Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Ո՜վ Գեղեցիկ Հայորդի» (Հեղինակ` Դոկտոր Ահմէտ Տրէյս)

June 6, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հալէպի մէջ 2015-ին լոյս տեսաւ դոկտոր Ահմէտ Տրէյսի «Ո՜վ գեղեցիկ հայորդի» (բանաստեղծութիւն) հատորը, բաղկացած` 104 էջերէ: Արաբերէնէ թարգմանեց դոկտոր Հուրի Ազէզեան: Հրատարակութիւն` Բերիոյ հայոց թեմին, հրամանաւ Շահան սրբազանին եւ մեկենասութեամբ Նազելի Ազէզեանի եւ զաւակներուն:

Յառաջաբանը գրած է Բերիոյ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան: Ան կ՛ըսէ, որ սուրիացի ժամանակակից բանաստեղծ դոկտոր Ահմէտ Տրէյս արաբերէն լեզուով բանաստեղծութիւններու ժողովածու մը լոյսին ընծայած է, որուն մէջ սքանչելի պատկերացումներով եւ ուժեղ պոռթկումներով կը յայտնէ իր հոգիին խռովքն ու յոյզերը` հայերու կրած ջարդին մասին: Կարծէք թէ բանաստեղը իր արուեստագէտի վրձինով` անուրջին մէջ պատկերներ կը գծէ մահուան ու կեանքին երանգներով:

Բանաստեղծ, գրող եւ գրաքննադատ դոկտոր Ահմէտ Տրէյս ծնած է Սուրիոյ Ռաքքայի շրջանի Թէլ Ճըլլատ գիւղը: Հալէպի Պետական համալսարանէն մասնագիտացած է արաբերէն լեզուի եւ գրականութեան մէջ, ստացած է գրական ուսումնասիրութիւններու բարձրագոյն վկայական, ապա արդի գրականութեան մագիստրոս, իսկ փիլիսոփայութեան դոկտորի կոչում ստացած է Փարիզի գրողներու համաշխարհային ընկերակցութեան` Ստեղծագործական համալսարանէն: Կատարած է մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ: Հեղինակ է շարք մը գիրքերու:

«Ո՜վ գեղեցիկ հայորդի»-ն կ՛ընդգրկէ քանի մը բանաստեղծութիւն` «Արեան ճրագը», «Ես հայ եմ», «Աւետիսը», «Ես եւ գեղեցիկ հայ եղբայրս», «Ոստիկանները», «Դրախտին խորը», «Սրբուհին», «Ո՜վ դուն բանաստեղծ. հայ բանաստեղծ Գրիգոր Նարեկացիին» եւ «Հայկական տաղ մը»: Բանաստեղծութիւնները ապրուած կեանքի մը արտայայտութիւններն ու ապրումներն են, որոնք իւրայատուկ ոճով եւ պատկերացումներով կը փոխանցուին իբրեւ խօսք եւ իրականութիւն: Բանաստեղծութիւններուն բովանդակութիւնը նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ հարուստ է այլաբանական պատկերներով:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Մտածումներու Արձագանգը» (Հեղինակ` Հուրի Ազէզեան)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Հայկական Հարցը Օսմանեան Պետութեան Մէջ 1878-1923» (Հեղինակ` Դոկտոր Մոհամէտ Ռիֆաթ Իմամ)

RelatedPosts

Արտօնեալ Փտածութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Արտօնեալ Փտածութիւն

October 30, 2026
Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.