Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Այցելեց Գիւմրիի «Միասին» Կազմակերպութեան Կեդրոն
Սեպտեմբեր 27-ին Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արքեպիսկոպոս Չարեան այցելեց Գիւմրի, ուր հիւրընկալուեցաւ «Միասին» կազմակերպութեան հիմնադիր-նախագահ Աստղիկ Մառանջեանի եւ կազմակերպութեան տնօրէնուհի Սաթենիկ Յովհաննիսեանի կողմէ:
Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ խումբ մը արցախահայեր, որոնք 2024 թուականին մասնակցած էին Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի եւ «Միասին» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ իրականացուած ծրագիրներուն` հաւաքական մկրտութեան եւ «Արցախ մեր տուն…» ծրագրի նախաձեռնութիւններուն:
Աստղիկ Մառանջեան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` իր օրհնութիւններուն համար, յատկապէս այս այցելութեան, ինչպէս նաեւ ի նպաստ արցախահայերուն յատուկ ծրագիրներուն` Քանատայի Ազգային առաջնորդարանի համագործակցութեան համար:
Արցախցի եւ գիւմրեցի կիներու ձեռքերով պատրաստուած անուշեղէններու հիւրասիրութենէն ետք, կազմակերպութեան նախագահը սրբազան հօր ներկայացուց կեդրոնի բաժիններն ու իրականացուող ծրագիրները. «Միասին»-ի եռայարկ շէնքը ունի նկարչական ցուցասրահ, ուր յաճախ կը կազմակերպուին ցուցահանդէսներ, «Աշակերտներու կեդրոն», ուր կը կազմակերպուին բազմաբնոյթ անվճար դասընթացքներ, ուսանողական հիւրատուն, ինչպէս նաեւ` արցախցի եւ գիւմրեցի կիներու ու աղջիկներու կողմէ պատրաստուած անուշեղէններու արտադրամաս եւ սրճարան:
Բաբգէն արքեպիսկոպոս գնահատեց «Միասին»-ի տարած մեծածաւալ եւ կարեւոր աշխատանքը, որ կը նպաստէ արցախցի եւ գիւմրեցի երիտասարդներու եւ երեխաներու բազմակողմանի զարգացման, արուեստի գործերու գնահատման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ` կիներու ու տարեցներու կեանքի թեթեւացման ու արդիւնաւէտութեան:
Գարեգին Բ.Ը Արցախցի Պաշտօնատարներու Հետ Քննարկեց Արցախցիներու, Պատանդներու Եւ Գերիներու Հարցերը
8 հոկտեմբերին Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունեց արցախցի պետական պաշտօնատարները եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեանի եւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի: Այս մասին տեղեկացուց Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական գրասենեակը:
Կաթողիկոսը եւ այցելուները հանդիպումին քննարկեցին հայրենազրկուած արցախցիներուն դիմացը ծառացած մարտահրաւէրները յաղթահարելու եւ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:
Անոնք անդրադարձան նաեւ Ս. Էջմիածինի կողմէ իրականացուող ընկերային աջակցութեան ծրագիրներուն եւ արցախցիներուն հետ անոնց բնակութեան վայրերու մէջ տարուող աշխատանքներուն:
Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Հայ եկեղեցին այս ուղղութեամբ ջանքերը պիտի շարունակէ:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին միջազգային հարթակներու վրայ միացեալ ու հետեւողական քայլեր ձեռնարկելը` Արցախի ժողովուրդի իրաւունքները բարձրաձայնելու, Ազրպէյճանի մէջ պահուող պատանդները եւ ռազմական գերիները ազատ արձակել տալու, անհետ կորսուածները յայտնաբերելու եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու համար:
Աւարտին արցախցի պաշտօնատարները իրենց որդիական երախտագիտութիւնը եւ առաքելական մայր եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը յայտնեցին:
Հաստատագիրներու Բաշխում Քանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Եւ «Պիկ Մայնտ» Ուսումնական Կեդրոնի Դասընթացքներուն Մասնակցած Արցախցիներուն
Սեպտեմբեր 23-ին, Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի ներկայութեամբ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի 40 երիտասարդներու համար նախատեսուած «Անգլերէնի ուսուցման եւ աշխատանքային հմտութիւններու զարգացման դասընթացք»-ի հաստատագիրներու բաշխման արարողութիւնը` «Արդեան» արուեստի կեդրոնէն ներս:
Կրթական վեցամսեայ այս տարուան ծրագիրը, որ կը կրէ «Զարգացրո՛ւ հմտութիւններդ, բացայայտի՛ր ինքդ քեզ» կարգախօսը, երկրորդ տարին ըլլալով կ՛իրականացուի համագործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի եւ Երեւանի «Պիկ մայնտ» ուսումնական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Յակոբ Մաքտիսի հետ:
Հաստատագիրներու բաշխման արարողութեան բացումը կատարեց Յակոբ Մաքտիս, որ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին` համագործակցութեան համար:
Այս ծրագրին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են աւելի քան հարիւր արցախցիներ, սակայն ընտրուած են 40 դիմորդներ, որոնց համար անգլերէնի անբաւարար իմացութիւնը խոչընդոտ է աշխատանքի ընթացքին հաղորդակցելու կամ աւելի լաւ աշխատանք ձեռք բերելու համար:
Բաբգէն արքեպիսկոպոս «Տէրունական» աղօթքէն ետք իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց «Պիկ մայնտ» կազմակերպութեան հիմնադիր Յակոբ Մաքտիսին` այս համագործակցութեան համար, ապա ան իր սրտի խօսքը ուղղեց ծրագրին մասնակցող արցախցիներուն` ըսելով. «Ուրախ եմ, որ կը մասնակցիք այս դասընթացքին` հարստացնելու ձեր լեզուամտածողութիւնն ու ընդլայնելու ձեր մտահորիզոնը, որովհետեւ որքան մենք մեզ հարստացնենք, մեզ լիցքաւորենք, կը կարենանք հարստացնել եւ զօրացնել նաեւ մեր շրջապատը: Այսօր դուք այստեղ կը գտնուիք Արցախէն հեռու, սակայն Արցախը կը կրէք ձեր մէջ եւ կրնաք այստե՛ղ Արցախ մը ստեղծել, սակայն վերադարձի ա՛յն յոյսով, զոր մենք բոլորս պէտք է ունենանք եւ երբեք չտկարանանք, չընկրկինք այդ ճանապարհին: Մեր ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին տարբեր տագնապներէ անցած է եւ չէ յուսահատած, չէ տկարացած եւ բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելով` դարձեալ ոտքի կանգնած է: Նոյնը պէտք է ըլլայ նաեւ այսօր:
«Երիտասարդութիւնը ազգի ապագան է, իսկ այդ ապագան կերտելու համար պէտք է նախ կերտենք մենք զմեզ` յարատեւ աշխատանքով եւ պայքարելով: Ուժ եւ կորով, կանաչ ճանապարհ կը մաղթեմ ձեզի, ձեզմէ իւրաքանչիւրին երազը թող ի կատար ածուի, եւ դուք կարենաք հասնիլ այնտեղ, ուր կ՛երազէք»:
Հաստատագիրներու բաշխումէն ետք մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնեցին այս կարեւոր դասընթացքի կազմակերպման համար եւ իրենց առաջարկներն ու մտքերը փոխանցեցին սրբազան հօր:
Երեւանի Մէջ Մշտադալար Եղեւնիի Տնկման Հանդիսաւոր Արարողութիւն
25 սեպտեմբերին Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Երեւանի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մշտադալար եղեւնիի տնկման հանդիսաւոր արարողութիւն մը` ի յիշատակ վերապատուելի դոկտ. Մովսէս Պ. Ճանպազեանի մահուան 25-ամեակին:
Արարողութիւնը հանդիսացաւ խորհրդածութեան պահ մը` վեր. Ճանպազեանի կեանքին, ծառայութեան եւ մնայուն ժառանգութեան շուրջ` պատուելով անոր խորքային ներդրումը հայ ժողովուրդի հոգեւոր, ազգային եւ մարդասիրական կեանքին` թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի մէջ: Անոր յիշատակին համար նաեւ յուշատախտակ մը տեղադրուեցաւ ծառին դիմաց:
Արարողութիւնը առաջնորդեց աւետարանչականի ներկայ գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` աւետարանչականի անդամներ, ղեկավարութիւն, հոգեւորականներ, Հայաստանի մասնաճիւղի աշխատակիցներ եւ վեր. Ճանպազեանի կինը` Լուիզա Ճանպազեան:
Պուչաքճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ. «Տեսիլքէն իրականութիւն: Այս ծառը յիշատակ մըն է նուիրեալ քրիստոնեայի մը` ի պատիւ անոր հեռատեսութեան եւ այն հիմերուն, զոր դրած է մեր ներկայութեան համար Հայաստանի մէջ»:
Իրաւաբան Կերի Ֆիլիփս` աւետարանչականի վարչութեան ներկայ նախագահը, անդրադառնալով վերապատուելի Ճանպազեանի մնայուն հոգեւոր եւ կազմակերպչական ժառանգութեան` ըսաւ. «Թող այս ծառին արմատները խորը աճին, այնպէս, ինչպէս վերապատուելի Ճանպազեանին ցանած սերմերը, երբ առաջին անգամ հասաւ Հայաստան. հաւատքի, տեսիլքի եւ ծառայութեան արմատներ, որոնք մինչեւ այսօր կը պահպանեն եւ կ՛առաջնորդեն աւետարանչականի առաքելութիւնը»:
Վերապատուելի դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան` Եւրասիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահը յիշեց այն տարիներու իր փորձառութիւնը, երբ կը ծառայէր իբրեւ ընկերակցութեան ներկայացուցիչը Հայաստանի մէջ` շեշտելով վերապատուելի Ճանպազեանին հեռատեսութիւնը եւ իր պաշտօնին հանդէպ անսակարկ նուիրումը:
Վերապատուելի դոկտոր Գրիգոր Եումշաճըքեան` Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահը, յիշեց վերապատուելի Ճանպազեանի 1999 թուականի այցելութիւնը Աւստրալիա եւ անոր դերը` այնտեղի մասնաճիւղի հիմնադրութեան մէջ:
Արարողութեան աւարտին Լուիզա Ճանպազեան շնորհակալութիւնը յայտնեց Սերժ Տ. Պուչաքճեանին եւ աւետարանչականի ղեկավարութեան` իր ամուսնոյն յիշատակը պատուելու այս իմաստալից ծառատունկի ձեռնարկին համար:
Արեւային Լուծումներ Արէնիի Մէջ. «Եուքոմ»-ը Եւ Վայրի Բնութեան Եւ Մշակութային Արժէքներու Պահպանման Հիմնադրամը Կ՛աջակցին Շրջակայ Միջավայրի Պահպանութեան
«Եուքոմ»-ի աջակցութեամբ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը (FPWC) Արէնի համայնքի Ագարակաձոր, Արէնի, Մոզրով, Ռինդ եւ Չիվա բնակավայրերուն մէջ մեղուապահներուն տրամադրած է արեւային ելեկտրական ցանկապատներ` մեղուափեթակները արջերէն պաշտպանելու համար:
Վայոց Ձորին մէջ վերջին տարիներուն վայրի անասուններու կենսամիջավայրը փոխուած է, որուն պատճառով արջերը սնունդ հայթայթելու նպատակով երբեմն կը մտնեն համայնքներու տարածքներ, կը վնասեն մեղուափեթակներ, մրգատու պարտէզներ եւ գիւղատնտեսական ենթակառուցուածքներ: Նշուած համայնքներուն մէջ մեղուներու փեթակները պարբերաբար ամբողջութեամբ ոչնչացուած են:
«Եուքոմ»-ի մէջ մենք կարեւոր կը նկատենք այն նախաձեռնութիւնները, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի կանաչ ապագային եւ կենսաբազմազանութեան պահպանութեան: Արհեստագիտական եւ բնապահպանական լուծումներու համադրութեամբ մենք կը ձգտինք ապահովել երկարաժամկէտ կայուն արդիւնքներ` նպաստելով շրջակայ միջավայրին երկարաժամկէտ պահպանութեան», նշեց «Եուքոմ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:
«Այս ելեկտրական ցանկապատները կը պաշտպանեն մեղուապահները վնասներէ, միաժամանակ կարելիութիւն կու տան արջերուն անվնաս վերադառնալ իրենց բնական միջավայրը: Այսպիսի նախագիծները մեզ աւելի կը մօտեցնեն մարդու եւ բնութեան ներդաշնակ համակեցութեան մեր վերջնական նպատակին», ընդգծեց Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի տնօրէն Ռուբէն Խաչատրեան:
Արեւային ելեկտրական ցանկապատները կը համարուին ժամանակակից եւ բնապահպանական տեսանկիւնէ անվտանգ լուծում: Անասունին դիպչելու պարագային անիկա կ՛արձակէ թոյլ ելեկտրական հոսանք մը, որ կը կանխէ հետագայ մօտեցումը` առանց վնաս պատճառելու: Ելեկտրական ցանկապատներու` «Հովիւների» տեղադրումը կը դիտուի կարճաժամկէտ գործնական լուծում, որովհետեւ տակաւին զուգահեռաբար կը շարունակուին երկարաժամկէտ ծրագիրները: Անոնցմէ մէկն ալ գործընկերներու կողմէ շարունակաբար տնկուող հազարաւոր ծառերն են, որոնք անտառ ձեւաւորելով` վայրի անասուններու համար բնական սնունդի բաւարար աղբիւր կը դառնան: Վերջին տասնամեակներուն կլիմայի փոփոխութեան, թունաքիմիկատներու եւ կենսավայրերու նուազումին պատճառով կտրուկ պակսած է նաեւ մեղուներու թիւը, որ լուրջ վտանգ կը ստեղծէ գիւղատնտեսութեան եւ բնութեան հաւասարակշռութեան համար:
«Եուքոմ»-ի եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին միացեալ այս ծրագիրը կը միտի համայնքներու ենթակառուցուածքներու բարելաւման եւ Հայաստանի կենսաբազմազանութեան երկարաժամկէտ կայուն պահպանութեան:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հանքաւանի Վերանորոգուած «Շողիկ» Ճամբարի Հանդիսաւոր Բացումը
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը վերջերս Հայաստանի` Հանքաւանի «Շողիկ» ճամբարի սրահին մէջ կատարեց իր նորոգուած համալիրի նուիրուած պաշտամունքը: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան` բարերարներ, աւետարանչականի ղեկավարներ` Միացեալ Նահանգներէն, ներառեալ` գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան եւ վարչութեան նախագահ իրաւաբան Կերի Ֆիլիփս, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիի անդամներ` Երեւանէն եւ այլ քաղաքներէ:
2003-ին գնուած Հանքաւանի «Շողիկ» ճամբարը երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ հանգիստի, ուսման եւ հոգեւոր աճի վայր` Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկող մանուկներուն եւ երիտասարդներուն համար: Վերանորոգուած համալիրը պիտի շարունակէ այս առաքելութիւնը` յառաջիկայ սերունդներուն համար:
Պաշտամունքը ընդգրկեց Սուրբ Գիրքի ընթերցումներ եւ աղօթքներ` առաջնորդութեամբ Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ վերապատուելի Աւետիք Խաչատրեանի, ՀԱԵ խորհուրդի նախագահ վերապատուելի Վարդան Աբինեանի եւ Եւրասիոյ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի դոկտոր Ռընէ Լեւոնեանի:
Աւստրալիոյ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նախագահ վերապատուելի դոկտոր Գրիգոր Եումշաճըքեան մատուցեց օրուան պատգամը` «Նուիրուած Աստուծոյ» խորագրով, հիմնուած` Աստուածաշունչի Յեսու գիրքի 3. 5 համարին վրայ, յիշեցնելով ներկաներուն, որ ճամբարին առաքելութիւնը Աստուծոյ է եւ պէտք է մնայ քրիստոսակեդրոն: «Ճամբարները կու գան ու կ՛երթան, շէնքերը կը քայքայուին, ծրագիրները կը փոխուին, բայց Աստուծոյ գործը կը շարունակուի հաւատարիմ եւ նուիրեալ սրտերու միջոցով», ըսաւ ան:
Ճամբարին նուիրուած պաշտամունքի արարողութիւնը կատարեց վերապատուելի դոկտոր Յարութիւն Սելիմեան` Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի նախագահը, որ պաշտօնապէս առանձնացուց ճամբարը` «Ամենակալ Աստուծոյ պաշտամունքի եւ ծառայութեան համար»: Իսկ ներկաները միաձայն պատասխանեցին. «Կը նուիրենք այս հողը Աստուծոյ` Իր փառքին եւ ծառայութեան համար»:
Պաշտամունքէն ետք ներկաներուն միացան` Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան, Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արսէն Թորոսեան, Հայաստանի սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ Հայաստանի վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Լիլիթ Մակունց, որոնք մասնակցեցան ժապաւէնը կտրելու արարողութեան եւ յաջորդող յատուկ յայտագրին:
Աւետարանչականի Հայաստանի ներկայացուցիչ Արէն Տէյիրմենճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն` նշելով, որ վերանորոգուած համալիրը վկայութիւնն է ընկերակցութեան անսասան առաքելութեան` հաւատքի, կրթութեան եւ ծառայութեան ամրապնդման Հայաստանի մէջ:
Աւետարանչականի Վարչական խորհուրդի նախագահ իրաւաբան Կերի Ֆիլիփս անդրադառնալով վերանորոգուած ճամբարի վերաբացումին` նշեց. «Ճամբարը այն վայրն է, ուր մանուկներն ու երիտասարդները կը հանդիպին Քրիստոսին, կը կազմեն մնայուն բարեկամութիւններ եւ կը սկսին հաւատքի ու ծառայութեան կեանք մը», աւելցնելով, որ Հանքաւանի ճամբարի վերանորոգութիւնը կը վերահաստատէ աւետարանչականի առաքելութիւնը` «Կերտել կեանքեր Քրիստոսի վրայ հիմնուած` դաստիարակելով սրտեր, ձեւաւորելով նկարագիրներ եւ պատրաստելով նոր սերունդներ` իրենց հաւատքը ապրելու Հայաստանի մէջ եւ անոր սահմաններէն անդին»:
Իր խօսքին մէջ աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան ընդգծեց աւետարանչականի խոր նուիրուածութիւնը հայրենիքին հանդէպ` ըսելով. «Ասիկա այն հողն է, ուրկէ սկիզբ առին մեր նախահայրերը, եւ` այն տունը, դէպի ուր մեր սիրտն ու հոգին անդադար կ՛ուղղուին: Եւ այստեղ` հայրենիքին մէջ, մենք ամէնէն խորունկ պատասխանատուութիւնը կը զգանք` զօրացնելու մեր ժողովուրդի ապագան եւ նոր կարելիութիւններ տալու յառաջիկայ սերունդներուն»:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներու գնահատանքի խօսքերով, որոնք արտայայտեցին իրենց երախտագիտութիւնը աւետարանչականի մնայուն ազդեցութեան համար` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: