Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Հայկական Հարցը Օսմանեան Պետութեան Մէջ 1878-1923» (Հեղինակ` Դոկտոր Մոհամէտ Ռիֆաթ Իմամ)

Յունիս 6, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հալէպի մէջ 2012-ին լոյս տեսաւ դոկտոր Մոհամէտ Ռիֆաթ Իմամի «Հայկական հարցը օսմանեան պետութեան մէջ 1878-1923» գիրքը: Արաբերէնէ թարգմանեց դոկտոր Հուրի Ազէզեան: Գիրքը հրատարակուած է Բերիոյ հայոց թեմին նախաձեռնութեամբ, հրամանաւ Շահան սրբազանին եւ մեկենասութեամբ Գաբրիէլ եւ Անժէլ Չէմպէրճեաններուն եւ բաղկացած է 291 էջերէ:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ օսմանցի հայերը հաւատարիմ համայնք եղած են: Թրքահայաստան անուանումը տրուած էր Պիթլիսի, Էրզրումի, Վանի, Խարբերդի, Սեբաստիոյ եւ Տիարպեքիրի վիլայէթներուն: Օսմանեան կայսրութեան ոչ-իսլամ հպատակները կազմակերպուած էին ըստ օսմանեան վարչական համակարգին, գրեթէ անկախ կառոյցներով, որոնք կը կոչուէին միլլէթներ:

Օսմանցիները սկիզբէն իսկ կռահած են հայերուն խելացութիւնն ու ճարտարութիւնը եւ Պոլիս փոխադրած են հազարաւոր հայեր, որպէսզի սատարեն արհեստներու, վաճառականութեան եւ արուեստներու վերելքին: Պոլսոյ մէջ կազմուած է մեծահարուստ հայերու դասակարգ մը, որոնք օսմանեան պետութեան հետ գործակցած են եւ կրած ամիրայ տիտղոսը: Հայերը ներգրաւուած էին օսմանեան պաշտօնատարական կառոյցին մէջ եւ բարձրագոյն պաշտօններու տիրացած էին, պետութեան ծառայելու իրենց պատրաստակամութեան, իրենց խելացութեան, լրջութեան եւ անկախութեան ձգտումներ չունենալուն շնորհիւ: Պոլիս հայերուն համար վերածուած էր տնտեսական, մշակութային եւ քաղաքական կեդրոնի մը, ուր անոնք վայելած էին սուլթաններուն հովանաւորութիւնը` մինչեւ Ապտիւլ Համիտ Բ.ի իշխանութիւնը:

Մոհամէտ Ռիֆաթ Իմամ կ՛ըսէ, որ հայկական ազգային շարժումը, սոսկ գաղափար մը ըլլալէ զարգացած էր տեղական եւ ընդհանուր գաղտնի յեղափոխական միութիւններու, որոնք շուտով ծնունդ տուած էին յեղափոխական կուսակցութիւններուն: Սոյն միութիւնները իրենց քարոզչական, հայդուկային եւ յեղափոխական գործունէութիւնները կիրարկած էին օսմանեան պետութեան նահանգներուն մէջ:

Օսմանեան պետութիւնը յեղափոխական սպառնալիքները դիմագրաւած էր երկու մակարդակներու վրայ. ժողովրդագրութեամբ, երբ օգտագործած էր Ռուսիայէն եկած գաղթականները` զօրացնելու համար իսլամ տարրերը մասնաւորաբար ռուս-օսմանեան սահմաններու երկայնքին, եւ յետոյ քաղաքականապէս, երբ կազմած էր համիտիէ գունդերը, որոնց վստահուած էր Անատոլուի արեւելեան շրջաններուն մէջ կարգ ու կանոնը պահպանելու պատասխանատուութիւնը: Այսինքն դիմագրաւելու համար հայկական յեղափոխական գործունէութիւնները:

Օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, 1908-ին, երբ Իթթիհատականներ իշխող ուժ դարձած էին, անոնց վրայ յանձնառութիւնը դրուած էր փրկել իրենց պետութեան վտանգաւոր աստիճանի խախտած միութիւնը: Իթթիհատականներ «միութիւն»-ը ըմբռնած էին իբրեւ օսմանեան կայսրութեան ցեղային բոլոր տարրերուն միութիւնը: Այսինքն, պետութեան ազգութիւններու շարքերուն մէջ վերջ դնել մասնայատուկ ուղղութիւններուն, անկախութեան ձգտումներուն կամ անջատողականութեան, անոնք ըլլային իսլամներ թէ քրիստոնեաներ: Ոչ-իսլամներու պարագային, իթթիհատականները ձգտած էին լուծել միլլէթները:

Հեղինակը կը նշէ, որ Օսմանեան կայսրութեան ազգութիւնները միութեան մասին ուրիշ ըմբռնում ունէին: Ոչ իսլամներուն համար միութիւնը` միլլէթներուն միջեւ հաւասարութիւն կը նշանակէր, նոյնիսկ մշակութային անկախացման համակարգի վերելք, որուն համաձայն անոնք նախ կ՛ըլլային հայեր կամ յոյներ եւ ապա օսմանցի քաղաքացիներ:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի օրերուն հայեր ընդառաջած էին զինակոչի հրահանգներուն: Հայ ղեկավարները յաճախակի երաշխիքներ տուած էին իթթիհատականներուն` հայոց հաւատարմութեան գծով: Սակայն իթթիհատականներ օգտագործած էին կամաւոր ռուսահայերու ներկայութիւնը եւ անոնց պատերազմին մասնակցութիւնը ռուսական բանակին մէջ, եւ օսմանցի հայերը ամբաստանած էին գերագոյն դաւաճանութեամբ: Թուրք զինուորներ խուժած էին կողոպտելով հայերու վաճառատուներն ու բնակարանները: Հայ զինուորները ամբաստանուած էին լրտեսութեամբ եւ զինուորագրութենէ խոյս տալով: Միաժամանակ հայերը վտարուած էին կառավարութենէն եւ բեկանուած էր ներքին երթեւեկի անոնց արտօնութիւնը:

Մոհամէտ Ռիֆաթ Իմամ կը շարունակէ ըսելով որ աքսորի հրահանգները արձակուած էին հայ զինուորները զինաթափելէ եւ հայ ընտրանին ձերբակալելէ վերջ: Քանի մը օրուան ժամանակամիջոց մը տրուած էր հայերուն իրենց տուներէն հեռանալու համար: Երկրորդ հանգրուանին կիները, մանուկներն ու տարեցները աքսորուած էին կարաւաններով, որուն յաջորդած էին հայերու բնակարաններուն գրաւումը: Շատ անգամ, կիները եւ մանուկները ծախուած էին հրապարակային աճուրդով, կամ նուէր տրուած էին թուրք ընտանիքներու եւ քիւրտ հրոսակախումբերու:

Հայերու բնաջնջման մեծ մասը իրագործուած էր 1915-ի մայիսէն մինչեւ յուլիս, երեք ամիսներու ընթացքին:

Հեղինակը այնուհետեւ կը խօսի Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորման մասին, նշելով որ կենսունակ վայրերը չէին ներգրաւուած այդ հանրապետութեան սահմաններէն ներս, եւ որ շրջապատուած էր թշնամի դրացիներով, իսկ ժանտախտի ու ժանտատենդի համաճարակները աւեր կը գործէին: Հայաստան վերածուած էր սահմանային չլուծուած խնդիրներով երկրի մը:

Ռիֆաթ Իմամ կ՛ըսէ, որ Եւրոպայի դրամատէրերը եւ ամերիկացիները գիտակցած էին թէ կրնային մեծ շահեր ապահովել տակաւ առ տակաւ աճող Թուրքիայէն եւ անոր վաճառականական ճանապարհներէն, որոնք անտարակոյս կը գերազանցէին «սոված ու անապատ» Հայաստանը:

Այսուհանդերձ, եւրոպական դիւանագիտութիւնը յաջողած էր Պոլսոյ պարտադրել ընդունիլ Սեւրի դաշնագիրը` 10 օգոստոս 1920-ին: Սեւրի դաշնագրին հիմամբ` օսմանեան պետութիւնը պաշտօնապէս ճանչցած էր Հայաստանը իբրեւ ազատ, անկախ երկիր մը:

Ռիֆաթ Իմամ այնուհետեւ կը խօսի քեմալական շարժման, հայ-թրքական պատերազմին եւ Հայաստանի խորհրդայնացման ու Լոզանի դաշնագիրին մասին:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ այսպիսով «Թուրքիա» պարպուած էր իր ամէնէն մեծ ոչ թուրք փոքրամասնութենէն եւ կարծէք թէ հայկական հարց մը բնաւ գոյութիւն չէր ունեցած, կամ նոյնիսկ հայերը գոյութիւն չէին ունեցած օսմանեան պետութեան տարածքին: «Մեծ դաշնակիցները» Լոզանի սեղանին վրայ անհետացուցած էին «փոքր դաշնակիցին» հարցը: Մինչ փրկուած հայութիւնը դատապարտուած էր ապրելու աշխարհասփիւռ` բոլոր ցամաքամասերուն մէջ, կազմելով հայկական սփիւռքը:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Ո՜վ Գեղեցիկ Հայորդի» (Հեղինակ` Դոկտոր Ահմէտ Տրէյս)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Գիւղը, Ուր Տղամարդոց Մուտքը Արգիլուած Է

Մարտ 24, 2023
Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են
Մշակութային եւ Այլազան

Նշանաւոր Մարդիկ, Որոնք Դպրոցէն Դուրս Մնացած Են

Մարտ 17, 2023
Հրաշք Մանուկը
Մշակութային եւ Այլազան

Հրաշք Մանուկը

Մարտ 10, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In