Հայրենի Կեանք
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակը Կազմակերպեց Համերգ «Ջաւախեան Մեղեդիներ» Խորագիրով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ, Համազգայինի Երեւանի գրասենեակը յուլիս 25-ին կազմակերպեց «Ջաւախեան մեղեդիներ» խորագրով համերգ, որ նուիրուած էր Համազգայինի կարեւորագոյն հայրենաճանաչողական ծրագիրներէն մէկուն` ուսանողական հաւաքի 30-ամեակին եւ հայ մեծանուն բանաստեղծ Վահան Տէրեանի ծննդեան 140-ամեակին: Համերգային երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայոց Ջաւախք աշխարհի գուսաններու` Ջիւանի եւ Հաւասի, ինչպէս...




















