Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երջանկութեան Ձգտումը

March 30, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Բոլորս պիտի ուզէինք երջանիկ ըլլալ: Սակայն լաւ չենք գիտեր այդ երջանկութեան հասնելու միջոցը: Բազմաթիւ են վերլուծումներն ու բացատրութիւնները այդ երեւոյթին մասին: Կարդանք զանազան կայքերէ առնչուած հատուածներ` յիշելով անգլիացի փիլիսոփայի մը նշանաւոր խօսքը. «Կարելիի՛ն ձգտումը մարդս երջանիկ կը դարձնէ»:

Ն.

Հոգին Երջանկութիււն Չի Զգար,
Եթէ Աչքերը Արցունք Չեն Տեսած
Հնդիկներու ինքնատիպ աշխարհայեացքը` արտայայտուած խորիմաստ միտքերով

Բնութիւնը հնդիկներուն սորվեցուցած է ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ զգուշութեամբ վերաբերիլ ամէն բանի, նոյնպէս` խօսքին: Ուրեմն զարմանալի չէ, որ անոնց շուրթերէն ելած իւրաքանչիւր խօսք  նոյնքան դիպուկ է, որքան`  անոնց արձակած նետը:

– Երբ մարդ կը հեռանայ բնութենէն, անոր սիրտը կը վերածուի քարի:

– Լուսինը չի վախնար շան հաջոցէն:

– Իւրաքանչիւր մարդու մէջ կը պայքարին չար ու բարի գայլերը: Վերջաւորութեան կը յաղթէ ան, որ դուք կը կերակրէք:

– Մի՛ դատէք մարդը, քանի տակաւին անոր կօշիկներով ճանբայ չէք անցած:

– «Պէտք է»-ն միայն մեռնելու համար է:

– Կապ չունի, թէ ինչպէ՛ս կ՛անուանես Աստուած, եթէ Անոր անուան տակ նկատի ունիս Սէրը:

– Այս կեանքին մէջ ամէն բան իրարու կապուած է եւ կը միացնէ բոլորս: Մարդը չի հիւսեր կեանքի սարդոստայնը, այլ միահիւսուած է ատոր հետ: Ուրեմն, ինչ ալ ան ընէ այդ սարդոստայնին, կ՛ընէ ինքն իրեն:

– Ինչո՞ւ ուժով կը վերցնէք այն, որ կարելի չէ վերցնել սիրով:

– Հոգին երջանկութիւն չի զգար, եթէ աչքերը արցունք չեն տեսած:

– Պէտք չէ ձին կապել սիւնին եւ ակնկալել, որ ան ուժեղանայ:

– Հնդիկին գիր պէտք չէ: Ճշմարիտ խօսքերը կը մխրճուին անոր սրտին մէջ եւ կը մնան այնտեղ: Ան երբեք ատոնք չի մոռնար:

– Ճշմարտութիւնը ըսելու համար շատ բառեր պէտք չեն:

– Երեխան քու տանդ հիւրն է. կերակրէ, սորվեցուր եւ ազատ ձգէ:

– Ըսէ՛ ինծի, եւ ես կը մոռնամ, պատմէ՛, եւ ես չեմ յիշեր, բայց թո՛յլ տուր ինծի մասնակցիլ, եւ ես ամէն ինչ կը հասկնամ:

Չկայ Ճամբայ  Դէպի Երջանկութիւն,
Երջանկութիւնը Ի՛նք Ճամբայ Է

Պուտտայականութիւնը համաշխարհային կրօններէն մէկն է, որուն միլիառաւոր մարդիկ կը հետեւին աշխարհի զանազան վայրերու մէջ: Պուտտայականութիւնը կ՛առանձնանայ իր իմաստութեամբ եւ փիլիսոփայութեամբ:

– Սորվեցէ՛ք տալ, եթէ նոյնիսկ դուք ալ քիչ ունիք:

– Եթէ մէկու մը համար լապտեր վառէք, ատիկա նոյնպէս ձեր ճամբան կը լուսաւորէ:

– Ոչ մէկ թանկարժէք քար աշխարհի մէջ կրնայ համեմատուիլ  Զարթօնքի իսկական զգացումի հետ:

– Ցաւը ինքն իրեն կու գայ, տառապանքը մե՛նք կ՛ընտրենք:

– Բոլոր տառապանքներու արմատը կիրքն է:

– Բոլոր նիւթական իրերը յաւերժական չեն. ով  հասկցած է այդ իմաստութիւնը, աւելի քիչ կը տառապի:

– Նայեցէ՛ք դուք ձեր մէջը` պատասխաններ ստանալու համար:

– Ոչ ոք մեզ չի փրկեր մեզմէ: Մենք այդ ճամբան առանձի՛ն պէտք է անցնինք:

– Կայ միայն երկու սխալ, որ կրնանք ընել ճշմարտութեան  հասնելու ճամբուն վրայ. կանգնիլ կէս ճամբան եւ չսկսիլ ճամբորդութիւնը:

– Գտէ՛ք ներդաշնակութեան ձե՛ր ուղին:

– Պատկերացուցէ՛ք, որ աշխարհի մէջ ամէն ոք իմաստուն է. անոնցմէ  իւրաքանչիւրը բան մը կրնայ սորվեցնել ձեզի:

– Չկայ ճամբայ դէպի երջանկութիւն: Երջանկութիւնը ինք  ճամբայ է:

– Մոռցէ՛ք ատելութեան, վիրաւորանքի եւ վախի զգացումները:

– Դուք չէք պատժուիր չարութեան համար, դուք կը պատժուիք ձեր իսկ չարութեամբ:

– Եթէ խնդիրը լուծում ունի, անհանգստանալ պէտք չէ, եթէ խնդիրը լուծում չունի, անհանգստանալը իմաստ չունի:

– Եթէ կարենանք հրաշք նկատել չնչին բաներու մէջ, կեանքը կը փոխուի:

– Դուք անձամբ կը գրէք ձեր ճակատագիրը:

– Իւրաքանչիւր մարդ ինք կը կառուցէ իր առողջութիւնը կամ հիւանդութիւնը:

 

Կրնա՞ք Գուշակել,
Որ Երջանիկ Պիտի Ըլլաք

Ի՞նչ է երջանկութեան հասնելու լաւագոյն միջոցը:

Երջանի՞կ էք: Քանի մը ամիս ետք ինչպէ՞ս պիտի ըլլաք, ի՞նչ պիտի զգաք:

Գուշակելը, թէ մենք ապագային երջանիկ պիտի ըլլա՞նք, թէ՞ ոչ, բան մըն է, որ մեզմէ շատեր կ՛ուզեն աւելի լաւ հասկնալ: Ի վերջոյ, եթէ մենք այսօր փոփոխութիւններ ընենք` գիտնալով, որ ատոնք վաղը մեզ կ՛երջանկացնեն, մենք անմիջապէս կը գործենք:

Բազմաթիւ անձերու համար երջանկութեան նուաճումը կը կայանայ կեանքի ժխտական մասէն ձերբազատելով: Եթէ միայն կարենայինք զերծ մնալ պրկումէ, ճնշումէ, ընկճուածութենէ, ձանձրոյթէ, հիւանդութենէ, առանձնութենէ կամ դրամական դժուարութենէ, այն ատեն մենք աւելի գոհ եւ բաւարարուած պիտի ըլլայինք:

Բայց… եթէ ատկէ աւելի՛ն կայ: Երջանկութիւնը խնդիրներու բացակայութի՞ւնն է, թէ՞ ատկէ աւելին:

«Մենք չենք գիտեր, թէ մարդիկ երջանիկ են, որովհետեւ ձերբազատած են իրենց կեանքին մէջ բոլոր ժխտական գործօններէն, թէ՞ անոնք աւելի դրական, գործուն պէտք է ըլլան կերտելու համար երջանկութիւնը», կ՛ըսէ Լիվըրփուլի համալսարանի հոգեբանութեան դասախօս Փիթըր Քինտըրմանը:

«Պի.Պի.Սի»-ին հետ գործակցելով` ան կազմակերպած է առցանց փորձարկութիւն մը, որ կը կոչուի «Երջանկութեան գաղտնիքները»: Մասնակցողներուն կը հարցուի, թէ ինչպէ՞ս կ՛արձագանգեն դժուար պարագաներու եւ կը քննեն ազդեցութիւնը մտային առողջութեան վրայ:

«Կը խորհիմ, որ երջանկութեան գաղտնիքը հասկնալն է բարդ ցանցը մեր զգացումներու, ժխտական եւ դրական, եւ ատկէ ետք իւրաքանչիւրս պէտք է ունենայ իր ճամբու քարտէսը`դիմակալելու ժխտականութիւն պատճառող գործօնները եւ աւելցնելու երջանկութեան առաջնորդող գործօնները», կ՛ըսէ Փիթըր Քինտըրմանը:

 

Հինգ Քայլով Կը  Սպաննենք
Մեր  Երջանկութիւնը

Մենք կ՛ուշանանք

Մեզմէ ոմանք շատ կը խօսին, բայց  չեն գործեր,  յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի անձնական նպատակներուն, եւ` այն բանին, թէ մենք կեանքէն ի՛նչ կ՛ուզենք: Մենք կ՛ուշանանք, քանի որ կը կարծենք, թէ տակաւին ժամանակ ունինք: Բայց օր մը  կ՛արթննանք` հասկնալով, որ արդէն 50-ի մօտ ենք, եւ շատ ժամանակ չէ մնացած: Երջանկութիւնը գործողութիւններ կը պահանջէ:

Մենք կը մնանք ներսը

Մենք կը մնանք տան մէջ, երբ դուրսը հրաշալի գեղեցկութիւն է: Դուրս գալու համար ձեզի առիթ պէտք չէ: Շրջապատը այնպէս գեղեցիկ է, որ դուք ձեզ դիւրաւ  ուրախութեամբ եւ երջանկութեամբ կը լեցնէք. այնպէս որ, կը բաւէ նստիլ համակարգիչին առջեւ: Դո՛ւրս եկէք:

Մենք թոյլ կու տանք, որ անպէտք իրերը կուտակուին

Ի՞նչ բանի համար պէտք են այդքան շատ իրերը: Մեր տան մէջ   եւ մեր գլուխներուն մէջ տիրող թափթփածութիւնը կը ծանրացնէ մեր ուղեղը: Երբ մենք կը մաքրենք սեփական տարածքը, մենք կը բանանք դէպի երջանկութիւն դուռը:

Մենք չափազանց շատ կը դիտենք «ռիալիթի շօ»

Մենք կը հետեւինք  ուրիշներու կեանքին, խնդիրներուն եւ գործունէութեան` մոռնալով  մեր գործերու մասին: Երբ մենք մեզ կորսնցնենք ոեւէ անձի իրականութեան մէջ, չենք տեսներ  սեփականը: Ատիկա արգիլուած վայելք է, ինչպէս` քաղցրեղէնը, ֆասթ ֆուտը, թմրեցուցիչն ու ոգելից ըմպելին:

Մենք կ՛ապրինք ապագայով կամ անցեալով

Մենք  կը կարօտնանք անցեալի օրերը կամ կը կարծենք, որ վաղը  ուրիշ պիտի ըլլայ` մոռնալով այն, որ պէտք է ապրիլ ա՛յս օրով: Մենք չենք կրնար փոխել անցեալը: Միաժամանակ, ապագան ծրագրելը լաւ է այն առումով, որ  ատիկա սվորութիւն ունի ծաւալիլ այնպէս, ինչպէս մենք կը պատկերացնենք հիմա:

 

Երջանկութիւնը Ինչպէ՞ս Կը Զգան
Աղքատներն Ու Հարուստները

Ունեւոր մարդիկ իրենց միտքերուն մէջ իրենց անձին մասին աւելի շատ դրական զգացումներ կ՛ունենան: Մինչ քիչ եկամուտ ունեցողները աւելի շատ հաճոյք կը ստանան այլ մարդոց հետ հաղորդակցելու, յարաբերելու կարելիութենէն: Այս մասին կը նշէ  Քալիֆորնիոյ համալսարանի ուսումնասիրութիւնը, որ  հրապարակած է Ամերիկեան հոգեբանական ընկերակցութիւնը (American Psychological Association):

Ուսումնասիրութեան մասնակցած են 1519 անձեր:

Բացի եկամուտներու մասին տուեալներէն` գիտնականները մասնակիցներուն տեղեկացուցած են, թէ անոնք որքա՛ն ուժգին զգացումներ կ՛ունենան, որոնք սովորաբար կը կապեն երջանկութեան:

Պարզուած է, որ բարձր եկամուտներ ունեցողներու դրական զգացումներու աղբիւրը հպարտութիւնն է եւ` ինքն իրմով բաւարարուած ըլլալը: Նուազ հարուստներու համար երջանկութիւնը կը  դրսեւորուի սիրոյ եւ կարեկցանքի մէջ:

«Այս ուսումնասիրութիւնը կ՛ապացուցէ, որ դրամը  երջանկութեան երաշխիք չէ, սակայն կրնայ ազդել ատոր արտայայտութեան վրայ», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան  հեղինակներէն Փոլ Փիֆը:

Նախապէս ամերիկացի կենսաբան Մորան Սերֆը յայտարարած էր , որ մարդոց երջանկութեան զգացումը կախեալ է մարդու շրջապատէն եւ ոչ մէկ ընդհանուր բան ունի նիւթական վիճակի,  անձնական փիլիսոփայութեան կամ կենսափորձի հետ:

 

Իրեր, Որոնք Երջանկութիւն
Կը  Բերեն Տուն

Պայտ

Ըստ ժողովրդական հաւատալիքներու, պայտը յաջողութիւն ու առողջութիւն կը բերէ: Կը համարուի, որ յաջողութիւնը միշտ ձիու վրայ է, իսկ ձիուն անհրաժեշտ է պայտ: Ատիկա յաջողութեան ճամբայ ցոյց կու տայ դէպի ձեր տուն: Պայտը ճիշդ տեղադրելը շատ կարեւոր է: Տան մէջ ատոր ճիշդ տեղակայումը երջանկութիւն եւ բարեկեցութիւն կը բերէ, իսկ տառապանքն ու հիւանդութիւնը ձեզ կը շրջանցեն:

Սխտոր

Աններդաշնակութեան ամէնէն հաւանական պատճառը չար ոգին է: Շատեր հանդիպած են այն բանին, որ տնային գործերը անվերջ եւ անկանոն են` ափսէները ձեռքէն կ՛իյնան, վէճեր կամ տրամադրութեան անկում կ՛ըլլայ: Չար ոգիի սանձահարման եւ չար աչքէ խուսափելու համար, ըստ նախանշաններու, սխտոր կը կիրարկուի:

Խնձոր

Տան մէջ խնձոր պահելը լիառատութեան նշան է, կ՛ըսեն ժողովրդական հաւատալիքները: Իրենց թարմութեամբ խնձորները կ՛ապահովեն ձեր բարձր տրամադրութիւնն ու թոյլ չեն տար ձեզի տխրիլ: Դրական ներուժը, որով խնձորները լեցուցած են ձեր տունը ամբողջ ամառը, կը տարածուի եւ կը մաքրէ ուժական բոլոր մակարդակները:

Զանգ

Զանգի մեղեդային ղօղանջը ի զօրու է վերադարձնել տան բարձր տրամադրութիւնը, կը չէզոքացնէ չար աչքը եւ կ՛ընդդիմանայ չար ուժերուն: Աւելի լաւ է ընտրել արծաթէ կամ երկաթէ զանգ: Ատիկա պէտք է ունենայ մաքուր ու զրնգուն ձայն:

Օճառ

Կտոր մը սովորական օճառը մաքրութեան եւ առողջութեան խորհրդանիշ է: Անոր հետ բազմաթիւ նախանշաններ կապուած են,  թէեւ այդ մասին շատերը չեն գիտեր: Լոգանքի սեփական սենեակը անաղարտութեան եւ մաքուր ներուժի աղբիւր կարելի է դարձնել ժապաւէնով կապուած գեղեցիկ տուփով օճառի փոքրիկ կտոր մը տեղադրելով:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Պի.Պի.Սի», «Տէյլիհորօ», «Էտմի», «Քրիւ»

 

Նախորդը

Խաղաղութեան Պատե՞ր

Յաջորդը

Բարեկամներ Չունինք, Այլ` Գործընկերներ Միայն

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.