Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անցեալ չորեքշաբթի, 14 մարտի առաւօտեան մահացաւ ներկայ ժամանակներու ամէնէն հռչակաւոր գիտնականներէն Սթիվըն Հոքինկը: Այս առիթով մասնագէտներ զանազան յօդուածներով անդրադարձան անոր կեանքին եւ գործունէութեան: Մեր այս էջով կը ներկայացնենք Սթիվըն Հոքինկի մասին հրապարակուած քիչ յայտնի փաստեր, նոյնպէս չմոռնալով միւս հանճարը` Այնշթայնը:
Ն.
Սթիվըն Հոքինկ
Աշխարհահռչակ բրիտանացի տիեզերաբան եւ բնագէտ Սթիվըն Հոքինկը մահացաւ ընթացիկ ամսուան 14-ին: Ան 76 տարեկան էր: Ամբողջ կեանքին ընթացքին ան պայքարած է ջղալարերու պրկման, մկաններու կարծրացման հիւանդութեան դէմ: Հակառակ հիւանդութեան` ան դարձած է իր ժամանակներու ամէնէն յարգարժան եւ ամէնէն յայտնի գիտնականներէն մէկը:
21 տարեկանին անոր մօտ ախտորոշած են կողմնային ջղալարերու պրկում, եւ բժիշկները անոր համար ոչ աւելի, քան երեք տարուան կեանք նախատեսած են:
Հոքինկին համար այս նորութիւնը հիմնապէս տհաճ էր, եւ ահաւասիկ ան կրցաւ ապրիլ մինչեւ 74 տարի, «ճշդուած» 3 տարիէն 53 տարի աւելի:
Ան ամուսնացած է 2 անգամ եւ երեք զաւակ ունէր:
Սթիվըն Հոքինկը առանձին ապրող հանճարի կերպար ունէր, սակայն իրականութեան մէջ (պաշտօնապէս) ան երկու անգամ ամուսնացած է եւ նոյնիսկ երեք զաւակ ունի: Անոր դուստրը` Լիւսին, հօրը ղեկավարութեամբ, գիրք գրած է գիտութեամբ հետաքրքրուող երեխաներու համար:
Սթիվըն Հոքինկը լքած է առաջին կինը, որ քիչ մնացած էր, որ անձնասպանութիւն փորձէր: Ըստ երեւոյթին, դժուար է Սթիվըն Հոքինկը սիրելը: Անոր առաջին կինը` Ճէյնը, ոչ միայն մեծցուցած է իրենց երեք երեխաները, այլեւ միշտ խնամած է Սթիվըն Հոքինկը: Երբ Հոքինկը համբաւաւոր դարձաւ, զոյգը սկսաւ իրարմէ հեռանալ, մինչեւ Ճէյն զգաց, որ ինքն ու երեխաները դարձած են անոր սոսկ լրացումը:
Հոքինկը զանոնք լքեց յանուն իր հիւանդապահուհիներէն մէկուն, որուն հետ հետագային ամուսնացաւ: Ճէյն այնքան ճնշուած էր, որ նոյնիսկ կը մտածէր անձնասպան ըլլալու մասին:
Ի դէպ, Հոքինկը յետոյ երկրորդ կնոջմէ ալ բաժնուեցաւ:
Ան կը պաշտէր Սիւփըրմենը եւ Լոյս Լէյնը:
Սթիվըն Հոքինկը անգամ մը խոստովանած է, որ կ՛ուզէր Սիւփըրմենի ուժը ունենալ, իսկ երբ աւելի երիտասարդ էր, նոյնիսկ սիրահարած էր Լոյս Լէյնին, աւելի ճիշդ` Մարկօ Քիտերին, որ Քրիսթոֆըր Ռիվի հետ «Սիւփըրմեն» շարժապատկերին մէջ կատարած է Լոյս Լէյնի դերը:
Որոշ առումով մը Հոքինկը եւս կարելի է սիւփըրմեն անուանել: Ան կը խօսէր այտերու մկաններու օգնութեամբ: Սթիվըն Հոքինկը բացարձակապէս զրկուած էր շարժունակութենէ, թէեւ` ոչ ամբողջութեամբ: Անոր այտերու մկանները կը շարժէին: Ատոնց օգնութեամբ ալ ան կը հաղորդակցէր: Ան յատուկ սարք ունէր, որ կը համադրէր անոր խօսքը. այնպէս որ, ատիկա կարելի էր անուանել իւրայատուկ կախարդութիւն` ըստ Սթիվըն Հոքինկի: Ի դէպ, խօսքի համադրող սարքը Հոքինկին համար մշակած էր անոր երկրորդ կնոջ առաջին ամուսինը:
Հոքինկը համբաւաւոր դարձաւ 1988 թուականի ապրիլէն ետք, երբ հրապարակուեցաւ անոր «Ժամանակի կարճ պատմութիւնը» յայտնի գիտական ուսումնասիրութիւնը: Աշխատանքը թարգմանուած է տասնեակ մը լեզուներու եւ տպագրուած` աւելի քան 10 միլիոն օրինակով: Տիեզերքի ամէնէն անսովոր յատկութիւններու ուսումնասիրութեամբ զբաղող հաշմանդամութեան սայլակին գամուած գիտնականի կերպարով ամէն ոք հետաքրքրուեցաւ:
2016-ին Սթիվըն Հոքինկը «Կլոպըլ թիչըր փրայզ» կայքին մէջ հրապարակուած ուղերձով մը խօսած է հայկական ծագումով իր ուսողութեան ուսուցիչին` Տիգրան Թահթայի մասին, որուն շնորհիւ` իր մէջ սէր արթնցած է գիտութեան հանդէպ:
Հոքինկը գրած է. «Շնորհիւ պարոն Թահթայի` ես դարձայ Քէյմպրիճի համալսարանի ուսողութեան փրոֆեսէօր, այսինքն` պաշտօն մը, որ ժամանակին Այզըք Նիութըն ստանձնած էր: Ամբողջ կեանքիս ընթացքին կը փորձեմ բացայայտել տիեզերքի գաղտնիքները: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կը կարծէ, թէ կարեւոր իրագործումի մը կրնայ հասնիլ իր կեանքին ընթացքին, իսկ անոր մենք կրնանք հասնիլ մեր ուսուցիչներուն շնորհիւ»:
Տիգրան Թահթա Հոքինկին ուսուցիչը եղած է Անգլիոյ Հարթֆորտշիր քաղաքի Սէյնթ Ալպանզ վարժարանին մէջ եւ օժանդակած է յատկապէս Հոքինկի առաջին համակարգիչը պատրաստելու աշխատանքին:
Տիգրան Թահթա, որ ծնած է 7 օգոստոս 1928-ին, զաւակն է հայ ընտանիքի մը, որ Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը հասած է Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Ան մկրտուած է Մանչեսթըրի հայկական եկեղեցւոյ մէջ, եւ անոր հայկական դաստիարակութիւնն ու կրօնի ազդեցութիւնը նկատելի են հեղինակած գիրքերուն մէջ:
Ատոմ Էկոյեանի բեմադրած «Արարատ» ժապաւէնի ազդեցութեան տակ Թահթայի հեղինակած «Արարատի զուգորդութիւններ» հատորին մէջ հեղինակը գրած է Արարատ լերան շնորհիւ իր մէջը յառաջացած բազմաթիւ զուգորդութիւններուն եւ յուշերուն մասին:
Տիգրան Թահթա նաեւ դասաւանդած է համալսարաններու մէջ եւ պատրաստած է ուսողութեան դասաւանդման նորարարական նիւթեր: Թահթա, որ հեղինակ է 5 հատորներու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու, մահացած է 2006-ին:
—————————————————
Սթիվըն Հոքինկի Կեանքի
Քանի Մը Կանոններ
- «Մենք պարզապէս կապիկներու զարգացած սերունդներն ենք փոքրիկ մոլորակի վրայ ` ոչինչով աչքի զարնող աստղով: Սակայն մենք ունինք տիեզերքը հասկնալու կարելիութիւն: Ատիկա մեզ յատուկ կը դարձնէ»:
- «Գիտելիքի հիմնական թշնամին ոչ թէ տգիտութիւնն է, այլ` գիտելիքի պատրանքը»:
- «Ուր կայ կեանք, նոյնպէս կայ յոյս»:
- «Իմ իրական երազս է գրել այնպիսի գիրք մը, որ կը վաճառուի օդակայանի մէջ: Բայց ատոր համար, կարծես թէ, գիրքի կողքին վրայ հրատարակողը պէտք է մերկ կին պատկերէ»:
- «Ամէնէն բարդ խնդիրը, որուն մարդկութիւնը բախած է, մեր յարձակողապաշտ բնազդներն են: Քարանձաւային մարդու ժամանակ այդ բնազդները անհրաժեշտ էին գոյատեւման համար: Հիմա, երբ մենք ունինք բոլոր կորիզային զէնքերը, մենք այլեւս չենք կրնար սպասել, թէ ե՞րբ եղափոխութիւնը մեզ պիտի փրկէ մեր բնազդներէն»:
- «Համացանցին մէջ թափառիլը նոյնքան անիմաստ գաղափար է, որքան` պատկերասփիւռի կայանները անընդհատ փոխելը»:
- «Կեանքը շատ ողբերգական կ՛ըլլար, եթէ այդքան ծիծաղելի չըլլար»:
- «Շատ կարեւոր է չյանձնուիլը»:
——————————————-
Ալպերթ Այնշթայն

Ալպերթ Այնշթայն ծնած է 14 մարտ 1879-ին, Գերմանիոյ հարաւը գտնուող Ուլմէ քաղաքը, ոչ հարուստ ընտանիքի մէջ: Գիտնականը ապրած է Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, սակայն միշտ հերքած է, որ անգլերէն գիտէ: Քանի մը ուշագրաւ փաստեր` աշխարհահռչակ գիտնականի կեանքէն:
Փոքր տարիքին Այնշթայն բնաւ հրաշք մանուկ մը չէր: Հակառակը` շատերը կը հաւատային, որ ան բնականոն երեխայ չէ: Դպրոցին մէջ, ուր տղան չափազանց փակ էր, ծոյլ, դանդաղ եւ ոչ մէկ բանի համար պիտանի, բոլորը կը ծիծաղէին անոր վրայ: Ուսուցիչներն կ՛ըսէին, որ Ալպերթէն ոչ մէկ լաւ բան կ՛ակնկալուի:
Լողալէն բացի` ոչ մէկ մարզաձեւ կը սիրէր: «Մարզաձեւ, որ նուազագոյն ներուժը կը պահանջէ», կ՛ըսէր գիտնականը: Ան կը խուսափէր որեւէ աշխուժ գործունէութենէ:
«Երբ ես աշխատանքէն տուն կը վերադառնամ, ոչինչ կ՛ուզեմ ընել, բացի` մտային աշխատանքէ»:
Այդպէս ալ դպրոցական հաստատագիր չստանալով` Ալպերթ ծնողները համոզեց, որ կրնայ ինքնաշխատութեամբ պատրաստուիլ Ցիւրիխի բարձրագոյն ճարտարագիտական ուսումնարան ընդունուելու համար, սակայն ձախողեցաւ քննութիւններուն: Ի վերջոյ ընդունուելով ուսումնարան` Ալպերթ շատ յաճախ կը բացակայէր դասերէն եւ սրճարաններու մէջ ամսաթերթեր կը կարդար վերջին գիտական տեսութիւններու մասին:
Վկայական ստանալէ ետք, Այնշթայնը, որպէս մասնագէտ, աշխատանքի ընդունեցին արտօնագրման գրասենեակի մը մէջ:

Նկատի առնելով, որ աշխատանքին մէջ թեքնիք բնութագիրներու գնահատումը երիտասարդ մասնագէտէն միայն քանի մը վայրկեան կը խլէր, Այնշթայն հիմնականին մէջ կը զբաղէր իր սեփական տեսութիւններու մշակումով:
Կ՛ըսեն, որ Այնշթայն այնքան ալ կոկիկ չէր, եւ այս առիթով անգամ մը ըսած է. «Երբ երիտասարդ էի, գիտցայ, որ ոտքի բութամատը միշտ կ՛աւարտի ծակով գուլպայի վրայ: Ուրեմն դադրեցուցի ոտքիս գուլպայ անցընելը»:
1920-ական թուականներուն Պերլինի մէջ քարոզարշաւ սկսաւ Այնշթայնի դէմ: Հակասեմական գիտնականներու ցեխարձակումները կ՛իրականացուէին յարաբերականութեան տեսութեան քննադատութեան անուան տակ: Իշխանութիւնները լռութեամբ կը պատասխանէին գիտնականին դէմ եղած հալածանքներուն: 1933 թուականին, Հիթլերի իշխանութեան գալէն ետք, Այնշթայն ստիպուած էր փախչիլ Միացեալ Նահանգներ:
Նացիականները զայրացած էին, որ գիտնականը չկրցան ձերբակալել: Գերմանիոյ մէջ մնացած անոր բոլոր իրերն ու փաստաթուղթերը թալանեցին եւ ոչնչացուցին, իսկ տունը գրաւեց պետութիւնը:
Ալպերթ Այնշթայնի խօսքերը` այն մասին, որ` «եթէ երկրին մէջ երիտասարդներու 2 առ հարիւրը զինուորական ծառայութենէ հրաժարի, կառավարութիւնը չի կրնար զանոնք դիմակայել, իսկ բանտերու մէջ պարզապէս տեղ չի մնար», ամերիկեան երիտասարդներու շրջանակին մէջ ստեղծեցին հզօր հակապատերազմական շարժում, որուն հետեւորդները «2 առ հարիւր» արձանագրութեամբ կրծքանշաններ կը կրէին:
Ալպերթ Այնշթայն այն մարդոցմէ մէկն էր, որուն ներկայացումով գործարկուած է յայտնի մանհաթընեան նախագիծը, որմէ ծնունդ առած է հիւլէական ռումբը:
Այնշթայն Ծխամորճ ծխողներու մոնրէալեան ակումբի ցմահ անդամ էր: Ան շատ յարգալից կը վերաբերէր ծխամորճին հետ եւ կը հաւատար, որ ատիկա կը «նպաստէ մարդկութեան գործերու մասին հանգիստ եւ առարկայական դատելու»:
Մերիլին Մոնրոն եւ Ալպերթ Այնշթայնը 1950-ական թուականներու Միացեալ Նահանգներու կուռքերն էին: Առաջինը գեղեցկութեան խորհրդանիշն էր, Այնշթայն` հանճարի:
Այդ տարիներուն շատ տարածուած էր մանրապատում մը: Ալպերթ Այնշթայնը եւ Մերիլին Մոնրոն կը հանդիպին հաւաքոյթի մը ընթացքին: Դերասանուհին գիտնականին դիմելով` կ՛ըսէ. «Եթէ մենք երեխայ ունենայինք, ան կը ժառանգէր իմ գեղեցկութիւնս եւ քու խելքդ: Ատիկա հրաշալի կ՛ըլլար»:
«Իսկ եթէ ան ինծի նման գեղեցիկ եւ քեզի նման խելացի ըլլա՞ր», քմծիծաղով ըսած է Այնշթայն:
Քաջ գիտակցելով, որ տիեզերքին մէջ ամէն բան փոխադարձ կապուածութեան մէջ է, որ` մարդու կեանքի, վարքի վրայ նոյնպէս կ՛ազդեն անկէ անկախ ուժեր, Այնշթայն մարդկային արատներուն կը մօտենար նուրբ սրամտութեամբ, որ կը մեղմացնէր անոր գերլարուածութիւնը:
Առիթով մը ան ըսած է. «Մեռնիլը այնքան ալ վատ չէ»: Հիւանդանոցին մէջ անոր հարցուցած էին, թէ չի՞ վախնար մահէն: Անմահութեան «համը» զգացած գիտնականը պատասխանած էր, թէ ինք այնքան միախառնուած է ամբողջ կեանքին, որ իրեն համար միեւնոյն է, թէ այդ անսահման հոսանքի մէջ ո՛ւր կը սկսի կամ կ՛աւարտի ոեւէ մէկուն գոյութիւնը:
Այնշթայնի բժիշկ ընկերը յաճախ կ՛այցելէր անոր` հիւանդանոցին մէջ: Անգամ մըն ալ գիտնականը, չուզելով անհանգստացնել ընկերը, ըսած էր. «Մեռնիլ նոյնպէս կարելի է առանց բժիշկի օգնութեան»:
Այլ ընկեր մը հիւանդին նուէր բերած էր տուփ մը ընտիր սիկար: Այնշթայն ըսած է. «Ես ստիպուած պիտի շտապեմ, որպէսզի հասնիմ այս բոլորը ծխելու»:
Մահէն քանի մը ժամ առաջ Այնշթայն ընկերոջը հարցուցած էր. «Ինչո՞ւ դուք կը լքէք զիս»: Ընկերը պատասխանած էր. «Կ՛ուզեմ, որ դուք հանգստանաք»: Այնշթայն կատակած էր. «Նման պարագային ձեր ներկայութիւնը զիս չի խանգարեր»:
———————————————————————————-
Այսպիսի հանճարներու մասին է Էմիլի Տիքինսոնի (1830-1886) բանաստեղծութիւնը.
Այնպիսի մարդիկ անցած-գացած են,
Որ մահը չի կրնար մեր վախը յարուցել:
Այնպիսի մարդիկ ապրած-արարած են,
Որ դէպի յաւերժը կամուրջ նետած են: