերէն մէկը, եթէ ոչ` ամէնէն մեծը» («Արդի հայ գրականութիւն», Գ. հատոր, էջ 98, Մուշեղ Իշխան, տպ. Համազգային, Պէյրութ, 1975):
5.- Մեր գրողներուն համեմատաբար մեծ մասը կանուխ մահացած է` թոքախտի եւ երկու սպանդներուն (առաջինը` 1915 ապրիլին թուրք բռնակալութեան եւ երկրորդը` 1937 ապրիլին ստալինականութեան) պատճառներով («Երկու սպանդ», Պօղոս Սնապեան, Համազգային տպարան, Պէյրութ, 2008): Յաճախ մենք մեզի հարցուցած ենք, որ եթէ Պետրոս Դուրեանը, Միսաք Մեծարենցը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթոն, Եղիշէ Չարենցը, Ակսէլ Բակունցը եւ շատ ուրիշներ աւելի երկար ապրած ըլլան, տակաւին ի՜նչ ինչ գործեր ստեղծած կ՛ըլլային. հետզհետէ կը համոզուինք սակայն, որ անոնք որքան ալ յաւելեալ երկեր արտադրած ըլլան, բան մը աւելցուցած չեն ըլլար իրենց գրական արժանիքին եւ արուեստագիտութեան վրայ:
2.- Առաջադրանք
Հիմնուելով յօդուածին մէջ տեղ գտած հաստատումներուն եւ փաստերուն վրայ` գրաբարը աշխարհաբարի վերածելուն, գրականութեան-նկարչութեան-երգարուեստի-պարարուեստի-քանդակագործութեան-ճարտարապետութեան գերազանց իրագործումներուն, կ՛առաջարկենք հայ ժողովուրդին, Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն, Հայաստանի եւ Արցախի նախագահներուն, Հայաստանի Ազգային գիտութիւններու ակադեմիային, հայկական բոլոր կուսակցութիւններու, մշակութային միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարութեանց, արուեստի ու գիտութեան գործիչներուն, մամուլի խմբագիրներուն, ուսուցիչներուն, 1850-1950 դարաշրջանը ճանչնալ իբրեւ Հայ մշակոյթի Բ. ոսկեդար:
X.- Վերջաբան
Ըստ ժամանակակից աստղագիտութեան, տիեզերքը կը բաղկանայ անհամար աստղախումբերէ (galaxies): Անթիւ աստղախումբեր կան անսահման տիեզերքին մէջ: Մեր աստղախումբը կոչուած Ծիր Կաթին (Milky Way), պարզ աչքով (առանց աստղադիտակի) տեսնուած աստղերը տակաւին կը գտնուին Ծիր Կաթինին մէջ: Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ մեր երկրագունդը աստղախումբերու այս հսկայական փոշիին մէջ կէտ մըն է միայն: Մարդկութիւնը ֆիզիքապէս կ՛ապրի այս կէտին վրայ եւ կը գոյատեւէ սերնդագործութեամբ:
Մարդու տեսակը պահպանելու համար սերնդագործութիւնը անհրաժեշտ է, բայց բաւարար պայման չէ: Տիեզերքին մէջ գոյատեւելու բաւարարական պայմանը մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան ստեղծումն է: Ահա թէ ինչո՛ւ, բացարձակ առումով, Ցեղասպանութիւնը ոչ միայն մեղադրելի եւ դատապարտելի եղեռն է, այլ` Տիեզերական ոճիր:
Երկիր մոլորակին վրայ բոլոր ազգերու մշակոյթներուն իւրաքանչիւրը յատուկ տեղ ունի մարդկութեան քաղաքակրթութեան խճանկարին վրայ` պահպանելով իր իւրայատկութիւնը, միաժամանակ երաշխաւորելով խճանկարին ամբողջութիւնն ու ներդաշնակութիւնը: Պարզ է, հայ մշակոյթն ալ իր ուրոյն տեղը ունի խճանկարին մէջ` ներկայանալով իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր:
Ուրեմն կրնանք խորհիլ, որ մարդկութեան նպատակը մշակոյթ ու քաղաքակրթութիւն կերտելն է, եւ ձեւով մը անոնք ինքնանպատակ են:
Վերջապէս, հայ ժողովուրդը մշակութայի՛ն ազգ է:
Xi.- Մատենագիտութիւն
1.- «Հայերի ծագումը եւ հնագոյն պատմութիւնը», Ռաֆայէլ Իշխանեան, տպ. Ալթրափրէս, Պէյրութ:
2.- «Հայոց պատմութիւն», Երուանդ Փամպուքեան-Վլադիմիր Բարխուդարեան, տպ. Համազգային, Պէյրութ, 1998:
3.- «Արժէքաբանութիւն», Շահան Պէրպէրեան, տպ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Լիբանան, 1976:
4.- «Դար մը գրականութիւն», Մինաս Թէօլէօլեան, Ա. հատոր, տպ. «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1955:
5.- «Գեղագիտութիւն եւ գեղարուեստ», Շահան Պէրպէրեան, տպ. Տօնիկեան, Պէյրութ, 1975:
6.- «Հայոց հին եւ միջնադարեան արձակի քրեստոմատիա», խմբ. Վ. Ներսիսեան եւ Ա. Մատոյեան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 1981:
7.- «Հայ ռազմական արուեստի պատմութիւնից», Ս. Վ. Սարգսեան, «Հայաստան» հրտկչ. երեւան, 1969:
8.- https://en.m.wikipedia.org/wiki/Toros-Roslin.
9.- https://en.m.wikipedia.org/Momik.
10.- https://en.m.wikipedia.org/wiki/Mimar-Sinan.
11.- «Արդի հայ գրականութիւն», Մուշեղ Իշխան, Ա., Բ. եւ Գ. հատորներ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ:
12.- «Գիրք ճանապարհի», Եղիշէ Չարենց, «Սեւան» հրտ., Պէյրութ, 1959:
13.- https://en.m.wikipedia.org/wiki/Komitas.
14.- https://en.m.wikipedia.org/wiki/Aram-Khachaturian.
15.- https://en.m.wikipedia.org/wiki/Alexander-Spendiaryan.
16.- «Հայկական սովետական հանրագիտարան», «Երեւան» հրտկչ.:
17.- «Նարեկ», Ս. Գրիգոր Նարեկացի, Կթղկ. Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս:
18.- «Երկու սպանդ», Պօղոս Սնապեան, Համազգային տպարան, Պէյրութ, 2008:
(Շար. 7 եւ վերջ)