Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Համազգայինի Սօս Սարգսեանի Անուան Թատրոնը Ազդարարեց Սեփական Շէնքին Մէջ Գործունէութեան Մեկնարկը
Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատրոնը հիմնուած է Հայաստանի համար բաւական բարդ շրջանի մը` 1991-ին: Թատրոնը տարիներ շարունակ իր բարձրորակ ներկայացումներով յոյս եւ սէր հաղորդած է հանդիսատեսին` լուսաւորելով անոր միտքն ու հոգին:
Թատերախումբը, որուն կորիզը Սօս Սարգսեանի ուսանողներն են, յառաջացած օրէն գործած է տարբեր հարթակներու վրայ` չունենալով սեփական շէնք: Երկար սպասումն ու յոյսը վերջապէս արդարացուեցան: Այժմ թատրոնը կը գործէ սեփական յարկի տակ: Յատուկ Համազգայինի համար կառուցուած շէնքին հասցէն է` Անրի Վեռնոյ 3-ը:
Թատրոնը օժտուած է` նոր բեմով, ժամանակակից լուսային ու ձայնային համակարգերով, թեքնիք անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ կարելիութիւններով, հանդերձարաններով եւ դիմայարդարման սենեակներով: Առաջին յարկին վրայ կը գործէ փոքր բեմ` փորձարարական ներկայացումներու համար, իսկ երկրորդ յարկին վրայ տեղակայուած է մեծ դահլիճը` աւելի քան 230 հանդիսատեսի համար:
Թատրոնի նոր շէնքի բացման առիթով 23 յունուարին կայացաւ մամլոյ ասուլիս` մասնակցութեամբ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեանի, Համազգայինի թատրոնի տնօրէն Ղուկաս Մադոյեանի եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանի:
Անոնք անդրադարձան` կատարուած աշխատանքներուն, իրականացուելիք նախագիծներուն եւ ընթացիկ բարեփոխումներուն, նոր եւ ժամանակակից մօտեցումներով ներկայացումներու բեմադրութեան, փառատօներու կազմակերպման, օտար բեմադրիչներու հետ սերտ համագործակցութեան, լուսաձայնային թեքնիքով յագեցած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման, մշակութային կեանքի աշխուժացման:
Դանիէլ Դանիէլեան անդրադարձաւ մշակութային աշխուժութեան եւ յայտնեց, որ Համազգայինի թատրոնի կառուցումն իրականացուած է պետութեան եւ սեփական հատուածի համագործակցութեամբ, ինչ որ օրինակելի ձեւաչափ է:
Ղուկաս Մադոյեան ըսաւ, որ աւելի քան 6 ամիս է չեն ունեցած տանիք, շրջագայած են Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս, ունեցած են բազմաթիւ մարզային ծրագիրներ, մասնակցած են շարք մը միջազգային եւ հանրապետական փառատօներու:
Ըստ անոր, շէնքին գործունէութիւնը պիտի ըլլայ փուլային. «Սկիզբը պիտի բացուին այն հատուածները, որոնք անհրաժեշտ են թատրոնի բնականոն գործունէութեան համար, իսկ ժամանակի ընթացքին բարելաւումներ տեղի պիտի ունենան:
Նարինէ Գրիգորեան, իր կարգին, ըսաւ. «Այսօր տեղի ունեցածը իսկապէս հրաշք է: Մեզի համար շատ յուզիչ է, որ թատրոնը 35 տարի շարունակ կը սպասէր իր շէնքին… կ՛ուզեմ ըսել` կանգ առ, ակնթարթ, ինչքան սիրուն ես: Մեզի համար այս պահն իսկապէս գեղեցիկ է»:
Համազգայինը իր թատրոնի շէնքին գործունէութեան մեկնարկը ազդարարեց յունուար 23-ին, Մորիս Մետերլինկի «Սուրբ Անթոնիոսի հրաշքը» ներկայացման առաջնախաղով: Ներկայացումին բեմադրիչն է թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանը:
Ըստ Գրիգորեանի, բացման հանդիսութեան համար ընտրած են յատկապէս այս ներկայացումը, որովհետեւ թատրոնը ինքը հրաշք է, իսկ Մետերլինկի ստեղծագործութիւնը թատրոնի մասին է եւ ինքնին ներկայացում է ներկայացման մէջ: «Փափաքեցանք պատմել այս հրաշքին մասին», յայտնեց բեմադրիչը եւ աւելցուց, որ յառաջիկային հանդիսատեսին դատին պիտի յանձնեն Սիմոն Աբգարեանի «Փենելոփէ» ներկայացումը եւ «Քարը»` հիմնուելով Երուանդ Քոչարի ստեղծագործութիւններուն վրայ, իսկ արդէն սիրուած ներկայացումները պիտի յարմարեցուին նոր բեմին:
Երեսունհինգ տարուան ընթացքին թատրոնը շատ տեղեր դեգերած է: Սկիզբը գործած է Լրագրողներու միութեան տան մէջ, ետքը` Գրողներու միութեան, երկար տարիներ` Թատերական հիմնարկին մէջ, որ կը գտնուի նոր շէնքին կից:
Գրիգորեան կը կարծէ, որ իրենք յաջողեցան անցնիլ բոլոր փորձութիւններէն` ապրելով եւ զարգանալով, որովհետեւ եղած են համախմբուած: «Մեր յաջողութեան գաղտնիքը սէրն է: Բոլորս ամէն պատի համար անհանգստացած ենք եւ շատ սիրով աշխատած ենք: Շատ սիրած ենք թատրոնը, եւ այդ գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Սօս Սարգսեանը, որովհետեւ ան կրցաւ ստեղծել դպրոց, կազմ, որ իսկապէս կ՛ապրի այս թատրոնով ու կրնայ պահել թատրոնի հոգին: Շէնքը կարեւոր է, բայց, եթէ չըլլայ հոգին, մարմինը կիսատ կը մնայ, իսկ հոգին առողջ է», շեշտեց Գրիգորեան եւ աւելցուց` «Սուրբ Անտոնիոսի հրաշքը» ներկայացման ընտրութիւնը կայացուեցաւ նաեւ այն հանգամանքով, որ բեմադրութեան մէջ ընդգրկուած են թատրոնի գրեթէ բոլոր դերասանները:
Յայտնենք, որ ճարտարապետ Իսահակ Ներսիսեանի նախագիծով 2019 թուականին մեկնարկած թատրոնի նոր շէնքի շինարարութիւնը իրականացուած է պետական պիւտճէի եւ բարերարներու միջոցներով: Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէէն Համազգայինի թատրոնի նոր շէնքի կառուցման, նորոգման եւ գոյքով համալրման նպատակով ընդհանուր առմամբ յատկացում կատարուեցաւ աւելի քան 275 միլիոն դրամ, որուն 205 միլիոն դրամը գոյքի եւ սարքաւորման ձեռքբերման, իսկ 70 միլիոնը շինարարութեան համար էր: Միջոցներ յատկացուեցան կառուցապատման, յարդարման, կահաւորման աշխատանքներուն: Թատրոնը ապահովուեցաւ` նոր բեմով, ժամանակակից լուսային եւ ձայնային համակարգերով, արհեստագիտական անհրաժեշտ սարքաւորումներով եւ կարելիութիւններով, հանդերձարաններով եւ դիմայարդարման սենեակներով:
Առաջին յարկին վրայ պիտի գործէ փոքր բեմ` փորձարարական ներկայացումներու համար, իսկ երկրորդ յարկին վրայ տեղակայուած է մեծ դահլիճը` աւելի քան 230 հանդիսականի համար:
Նշենք, որ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատրոնի բացման առիթով Հայաստան եկան համազգայնականներ` աշխարհի տարբեր երկիրներէն: Թատրոնը չսահմանափակուեցաւ բացման մէկ արարողութեամբ, այլ նաեւ` «Սուրբ Անթոնիոսի հրաշքը» ներկայացումը հանրութեան ներկայացուեցաւ յունուար 25-ին, իսկ յոբելենական տարուան ընթացքին կը սպասուին բազմաթիւ բարձրորակ նախաձեռնութիւններ եւ ներկայացումներ:
ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Շարքերը Համալրուեցան 18 Նորագիրներով
Քարինտակի հերոսամարտի օրուան նախօրէին, Արցախի «Կանչ» յուշահամալիրին մէջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան շարքերը համալրուեցին 18 նորագիրներ:
Այս երդումը սոսկ խօսք չէ, այլ ուխտ` հաւատարիմ մնալու մեր նախնիներու պայքարին եւ շարունակելու հայրենանուէր առաքելութիւնը:
Դժուարին ժամանակներու մէջ երիտասարդներուն այս քայլը կը վկայէ մեր անկոտրում կամքին եւ պայքարը չդադրեցնելու վճռակամութեան մասին:
«Թերթապատում. Մամուլի Անդրադարձները Կոմիտաս Վարդապետին» Գիրքին Երկրորդ Հատորի Ներկայացում
20 յունուարին Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկին մէջ (Հայաստան) ներկայացուեցաւ ֆրանսահայ երաժշտագէտ Արմինէ Գրիգորեանի «Թերթապատում. մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս վարդապետին» գիրքի նոր` երկրորդ հատորը:
Գիրքը աղբիւրագիտական ուսումնասիրութիւն է, ուր ամփոփուած է արեւմտահայերէն մամուլին մէջ հրապարակուած նիւթերու հաւաքածոն: Այս հատորին մէջ ընդգրկուած են Կոմիտաս վարդապետի կեանքին եւ գործունէութեան մասին յօդուածներ, որոնք տպագրուած են Պոլսոյ, յարակից գաւառներուն եւ այլ երկիրներու մէջ լոյս տեսած օրաթերթերու, պարբերականներու եւ տարեգիրքերու մէջ:
Գիրքը ունի «Քննական հայեացք» խորագիրով ամփոփիչ եւ վերլուծական բաժին, որ ներկայացուած է երեք լեզուով` հայերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն: Գիրքին մէջ, իբրեւ յաւելուած` ներկայացուած են աղիւսակներ` 1912-1913 թուականներուն վարդապետին գործունէութեան վերաբերեալ համառօտ տեղեկութիւններով:
«Թերթապատում. մամուլի անդրադարձները Կոմիտաս վարդապետին» գիրքը տարիներու հետեւողական աշխատանքի արդիւնք է, հիմնուած է ոչ միայն մամլոյ էջերէն քաղուած տեղեկութիւններու, այլ նաեւ բազմապիսի ընդարձակ ուսումնասիրութիւններու վրայ: Կ՛ընդգրկէ դասախօսութիւններու, համերգներու, եկեղեցական ծէսերու եւ ձեռնարկներու մասին տեղեկութիւններ, համալրուած է` կենսագրական բառարանով, ծանօթագրութիւններով եւ գիտական մեկնաբանութիւններով:
Լոյս Տեսաւ Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Ոչնչացման Վերաբերող Ուսումնասիրութիւնը
Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Արմինէ Տիգրանեանի «Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ բռնաիւրացման` Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը (2020-2025թթ.)» խորագիրով ուսումնասիրութիւնը, տեղեկացուցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի հրատարակչութենէն:
Այս ուսումնասիրութեան միջոցով հեղինակը կ՛անդրադառնայ` 2020-2025 Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմներուն, ցեղային զտումին եւ ցեղապաշտ խտրականութեան պատճառով Արցախի պատմական հայկական մշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան միջազգային պաշտպանութեան գործիքակազմին:
Հատորին մէջ կը քննուի զինուած հակամարտութիւններու ընթացքին մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային համակարգը, Ազրպէյճանի կողմէ 44-օրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան` միջազգային սկզբունքներու դիտանկիւնէն անօրէն կերպով թիրախ դարձնելու դէպքերը, անոր ոչնչացման եւ իւրացման միջոցները: Կը ներկայացուին նաեւ մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան միջազգային կանոնակարգերը, իրաւական եւ մարդասիրական գործիքակազմերը (միջազգային ուխտեր, հռչակագիրներ, բանաձեւեր, կանոնադրութիւններ, սովորութիւններու չափանիշներ)` ի պաշտպանութիւն Ազրպէյճանի կողմէ վանտալիզմի ենթարկուած Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան: Ակադեմական յօդուածներու, գիրքերու, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի, ՄԱԿ-ի, ԻԿՕՄՕՍ-ի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւերու, Հռոմի կանոնադրութեան, տեսական եւ իրաւական համապատասխան փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը կարելիութիւն տուած է գտնելու Արցախի մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան ուղիները` համամարդկային արժէքներու պահպանութեան կարեւորութեան, անկախ քաղաքական իրավիճակէ` միջազգային մարդասիրական իրաւունքը գործարկելու եւ մշակոյթի իրաւունքը յարգելու ծիրին մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը նախատեսուած է մշակութային ժառանգութեան պահպանութեամբ զբաղող մասնագէտներու, պետական կառոյցներու, գիտական հաստատութիւններու, ուսանողներու եւ արցախահայութեան մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեամբ ու պահպանութեամբ մտահոգ ընթերցողներու լայն շրջանակի համար:
Գիրքի ներկայացման ընթացքին Արմինէ Գրիգորեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ գիրքին բովանդակութեան, աշխատանքային ընթացքին մասին, անդրադարձաւ մամուլի հրատարակութիւններուն, որոնցմէ նիւթեր քաղած, համադրած, ուսումնասիրած եւ նման արժէքաւոր հատոր մը կազմած է ինք:
Ան ըսաւ, որ հատորը կ՛ընդգրկէ նաեւ տեղեկութիւններ Կոմիտաս վարդապետի աշակերտներուն մասին, որոնք անոր գործունէութիւնը ծաւալած են Արեւմտահայաստանի գաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ղեկավարած են եկեղեցական երգչախումբեր:
Ձեռնարկի աւարտին հնչեց Կոմիտասի «Նմանեալ Մովսէսի»-ն` Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն ուսանողներու մեկնաբանութեամբ:






