Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Միջազգային մամուլը ընդհանրապէս դրական արձագանգած է Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն` բաւական մօտէն հետեւելով ատոնց: Նոյնպէս անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին, որ զուգադիպած է նոյն օրերուն:
Կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Խարբերդէն Մինչեւ
Միացեալ Նահանգներ
Թրքական gazetekarinca.com կայքը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով ներկայացուցած է ամերիկահայ դերասան Էրիք Պօղոսեանի ընտանիքին` Ցեղասպանութենէն փրկուելու եւ հայրենիքէն հեռու կեանքը շարունակելու պատմութիւնը:
auroraprize.com կայքի «100 կեանք» նախագիծի ծիրին մէջ Էրիք Պօղոսեանին հարցազրոյցը թրքական կայքը թարգմանած եւ ներկայացուցած է ամբողջութեամբ` օգտագործելով ցեղասպանութիւն բառը առանց չակերտներու:
Պոսթըն ծնած Պօղոսեանին ընտանիքը Միացեալ Նահանգներ հասած է Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Խարբերդ գաւառէն: Ամերիկահայ դերասանը կը յիշէ, որ ընտանիքին մէջ յաճախ չէր խօսուէր անցած ցաւերու եւ կորուստներու մասին, սակայն ատիկա չխանգարեց Էրիքին` ճանչնալու իր պատմութիւնը:
«Ես միայն գիտեմ, որ մեծ հայրս 1915-ին հասած է Միացեալ Նահանգներ: Անոնք Խարբերդէն էին: Մեծ հայրս` Մկրտիչը, փախած ու փրկուած է` ցեղասպանութենէ, սակայն ինչպէս փախած է չեմ գիտեր: Ճամբան ան նոյնպէս փրկած է մայրս, որուն հայրը սպաննուած էր: Մայրս մինչեւ կեանքին վերջը ապրեցաւ անոնց հետ Մասաչուսեցսի մէջ: Ան անգլերէն չէր գիտեր: Ընտանիքս չէր խօսեր Ցեղասպանութեան կամ այն մասին, թէ ի՛նչ եղած է Թուրքիոյ մէջ, անոնց համար ատոնք բացասական միտքեր էին», կը պատմէ Պօղոսեան:
Ամերիկահայ դերասանը, որուն ծննդեան օրը 24 ապրիլին է , կը յիշէ, որ ընտանիքին մէջ իրեն բնաւ չէին պատմած, որ ատիկա նոյնպէս յիշատակի օր է:
«Ինծի բնաւ չէին ըսեր, որ ատիկա յատուկ օր է: Երբ ես դարձայ արուեստի գործիչ, ես չէի ուզեր, որ զիս ամբողջացնողը ըլլայ միայն հայկական ինքնութիւնս, կամ ես երեւիմ որպէս այդպիսի դերասան», կը նշէ ամերիկահայ դերասանը, որը վերջին 10 տարուան մէջ աւելի մեծ թափով սկսած է աշխատիլ Ցեղասպանութեան շուրջը ուսումնասիրութիւններու եւ զանազան ծրագիրներու վրայ:
«Երբ ես գիտցայ, թէ ի՛նչ պատահած է Մկրտիչ մեծ հօրս Թուրքիոյ մէջ, շատ փոքր էի: Թերեւս 4 տարեկան: Ամբողջ կեանքս ուսումնասիրած եմ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն վերջին 10 տարուան մէջ աւելի մեծ թափ առի: Ցաւօք, մեր հին երկրէն, մեր հին քաղաքէն` Խարբերդէն մեզի մնացած ոչինչ այժմ ունինք», կը նշէ Պօղոսեան:
«Հայաստանի Իրադարձութիւններուն Աշխարհաքաղաքական
Պրիզմակով Պէտք Չէ Նայինք». Թ. Տը Վաալ
Քարնեկի հիմնադրամի աւագ գիտաշխատող Թոմաս տը Վաալ, Ֆորէյն Փոլիսին մէջ գրած է. «Ռուսիոյ դաշնակից յետխորհրդային որեւէ երկրի մէջ, երբ փողոցային ցոյցերու պատճառով իշխանափոխութիւն տեղի կ՛ունենայ, վերլուծաբանները արագօրէն կը սկսին աշխարհաքաղաքական եզրակացութիւններ ընել»:
«Բայց երբեմն, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, իշխանափոխութեան տանող ցոյցերը պարզապէս իշխանափոխութեան տանող ցոյցեր են: Պէտք է ակնկալել, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները աշխարհաքաղաքական հետեւանքներ չունենան, եւ պէտք չէ զանոնք դիտել որպէս Ռուսիոյ ազդեցութեան անկման ազդանշան»:
Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնէն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը աշխարհաքաղաքականութեան հետ կապ չունի, առաւելագոյնը` ատիկա կրնայ ցոյց տալ, որ յետխորհրդային վարչակարգերը այնքան ամուր չեն, ինչպէս հեռուէն կ՛երեւին, եւ թէ տարածաշրջանի հին վարչակարգերը կրնան փլիլ խաղաղ ճամբով` առանց դուրսէն որեւէ դրդումի»:
«Հայաստան դժուար է բնութագրել, ան չի համապատասխաներ միջազգային որեւէ որոշ կարգի: Հայաստան 3 միլիոն բնակչութեամբ փոքր երկիր է, բայց ունի սփիւռք, որ կ՛երկարի Պոսթընէն Պէյրութ: Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է, բայց սերտ կապեր ունի Քալիֆորնիոյ եւ ամերիկեան Քոնկրեսին հետ` սփիւռքի միջոցով, նոյնպէս ըլլալով քրիստոնեայ` լաւ յարաբերութիւններ ունի Իրանի իսլամական հանրապետութեան հետ:
«Հայաստանի ժողովուրդը աղքատ է, բայց բաւական կրթուած, եւ ներկայիս քաղաքական համակարգը ո՛չ բռնատիրական է, ո՛չ ժողովրդավարական:
«Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները անսպասելի էին նոյնիսկ ցուցարարներուն համար: Վերջիններս ոչ մէկ պաշտօնական կազմակերպութիւն ունին եւ քիչ ներկայացուածութիւն ունին խորհրդարանին մէջ: Անոնց տէ ֆաքթօ առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան նախկին խմբագիր է, որ հակառակ խիզախութեան կամ գաղափարներու պակաս չունենալուն, մեծ փորձառութիւն չունի քաղաքականութեան մէջ»:
«Անհրաժեշտ է ընդգծել, որ, միակուսակցական համակարգի պայմաններուն մէջ Սերժ Սարգսեան բաւական լաւ աշխատանք ըրած է վերջին շրջանին: Ան քանի մը լաւ նշանակում կատարած է եւ այլազանութիւն մտցուցած Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անոր նախագահութեան օրով վարչապետ Կարէն Կարապետեան ապահոված է 7 առ հարիւրի տնտեսական աճ եւ որոշ ներդրումներ: Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած է Համապարփակ եւ ընդարձակուած գործընկերութեան համաձայնագիրը` հաւասարակշռելու համար ԵԱՏՄ-ին երկրի անդամակցութիւն:
«Մենք պէտք չէ Հայաստանի իրադարձութիւններուն նայինք աշխարհաքաղաքական պրիսմակով, ատոնք յստակ Ռուսիոյ մերժում չեն:
«Ցոյցերը բռնի չցրուելու որոշումը նոյնպէս Սերժ Սարգսեանի ի նպաստ է: Ան տասնամեակ մը առաջ իշխանութեան եկած է ընդդիմութեան ցոյցերուն ատեն, որուն ընթացքին 10 մարդ զոհուած է: Սերժ Սարգսեան ակներեւ է, որ չէր ուզեր աւելի մեծ կռիւի երթալ այս անգամ»:
«Պի. Պի. Սի.». Հայաստանեան Իրադարձութիւնները Ցոյց Տուին,
Որ Յետխորհրդային Տարածքին Մէջ Կարելի Է Փոփոխութիւն` Խաղաղ Միջոցով
Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կարեւոր են, քանի որ ատոնք ցոյց կու տան, որ յետխորհրդային երկրին մէջ հնարաւոր է փոփոխութիւն` խաղաղ եւ ժողովրդական շարժումի միջոցով: Փաստը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները զսպուածութիւն ցուցաբերեցին եւ անհամաչափ ուժի չդիմեցին ցուցարարներու դէմ, նոյնպէս նուաճում է:
Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ ցնծութիւն կը տիրէր բողոքի շարժումներու ճնշման տակ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի հրաժարական տալէն ետք: Լուրը հազիւ հրապարակուած Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կարծես ուրախութեան հրավառութիւն տիրէր, շատերը կը նշէին, որ ատիկա յաղթանակ է ամբողջ ազգին համար, եւ թէ մարդիկ փողոց ելան ժողովրդավարութեան համար, եւ յաղթեցին:
Սերժ Սարգսեանի բանբեր Յովհաննէս Նիկողոսեան նշեց, որ Ս. Սարգսեանը պատասխանատու կերպով վարուած եւ կատարած է փողոցային շարժումին պահանջները:
«Կը կարծեմ` անոր հրաժարականը գործող ժողովրդավարութեան յստակ ապացոյց է: Այնպէս չէ, որ աշխարհի որեւէ անկիւն ընթացող ամէն ցոյց կ՛առաջնորդէ իշխանութեան հրաժարականին», ըսած է Յովհաննէս Նիկողոսեան:
«Նիւ Եորք Թայմզ»
Ազրպէյճան երկար ժամանակ օգտագործած է Հայաստանի մէջ խռովութիւնները` փորձելու համար Արցախի տագնապին մէջ օգուտ քաղել, որ, վերլուծաբաններու կարծիքով, կրնայ ըլլալ պատճառներէն մէկը, թէ ինչո՛ւ Սերժ Սարգսեան արագ գործեց: Բացի ատկէ, ըստ անոնց, քանի որ 2008 թուականին Սերժ Սարգսեանի նախագահութիւնը սկսած էր փողոցային ցոյցերով, որոնց իբրեւ հետեւանք 10 մարդ զոհուած է, ան մտադիր էր այս անգամ պահպանել խաղաղութիւնը:
«Ուաշինկթըն Փոսթ»
Սերժ Սարգսեան թերագնահատեց իր իսկ ժողովուրդը, երբ փորձեց դասական փութինեան քայլ իրականացնել: Ժողովրդական ապստամբութիւնը հարուած է Վլատիմիր Փութինի կողմէ խրախուսուող բռնատիրական քաղաքական մոտելին, որ տարածուած է ո՛չ միայն այլ նախկին խորհրդային երկրներու, այլեւ Թուրքիոյ մէջ:
«Պլումպերկ»
Գրեթէ անհաւանական էր պատկերացնել, որ 2014 թուականի Ուքրանիոյ յեղափոխութեան Ռուսիոյ արձագանգէն ետք, Հայաստան կը փորձէր յեղափոխութիւն իրականացնել: Այդուհանդերձ, երկուշաբթի երկիրը անդամալոյծ ըրած զանգուածային բողոքի շարժումները ստիպեցին Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգսեանին` հրաժարական տալ:
Ցուցարարները զգոյշ եղան` ընդգծելու համար, որ իրենց դրդապատճառները խիստ ներքաղաքական են, որուն պատճառով Ռուսիա կարիք չի տեսներ միջամտել իրավիճակին:
Սերժ Սարգսեանի ասպարէզի աւարտը պէտք է հետաքրքրէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, որուն մօտ կրնայ գայթակղութիւն յառաջանալ երկարաձգելու իր պաշտօնավարութիւնը` ի դէմս օրէնսդրական սահմանափակումներու:
«Կազեթա. Ռու»
Ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկած ռազմավարութիւնները եւ 13 ապրիլէն սկսած բողոքի աննախընթաց, լայնածաւալ շարժումները ի վերջոյ հասան իրենց ուզածին: 23 ապրիլին երկրի նախկին նախագահը յայտարարեց վարչապետի պաշտօնէն հեռանալուն մասին: Ատկէ ետք Երեւանի մէջ զանգուածային բողոքի շարժումները վերածուեցան ժողովրդական տօնախմբութեան:
«Տէյլի Մէյլ». Ամերիկահայերը Ողողած Են
Լոս Անճելըսի Փողոցները
Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» թերթը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցի առիթով Լոս Անճելըսի մէջ կազմակերպուած «Արդարութեան երթ»-ին, որուն մասնակցած են տասնեակ հազարաւոր մարդիկ:
Թերթը կը նշէ, որ երթին մասնակիցները` կամաւորներ, հայկական գաղութի ներկայացուցիչներ, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ, քաղաքական գործիչներ, պահանջած են Թուրքիոյ իշխանութիւններէն` իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալ աւելի քան 100 տարի առաջ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը:
Լոս Անճելըսի փողոցները ողողած աւելի քան 40.000 ցուցարները կրած են Հայաստանի դրօշները, նոյնպէս` Թուրքիան դատապարտող պաստառներ:
Յատկանշական է, որ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի, որ 20-րդ դարու սկզբի սոսկալի իրադարձութիւնները անուանած է մարդկային ողբերգութիւն, ինք եւս միացած է ցուցարարներուն: