Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Հայաստանի Մէջ

Յունիս 8, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ աջակցութեամբ Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը 22-29 մայիսին այցելեց Հայաստան: 23 մայիսին Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական թատրոնին մէջ թատերախումբը ներկայացուց Հենրիք Իբսենի «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի, իսկ 24 մայիսին Արա Արծրունիի  «Կոնտոլեզիա իմ սէր» ներկայացումը` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: 25 մայիսին Երեւանի Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղի ներկայացումը, իսկ 26 մայիսին նոյն վայրին մէջ տեղի ունեցաւ «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղին ներկայացումը:

Թատերախումբին Հայաստան այցելութիւնը եւ զոյգ ներկայացումները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին թատերասէրներու շրջանակին մէջ: Տարբեր լրատուամիջոցներ անդրադարձան այս նախաձեռնութեան: Կը ներկայացնենք հատուածներ:

Ձեռնարկի հովանաւոր «Պիպլոս պանք» իր կայքէջին վրայ անդրադարձած է թատերախումբի ներկայացումներուն:

«Պիպլոս պանք Արմենիան» կ՛աջակցի Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» հանրայայտ թատերախումբի ներկայացումներուն Հայաստանի մէջ

Պէյրութի առաջին հայկական թատերախումբը` «Գասպար Իփէկեան»-ը 1940-ականներուն կազմաւորուելէն ի վեր ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարբեր բեմերուն վրայ, սփիւռքի հայկական մեծ համայնքներուն մէջ: Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արժանացած է հանդիսատեսին ջերմ ընդունելութեան:

Կը նշուի նաեւ, որ մեկնելով հանդիսատեսի բուռն արձագանգէն` թատերախումբը պիտի ներկայացնէ երկու թատերախաղեր, եւ կը յանձնարարէ անպայման մասնակցիլ այս բացառիկ մշակութային իրադարձութեան:

Կը նշուի նաեւ, որ աջակցելով «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին` դրամատունը նպատակ ունի նպաստել Հայաստանի մէջ աւելի բազմազան մշակութային միջավայրի եւ սփիւռքի հետ աւելի սերտ համագործակցութեան ձեւաւորման:

«Լրատես», «Իրաւունք»

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայաստանեան հիւրախաղերը

Կայքէջերը կը նշեն, որ 24 մայիսին Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Սուրէն Խտըշեանի:

Գիւմրիի թատրոնին մէջ ներկայացումներու բացման հանդիսաւոր արարողութեան «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան իր խօսքին մէջ նշեց. «Երկու թատերախաղերն ալ կ՛արծարծեն համամարդկային քաղաքական սուր խնդիրներ: Հայ ժողովուրդը, որ կ՛ապրի էապէս քաղաքական եւ ազգային ճակատագրական օրեր, վստահաբար այս թատերախաղերուն մէջ պիտի տեսնէ իր առօրեայ տագնապներուն գեղարուեստական արտացոլացումը»:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կողմէ Գիւմրիի թատրոնին յանձնուեցաւ յուշանուէր: Գիւմրիի թատրոնի գեղարուեստական խորհրդատու, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Նիկոլայ Ծատուրեանը ողջունեց թատերախումբը` մաղթելով նորանոր ստեղծագործական յաջողութիւններ հայրենի թատերարուեստը սփիւռքի հայաշատ համայնքներուն մէջ բարձր մակարդակով ներկայացնելու գործին մէջ:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հայաստանեան ներկայացումները տեղի կ՛ունենան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրման 90-ամեակի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Թատերախաղերը կը նուիրուին նաեւ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երկարամեայ ղեկավար Ժորժ Սարգիսեանի յիշատակին:

Համազգայինի թատերասէրներու խումբը հիմնուած է 1942 թուականին բեմադրիչ Գասպար Իփէկեանի կողմէ: Ժորժ Սարգիսեան թատերախումբի գլխաւոր դերակատարներէն էր: Գասպար Իփէկեանէն ետք խումբը ղեկավարեց Ժորժ Սարգիսեան, որ աւելի քան 30 տարի անձնուիրաբար ծառայեց հայ թատրոնին ու մշակոյթին: Հետագային թատերախումբը կոչուեցաւ իր հիմնադիրին` Գասպար Իփէկեանի անունով: Ժորժ Սարգիսեանի ղեկավարութեամբ,  թատերախումբը նոր զարգացում ապրեցաւ` ամրապնդելով դիրքերը նախ Լիբանանի մէջ, այնուհետեւ վաստակեցաւ համասփիւռքեան համբաւ: Ժորժ Սարգիսեանի շնորհիւ` սփիւռքահայ թատրոնը հասաւ իր գագաթնակէտին: Թատերախումբը ներկայացումներով հանդէս եկած է` Սուրիոյ, Իրանի, Եգիպտոսի, Կիպրոսի, Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ:

«Երկիր Մետիա թի.վի»

Պատկերասփիւռի կայանը ամփոփ կ՛անդրադառնայ զոյգ ներկայացումներուն:

Դաւիթ Յակոբեանը կը նշէ, որ այս թատերախումբը ունի 80 տարուան պատմութիւն, սակայն անդադար ձեւափոխուող թատրոն է:

Կը նշուի, որ թատերախաղերը նուիրուած էին Համազգայինի հիմնադրութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յոբելեաններուն:

«Շիրակ թի.վի.»

Պատկերասփիւռի կայանը կ՛անդրադառնայ «Գասպար Իփէկեան»-ի Գիւմրի այցելութեան` նշելով, որ թատերախաղերը տեղի կ՛ունենան Համազգայինի 90-ամեակին առիթով: Կը նշուի, որ թատրոնի ներկայացուցիչները կը խոստովանին, որ Գիւմրիի հանդիսատեսին ներկայանալը մեծ պատասխանատուութիւն է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին համար, եւ դժուար աշխատանք է մատուցել խստապահանջ թատերասէրներու քիմքին հաճելի ներկայացումներ:

«Շանթ թի.վի.»

Կը նշուի, որ նորվեկիացի թատերագիրին գործը կը ներկայացնէ նորվեկիացի ժողովուրդին պայքարը իշխանութիւններու ապօրինութիւններուն դէմ, եւ ասիկա գրուած է 1 դար առաջ ու կը մնայ արդիական: Կ՛ըսուի, որ Լիբանանի հայ երիտասարդ բեմադրիչը նոր շունչ ու մօտեցում հաղորդած է այս ներկայացման: Կը ներկայացուի նիւթը, տեսարաններ եւ դերասաններու կարծիքներ: Կը նշուի նաեւ, որ նոյն օրը պիտի ներկայացուի նաեւ նոյնքան այժմէական թեմա մը` Արա Արծրունիի «Կոնտոլեզիա իմ սէր» թատերախաղը:

«Կը Նախընտրեմ Խօսիլ Ներկայի
Ու Ապագայի Մասին».
Նշեց Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը

Մայիս 25-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը ընդունեց Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին` Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանը, բեմադրիչներ` Սուրէն Խըտշեանը եւ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը, թատերախումբի վարչութեան անդամներ` Ժան Պեքերեճեանը եւ Փաթիլ Գուլաճեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար: «Ծանօթ եմ թատերախումբին պատմութեան, ազգանուէր գործունէութեան, որ ուղղուած է հայապահպանութեան: Նոր կառավարութիւնը եւս կարեւոր կը նկատէ ա՛յն անգնահատելի ներդրումը, որ ունեցած էք նաեւ մշակութային աւանդոյթներու պահպանման համար: Կը նախընտրեմ խօսիլ ներկայի եւ ապագայի մասին: Անշուշտ պիտի շարունակենք եւ ընդլայնենք համագործակցութիւնը: Մեր օրակարգին առաջնային հարցը հայրենադարձութիւնն է: Օրէ օր աւելի ու աւելի պիտի զգաք մեր հոգատարութիւնը: Շարունակեցէ՛ք նոյն ոգիով իրականացնել ձեր առաքելութիւնը»:

Համազգայինի Լիբանանի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց աջակցութեան համար եւ նշեց, որ` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին առաքելութիւնը հայ լեզուն անաղարտ պահելն է, հայկական աւանդոյթները ամրապնդելը եւ հայ մշակոյթը տարածելը: Թատերախումբը ներկայացումներ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ եւ ելոյթներ  ունեցած է մեծ բեմերու վրայ, սակայն ներկայացումներ երբեք չէ ունեցած մայր հայրենիքի մէջ: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան  նախաձեռնութեամբ, թատերախումբը անդրանիկ հիւրախաղերով հանդէս եկաւ Հայաստանի մէջ: Մայիս 23-ին եւ 24-ին երկու ներկայացում  ունեցած է Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան թատրոնին մէջ եւ մայիս 25-ին եւ 26-ին երկու ներկայացումով հանդէս եկած է Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի թատրոնին մէջ:

Մեծ խանդավառութեամբ ընդունեցինք Հայաստանի մէջ կատարուած փոփոխութիւնները, լաւատեսական մթնոլորտ է ամէնուր: Յուսանք, որ մեր երազած հայրենիքը կ՛ունենանք: Անկէ աւելի մեծ նուէր չկայ մեզի համար», խօսքը եզրափակեց Մարտիկ Տեմիրճեան:

___________________________________

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը իր կարգին երախտագիտութեան յուշանուէրներ յանձնեց` Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնի ղեկավար Վիգէն Չալտըրեանին, Գիւմրիի Վարդան Աճէմեանի անուան պետական թատրոնին, որ ստանձնեց Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, վաստակաւոր բեմադրիչ Նիկոլայ Ծատուրեանը, Համազգայինի Լիբանանի թատերախումբի նախկին բեմադրիչներ Դաւիթ Յակոբեանին, Վիգէն Ստեփանեանին եւ Ռոպէրթ Առաքելեանին:

___________________________________

Դերասաններու Կարծիքներ

Նժդեհ Մկրտիչեան

Այս ճամբորդութիւնը անմոռանալի էր զանազան պատճառներով: Ընկերային մթնոլորտէն անդին` պէտք է խօսիլ թատերական մթնոլորտին մասին:

Այս ճամբորդութեան ընթացքին մենք մեզ իրապէս արհեստավարժ դերասաններ զգացինք: Նախ` բեմ բարձրացանք 2 տարբեր ներկայացումներով, եւ ամէն մէկ օր` տարբեր ներկայացում, տարբեր կերպար, տարբեր հագուստ, տարբեր մթնոլորտ, ինչ որ մեզի համար նորութիւն էր եւ հաճելի:

Ասկէ անդին` հետաքրքրական էր թատերասրահներու գործնական աշխատելաոճը եւ ընդհանուր մթնոլորտը:

Վերջապէս հանդիսատեսը. թատրոն սիրող եւ յարգող հանդիսատեսին դիմաց բեմ բարձրանալը դարձեալ իւրայատուկ էր:

Այս բոլորէն անդին` թատերախումբին ընկերային պահերը, երգերով եւ կատակներով, պտոյտներով եւ կենացներով իրապէս անմոռանալի դարձուցին մեր ճամբորդութիւնը, եւ այս յիշատակներով վերադարձանք մեր առօրեային:

Զաւէն Պաաքլինի

Երկար սպասումէ ետք, վերջապէս հասանք ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ նոյն օրը ուղղուեցանք Գիւմրի:  Մեզի կ՛ընկերանար համազգայնական Վահագնը: Մենք լսած էինք, որ Գիւմրիի հանդիսատեսը բծախնդիր է եւ խստապահանջ, եւ Վահագնը աւելի շեշտուած ձեւով մանրամասնեց ատիկա: Անկեղծօրէն սկիզբը քիչ մը վախցանք, բայց մեր համոզումը եւ ինքնավստահութիւնը աւելի ծանր կը կշռէր: Եւ վերջապէս հասաւ սրտատրոփ սպասուած ժամը, եւ մենք յաջողեցանք ճակատաբաց ու հպարտ խոնարհիլ այդ հրաշալի ժողովուրդին առջեւ այդ երկու անմոռանալի ելոյթներով: Երեւանի մէջ նաեւ մեծ ուրախութեամբ եւ յարգանքով ընդունուեցան մեր երկու յաջորդական ելոյթները: Այս յիշատակելի փորձառութիւնն ու տպաւորութիւնները երբեք պիտի չջնջուին մեր միտքերէն եւ սիրտերէն: Ինչպէս տարբեր առիթներով յիշած ենք, կ՛ուզեմ նորէն մեծ անկեղծութեամբ շնորհակալութիւն յայտնել «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, մասնաւորաբար` ատենապատ Մարտիկ Տէմիրճեանին, որ ամէն գնով այս գործը յաջողութեամբ իրականացուց:

Գէորգ Նալպանտեան

Հայը` հայ, ուր որ է

Մարդ արարածը որքան ալ փորձառու ըլլայ, որքան ալ ինքնավստահ ըլլայ, եւ որովհետեւ նոր շրջանակի մէջ պիտի գտնուի, կ՛ունենայ տարբեր զգացմունք, յուզմունք եւ երկուութիւն:

Առաջին անգամ չէ, որ հայրենիք կը գտնուիմ: Երբ երկինքն ու երկիրը, լեռն ու քարերը, ջուրն ու մարդկութիւնը հայերէն կը բուրեն, կը հպարտանաս, կը փափաքիս անոնց կենցաղին մասին ամէն ինչ գիտնալ, կը շփուիս մարդոց հետ, ակնկալութիւններ` ամէն կողմէ, երկուստեք, մին հայրենիքէն, միւսը սփիւռքէն:

Թատերական աշխարհ. պարզ է, ամէն անգամ երբ նոր նիւթ մը, գործ մը պիտի ներկայացուի հանրութեան, ոտքդ բեմ չդրած` սարսուռ մը մէջէդ, կ՛ուզես զուգարան վազես, սակայն երբ սահմանը անցար, այլեւս դուն ինքդ չես, այլ` այն անձը, որ դուն պիտի մարմնաւորես եւ անոր մտորումները ապրիս, ընթացք եւ վերջ:

Եւ ահա կ՛ունենաս այն զգացումը, որ կրցած ես տպաւորել հանդիսատեսը, լաւ կամ վատ, յաջող կամ ձախող, հանդիսատեսի աչքերուն մէջ կը տեսնես այն արտայայտութիւնները` գոհունակութեան կամ դժգոհութեան, դերիդ համաձայն, դիմակներու խաղարկութիւն, չէ՞ որ բոլորս ալ դերասան ենք այս երկրի վրայ:

Նոր միջավայր, նոր սրահ, նոր հանդիսատես, Գիւմրի, Երեւան:

Նոր թատերական դպրոց, նոր բեմադրութիւն, նոր խաղընկերներ, նոր բեմադրիչներ: Երբ լոյսը կը մարի ու կը վառի, ամէն բան կը միաձուլուի:

Նոր ճաշակով կը համակուիս, կը հագեցնես ներքին իղձերդ, երազներդ, որոնք կ՛օրօրուէին, եւ եկաւ պահը հայրենիքի մէջ: Սփիւռքը արդէն կը ճանչնայ քեզ, այսօր Հայրենիքն ալ կը հպարտանայ քեզմով, Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ, ցանկալով կրկին վերադարձ` նոր թատերախաղերով:

Գոհունակ եւ ուրախութեամբ` վերադարձ Լիբանան, նորանոր ակնկալութիւններով: Վարձքը կատար բոլորին` պատասխանատուներուն, դերակատարներուն եւ բեմադրիչներուն եւ մութի մէջ աշխատողներուն: Վարձքերնիդ կատար` այս նախաձեռնութեան համար:

Ամէն ինչ կարելի է, երբ կայ կամք եւ յարատեւ աշխատանք:

Մաղթենք առողջ երթ` մեր հայ մշակոյթին:

Յետ Մահու Պարգեւատրում
Ժորժ Սարգիսեանի

25 մայիս 2018-ին Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան պետական թատրոնին մէջ, «Ժողովուրդի թշնամին» թատերախաղէն ետք, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բեմադրիչ Ժորժ Սարգսեանի յետմահու պարգեւատրումը:

Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանը կարդաց սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին ուղերձը:

Ուղերձին մէջ նախարար Մխիթարեանը պատմական նկատած է այս ներկայացումները, տրուած ըլլալով, որ անոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակին առիթով: Նախարարը բարձր գնահատած է Համազգայինի վիթխարի դերակատարութիւնը հայապահպանութեան գործին մէջ: Ըստ նախարարին, Համազգայինը, անկախ քաղաքական եւ տնտեսական պայմաններէն, Նիկոլ Աղբալեանի պատգամով մշտապէս առաջնորդած է սերունդները` «Ստեղծել աշխարհիկ հայութիւն, որ կառչած մնայ իր ազգութեան, յենարան դառնայ հայ դպրոցին ու մշակոյթին եւ հաւատք ունենայ Հայ դատի յաղթանակին»: Նախարարը նշած է, որ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանումը, մայրենի լեզուին զարգացումը, տարածումը եւ զանոնք սերունդներուն փոխանցելու վեհ ձգտումը Համազգայինի ընտանիքը մշտապէս մղած են իրագործելու հայապահպան մնայուն արժէքներ:

Նախարար Մխիթարեանը նշած է, որ անկախութենէն ի վեր Համազգայինը մեծագոյն ակնկալիքներով հիւսած է Հայաստան-սփիւռք կամուրջը: Նախարարը ապա անդրադարձած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի առաքելութեան` հայ լեզուն անաղարտ պահել, հայկական աւանդոյթները ամրապնդել եւ հայ մշակոյթը տարածել: Ան ընդգծած է, որ թատերախումբին շնորհիւ միջազգային վերելք արձանագրուած է ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ Միջին Արեւելքի եւ հեռաւոր հայ համայնքներուն մէջ ներկայացուած թատերախաղերով: Ուղերձի աւարտին նախարարը յայտնած է, որ բեմի անխոնջ նուիրեալ Ժորժ Սարգիսեանի յիշատակին` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը «Ոսկէ մետալ» պարգեւը

յետմահու կը շնորհէ Լիբանանի մէջ թատրոնի տարածման եւ արուեստի մակարդակի բարձրացման գործին մէջ աւանդ բերած հայ մշակոյթի երախտաւորին: Իսկ կարեւոր նկատելով «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին բերած հայապահպան աւանդն ու հայկական թատրոնի պատմագրութեան մէջ ունեցած կարեւորագոյն ներդրումը, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք եւ սփիւռք-սփիւռք կապերու զարգացման գործին մէջ ներդրած ջանքերը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը պատուոյ գիր շնորհած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին:

Ուղերձի ընթերցման աւարտին փոխնախարարը ոսկիէ մետալը եւ պատուոյ գիրը յանձնեց «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեանին:

 

 

 

 

Նախորդը

Փոլ Կիրակոսեանի Մահուան 25-ամեակին Առիթով. Կիրակոսեան Երեւոյթը

Յաջորդը

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?