Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Քիչ մը դժուար է ըսել, թէ քաղաքական ասպարէզ մտնելու համար անձի մը ո՛ր յատկանիշները կարեւոր են: Արժէքներու անկումի այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ են անոնք, որոնք տարաբնոյթ պատճառներով քաղաքական ասպարէզ կը նետուին, անշուշտ` մեծ խոստումներով: Կը կատարուի՞ն այդ խոստումները, թէ՞ պատրուակներու շարք մը կը ներկայացուի:
Ն.
———————————————————–
«Փաստերը կը հաստատեն, որ Ռոնալտ Ռիկընի եւ Տանըլտ Թրամփի նման մարդիկ յաջողութիւն ունեցած են քաղաքականութեան մէջ», կ՛ըսէ Սալֆորտ համալսարանի դասախօս դոկտ. Թարոն Քոէնը:
Ան կ՛աւելցնէ. «Եթէ անոնք արդէն իսկ հանրութեան ծանօթ են, եթէ մարդոց աչքերուն առջեւն են, մենք այնպէս կը զգանք, որ բարեկամ ենք անոնց, կամ` անոնց մէկ տարբերակը: Ասիկա կ՛աւելցնէ սիրուած ըլլալու զգացողութիւնը, մտերմութիւնը, որոնք քաղաքական թեկնածուի մը յաջողութիւնը վճռող բանալի գործօններ են: Աւելի՛ն. ելոյթներու մէջ բազմաթիւ դերասաններու եւ երեւելիներու ենթահողը զանոնք յարմար կը դարձնէ քաղաքական կեանքին: Այս անհատները մարզուած են արդիւնաւէտօրէն հաղորդակցելու համար հանդիսատեսներու հետ: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ քուէարկողներուն վրայ անխօս արտայայտութիւններու հմտութիւնը նոյնքան կ՛ազդէ, որքան` արտասանուած խօսքը: Այլ հիմնական գործօն մըն է արդէն լուսարձակներու տակ ըլլալը: Քաղաքական գործիչներ յաճախ կ՛ըսեն, որ իրենք զանգուածային տեղեկատուական միջոցներու կողմէ պաշարուած են: Ասիկա կը նշանակէ, որ սովորական մարդիկ, որոնք քաղաքականութեան ասպարէզ մտնելու ձգտում ունին, որոնք իսկապէս հանրութեան կ՛ուզեն օգտակար ըլլալ, եւ որոնք կ՛ուզեն փոփոխութիւններ բերել, անոնք պիտի չքաջալերուին ասկէ` վախնալով, որ իրենք եւ իրենց մօտիկ մարդիկ սուղ գին պիտի վճարեն: Ես անկեղծօրէն կը հաւատամ, որ քաղաքական ասպարէզի մարդիկ այս գետնին վրայ եւս պէտք է նախապատրաստուին, վարժանքներ ընեն»:
Բազմաթիւ երեւելիներ, աստղեր, որոնք անձամբ քաղաքական գործիչներ չեն ըլլար, յաճախ կը ձգտին իրենց քաղաքական տեսակէտները յայտնի դարձնել, յաճախ գործուն քարոզարշաւ կը կազմակերպեն ի նպաստ որոշ թեկնածուի մը:
Քեթի Փերրին եւ Պիոնսէն այսպիսիներէն էին` 2016 թուականին բացայայտօրէն զօրակցելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին թեկնածու Հիլըրի Քլինթընին:
Բայց քաղաքական մեկնաբան Մաթէօ Պերկամինին կը պնդէ, որ ապաւինելով աստղերու վրայ, որպէսզի քաղաքականութիւնը երիտասարդներուն աւելի շատ «գրաւիչ» դարձնեն, «յոգնած-մաշած միջոց» է:
Պերկամինին «Հաֆինկթըն Փոսթ»-ի մէջ գրած է. «Կը յաւերժացնէ այն առասպելը, որ երիտասարդները պարզապէս շահագրգռուած չեն իրենց ապագայի կերտումին մասնակցելու, բացի եթէ մէկը զիրենք փայլուն օղակով մը կապէ: Անշուշտ մեր երիտասարդները ատկէ աւելի գնահատականի արժանի են»:
Ուրեմն լա՞ւ է, որ երեւելիներ եւ աստղեր քաղաքական ասպարէզ մտնեն, եւ որո՞նք փորձած են այդ արկածախնդրութիւնը:
1.- ԱՌՆՈԼՏ ՇՈՒԱՐՑՆԵԿԸՐ
Հռչակաւոր է որպէս`
աւստրիացի մարմնամարզիկ, որ 20 տարեկանին նուաճած է «Mr. Universe» տիտղոսը: Ան ապա դերեր ստանձնած է բազմաթիւ շարժապատկերներու մէջ, որոնցմէ ամէնէն հռչակաւորն է «Թերմինէյթըր»-ը:
Քաղաքական ասպարէզ.
Ընտրուած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետ 2003-ին, ապա` վերընտրուած:
2.- ՔԱԹԻ ՓՐԱՅՍ
Հռչակաւոր է որպէս`
գեղագիտական գործողութիւնները քաջալերող բնորդ, քանի մը անգամ ամուսնացած գրող (պեսթ սելլըր), քիչ մը ամէն բանի մասին ազատ- համարձակ արտայայտուող:
Քաղաքական ասպարէզ.
2001-ին Մանչեսթըրի շրջանէն խորհրդարանի աթոռի ազատ թեկնածուի նախընտրական արշաւի ընթացքին ան խոստացաւ անվճար գեղագիտական գործողութիւն բոլորին, մերկապաշտներու յաւելեալ ծովեզերքներ: Հակառակ աւելի բարգաւաճ ապագայ մը խոստանալուն` ան միայն 713 քուէ ստացաւ եւ կորսնցուց պահ դրած գումարը:
3.- ՄԱՆՆԻ ՓԱՔԻԱՕ
Հռչակաւոր է որպէս`
բռնցքամարտի աշխարհի ախոյեան, որ նուաճած է 11 մեծ տիտղոսներ` հանդիսանալով պատմութեան մէջ առաջին բռնցքամարտիկը, որ ատոնք կը նուաճէ ծանրութեան չորս տարբեր մակարդակներու մէջ:
Քաղաքական ասպարէզ.
Փաքիանօ Ֆիլիփփիններու Ներկայացուցիչներու տունի անդամ ընտրուած է 2010-ին, իսկ 2016-ին` ծերակուտական:
4.- ՌՈՆԱԼՏ ՌԻԿԸՆ
Հռչակաւոր է որպէս`
դերասան, որ դերեր ստանձնած է Էրոլ Ֆլինի եւ Օլիվիա տը Հաւիլանտի կողքին, անոր Քինկզ Ռով շարժանկարը «Օսքար»-ի թեկնածու եղած է:

Քաղաքական ասպարէզ.
Հոլիվուտի դերասան Ռոնալտ Ռիկըն նախ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ եղաւ, ապա` Միացեալ Նահանգներու նախագահ` 1981-1989 թուականներուն:
5.- ԿԼԵՆՏԱ ՃԵՔՍԸՆ
Հռչակաւոր է որպէս`
Աւելի քան 30 տարի երկարող ասպարէզին մէջ լաւագոյն դերասանուհիի երկու «Օսքար» նուաճած աստղ: Ան նոյնպէս ստացած է պատկերասփիւռի «Էմմի» մրցանակը:

Քաղաքական ասպարէզ.
Անգլիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է 1992-ին, Թոնի Պլերի գլխաւորած կառավարութեան մաս կազմած է 2007 թուականին: Կլենտա Ճեքսըն չմասնակցեցաւ 2015-ի ընտրութեան` յայտարարելով, որ ժամանակն է ուրիշի մը առիթ տալու: «Պիտի վերադառնամ դերասանութեան», ըսաւ ան:
6.- ԻՄՐԱՆ ԽԱՆ
Հռչակաւոր է որպէս`
փաքիստանցի մարզիկ, որ քրիքեթի ազգային խումբը առաջնորդեց 1992 թուականի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը նուաճելու` պարտութեան մատնելով Անգլիան:
Քաղաքական ասպարէզ.
1996-ին Իմրան Խան Փաքիստանի մէջ հիմնեց «Փի.Թի.Այ.» քաղաքական կուսակցութիւնը:
Ան պարտուեցաւ 2013-ի ընտրութիւններուն, բայց կ՛ըսէ, որ կ՛ուզէ տակաւին իրականացնել Փաքիստանի յաջորդ վարչապետը ըլլալու իր ձգտումը, այս տարուան յուլիսին տեղի ունենալիք ընտրութենէն ետք:
7.- ՇԸՐԼԻ ԹԵՄՓԸԼ
Հռչակաւոր է որպէս`
դերասանուհի, որ 7 տարեկանին «Պրայթ Այս» շարժանկարին մէջ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւեց:
Քաղաքական ասպարէզ.
1967 թուականին առաջադրեց իր թեկնածութիւնը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունի համար, սակայն չընտրուեցաւ: Ան 1974-ին Կանայի եւ 1989-ին (այդ օրերուն) Չեխոսլովաքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան նշանակուեցաւ:
8.- ՔԼԻՆԹ ԻՍԹՒՈՒՏ
Հռչակաւոր է որպէս`
«Օսքար»-ներ շահած դերասան եւ բեմադրիչ` «Անֆորկիվըն» եւ «Միլիըն տալըր պէյպի» շարժանկարներով:
Քաղաքական ասպարէզ.
1986-1988 Քալիֆորնիոյ Քարմել շրջանի քաղաքապետ եղած է: Անդամակցած է Քալիֆորնիա նահանգի հանրային պարտէզի խորհուրդին եւ 2012-ին խօսք մը արտասանած է Հանրապետական կուսակցութեան համագումարին ընթացքին:
9.- ՍՈՆԻ ՊՈՆՕ
Հռչակաւոր է որպէս`
հայազգի Շեր Սարգիսեանի կողքին Սոնի եւ Շեր շոյով եւ շարժապատկերներու («Հերըսփրէյ», «Էյրփլէյն») մէջ ստանձնած դերերով:
Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունի անդամ եղած է 1995-էն մինչեւ իր մահը` 1998:
10.- ՇԱՊԱՆԱ ԱԶՄԻ
Հռչակաւոր է որպէս`
Պոլիվուտի դերասանուհի, որ դերեր ստանձնած է աւելի քան 100 շարժապատկերներու մէջ:
Քաղաքական ասպարէզ.
Շապանա Ազմի անդամ է Հնդկաստանի Ազգային համարկման խորհուրդին եւ 1998-ին ՄԱԿ-ի Բարի կամեցողութեան դեսպան նշանակուած է:
11.- ՓԵԼԷ
Հռչակաւոր է որպէս`
ֆութպոլի աշխարհի թագաւոր: Պրազիլի ազգային հաւաքականին հետ երեք անգամ նուաճած է ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Քաղաքական ասպարէզ.
1995-ին նշանակուեցաւ Պրազիլի մարմնամարզի արտակարգ նախարար, պաշտօն մը, որ վարեց մինչեւ 2001: Այդ ընթացքին ան մշակեց օրինագիծ մը (Փելէի օրէնք)` պայքարելու համար Պրազիլի մէջ ֆութպոլի փտածութեան դէմ: Սակայն մութ ուժեր զայն ամբաստանեցին փտածութեան մեղսակցութեան համար, եւ Փելէ պաշտօնազրկուեցաւ, թէեւ ոչինչ փաստուեցաւ եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ հերքեց բոլոր մեղադրանքները:
12.- ԿԵՐԻ ԳԱՍՊԱՐՈՎ
Հռչակաւոր է որպէս`
Ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան: 1986-էն մինչեւ ճատրակի ասպարէզէն հրաժարիլը` 2005, Գասպարով դասուած էր թիւ մէկ` 228 ամիսներէն 225-ին մէջ (Կերի որդեգրած է իր մօր` Քլարա Գասպարեանին մականունը):
Քաղաքական ասպարէզ.
Ճատրակի մրցաշարքերէն հրաժարելէ ետք Գասպարով Ռուսիոյ մէջ հիմնեց Քաղաքացիական Ճակատ շարժումը եւ միացաւ Վլատիմիր Փութինին ընդդիմացող համախմբումին («Այլ Ռուսիա»): 2008-ին յայտարարեց, որ կը մտադրէ թեկնածու առաջադրուիլ նախագահական ընտրութեան, սակայն չյաջողեցաւ: