Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Մտածումներու Արձագանգը» (Հեղինակ` Հուրի Ազէզեան)

Յունիս 6, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հալէպի մէջ 2012-ին լոյս տեսաւ Հուրի Ազէզեանի «Մտածումներու արձագանգը» (հրապարակախօսական ընտրանի) գիրքը, բաղկացած` 199 էջերէ: Հրատարակութիւն Բերիոյ թեմին, հրամանաւ Շահան սրբազանին եւ մեկենասութեամբ Մահսէրէճեան ընտանիքին, ի յիշատակ Մանուէլ Մահսէրէճեանի:

Հայ մամուլի առաքելութեան մասին խօսելով Ազէզեան կ՛ըսէ, որ հայապահպանումի, հայակերտումի, մարդակերտումի, հայրենակերտումի, ազգակերտումի ուղիներուն վրայ հայ թերթը սոսկ արժանահաւատ տեղեկատու եւ հաճելի ժամանց չի ներկայացներ, այլ մտքի դարբնոց է ու հոգիի տաճար, ուր երկրպագու հայ ընթերցողը ամբողջական հաղորդակիցն է նաեւ մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին երգերուն եւ բաժնեկիցը` վէրքերուն, յաճախ տարակարծիք է ան` ինչ որ կը սատարէ ընդարձակելու անհատին մտահորիզոնը եւ կազմաւորելու գաղափարները:

Կիրակնօրեայ դպրոցներու մասին խօսելով հեղինակը կ՛ըսէ, որ կրօնական եւ բարոյական դաստիարակութիւնը անհրաժեշտութիւն է մեր մանուկներուն համար, ինչ որ կը նշանակէ հոգիին վերաբերող դաստիարակութիւն, հոգին աստուածային ճշմարտութիւններով ու հաւատքով կրթող ազդակ: Հայ ժողովուրդի ինքնատիպ առանձնայատկութիւններէն եղած է եզակի դիմագիծը` իբրեւ պատմական դրսեւորում մեր դարաւոր գոյութիւնը հունաւորող ազգային-կրօնական վսեմ սկզբունքներուն եւ հոգեւոր բարձր արժէքներուն:

Ազէզեան կը շարունակէ ըսելով որ կիրակնօրեայ դպրոցը արդարացնելով իր եզակի կոչումը, եթէ նախ քրիստոնէական ճշմարտութիւններով կը մշակէ մանուկներուն խիղճը, բայց միաժամանակ անոնց միտքն ու հոգին կը լիացնէ հայ ազգային մշակոյթին ու պատմութեան այն նշխարներով, որոնք ընդհանրապէս մաս չեն կազմեր ուսումնական կրթական ծրագիրներուն եւ ոչ ալ ընտանեկան դաստիարակութեան: Կիրակնօրեայ  դպրոցը դաստիարակութեան այն անփոխարինելի պարունակն է, ուր կրօնականն ու ազգայինը  ներդաշնակօրէն միահիւսուած` հայավայել ու քրիստոնէավայել նկարագիրն է որ կը կերտէ:

Հայ եկեղեցւոյ մասին խօսելով Ազէզեան կ՛ըսէ, որ հայ եկեղեցւոյ դաւանանքին, աստուածաբանութեան եւ հայրենաբանութեան կողքին, մեր եկեղեցին կ՛ընդգրկէ նաեւ պանծալի պատմութիւն, շքեղ ճարտարապետութիւն, հոգեպարար երաժշտութիւն, կիրառական արուեստներու ու տոհմիկ աւանդութեանց պսպղուն գանձարան, ծիսական-արարողական հնչեղ աւանդ, որոնք անառարկելիօրէն հիմնախարիսխը կը կազմեն մեր ազգային պատմութեան եւ մշակոյթին: Բոլորիս պարտքն է ճանչնալ ու հաղորդուիլ մեր հոգիներու ծննդավայր հայ եկեղեցիով:

Ազէզեան կը նշէ, որ ընդհանուր առումով, կրօններ սերտօրէն առնչուած են մարդկային ընկերութեան կեանքին հետ, անոր այլազան բնագաւառներէն ներս, եւ ներկայ ժամանակներու ընկերային ու բարոյական սկզբունքներու թէ մնայուն արժէքներու տեղատուութեան դիմաց, մարդը իր գոյութեան ու կոչումին վերարժեւորման մէջ` սկսած է վերադարձ մը ապրիլ դէպի կրօնական արժէքները: Համաշխարհայնացած այս աշխարհին մէջ կրօնները կրնան որոշակի դերակատարութիւն մը ունենալ ինքնորոյնութիւններու պահպանման տեսակէտէն, եւ կրնան սատարել դիմագրաւելու համար տարատեսակ մարտահրաւէրները:

Համաշխարհայնացման երեւոյթին անդրադառնալով Ազէզեան կ՛ըսէ, որ ընկերաբանական մօտեցումով, համաշխարհայնացումը կը նկատուի աշխարհի երրորդ յեղաշրջումը, երկրագործական եւ ճարտարարուեստական յեղաշրջումներէն ետք: Ճարտարագիտական յեղաշրջում մը, որ երկրի մը քաղաքական, ընկերային, բարոյական ըմբռնումները փոփոխութեան ենթարկելով, կրնան բարիք ըլլալ, եւ հաւասարապէս ալ չարիք: Համաշխարհայնացումի ազդեցութիւնները` դրական թէ ժխտական, իւրաքանչիւր երկրի պարագային սկսան դիտուիլ տարբեր արդիւնքներով:

Հայ գիրի եւ ազգային ինքնութեան անդրադառնալով Ազէզեան կ՛ըսէ, որ հայոց պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն, հայութիւնը հաւատացած է գիրի զօրութեան: Հայ գիրը միշտ կենարար շունչ տուած է հայ մտքին ու հայ հոգիին, եւ մեր կեանքը իր տագնապներով, նուաճումներով, ձգտումներով, անմահութեան շաւիղներուն մէջ ծաղկեցուցած է: Մեզի համար լեզուն հող է, երդիք է, մշակոյթ է, ազգային յիշողութիւն, լինելիութեան պատգամ եւ գոյատեւելու կռուան է:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Ո՜վ Գեղեցիկ Հայորդի» (Հեղինակ` Դոկտոր Ահմէտ Տրէյս)

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?