Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

November 26, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Մեկնարկեց Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Ընտանիքներու Համար Կառուցուած Տուներու Յանձնման Գործընթացը

Արցախի Մարտակերտի շրջանէն բռնի տեղահանուած ընտանիքները մասնակցեցան Սիւնիքի մարզի Տաթեւ համայնքի Սուարանց բնակավայրին մէջ իրենց նորակառոյց տուներու կարմիր ժապաւէնի հատման արարողութեան, որ նշանաւորուած է «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ` «Ե՛կ Սուարանց» ծրագրի շրջանակներուն մէջ արցախահայութեան համար կառուցուած թաղամասի առաջին տասը տուներուն յանձնման գործընթացի մեկնարկին:

Տուներուն յանձնման արարողութեան մասնակցեցան` հիմնադրամի ղեկավար կազմը, Սիւնիքի մարզպետարանի ներկայացուցիչները, միջազգային եւ հայաստանեան գործընկեր կազմակերպութիւնները, Տաթեւի համայնքապետարանի ներկայացուցիչներն ու Սուարանցի բնակիչները:

Ձեռնարկի ծիրին մէջ «Թուֆէնքեան»-ի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեան ընդգծեց, որ հիմնադրամը իր 25-ամեայ գործունէութեան ընթացքին մնայուն ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է այն համայնքներուն ու խոցելի խումբերուն վրայ, որոնք առաւելագոյն աջակցութեան եւ հոգածութեան կարիքը ունին:

«Այս նորակառոյց թաղամասը Սիւնիքի վերաբնակեցման մեր ծրագրի կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է եւ` Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու համար իրականացուող այն սակաւաթիւ նախաձեռնութիւններէն, որուն հիմքին մէջ ինկած է արցախահայերու համախմբուած վերաբնակեցման գաղափարը: Մեր առաքելութիւնը չի սահմանափակուիր թաղամասի կառուցումով միայն, այլ մենք երկարաժամկէտ ներդրում կը կատարենք ընկերային ու տնտեսական պայմաններու եւ ենթակառուցուածքներու բարելաւման ուղղութեամբ` դրական փոփոխութիւն բերելով համայնքին մէջ», նշեց Գասպարեան:

Ձեռնարկի ծիրին մէջ հիւրերու համար կազմակերպուեցաւ շրջայց նորակառոյց թաղամասին մէջ, ներկայացուեցան ժամանակակից արհեստագիտութեամբ կառուցուած տուներն ու անասնագոմերը, ինչպէս նաեւ` բնակավայրին մէջ իրականացուող ընկերային եւ տնտեսական այլ նախաձեռնութիւններ:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Գրիգոր Պետեանի խօսքով, նոր թաղամասը նոր կեանքի սկիզբ կը խոստանայ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներու համար:

«Այս ընտանիքները այսօր կը վերակառուցեն իրենց կեանքը Հայաստանի մէջ: Գործընկեր կառոյցներու, անոնց շարքին` միջազգային զարգացման գործակալութիւններու, Հայաստանի կառավարութեան, Սիւնիքի մարզպետարանի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ համագործակցութեամբ մենք կ`աշխատինք ստեղծել իրական կարելիութիւններ այս ընտանիքներուն համար եւ զարգացնել մեր համայնքները», նշեց Պետեան:

Արարողութեան ներկայ գտնուող Սիւնիքի փոխմարզպետ Հայկ Յարութիւնեան ընդգծեց հիմնադրամին կողմէ իրականացուող Սիւնիքի մարզի վերաբնակեցման ծրագրի կարեւորութիւնը եւ վերահաստատեց մարզպետարանի յանձնառութիւնը` աջակցելու Տաթեւի համայնքին մէջ իրականացուող ներկայ եւ ապագայ ծրագիրներուն:

Նոր թաղամասի շինարարութիւնը մեկնարկեց 2025-ի կէսերուն` օգտագործելով յառաջադէմ շինարարական արհեստագիտութիւն` արցախցի ընտանիքներու համար նախատեսուած տուներու կառուցման նպատակով:

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Կրթանպաստներու Յանձնումի Արարողութիւնը

28 սեպտեմբերին Երեւանի «Մերիտիըն Էքսփօ»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան անդամներուն եւ հովանաւորներուն տարեկան հանդիպումը` հիմնարկութենէն կրթանպաստներ ստացող աւելի քան 1300 ուսանողներու հետ, քայլ մը եւս իրականացնելով Հայաստանի եւ Արցախի ուսանողներուն աջակցելու` հիմնարկութեան երկարամեայ առաքելութեան ուղիին վրայ:

Ձեռնարկը սկսաւ խմբային աշխատանքով մը, որմէ ետք ուսանողները եւ հիւրերը պարեցին «Քոչարի» շուրջպարը` գործնականօրէն ցոյց տալով միասնականութեան եւ միասնական աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան` Հայ կրթական հիմնարկութեան Հայաստանի գրասենեակի գործադիր վարիչ Արմինէ Հարոյեան, Հայ կրթական հիմնարկութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Սերոբ Պէյլէրեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան Հայաստանի գրասենեակի կրթանպաստներու յանձնախումբի պատասխանատու Սեդա Դաւիթեան:

Հարոյեան լուսարձակի տակ առաւ Հայ կրթական հիմնարկութեան գործունէութիւնը, որուն առանցքը Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին հայ աշակերտներուն եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ կրթական հաստատութիւններուն նեցուկ կանգնիլն է` նպաստելով հայութեան եւ հայրենիքի բարգաւաճման:

Իր կարգին, Պէյլէրեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկութեան նեցուկ կանգնող բարերարներուն, որոնք հիմնարկութեան առաքելութեան եւ ուսանողներուն երազներուն իրականացումը կարելի կը դարձնեն:

Ապա խօսքեր արտասանեցին հիմնարկութենէն կրթանպաստներ ստացած Վազգէն Մուրատեան, որ ներկայիս Հայաստանի արդարադատութեան նախարարին խորհրդականներէն է, եւ Աննա Սահակեան, որ ներկայիս Անահիտ Ցիցիկեանի անուան երաժշտանոցի փոխտնօրէնն է: Անոնք իրենց ապահոված յաջողութիւններուն մէջ հիմնարկութեան ցուցաբերած աջակցութիւնը յոյժ կարեւոր նկատեցին:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, եւ կատարուեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն, որոնք նուիրուած էին հիմնարկութեան 75-ամեակին:

Այնուհետեւ հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացած եւ այժմ անոր հովանաւորներէն մէկը դարձած Համլեթ Խնկոյեան խօսեցաւ իր հիմնած «Big Projects» ընկերութեան իրագործումներուն մասին` դարձեալ շեշտելով հիմնարկութեան կարեւորութիւնը հայ ուսանողներուն նեցուկ կանգնելու գործին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Հայ կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950-ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին:

«Եուքոմ»-ը Աւարտեց 5g Ցանցի Կառուցումը Հայաստանի Բոլոր Քաղաքներուն Մէջ

Հայաստանի մէջ 5G ցանցի հասանելիութիւնը այսօր արդէն իրականութիւն է. «Եուքոմ»-ը աւարտեց նոր սերունդի կապի ներդրումը երկրի ամբողջ տարածքին` զայն հասանելի դարձնելով Հայաստանի 49 քաղաքներէն 48-ին եւ` հարիւրաւոր բնակավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ` Մայլեռ մաունթըն «ռիզորթ»-ին մէջ, Երեւան-Դիլիջան մայրուղիի երկայնքով, Բագրատաշէն, Բավրա եւ Ագարակ սահմանային անցակէտերուն մէջ: Այսօր արդէն Հայաստանի բնակչութեան աւելի քան 94 տոկոսը կարելիութիւն ունի օգտուելու արագ եւ յուսալի շարժական համացանցէն` միանալով թուային մեծ աշխարհին:

2024 թուականի նոյեմբերին մեկնարկած աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք` ընդամէնը մէկ տարուան ընթացքին «Եուքոմ»-ը 5G-ն հասանելի դարձուց երկրի բոլոր մեծ բնակավայրերուն մէջ:

«5G-ի ընդլայնումը մեզի համար պարզապէս արհեստագիտական յառաջընթաց չէ, այլ` Հայաստանի բնակիչներուն համար  ժամանակակից, արագ եւ կայուն կապ ապահովելու կարեւոր քայլ: Մենք կատարեցինք մեր խոստումը. ընդամէնը մէկ տարուան ընթացքին կրցանք ապահովել 5G ծածկոյթ` երկրի բնակչութեան աւելի քան 94 տոկոսին համար, դարձնելով զայն իսկապէս ազգային մակարդակի արհեստագիտական նախագիծ: Ենթակառուցուածքներու արդիականացումն ու նորարար լուծումներու ներդրումը պիտի շարունակեն մնալ մեր հիմնական առաջնահերթութիւններէն: Մենք կը հաւատանք, որ յուսալի եւ արագ համացանցը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ կրթութեան, աշխատանքի, առողջապահութեան եւ առեւտուրի համար», ըսաւ «Եուքոմ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան:

Ենթակառուցուածքներու արդիականացման շարունակական, լայնածաւալ աշխատանքներու շնորհիւ` «Եուքոմ»-ի բաժանորդները կը ստանան ոչ միայն աւելի արագ, այլեւ միջազգային չափանիշներու համապատասխան կայուն եւ յուսալի կապ: 5G արհեստագիտութիւնը կը բանայ թուային կեանքի նոր փուլ, որ կարելի կը դարձնէ ունենալ բարձրորակ տեսազանգեր` աշխատանքի եւ ուսման համար, իրական ժամանակի մէջ փոխանցել մեծածաւալ տուեալներ եւ լիարժէք օգտուիլ նոր սերունդի խելացի լուծումներէն:

Դիլիջանի «Mountain Village»-ի Ճարտարապետ Սարգիս Սարգսեանի Համահեղինակած Նախագիծը` Միջազգային Մեծ Մրցոյթի Մը Յաղթական

Հայ ճարտարապետ Սարգիս Սարգսեան, միջազգային ճարտարապետական «Bjarke Ingels Group» (BIG) գրասենեակի կազմին մէջ յաղթած է Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքի պետական օփերայի նոր շէնքի նախագծման մրցոյթին: Սարգիս Սարգսեան համաղեկավարած է յաղթական նախագիծը, որ աչքի կը զարնէ ճարտարապետական համարձակ, ժամանակակից ու նորարարական լուծումներով:

Ուշագրաւ է, որ միջազգային այսպիսի մեծ ու հեղինակաւոր մրցոյթի մը մէջ յաղթած ճարտարապետը իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները կը ներդրէ նաեւ Հայաստանի մէջ: «Proforma» ճարտարապետական գրասենեակի խումբին հետ ան մշակած է Դիլիջանի «Mountain Village» բնակելի համալիրի հայեցակարգը` յառաջադէմ ու կանաչ արհեստագիտութիւնները, բնապահական բարձր չափանիշերն ու համարձակ ճարտարապետական լուծումները ներդաշնակօրէն համադրելով տեղական բնապատկերին ու աւանդութիւններուն հետ:

«Սարգիս Սարգսեանի այս յաջողութիւնը կը վկայէ այն մասին, որ մեր ճարտարապետական համակարգին մէջ կը շարունակեն առաջնային տեղ գրաւել որակը, նորարարական արհեստագիտութիւններն ու միաժամանակ` աւանդութիւններու պահպանութիւնը: «Mountain Village»-ի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Ռուբէն Վարդանեանին եւ Վերոնիքա Զոնապենտին, որոնք նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի հիմնադիրներն են, եւ անոնց համար միշտ կարեւոր եղած է միջազգային լաւագոյն արհեստագիտութիւններն ու փորձառութիւնը Հայաստան բերելը: Պէտք է նշեմ, որ դպրոցի շէնքը, իր ճարտարապետական լուծումներուն շնորհիւ, մրցանակներ բերած է Հայաստանին` հինգ անգամ յաղթելով շինարարական եւ ենթակառուցային միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթներու մէջ: Վստահ ենք, որ «Mountain Village»-ը եւս նշանակալի դեր պիտի ունենայ Դիլիջանի գրաւչութիւնը բարձրացնելու առումով», ըսած է «Mountain Village» նախագիծի ղեկավար Կլեպ Կրոշենքօ:

Google-ը Կը Քննարկէ Հայաստանի Հետ Համագործակցութեան Կարելի Ուղղութիւնները

Apple-ը յառաջիկային պատուիրակութիւն կը գործուղէ Հայաստան` ուսումնասիրելու ընկերութեան կարելի գործունէութեան ընդլայնման ուղղութիւնները: Ինչպէս կը յայտնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մամուլի ծառայութիւնը, այդ մասին համաձայնութիւն կը յառաջանայ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեանի եւ Apple ընկերութեան միջազգային համագործակցութեան ստորաբաժանման աւագ տնօրէն Ճէյսըն Լունտկարտի հանդիպման ժամանակ: Կը նշուի, որ դեսպան Նարեկ Մկրտչեան նոյեմբեր 20-ին այցելեց Apple ընկերութեան Կուպերտինոյի կեդրոնակայան, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպումը:

«Հանդիպման ընթացքին դեսպանը ամփոփ ներկայացուց օգոստոս 8-ին ստորագրուած ՀՀ-ԱՄՆ ԱԲ-ի եւ կիսահաղորդիչներու ոլորտին մէջ նորարարական գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի արհեստագիտական միջավայրի առաւելութիւններն ու ներդրումային կարելիութիւնները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ համագործակցութեան կարելի ուղղութիւնները եւ Apple-ի կողմէ Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու նախադրեալները:

 

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը Հայաստանի Վերամիաւորելու Առաջարկներ

Յաջորդը

Գոհաբանական Ս. Պատարագ Լիբանանի Տիրամայր Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ Նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Առիթով

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

December 24, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

December 10, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

November 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.