Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

March 18, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Արցախի Ժողովուրդը Հայաստանի Ներկայ Իշխանութիւնը Իր Անունով Խօսելու Չի Լիազօրեր

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Դանիէլեան 13 մարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն միջոցով ան կը հաստատէ, որ Արցախի ժողովուրդը Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը չի լիազօրեր արտայայտուելու իր անունով:

Ստորեւ` այդ յայտարարութիւնը.

«Վերջին օրերին Եւրոպական խորհրդարանում ու լրագրողների հետ հանդիպումներում Արցախի եւ արցախեան շարժման վերաբերեալ տգիտութեան ու կեղծիքի վրայ հիմնուած փաշինեանական «դատողութիւնները» ոչ միայն յարուցել են մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների միջոցով իրականացուած Արցախի բռնազաւթման հետ չհաշտուող մեր հազարաւոր հայրենակիցների վրդովմունքը, այլեւ պահանջում են որոշ մեկնաբանումներ.

«- Արցախեան շարժման վերաբերեալ անհեթեթ յայտարարութիւնները չեն կարող վարկաբեկել մեր ժողովրդի` յանուն ազատութեան ու խաղաղութեան հերոսական պայքարի այդ լուսաւոր դրսեւորումը:

«- Որեւէ երկրի` այդ թւում եւ Հայաստանի, իշխանութեան լիազօրութիւնները սահմանափակւում են այդ երկրի սահմաններով: Այդ սահմաններից դուրս, այլ պետութեան (անկախ այն բանից այն ճանաչուած է, թէ ոչ) տարածքում տեղի ունեցած իրադարձութիւնների վերաբերեալ գործողութիւնները (քրէական գործերի յարուցում եւ այլն), այդ պետութեան բնակչութեան իրաւունքների վերաբերեալ «որոշումներ»-ի ընդունումը, ճակատագրի տնօրինումը միջազգային հիմնարար սկզբունքների կոպիտ ոտնահարում է եւ յանցագործութիւն: Արցախի ժողովուրդը ՀՀ ներկայիս իշխանութիւններին երբեք չի լիազօրել իր անունից հանդէս գալ ու պարզունակ գործարքի առարկայ դարձնել Արցախը:

«- Եթէ եղածը խաղաղութիւն է, այլ ոչ թէ` բացարձակ եւ չընդհատուող անձնատուութիւն, ապա ինչո՞ւ են ազրպէյճանական զօրքերը շարունակում մնալ ՀՀ բռնազաւթուած 240 քառակուսի քմ տարածքում, ինչո՞ւ ցեղային զտումների ու ցեղասպանութեան ենթարկուած 150.000 արցախցիներ չեն վերադառնում հայրենի տներ, ինչո՞ւ Պաքուի բանտերից հայրենիք չեն վերադառնում հայ պատանդները, ինչո՞ւ են հիմնովին ոչնչացւում Արցախի հայկականութեան անժխտելի վկայութիւնները` հայկական բնակավայրերը, ծիսական շինութիւնները, պատմամշակութային յուշարձանները եւ այլն:

«- Ղարաբաղեան շարժման էութեան եւ վերջին տարիներին Արցախի ժողովրդի նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտումների ու ցեղասպանութեան իրականացման գործողութիւնների նենգափոխումն ու կեղծ «խաղաղութեամբ» փաթեթաւորումը Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորների առաջ, որոնք մի քանի տարի շարունակ ընդունել են Ազրպէյճանի իրականացրած յանցագործութիւնները եւ Թուրքիայի մասնակցութիւնը դրանց դատապարտող բանաձեւերը, արհամարհանք է այդ կառոյցի նկատմամբ:

«- Միջազգային իրաւունքի լիակատար համապատասխանութեամբ ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհրդի ու բոլոր հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութիւնների անվերապահ աջակցութեամբ տասնամեակների իրականացուած ինքնորոշման իրաւունքի իրացման գործընթացի վերածումը «տարածքային վէճ»-ի, Ազրպէյճանի քարոզչական թեզերի շարունակական վերարտադրութիւնը ՀՀ իշխանութիւնների կողմից միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է, ու վերջին մի քանի տարում միջազգային ատեանների վերաբերմունքի արմատական փոփոխութիւնը պայմանաւորուած է ոչ միայն աշխարհաքաղաքական զարգացումներով, այլեւ ՀՀ իշխանութիւնների վերաբերմունքով` Արցախի ու արցախեան շարժման նկատմամբ:

«- Մեզ համար զարմանալի չէ, որ հայրենիք հասկացողութիւնը չընկալողները, 1700-ամեայ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին ու ազգային հաւատքը ուրացողներն ու ամբաստանողները, խարդաւանքներով ու աճպարարութիւններով իշխանութեան աթոռները ձեռք բերածներն ու դրանք պետութեան հետ նոյնականացնողները վարկաբեկում են ամէն սուրբ բան, այդ թւում եւ` մեր ժողովրդի ինքնութիւնը ձեւաւորող միւս հաստատութիւններն ու գործընթացները, այդ թւում եւ` արցախեան շարժումը:

«Արցախի ժողովրդի` ինքնորոշուելու, հայրենիք վերադառնալու, անվտանգ ապրելու, սեփական ճակատագիրը տնօրինելու անօտարելի իրաւունքը չի կարող վերանալ ստի, կեղծիքի ու նենգափոխումների միջոցով կամ դառնալ ճղճիմ գործարքների առարկայ:

«Որպէս Արցախի ժողովրդի ընտրեալ կառոյցի ներկայացուցիչ` հաւաստիացնում եմ, որ շարունակելու ենք բոլոր օրինական միջոցներով ու գործիքակազմերով պայքարել Արցախի ժողովրդի խախտուած իրաւունքների վերականգնման ու իրացման համար` ունենալով Արցախի եւ արցախցիների խնդրով մտահոգ ուժերի եւ անհատների շարունակական, հզօր աջակցութիւնը»:

Շնորհահանդէս` Ռազմիկ Դաւոյեանի Ծննդեան 85-Ամեակին Նուիրուած Գիտաժողովի Զեկոյցներու Ժողովածուին

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի միացեալ նախաձեռնութեամբ, մարտ 11-ին կայացաւ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեանի ծննդեան 85-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի զեկոյցներու ժողովածուին շնորհահանդէսը:

Ժողովածուն կը ներառէ անուանի բանաստեղծին գրական ժառանգութեան նուիրուած շարք մը կարեւոր ուսումնասիրութիւններ` անդրադառնալով անոր գրական բացառիկ տաղանդին, հաստատելով` Ռազմիկ Դաւոյեանի բոլոր ժամանակներու բանաստեղծ ըլլալու անժխտելի ճշմարտութիւնը:

Յայտնենք, որ գիրքը կազմած եւ խմբագրած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը:

Շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի ղեկավար Արշալոյս Գալստեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին` սերտ համագործակցութեան եւ միասին իրականացուցած շարք մը կարեւոր նախաձեռնութիւններու համար: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց Ռազմիկ Դաւոյեանի կնոջ` Լոնտոնի համալսարանի լեզուաբանութեան դոկտոր Արմինէ Թամրազեանի մեծ ջանքերը` բանաստեղծին գրական ժառանգութեան հանրայնացման եւ այս ժողովածուն կազմելու տարած աշխատանքին մէջ:

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ 85-ամեակը առիթ է անգամ մը եւս արժեւորելու անուանի գրողին ստեղծագործական ուղին, որուն համար անցեալի մեծագոյն գրողներուն ստեղծած արժէքները չափանիշ էին, բայց ներկայիս ան ստեղծեց անհատական, ինքնատիպ Դաւոյեան գրողի եսը:

Ան շեշտեց նաեւ բանաստեղծին մեծ ներդրումներն ու ջանքերը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի ստեղծման եւ գործունէութեան հարցին մէջ:

«Ռազմիկ Դաւոյեան ո՛չ միայն այս երկրի հարազատ բանաստեղծն էր, այլեւ` հարազատ քաղաքացին», իր խօսքին մէջ նշեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան` նշանակելի նկատելով գրողին ո՛չ միայն գրական, այլեւ` հասարակական, մշակութային բազմակողմանի գործունէութիւնը:

Գիրքի խմբագիր Լիլիթ Գալստեան, որ նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին մէջ երկար տարիներ աշխատած է Դաւոյեանի հետ, նշեց. «Բանաստեղծները չեն մահանար, որովհետեւ կայ անոնց տողը եւ տողի խորհուրդը: Ռազմիկի տողը եւ տողի խորհուրդը կ՛ապրի եւ պիտի շարունակէ ապրիլ` ժամանակի ընթացքին աւելիով արժեւորուելով: Անոր տողերը զինք կը դարձնեն բանաստեղծ` բոլոր ժամանակներու համար»:

Ռազմիկ Դաւոյեան բանաստեղծի անցած ճանապարհը իրենց խօսքերուն մէջ արժեւորեցին` Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքի ղեկավար, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Աշոտ Գալստեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սուրէն Աբրահամեանը, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Աբգար Ափինեանը, արուեստագիտութեան թեկնածու, դոցենտ Անուշ Ասլիբէկեանը:

Ռազմիկ Դաւոյեանի կինը` Արմինէ Թամրազեան, շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան թէ՛ գիտաժողովի եւ թէ՛ այս ժողովածուի կեանքի կոչման աշխատանքին մէջ:

Վանսին Այցելութենէն Ետք Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան–Հիմնարկի Տնօրէնը Ստիպեցին Հրաժարական Տալու

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսին Երեւան տուած այցելութեան ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ անոր ընկերակցելէ շաբաթներ ետք, թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան հրաժարական տուաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ բանեցուած ճնշումներու տակ: Սկիզբը անոնք պատճառաբանեցին, որ Գզոյեան պատշաճ կերպով չի հետեւիր Ծիծեռնակաբերդի վերանորոգութեան աշխատանքներուն, թէեւ այդ մէկը երբեք կապ չունի իր աշխատանքային ծիրին հետ, իսկ աւելի ուշ Նիկոլ Փաշինեան արդէն բացայայտ յայտարարեց, որ ինք պահանջած է տնօրէնին հրաժարականը:

Վանս եւ անոր կողակիցը յուշահամալիր այցելեցին 10 փետրուարին, Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած անմար կրակին մօտ ծաղիկներ զետեղելէ ետք, Գզոյեան զիրենք առաջնորդեց համալիրի այլ բաժիններ, ներառեալ` Արցախի հակամարտութեան սկզբնական շրջանին Ազրպէյճանի մէջ կատարուած ջարդերու զոհ դարձած հայերու յիշատակին կանգնեցուած խաչքարերուն մօտ: Սումկայիթի, Պաքուի եւ Գանձակի ջարդերու զոհերու յիշատակի խաչքարերուն մօտ Գզոյեան պատմեց այդ արիւնոտ իրադարձութիւններուն, նաեւ Արցախի պատերազմին մասին:

Ըստ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի մամլոյ հաղորդագրութեան, Գզոյեան անդրադարձած էր այդ իրադարձութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ եղած կապին, նաեւ Վանսին նուիրած էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ Արցախի հարցին վերաբերող գիրքեր:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ քանի մը տարի առաջ դադրեցաւ Ղարաբաղի հայկական անունը գործածելէ, փետրուարի աւարտին Ազգային ժողովին մէջ անդրադարձաւ Վանսի այցելութեան կազմակերպման եւ ըսաւ, որ տեղի ունեցան բաներ, որոնք պէտք չէր տեղի ունենային:

Այս մէկը  վրդովեցուցած է թանգարան-հիմնարկի միւս 74 աշխատակիցները: Անոնք իրենց բողոքը յայտնած են Փաշինեանին ուղղուած միացեալ նամակով մը:

«Մեր թանգարանի պատմութեան մէջ առաջին դէպքն էր, երբ բոլոր աշխատակիցները միասնաբար, առանց բացառութեան, նոյն հարցով դիմեցին վերին մարմինի մը», ըսաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական Միհրան Մինասեան:

Թանգարան-հիմնարկի բաժինի ղեկավար Սուրէն Մանուկեան, իր կարգին, ըսաւ, թէ ինք եւ իր գործընկերները ոչ պաշտօնապէս տեղեկացուած են Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կողմէ, որ կը հսկէ հիմնարկին, եւ թէ` Գզոյեանին հրահանգուած է հրաժարիլ, որովհետեւ ան ձախողած է պատշաճ վերահսկողութիւն ապահովել յուշահամալիրի վերանորոգման վիճայարոյց աշխատանքներուն, որոնք սկսած էին անցեալ ամառ: Մանուկեան այս բացատրութիւնը «ոչ լուրջ» որակեց` պնդելով, որ վերանորոգման աշխատանքները ուղղակիօրէն կը վերահսկուին նախարարութեան կողմէ: Ան շեշտեց, որ անընդհատ կը խօսին գիտութեան միջազգայնացման անհրաժեշտութեան մասին, բայց կը ստիպեն հեռանալ բարձր վարկանիշ ունեցող գիտնականին` Էդիտա Գզոյեանին: «Մենք իրականութեան մէջ կ՛ակնկալէինք, որ մեր տնօրէնը պարգեւատրեն իր լաւ աշխատանքի համար, այստեղ արդարութեան հարցն է խնդիրը», յայտնեց Մանուկեան:

Կրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան անձամբ կը հսկէ վերաշինութեան աշխատանքներուն` պարբերական այցելութիւններով. Վանսի այցելութենէն ետք Գզոյեան այլեւս չէ ընկերակցած նախարարի այդ այցելութիւններուն:

Խորհուրդի նախագահը` ֆրանսահայ ցեղասպանագէտ Ռեմոն Գէորգեան, եւ քանի մը այլ անդամներ անցեալ շաբաթ հրաժարական տուին: Փաշինեան զանոնք անմիջապէս` 6 մարտին, փոխարինեց:

Նիկոլ Փաշինեան 12 մարտին արդէն շատ բացայայտ կերպով յայտարարեց, որ ինք հրահանգած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Էդիտա Գզոյեանին հրաժարական տալու` փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանսին Արցախի հակամարտութեան մասին գիրք մը նուիրելուն պատճառով:

«Այո՛, իմ ցուցումով է եղել, ես խնդրել եմ, որ նա հրաժարականի դիմում գրի: Ես դա համարել եմ կառավարութեան վարած արտաքին քաղաքականութեանը հակառակ գործողութիւն, ես դա համարել եմ սադրիչ գործողութիւն», շեշտեց Փաշինեան` աւելցնելով. «Կա՞յ փախստականների վերադարձի թեմա: Ազրպէյճանն էլ նոյն ձեւի նոյն թեմաներն է առաջ քաշում: Այդ թեմաները զարգանալու են, բախուելու են իրար, դառնան պատերազմ: Երբ երկրի վարչապետն ասում է, որ ղարաբաղեան շարժում չկայ, օտարերկրեայ հիւրին արցախեան հիմնահարց թեմայով գիրք նուիրելն ի՞նչ է նշանակում: Էս երկրում քանի՞ հոգի կարայ արտաքին քաղաքականութիւն վարի: Հայաստանում արտաքին քաղաքականութիւն վարում է Հայաստանի կառավարութիւնը եւ այն պետական պաշտօնեան, որը այդ քաղաքականութեանը հակասող բան կ՛ասի, պէտք է ազատուի աշխատանքից: Մենք պետութի՞ւն ենք, թէ՞ սա ինքնագործ խմբակ է: Այստեղ չքմեղանալու հարց չկայ»:

Հայ եւ օտար ցեղասպանագէտներ բաց նամակ մը յղեցին` խոր մտահոգութիւն յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի արդէն նախկին տնօրէն Էդիտա Գզոյեանի` ճնշումով եւ պարտադրելով, եւ ոչ թէ ազատ ընտրութեամբ հրաժարական ներկայացնելուն գծով:

«Դոկտոր Գզոյեանը բարձրացրել է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի միջազգային ակադեմական հեղինակութիւնը, նրա ղեկավարութեամբ հիմնարկը ընդլայնել է իր արխիւային հաւաքածուները, կազմակերպել է կարեւոր գիտաժողովներ եւ համագումարներ, ինչպէս նաեւ` ստեղծել գիտական աշխատանքներ, որոնք զգալիօրէն առաջ են մղել ցեղասպանագիտութեան ուսումնասիրութիւններն ամբողջ աշխարհում: Նա անխոնջ պաշտպանն է եղել Հայոց ցեղասպանութեան, որն ամրապնդել է անցեալի անարդարութիւնների վերաբերեալ համաշխարհային ըմբռնումը եւ աջակցել պատմական ճշմարտութեան վերականգնման գործին: Յատկապէս մտահոգիչ է նրա հարկադիր հեռացման ժամանակացոյցը եւ համատեքստը», կ՛ըսուի ցեղասպանագէտներու վերոնշեալ նամակին մէջ:

Անոնք նաեւ կ՛ընդգծեն, որ Գզոյեան փոխնախագահ Վանսին ներկայացուցած է ոչ միայն 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ հետագայի` Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ, Ա.) եւ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայերուն կոտորածները` ընդգծելով տարածաշրջանին մէջ հայերուն դէմ բռնութեան պատմական շարունակականութիւնը: Ան նաեւ փոխնախագահ Վանսին նուիրած էր Հայոց ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ գիտական աշխատութիւններ, ինչ որ, ըստ մասնագէտներուն, կարեւոր համատեքստ է Հայաստանի պատմութիւնը եւ ժամանակակից մարտահրաւէրները հասկնալու համար:

«Իրադարձութիւնների յաջորդականութիւնը ցոյց է տալիս աւելի լայն եւ խորապէս մտահոգիչ օրինաչափութիւն` անկախ ակադեմական ձայների լռեցում` քաղաքական յարմարութեան օգտին: Կան բոլոր հիմքերը կարծելու, որ սա աւելի շատ վերաբերում է ոչ թէ թանգարանի կառավարմանը, այլ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի վերադասաւորմանը` աշխատանքը համապատասխանեցնելով աշխարհաքաղաքական առաջնահերթութիւններին, մասնաւորապէս` ձգտելով խուսափել Ազրպէյճանին առնչուող վայրագութիւնների անկեղծ քննարկումից` շարունակուող կարգաւորման գործընթացի խորապատկերին», նոյն նամակին մէջ կ՛ըսեն ցեղասպանագէտները` աւելցնելով. «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը պարզապէս զբօսաշրջային վայր չէ: Այն պատմական յիշողութեան եւ գիտական կենտրոն է, ժխտման եւ խեղաթիւրման դէմ պաշտպանութիւն: Դա նշանակում է, որ հիմնարկի ղեկավարութիւնը պէտք է պաշտպանուած լինի քաղաքական միջամտութիւնից: Ցեղասպանագէտների կարծիքով, Գզոյեանի հարկադիր հեռանալը սարսափելի ուղերձ է յղում ամէնուրեք գտնուող գիտնականներին եւ պատմաբաններին, որ լուրջ հետազօտութիւնը եւ ճշմարիտ յիշողութիւնը կարող են փոխարինուել դիւանագիտական յարմարաւէտութեամբ: Վստահ են, որ Գզոյեանի հեռացումը լրջօրէն կը վտանգի հիմնարկի ապագան եւ կը խաթարի նրա հեղինակութիւնը միջազգային գիտական համայնքում: Նման որոշումը ոչ միայն կը խաթարի հիմնարկի ընթացիկ աշխատանքը, այլեւ մտահոգիչ ազդանշան կը դառնայ ցեղասպանագիտութեան բնագաւառում առաջատար գիտնականների համար` նրանց յետ պահելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հետ համագործակցութիւնից եւ թուլացնելով համաշխարհային ակադեմական գործընկերութիւնները, որոնք կարեւոր են նրա առաքելութեան համար»:

Ցեղասպանագէտները կոչ կ՛ուղղեն Հայաստանի կառավարութեան` զերծ մնալու հիմնարկը ղեկավարելու գործունէութեան միջամտելէ եւ Գզոյեանը թոյլատրելու շարունակել իր աշխատանքը` առանց քաղաքական ճնշումի:

Նշենք, որ նամակը ստորագրած են շուրջ 3 տասնեակ հեղինակաւոր ցեղասպանագէտներ:

 

Նախորդը

Քեսապի Հայութիւնը 1909-Ի Աղէտէն Ետք Վերականգնում Եւ Վնասուց Հատուցում Ու Օժանդակութիւններ

Յաջորդը

Զօրանանք Տիրոջմով

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 21, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.