Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

March 11, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Պէտք Է Կանխել Հայաստանի Կցորդ Պետութիւն Դառնալու Հեռանկարը». Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ 135-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ Քանատա գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ` Հայաստանի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային ուղեգիծին, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, սփիւռքի դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ` այս հարցերուն մէջ ՀՅԴ-ի մօտեցումներուն եւ դիրքորոշումներուն մասին:

Անդրադառնալով յառաջիկայ ընտրութիւններու կարեւորութեան` Ռուստամեան յատկապէս ըսաւ հետեւեալը. «Մենք հիմա կը գտնուինք բախտորոշ փուլի մէջ, երբ յառաջիկայ ընտրութիւններով պիտի որոշուի, թէ մեր երկիրը ո՞ր ուղեգիծով պէտք է յառաջանայ: Այն ուղեգիծը, որ կ՛իրականացնէ այսօրուան վարչախումբը, մեզ կը հեռացնէ մեր ազգային, պետական նպատակներէն եւ աւելի շատ կը սպասարկէ թուրք-ազրպէյճանական օտար շահերուն: Այս կը նկատուի բոլոր ուղղութիւններով, եւ իրենք ալ այդ չեն թաքցներ: Ուղղակի չեն իրականացներ կառավարութեան այն ծրագիրը, որ հաստատուած է Ազգային ժողովի կողմէ, մասնաւորապէս` Արցախի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ ցարդ գոյութիւն ունեցած մեր անվտանգային համակարգին վերաբերող հարցերուն մէջ: Անոնք այս հարցերուն լուծումը կը տանին ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ` ստանձնելով պաշտպանել Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, տէր կանգնիլ եւ երաշխաւորել արցախահայերու անվտանգութիւնը, անոնք դարձան այն վարչախումբը, որ ստորագրեց փաստաթուղթ Արցախը Ազրպէյճանի մաս կազմելու` արագացնելով մեր կորուստներու hետագայ ընթացքը: Արցախը յանձնեցին` յայտարարելով, որ այդ իբր թէ անհրաժեշտ էր, որպէսզի ամրապնդենք մեր անկախութիւնը, բայց տեղի ունեցաւ հակառակը` բոլոր վտանգները տեղափոխուեցան Հայաստան: Արցախը հիմա չկայ, ազրպէյճանցիները կը գտնուին մեր տարածքին մէջ, խախտուած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, վտանգուած է ինքնիշխանութիւնը: Այսպէս կոչուած, իրական Հայաստանի գաղափարի վրայ հիմնուած այս ուղեգիծը մեզ ամէն օր կը հեռացնէ մեր ազգային նպատակներէն»:

Խօսելով այս իրավիճակին մէջ Դաշնակցութեան կատարելիքներուն մասին` ան ընդգծեց. «Մեր հարցը նախեւառաջ այս ուղեգիծը փոխելն է: Մենք պէտք է վերահաստատենք մեր ազգային-պետական ուղեգիծը: Հակառակ պարագային, մենք կ՛արձանագրենք մեր ինքնութեան կորուստը, Հայաստանի` իբրեւ տարածաշրջանային գործօնի, կորուստը կ՛արձանագրենք եւ կը դառնանք թուրք-ազրպէյճանական տանդեմի լծակից զոյգի կցորդ պետութիւն մը: Այս հեռանկարը պէտք է կանխել: Այս իմաստով Դաշնակցութեան ընելիքը շատ աւելի առարկայական եւ պատմական կը դառնայ, եւ պատահական չէ, որ այս իշխանութիւններուն հիմնական թիրախը Հայաստանի մէջ,  գաղափարական եւ քաղաքական առումով,  Դաշնակցութիւնն է»:

Հանդիպում Մարզերու Երիտասարդներուն Հետ

Օրեր առաջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ` Իշխան Սաղաթելեան, Գեղամ Մանուկեան եւ Արգիշտի Գէորգեան,  Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցան Գորիսէն, Կապանէն եւ Գիւմրիէն խումբ մը երիտասարդներու հետ:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան երիտասարդներուն հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ երիտասարդներուն դերը քաղաքական գործընթացներու, պետական կառավարման համակարգին եւ առհասարակ հայրենիքին վերաբերող հարցերու լուծման մէջ անփոխարինելի է: Սաղաթէլեան շեշտեց, որ երիտասարդութիւնը պէտք է ունենայ ոչ միայն մասնակցային, այլեւ` որոշիչ դեր:

Արցախցիներու Վերադարձի Հարցը Բացարձակապէս Չկայ Մեր Երկրի Արտաքին Քաղաքական Օրակարգին Մէջ. Լեւոն Քոչարեան

Արցախցիներու վերադարձի հարցը բացարձակապէս չկայ մեր երկրի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ: Այս մասին «Բեկում» համաերիտասարդական ֆորումի ժամանակ ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեան:

«Արցախի հարցին մէջ մեր յստակ մօտեցումը այն է, թէ ինչ որ հիմա իրատեսականօրէն կրնանք պահանջել եւ ունենալ, արցախցիներու անվտանգ վերադարձի իրաւունքը ամրագրելն է: Ցաւօք սրտի, այս հարցը հիմա բացարձակապէս չկայ մեր երկրի արտաքին քաղաքական օրակարգին մէջ: Իշխանութիւնները կը փորձեն բացատրել անով, որ այս վտանգաւոր է, նոյնիսկ տեղ-տեղ կ՛ըսեն` երբ մենք կը խօսինք արցախցիներու վերադարձի մասին, Ազրպէյճանը կը խօսի ազրպէյճանցիներու Հայաստան վերադառնալու մասին, բայց ասոնք հակադրելը անգրագիտութիւն է, որովհետեւ այս երկու հարցերը իրարու հետ կապ չունին», շեշտեց ան:

Հայաստան Լրագրողներ Ձերբակալող Պետութիւններու Եւրոպական Ցանկին Վրայ

Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով ներառուած է լրագրողներ ձերբակալող պետութիւններու ցանկին վրայ: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական խորհուրդի եւ անոր գործընկեր կազմակերպութեան «Լրագրողներու ապահովութեան հարթակ»-ի` 3 մարտին հրապարակած տարեկան զեկոյցին մէջ:

«2025-ի աւարտին Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով հարթակին կողմէ արձանագրուեցաւ լրագրող կամ այլ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ ձերբակալող պետութիւններու շարքին: Այդ մէկը կատարուեցաւ փոտքասթ կատարող Վազգէն Սաղաթելեանի եւ Նարեկ Սամսոնեանի նախնական բանտարկութիւնը խափանման միջոց ընտրելէ ետք», կ՛ըսուի «Մամուլի ազատութիւնը 2025-ին» վերնագրուած փաստաթուղթին մէջ:

Ըստ վերոնշեալ զեկոյցին, Հայաստանէն բացի` բանտարկուած լրագրողներ կան եւրոպական հինգ այլ երկիրներու մէջ եւս` Ռուսիա (58 ձերբակալուած լրագրողներ), Ազրպէյճան (36), Պիելառուսիա (27), Թուրքիա (24) եւ Վրաստան (1):

Վերջերս Կայացաւ Եւրոպական Միութիւն–ԹՈՒՄՕ Համալիրի Շնորհահանդէսը

Փետրուար 24-ին ԹՈՒՄՕ-Երեւանի մէջ ներկայացուեցաւ Եւրոպական Միութիւն-ԹՈՒՄՕ-ի ճարտարագիտական եւ կիրառական գիտութիւններու համալիրը, անդրադարձ կատարուեցաւ ցարդ հրապարակուած ձեռքբերումներուն, եւ նշուեցաւ շինարարութեան պաշտօնական մեկնարկը:

42,5 միլիոն եւրօ արժողութեամբ նախագիծը ֆինանսաւորեց ԹՈՒՄՕ-ն, որմէ 12,5 միլիոն եւրօ տրամադրեց Եւրոպական Միութիւնը` Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կնքուած «Եւրոպական Միութիւն յանուն նորարարութեան» ծրագրի շրջանակին մէջ:

Նախագիծը առանցքային նշանակութիւն ունի Հայաստանի կառավարութեան արհեստագիտական կրթութեան բարեփոխման եւ յառաջխաղացման գործին մէջ: Կեդրոնը, որուն ճարտարապետական նախագծումը իրականացուց աշխարհահռչակ «MVRDV ստուդիա»-ն, Երեւանի մէջ պիտի ծառայէ իբրեւ իւրայատուկ արհեստագիտական հանգոյց` խթանելով նորարարութիւնը եւ կամրջելով տնտեսութիւնն ու գիտութիւնը: Այն պիտի դառնայ նաեւ «ԹՈՒՄՕ» գիտաշխատանոցներու մնայուն տունը, որ անվճար կրթական ծրագիրներ պիտի առաջարկէ 18 տարիքը ամբողջացուցած բոլոր դիմողներուն:

ԹՈՒՄՕ-ի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան նշեց. «Այս շնորհահանդէսը ո՛չ միայն կը խորհրդանշէ կառոյցի շինարարութեան մեկնարկը, այլեւ մեր հաւաքական հաւատքն ու լաւատեսութիւնը` դէպի Հայաստանի ապագան: Պետութիւն, որ կը ներկայանայ համաշխարհային քարտէսի վրայ իբրեւ գիտական եւ արհեստագիտական հզօր կեդրոն»:

Ս. Էջմիածինի Դիւանապետ Արշակ Արք. Խաչատրեան Բանտէն Ազատ Արձակուեցաւ

5 մարտին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան բանտէն դուրս եկաւ: Վերաքննիչ դատարանը զայն ազատ արձակեց:

Յիշեցնենք, որ Արշակ սրբազանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նկուղին մէջ կը գտնուէր անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր:

Սրբազանին սպասող հարազատները, մայրը, հոգեւորականները եւ աջակիցները զայն ծափերով դիմաւորեցին:

«Ընդհանրապէս կը յիշեմ, որ կալանավայրերը կ՛անուանէին ուղղիչ աշխատանքային գաղութներ: Ուրախ եմ ըսելու, որ ես անուղղելի մնացած եմ, չեմ ուղղուած այդ առումով: Իմ հայեացքներու, իմ դիրքորոշումներու մէջ ոչինչ չէ փոխուած», յայտարարեց Արշակ սրբազանը:

Արշակ, Միքայէլ եւ Բագրատ սրբազանները բանտարկուած էին նոյն խուցին մէջ: Հիմա հոն մնաց միայն Բագրատ արք. Գալստանեանը: Լրագրողներ հարցուցին, թէ ինչպէ՞ս կ՛անցընէին իրենց ժամանակը: «Կը կարդայինք, կը մտածէինք, կը խօսէինք: Ամենամեծ ափսոսանքը այս պահուն նաեւ այդ է ինծի համար, որ Բագրատ սրբազանը խուցին մէջ առանձին մնաց, եւ կ՛ուզեմ, որ բոլորս աղօթենք Բագրատ սրբազանի հոգիի ամրութեան, պնդութեան համար, որ ի հարկէ այս ընթացքին չէ պակսած, ես կրնամ ըսել, Աստուած տայ, որ օր մը բոլորս մեր յամառ ցանկութիւններուն արդիւնքը տեսնենք», պատասխանեց Արշակ սրբազան` աւելցնելով. «Բան մը գիտեմ, ըսեմ, աւարտենք. վերջը լաւ պիտի ըլլայ, եթէ լաւ չէ, ուրեմն վերջը չէ»:

Արշակ սրբազանը Նիկոլ Փաշինեանի հակաեկեղեցական արշաւի թիրախներէն մէկն է: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դէմ Փաշինեանի ծրագիրը կը նկատէր հակաեկեղեցական արշաւ մը եւ ան Փաշինեանի կոշտ քննադատներէն է, իսկ իրեն վերագրուող անձնական բնոյթի տեսանիւթի գործի քննութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է: Սրբազանը սկիզբէն պնդած էր, որ իրեն վերագրուող տեսանիւթը կեղծ է եւ շինծու: Պաշտպանական կողմը դիմած էր միջազգային փորձաքննութեան, եւ, ըստ անոր փաստաբանին, երեք երկիրներու փորձագէտներ եզրակացուցին, որ Արշակ սրբազանին վերագրուող տեսանիւթը ստեղծուած է արհեստական բանականութեամբ: Այսօր եւս սրբազանը պնդեց, որ անիկա կեղծ է:

Ճարտարապետ Մարթին Միքայէլեանին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Ալեքսանդր Թամանեանի անուան ճարտարապետական թանգարան-հիմնարկի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ վաստակաւոր ճարտարապետ Մարթին Միքայէլեանի 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս` «Ես 100 տարեկան եմ եւ այսօր ալ հաշուետու եմ» խորագրով:

Ցուցահանդէսի համակարգող, ճարտարապետ Կարէն Բալեանի խօսքով, որ, ի դէպ, Մարթին Միքայէլեանի սանն է, պատահական չեն ընտրած խորագիրը: «Երբ մենք հաւաքուեցանք Մարթին Միքայէլեանի աւագ որդիին` ճարտարապետ Աւետ Միքայէլեանի տունը, եւ մտածեցինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կազմակերպենք ցուցադրութիւնը, հասկցանք, որ հիմնական նիւթը, որ պահպանուած է, վարպետին լուսանկարած նկարներն են: Այո՛, այդքան շռայլ ժառանգութիւն ձգած ճարտարապետներէն քիչերը հաւաքած են անձնական արխիւներ, աւա՜ղ: Եւ որոշուեցաւ, որ վարպետը ինքը իր լուսանկարներով հաշուետու ըլլայ:

Հաշուետու ըլլայ` իբրեւ վաստակաշատ ճարտարապետ, մանկավարժ, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ, որոնց մէջ ամփոփած է իր ճարտարապետական հայեացքները: Նաեւ` իր գծած գեղանկարներով եւ բանաստեղծութիւններով», ըսաւ Բալեան եւ աւելցուց, որ շատ յուզիչ է, երբ ուսուցիչիդ կարենաս տարիներ ետք որոշ չափով յայտնել երախտագիտութիւնդ:

Մարթին Միքայէլեանի առաջին նախագիծը հայրական ընտանիքի առանձնատունն էր, Ալիխանեանի փողոցին վրայ, որ կատարուեցաւ իբրեւ ուսանողական աշխատանք:

«Հայրս այն հազուագիւտ ճարտարապետներէն էր, որ համարեա անոր բոլոր նախագիծներով շէնքեր կառուցուեր էին», նշած է Մարթին Միքայէլեանի կրտսեր որդին` Բիւրականի  աստղադիտարանի տնօրէն Արեգ Միքայէլեանը:

Մարթին Միքայէլեանի կառոյցներու աշխարհագրութիւնը եւս իւրատեսակ ցուցանիշ է: Հայաստանի երեսուն բնակավայրերու մէջ կը գտնուին հարիւրէ աւելի կառոյցներ` առողջարաններ, մասնաւորապէս` Հանքաւանի մէջ, Ջերմուկի, մշակոյթի տուներ, բնակելի շէնքեր: Ան նախագծած է նաեւ Մեծամօր եւ Հրազդան քաղաքներու գլխաւոր յատակագիծները:

 

Նախորդը

Քեսապցիք Լաթաքիոյ Մէջ Եւ Վերադարձ Հայրենի Օճախներ

Յաջորդը

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 7, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

September 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.