Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայոց Զօրքը Արցախի Մէջ». Արմէն Այվազեանի Նոր Ուսումնասիրութիւնը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Երեւանի «Թումանեան Արտ» սրճարանին մէջ կայացաւ պատմաբան, քաղաքագէտ Արմէն Այվազեանի «Հայոց զօրքը Արցախում. կազմաւորումը, զինումը եւ ճակատամարտերը» գիրքին շնորհահանդէսը:
Գիրքը առաջին մանրամասն վերլուծութիւնն է 1722-1735 թուականներուն Արցախի մէջ հայկական զօրքերու ստեղծման, հրամանատարական կազմի, թուաքանակի, զէնքերու հայթայթման եւ անոր շարք մը կարեւոր ճակատամարտերու մասնակցութեան վերաբերեալ:
Այս կարեւոր ուսումնասիրութեան մասին իրենց խօսքը ըսին` պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Վահրամ Բալայեանը, հրապարակախօս, վերլուծաբան Միքայէլ Հաճեանը, պատմաբան Մհեր Յարութիւնեանը, իրաւագէտ Վլատիմիր Յովսէփեանը:
Շնորհահանդէսը ընթացաւ` գիրքին շուրջ քննարկումով, կարծիքներու փոխանակումով եւ զրոյցով:
Շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ եւ շնորհահանդէսը վարեց Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը: Ան նշեց, որ թէեւ գիրքը Համազգայինի հրատարակութիւններէն չէ, բայց գրասենեակը յանձն առած է գիրքի շնորհահանդէսին կազմակերպումը` իբրեւ Արցախի մասին պատմական վկայութիւններու մանրազնին ուսումնասիրութիւն, որ միաժամանակ լոյս կը սփռէ պատմութեան աղաւաղման ներկայ փորձերուն վրայ:
Յայտնուեցաւ Նոր Եկեղեցի` Կեչառիսի Վանական Համալիրի Տարածքին
«Նոա» ՖԱ-ի նախագահ եւ «Արմենիա վայն» ընկերութեան հիմնադիր Վարդգէս Վարդանեան նախաձեռնած էր Կեչառիսի վանական համալիրի բարեկարգման աշխատանքներու իրականացման:
11-13-րդ դարերուն կառուցուած Կեչառիսի վանական համալիրին մէջ Վարդանեան եւ Մկրտչեան ընտանիքներու կողմէ նախաձեռնուած բարեկարգման աշխատանքներու եւ անոնց ծիրին մէջ իրականացուող պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած է վաղ միջնադարեան եկեղեցի:
Պեղումները բացայայտած են ոչ միայն վաղագոյն եկեղեցւոյ հիմնապատեր, այլեւ` շարք մը կառոյցներ, որոնք լրացուցիչ տեղեկութիւններ կու տան վանական համալիրի պատմական ծաւալին ու զարգացումներուն մասին:
Բացի այդ, յայտնաբերուած են հարիւրէ աւելի տապանաքարեր, որոնց մէկ մասը ունի արձանագրութիւններ` կարելիութիւն ընձեռելով ուսումնասիրել տուեալ ժամանակաշրջանի յուշագրութիւնը, ընկերային կառուցուածքն ու մշակութային առանձնայատկութիւնները:
Գիտական խումբը նշած է, որ այս գտածոները արժէքաւոր աղբիւր են Կեչառիսի վանական համալիրի վաղ փուլերու եւ տարածաշրջանի հոգեւոր կեանքի խորքային ուսումնասիրութեան համար:
Պեղումները կը շարունակուին, եւ մասնագէտները չեն բացառեր, որ յառաջիկային կարելի են նոր կարեւոր բացայայտումներ:
Կայացած Է Աննա Վարդանեանի` «Տիանա Աբգար. Հայ Առաջին Կին Պատուաւոր Հիւպատոսի Կեանքն Ու Ժառանգութիւնը Ճափոնի Մէջ» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Տարիներ ի վեր Աննա Վարդանեանի գիտական հետազօտութիւններու առանցքային թեմաներէն եղած է հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու պատմութիւնն ու զարգացումը: Իբրեւ ճափոնագէտ եւ հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու անմիջական մասնակից, պահպանման ու զարգացման խթանող` իր մտքին եւ հոգւոյն մէջ պահած է հայ կնոջ մը` Տիանա Աբգարի կերպարը, որ զինք կ՛ոգեշնչէ դժուար պահերուն: Աննա Վարդանեան կը խոստովանի, որ անոր հայրենասէր եւ հայասէր օրինակելի գործունէութիւնը միշտ կ՛ուղեկցի իրեն` գործելու ի նպաստ հայրենիքի բարօրութեան, մասնաւորապէս հայ-ճափոնական յարաբերութիւններու զարգացման: «Տիանայի կերպարը ո՛չ միայն ոգեշնչման աղբիւր է, այլեւ` ուղենիշ, թէ ինչպէ՛ս կրնայ մէկ մարդու կամքն ու անսահման նուիրումը ստեղծել պատմական, մշակութային, դիւանագիտական ամուր կամուրջ` հեռաւոր երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ», կ՛ընդգծէ Վարդանեան:
Տիանա Աբգար, ըլլալով հայ առաջին կին պատուաւոր հիւպատոս, իր անսասան հաւատարմութեամբ ու անմնացորդ նուիրումով կրցաւ աջակցիլ հայ ժողովուրդի փրկութեան, պաշտպանութեան ու Հայկական հարցի միջազգային հանրահռչակման գործին մէջ, կատարել իր ապրած ժամանակաշրջանին մէջ անհնարինը: Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն եւ յետոյ ան խորապէս կը ցաւի իր ժողովուրդին ճակատագրին, ապագայի համար` ո՛չ միայն ուղղակի կարեկցելով, այլ` գործուն քայլերով: Ան խորապէս ուսումնասիրած եւ զգացած է ժամանակի զարկերակը, նոյնիսկ կատարած է որոշ կանխատեսումներ` հայերու ջարդերու ծաւալման եւ շարունակական բնոյթի վերաբերեալ: 1909 թուականի Ատանայի ջարդերէն ետք ան աշխուժացուցած է իր հասարակական եւ գրական աշխատանքները` հրատարակելով յօդուածներ, թղթակցելով բազմաթիւ տեղական եւ միջազգային պարբերականներու: Այդ տարիներուն անոր հրապարակումները նպաստած եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահած են հայ ժողովուրդի պայքարի, սեփական հողին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքի հարցերու տեղեկացուածութիւնը միջազգային հարթակներուն վրայ: Անոր անմիջական միջնորդութեամբ կարելի դարձած է` Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հարիւրաւոր գաղթականներու ներհոսքը Ճափոն, անոնց ժամանակաւոր կեցութիւնը, փաստաթղթային ձեւակերպումները եւ հետագային ապահով տեղափոխումը դէպի Սինկափուր կամ Միացեալ Նահանգներ…
Աննա Վարդանեան նշած է, որ այսօր ալ հայ-ճափոնական կապերու զարգացման գործին մէջ Տիանայի ժառանգութիւնը իրեն համար կը մնայ ազգային նուիրուածութեան եւ մարդասիրութեան բացառիկ խորհրդանիշ. այսինքն` գործել յանուն հայրենիքի, ոչ թէ` ժամանակի եւ պահի հրամայականով:
Աննա Վարդանեան «Տիանա Աբգար. հայ առաջին կին պատուաւոր հիւպատոսի կեանքն ու ժառանգութիւնը Ճափոնի մէջ» գիրքին մէջ ներկայացուցած է գիտահեն նոր փաստեր` Տիանա Աբգարի Ճափոնի մէջ գործունէութեան վերաբերեալ, ընդգծած է անոր տեղն ու դերը հայ ժողովուրդի եւ միջազգային հանրութեան պատմական յիշողութեան մէջ, ներկայացուցած է հայ կնոջ բացառիկ ուղին: Գիրքին հեղինակը նշած է, որ իր սրտին մէջ ան կը շարունակէ մնալ` իբրեւ տոկունութեան եւ համամարդկային արժէքներու մարմնաւորում:
Ընթացիկ տարուան նոյեմբեր 8-ին կայացաւ գիրքին շնորհահանդէսը Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Աննա Վարդանեանի տարիներու հետազօտութիւնը տպագրուած էր յատուկ առիթով. Հայ կիներու միջազգային միութեան (AIWA) Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղին կազմակերպած ձեռնարկին նպաստելուն, սատարելուն համար: Տարիներու գիտական- հետազօտական արդիւնքները ամփոփուեցան եւ գիրքի հարիւրաւոր օրինակներ ուղարկուեցան ովկիանոսին միւս կողմը` իբրեւ նուէր «Արումենիա-Նիպոնէ հայ-ճափոնական գիտական մշակութային միութեան» կողմէ: Կալա-երեկոն նուիրուած էր Տիանա Աբգարի կեանքին եւ ժառանգութեան ուղիին: Իբրեւ Տիանա եւ Լիւսիլ Աբգարներու հիմնադրամի նպաստառուներ` Հայ կիներու միջազգային միութիւնը յանձնառու է շարունակելու անոնց գործը «FoundHer» նախաձեռնութեան միջոցով: Այն կոչուած է հայ կիներուն աջակցիլ եւ ֆինանսաւորել` համաշխարհային իրաւապաշտպան գործունէութիւն ծաւալելու, ընտանիքները զօրացնելու, աշխատատեղեր ստեղծելու եւ համայնքները ամրապնդելու համար:
Հաղորդենք, որ Աննա Վարդանեան տնտեսագիտութեան թեկնածու է, ճափոնագէտ-միջազգայնագէտ, «Արումենիա-Նիպոն» հայ-ճափոնական գիտական մշակութային միութեան համահիմնադիր, նախագահ: Հայ-ճափոնական պատմական, մշակութային, դիւանագիտական առնչութիւններուն վերաբերող վեց գիտական հետազօտական գիրքերու, տասէ աւելի գիտական յօդուածներու, բազմաթիւ գիտական բացայայտումներու, հրապարակումներու հեղինակ, Հայաստանի պետական տնտեսագիտական եւ Երեւանի պետական համալսարաններու դասախօս, «ճափոնագիտութիւն» նիւթի հիմնադիրն է:
ԹՈՒՄՕ-ն Գրաւեց Wise Prize For Education-Ի Մրցոյթին Առաջին Դիրքը
ԹՈՒՄՕ-ի արհեստական բանականութեան կրթական նախագիծը արժանացաւ 2024-2025-ի WISE Prize for Education-ի առաջին մրցանակին:
Առաջինէն 3-րդ մրցանակի դիրքերը գրաւողները յայտարարուեցան Տոհայի մէջ իրականացած WISE կազմակերպութեան 12-րդ համաժողովի ընթացքին:
Իբրեւ առաջին մրցանակակիր` ԹՈՒՄՕ-ն պիտի ստանայ 500 հազար տոլար, երկրորդ մրցանակակիր Iqrali.jo-ն` 300 հազար տոլար, երրորդ մրցանակակիր Darsel-ը` 200 հազար տոլար:
Տեղեկացնենք, որ WISE մրցոյթին ներկայացուեցան բազմաթիւ կրթական ծրագիրներ, լուծումներ եւ նորարարութիւններ` աշխարհի չորս կողմէն:
Այս տարի մրցոյթը նուիրուած էր համաշխարհային կրթական մարտահրաւէրներու նորարարական լուծումներուն:
«Կիներու Հզօրացման Սկզբունքները Հայաստանի Մէջ». Կարեւոր Համաժողով` Ներառական Տնտեսական Աճի Խթանման Համար
Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է «Կիներու հզօրացման սկզբունքները Հայաստանի մէջ. ներառական եւ արդար տնտեսական աճի խթանում» (WEPs) խորագրով համաժողովը, որ կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի կիներու հարցերու կազմակերպութեան կողմէ:
Այս ձեռնարկը կը նպատակադրէր ամրապնդել համագործակցութիւնը Հայաստանի սեփական հատուածին եւ միջազգային կառոյցին միջեւ: Համաժողովին նպատակն էր խորացնել ռազմավարական երկխօսութիւնը գործարար աշխարհի առաջնորդներու եւ «Կիներու հզօրացման սկզբունքները» ստորագրած ընկերութիւններու միջեւ` խթանելու համար ներառական տնտեսական աճը:
Համաժողովի ընթացքին մասնակից ընկերութիւնները, որոնց շարքին էր «Արարատ պանք»-ը, կիսուած են իրենց փորձառութիւնները: «Արարատ պանք»-ը 2022-էն միացած է WEPs ծրագրին` նպատակ ունենալով զարգացնել կիներու տնտեսական հզօրացումը եւ բարձրացնել անոնց ներգրաւումը ղեկավար կազմերէն ներս:
Ինչպէս նշուած է զեկոյցներուն մէջ, արդիւնքը տպաւորիչ է` կին աշխատակիցներու համար առաջնորդութեան դասընթացքներէն մինչեւ պաշտօնի բարձրացում կամ ընդհանուր առմամբ` ասպարէզի մէջ յառաջխաղացում, ֆինանսական գրագիտութեան արշաւներ եւ կին ձեռներէցներու համար շահաւէտ պայմաններով վարկաւորում:
Շեշտուած է, որ WEPs սկզբունքներու կիրարկումը ո՛չ միայն կը բարձրացնէ կիներու դերը հասարակութեան մէջ, այլեւ կը նպաստէ համայնքներու եւ ընկերային պատասխանատուութեան զարգացման:
Համաժողովի աւարտին «Արարատ պանք»-ին շնորհուած է «Կիներու հզօրացման սկզբունքները» ստորագրած ընկերութեան վկայագիր:





