Մշակութային եւ Այլազան

Օտար Պլոկըրներու Տպաւորութիւնները Արցախի Մասին

Օտար Պլոկըրներու Տպաւորութիւնները Արցախի Մասին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ազրպէյճանի իշխանութիւններու անհեթեթութիւնները ամէն ասպարէզի մէջ պումըրանկի նման կը վերադառնան եւ կը հարուածեն զիրենք: Քաղաքական, զինուորական, մշակութային, մարզական, տնտեսական ասպարէզներու շարքին  նոյնպէս յայտնուած են զբօսաշրջայինն ու ատոր կապուած  օտար պլոկըրներու պարագան, որուն միայն երկու օրինակները բաւարար են` պատկերացում մը կազմելու ազրպէյճանական ջղագարութեան մասին:  Ն. ------------------------------------ Լափշին. Պաքուի Ջղագարութիւնները  Ծանուցում Եղան Արցախի Մասին Ժապաւէնին Համար Պաքուի ջղագարութիւնները հրաշալի...

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Արհեստագիտական Նորութիւններ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Startup Հայաստան» Հիմնադրամի Վեհաժողով Ռաս Ալ Հայմ Էմիրութեան Մէջ Ռաս ալ Հայմի էմիր, շԷյխ Սաուտ պըն Սաքր ալ Ղասիմի բացումը կատարեց startup վեհաժողովին, որ առաջին անգամն ըլլալով կը կայանայ էմիրութեան Ալ Մարիան կղզիին մէջ: Ծովեզերեայ startup վեհաժողովը առաջինն է, զոր «Startup Հայաստան» հիմնադրամը կը կազմակերպէ Հայաստանի սահմաններէն դուրս: Միջոցառումը տեղի ունեցած է RAK Incubation and Accelerator-ի հետ,...

Ասիան Թրամփի Նախագահութեան Շրջանին. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ Տարածաշրջանը Կը Զիջին Չինաստանին

Ասիան Թրամփի Նախագահութեան Շրջանին. Ինչպէ՞ս Միացեալ Նահանգներ Տարածաշրջանը Կը Զիջին Չինաստանին

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Միայն տարուան մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ փոխած է Միացեալ Նահանգներուն նայելու Ասիոյ ձեւը: 2017-ին ամերիկեան ուժի հիմնաքարերը Ասիոյ, Ճափոնի, Աւստրալիոյ եւ Հարաւային Քորէայի մէջ աւելի նուազ կը վստահին իրենց երկարամեայ մտերիմ դաշնակիցին եւ պաշտպանին: Ո՛չ զինուորական խարիսխները վերցուեցան, ո՛չ դեսպանատուները փակուեցան, բայց ամերիկեան նախագահութեան կողմէ արտայայտուած հետաքրքրութեան նուազումը, կեդրոնանալով «Առաջ Ամերիկան» սկզբունքին վրայ, խորապէս...

Արցախ Եկո՛ւր. Ղազանչեցոց Եկեղեցի, Պարսկական Մզկիթ, Բացառիկ Քարերու Թանգարան. Շուշին` Զբօսաշրջիկներու Կարեւոր Ուղղութիւն

Արցախ Եկո՛ւր. Ղազանչեցոց Եկեղեցի, Պարսկական Մզկիթ, Բացառիկ Քարերու Թանգարան. Շուշին` Զբօսաշրջիկներու Կարեւոր Ուղղութիւն

«ԱՐՄԷՆՓՐԵՍ». Շուշին Արցախի մշակութային մնայուն արժէքներ կրող քաղաքներէն է: Անոր պատմութեան ծանօթանալուն հետ զուգահեռ, այստեղ կարելի է տեսնել, օրինակ, աշխարհի տարբեր ծայրերէն բերուած կտաւներ, չտեսնուած քարերու հաւաքածոյ, քաղաքի մայր եկեղեցին` Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, վերանորոգուող պարսկական մզկիթը եւ պարզապէս զրուցել շուշեցիներուն հետ, որոնք մեծ հաճոյքով կը պատասխանեն ձեր հարցումներուն: Շուշիի Կերպարուեստի պետական թանգարանը բացուած է 9 մայիս 2013 թուականին` քաղաքի...

Ինչո՞ւ Անունները Այդքան Կարեւոր Են

Ինչո՞ւ Անունները Այդքան Կարեւոր Են

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Երբ հարցը կը վերաբերի քաղաքականութեան եւ միջազգային դիւանագիտութեան, անունները կարեւոր են: Մենք գիտենք, որ կարեւոր են, որովհետեւ մարդիկ իրենց անունները յաճախ կը փոխեն: Անցեալ շաբաթ երկու հասցէներ փոխուեցան: ------------------------------------------------------------ Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը ինքզինք գտաւ տեղակայուած ոչ թէ Ուիսքոնսին փողոցին մէջ, այլ` Պորիս Նեմցով Փլազայի, որ անուանուած էր ի պատիւ ռուս ընդդիմադիր ղեկավարին: Եւ Թուրքիոյ մէջ Արաբական...

Արհեստագիտական Նորանոր Նուաճումներ

Արհեստագիտական Նորանոր Նուաճումներ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ֆէյսպուք Լրահոսին Մէջ Փոփոխութիւններու Մասին Յայտարարութիւնը «Արժած» Է 3 Միլիառ Տոլար Ֆէյսպուք ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ  փոփոխութիւններու մասին յայտարարութիւնը ընկերային ցանցի հիմնադիր Մարք Զուքերպերկի «արժած» է մօտ 3 միլիառ տոլար: Անցեալ ուրբաթ, Մարք Զուքերպերկ, երբ   յայտարարեց  ընկերային ցանցի լրահոսին մէջ առեւտրական գործարքներու, մակնիշներու եւ տեղեկատուական միջոցներու հրապարակումները քիչ երեւցող դարձնելու մասին, ընկերութեան արժեթուղթերուն արժէքը ինկաւ 3,9 առ...

Արդեօ՞ք Ընկերային Ցանցերը Վնասակար Են

Արդեօ՞ք Ընկերային Ցանցերը Վնասակար Են

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Փաստեր եւ անծանօթը: Գիտութիւնը ի՞նչ կ՛ըսէ ընկերային ցանցերու` «Ֆէյսպուք»-ի, «Թուիթըր»-ի եւ «Ինսթակրամ»-ի ազդեցութեան մասին` քու մտային առողջութեանդ վրայ: Այս մասին հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է «Պի.Պի.Սի.»: Կը ներկայացնենք հատուածներ: Ն. Երեք միլիառ մարդ, աշխարհի բնակչութեան շուրջ 40 առ հարիւրը, կը գործածէ առցանց ընկերային կայքեր` միջին հաշուով օրական երկու ժամ յատկացնելով ատոնց: Իւրաքանչիւր վայրկեան կէս միլիոն «թուիթ»-ներ եւ...

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Միացեալ Թագաւորութեան Կողմէ Սիկիլիոյ Գրաւումը Եւ Ֆրանսայի Դէմ Յաղթական Պատերազմը ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Փերէ էլ Կրան թագաւոր Քաթալոնիոյ եւ Արակոնի միացեալ թագաւորութիւնը Խայմէ Ա. էլ Քոնքերիտորի օրով (1213-1276) հզօր պետութիւն դարձած էր: Իբրեւ ծովափնեայ երկրամաս, Քաթալոնիա Արակոնի գահին ծովային ուժին խարիսխը կը նկատուէր. անոր հեղինակութիւնը տարածուած էր Միջերկրականի ափերուն, եւ Պարսելոնա հզօր ու հարուստ քաղաք դարձած էր: Խայմէ...

Ամրացման Եւ Վերականգնման Աշխատանքներ Կը   Կատարուին Պատմամշակութային Եօթը Համալիրներու Մէջ

Ամրացման Եւ Վերականգնման Աշխատանքներ Կը Կատարուին Պատմամշակութային Եօթը Համալիրներու Մէջ

Հայաստանի Արմաւիրի Այգեշատ գիւղի Թարգմանչաց վանքին մէջ, Արագածոտնի Իրինդ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 7-րդ դարուն կառուցուած Արտաւազիկ եկեղեցւոյ, 12-րդ դարու Քոբայրի վանքին մէջ, Լոռիի մարզի ամենագեղեցիկ վանական համալիրներէն մէկուն` Սանահինի, կրօնական եւ կրթական ու մշակութային մեծ կեդրոն Գոշավանքի մէջ 2017 թուականին վերականգնման, ամրացման լայնածաւալ աշխատանքներ կ՛իրականացուին: Այդ աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ 2018 թուականին: «Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ կատարուած աշխատանքի ծաւալները:...

Արհեստական Բանականութիւն 2017.  Մարդամեքենան Քաղաքացիութիւն Կը Ստանայ Գիտնականները Աղէտ Կը  Նախատեսեն

Արհեստական Բանականութիւն 2017. Մարդամեքենան Քաղաքացիութիւն Կը Ստանայ Գիտնականները Աղէտ Կը Նախատեսեն

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ 2017 թուականը յատկանշուեցաւ հետաքրքրական եւ կարեւոր իրադարձութեամբ մը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ մարդամեքենան  քաղաքացիութիւն ստացաւ: Պարզուեցաւ, որ այդ քայլին դիմած երկիրը պահպանողական Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնն է: Կնոջ տեսքով մարդամեքենայ Սոֆիան մշակած է Հոնկ Քոնկի «Հենսըն ռոպոթիքս» ընկերութիւնը: Մարդամեքենան նախագծուած է այնպէս, որ սորվի եւ յարմարի մարդոց կեցուածքին, նաեւ աշխատի մարդոց հետ: Սոֆիայի հետ ամբողջ աշխարհի տարածքին հանդիպումներ...

Էտմոն Լեւոն Քիրազ (Քիրազեան)

Էտմոն Լեւոն Քիրազ (Քիրազեան)

Ֆրանսահայ Երգիծանկարիչին Գործերը Զարդարած Են «Փարի Մաչ», «Վոկ», «Կլամուր» Եւ «Փլէյպոյ» Ամսաթերթերու Էջերը Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Հայազգի Էտմոն Քիրազը կը համարեն ժամանակակից աշխարհի ամէնէն վառ երգիծանկարիչը, որուն  պատկերազարդումները 20-րդ դարու կէսերէն դարձած են քաղաքականութեան, հասարակական կեանքի եւ համոզումներու անբաժան մասը: Ծնած է  Գահիրէ, 25 օգոստոս 1923-ին, Եգիպտոս հասած  Լեւոն Քիրազի եւ Էլիզ Սէթեանի ընտանիքին մէջ, որոնք ունեցած են 4 երեխայ`...

Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիոյ Եւ Արակոնի Միացեալ Թագաւորութիւնը Եւ Անոր Տարածումը Դէպի Լանկըտոք, Պալէարեան Կղզիներ Եւ Վալենսիա ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իպերիական թերակղզիին վրայ հռոմէական տիրապետութիւնը տկարացաւ 406-ին, գերմանական ցեղերու ներխուժումներուն պատճառով: Վիսիգոթեր, Աթհոլֆի գլխաւորութեամբ, 410-ին իրենց ենթարկեցին Թարրաքոնենսիսը եւ Էպրոյի հովիտը: Օրիք 475-ին վիսիգոթերուն առաջնորդը եղաւ, թագաւորութիւն հաստատեց Թոլոսայի (ներկայ Թուլուզ) մէջ եւ Թարրաքոնենսիսը իր տիրապետութեան տակ առաւ: Վիսիգոթեր հետագային կորսնցուցին Փիրէնեան լեռներէն հիւսիս...

Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա Փտածութեան Առանցք

Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա Փտածութեան Առանցք

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Անշուշտ զարմանալի չէ, որ Հայաստանի դրացի նշեալ երկիրներուն յատկապէս իշխող խաւն ու անոնց շրջապատի մարդիկ փտածութեամբ ամբաստանուած են եւ... առանց ամչնալու կամ վախնալու: Հետաքրքրական է, սակայն, այդպիսի «գործեր»-ու մէջ անոնց գործակցութիւնը, որ բացայայտուած է այդ երկիրներու իսկ լրագրողներուն կողմէ, որոնք բնականաբար հալածուած են: Ն.  Իլհամ Ալիեւի Մերձաւորներու Առեւտրական Գործերը Վրաստանի Մէջ 2017 թուականի երկրորդ կիսամեակին Ազրպէյճան Վրաստանի...

Պատմական.  Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ

Քաթալոնիա` Պատմական Երկրամաս ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քաթալոնիոյ մէջ 1 հոկտեմբեր 2017-ին անկախութեան հանրաքուէ կազմակերպուեցաւ: Քուէարկութեան մասնակցեցաւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն նուազ քան կէսը, իսկ ընդդիմադիրներ պոյքոթի ենթարկեցին հանրաքուէն: Քուէարկողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը քուէարկեց ի նպաստ անկախութեան եւ այնուհետեւ Քաթալոնիոյ անկախութիւնը հռչակուեցաւ: Սակայն սպանական կառավարութիւնը ապօրինի, հակասահմանադրական եւ անվաւեր հռչակեց հանրաքուէն: Քաթալոնիոյ խորհրդաբանը լուծուեցաւ եւ Մատրիտ ուղղակի իշխանութիւն հաստատեց ինքնավար մարզին վրայ: Քարլէս Փուչտեմոն...

Մարտահրաւէրներ Յաղթահարելու Կոչուած Նորարարութիւնը Հայաստանի Մէջ

Մարտահրաւէրներ Յաղթահարելու Կոչուած Նորարարութիւնը Հայաստանի Մէջ

«Նախակատար» Հոսանքը Եւ Սերժօ Օգանովի «Մուն Պայ Ուան Ռինկ»-ը Կամ` «Միօղակ Լուսին»-ը ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Արհեստագիտական բանականութեան սրընթաց զարգացման դրական հետեւանքներէն է «նախակատար» հոսանքի երեւոյթը, որ աւելի ծանօթ է «սթարթ-ափ» անունով: Անգլերէն «սթարթ-ափ» արտայայտութիւնը բառացիօրէն կը նշանակէ` բան մը սկսիլ, մղել: Խորքին մէջ, սակայն, անիկա գոյութիւն ունեցող տուեալներու մտայղացքային համադրումով ձեռք բերուած կատարելագործումի եւ իրագործումի նախաքայլն է, ինչպէս կը հաստատեն այս...

Ֆրանսայի Էլվիս Փրեսլին` Ճոնի Հալիտէյ

Ֆրանսայի Էլվիս Փրեսլին` Ճոնի Հալիտէյ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ճոնի Հալիտէյ երգած է 60 տարիներ շարունակ եւ հրապարակած է 50 ալպոմներ, որոնցմէ ծախուած են միլիոնաւորներ: Բազմահանդիսատես ելոյթներ ունեցած Ֆրանսայի ամէնէն մեծ սրահներուն մէջ եւ իր արտաքին գրաւչութեամբ, շարժուձեւերով եւ յաճախ մեծ յաջողութիւն գտած երգերով գրաւած է Ֆրանսայի ժողովուրդին սիրտը: Ան միշտ ուզած է սիրուիլ ժողովուրդին կողմէ: Մեծ շուքով կատարուեցաւ անոր յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ էին նախագահներ...

Ստացուած Գիրքեր.  Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւններն Արդարութիւն Եւ Զարգացում Կուսակցութեան Կառավարման Տասնամեակում (2002-2012) (Հեղինակ` Անդրանիկ Իսրայէլեան)

Ստացուած Գիրքեր. Թուրքիայի Արտաքին Քաղաքականութեան Առանձնայատկութիւններն Արդարութիւն Եւ Զարգացում Կուսակցութեան Կառավարման Տասնամեակում (2002-2012) (Հեղինակ` Անդրանիկ Իսրայէլեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Անդրանիկ Իսրայէլեանի «Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութեան առանձնայատկութիւններն արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կառավարման տասնամեակում (2002-2012 թթ.)» գիրքը, բաղկացած` 306 էջերէ: Պատասխանատու խմբագիր` պատմական գիտութիւններու դոկտոր Ա. Գ. Աւագեան: Յառաջաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը աւանդաբար Արեւմուտքի հետ տնտեսական ու քաղաքական համարկումին վրայ խարսխուած էր: Սակայն Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան կառավարման ժամանակ երկրի արտաքին...

Ստացուած Գիրքեր. Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)

Ստացուած Գիրքեր. Ազգային Պատուիրակութեան Գործունէութիւնը 1915-1916 (Վաւերագրեր)

(Ներածական Եւ Ծանօթագրութիւններ` Դոկտոր Վաչէ Ղազարեան) ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պէյրութի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ դոկտոր Վաչէ Ղազարեանի պատրաստած Ազգային պատուիրակութեան գործունէութիւնը 1915-1916 (վաւերագրեր) գիրքը, բաղկացած` 480 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է ՀԲԸ Միութեան Վահրամ Ապտալեան մշակութային հիմնադրամի միջոցներով: Ներածականին մէջ դոկտոր Վաչէ Ղազարեան կ՛ըսէ, որ լոյսին բերուող բանակցային արձանագրութիւնները, թղթակցութիւններն ու յուշագրերը կը վերաբերին ազգային պատուիրակութեան գործունէութեան 1915-1916 տարիներու գործունէութեան: Պօղոս Նուպար...

Աշխարհի Ամենատարեց Ղեկավարները

Աշխարհի Ամենատարեց Ղեկավարները

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ժամանակի ընթացքին ընդունուած կարգը այն եղած է, որ  պետութիւններու ղեկավարները եւ ընդհանրապէս առաջնորդները ըլլան տարեց: Այս երեւոյթին դէմ անշուշտ միշտ պայքարողներ եղած են: Այսօր տարեցներու հետ նոյնպէս կան բաւական երիտասարդ նախագահներ, ընդհանրապէս` առաջնորդներ, որոնք հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ են: Ստորեւ կը ներկայացնենք այսօր ղեկի վրայ եղող ամէնէն տարեց առաջնորդներու խումբ մը: Ն. Էլիզապեթ Բ. Թագուհի Զիմպապուէի նախագահ Ռոպերթ...

Պատմական.  Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Պատմական. Քորէայի Տագնապի Լոյսին Տակ

Քորէայի Պատերազմին Աւարտը Եւ Հիւսիսային Ու Հարաւային Քորէաները ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ընտանեկան հաւաք Քորէայի քաղաքացիական պատերազմը 1951-ին մտած էր փակուղի, եւ գլխաւորաբար դիրքային կռիւներ կը մղուէին: Զօրավար Տուայթ Այզընհաուըր 1952 մայիս 31-ին զինուորական ծառայութենէն հրաժարեցաւ եւ պահեց Քոլումպիա համալսարանի նախագահի պաշտօնը, իսկ զօրավար Մաթէու Ռիճուէյ փոխարինեց զայն իբրեւ Եւրոպայի մէջ դաշնակից ուժերու հրամանատար: Իսկ Քորէայի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ  զօրավար...

Page 18 of 35 1 … 17 18 19 … 35

Արխիւներ