Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՀՅԴ ՀԵՄ-ականներու Հանդիպում Համբիկ Սասունեանին Հետ
ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամները հանդիպում ունեցան արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեանի հետ, որուն հետ ընթացած զրոյցը, գիտելիքներու կողքին, մեծ կորով ներշնչեց բոլորին:
Հանդիպման ընթացքին Համբիկ Սասունեան խօսեցաւ Հայաստանի եւ հայրենիքի համար անվերջ ու անկոտրում պայքարի կարեւորութեան մասին եւ ան շեշտեց, որ ոչինչ պէտք է յուսալքէ հայութիւնը, ի մասնաւորի երիտասարդութիւնը` տէր կանգնելու իր ազգային վեհ նպատակներուն: Սասունեան պատմեց իր ապրած ծանր օրերուն մասին, բաժնեկցեցաւ իր կեանքէն հիմնական փուլեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ ընդհանրապէս Հայ դատի նուիրեալ մարտիկներուն եւ անոնց նուիրումին:
Զրոյցի առանցք հանդիսացաւ նաեւ սերունդները ազգային-գաղափարական կուռ դաստիարակութեամբ կոփելու կարեւորութիւնը` իբրեւ երաշխիք ազգի ու հայրենիքի պահպանման եւ գոյատեւման:
ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամներուն հարցումներուն ընդմէջէն զրոյցը աւելի հարստացաւ եւ ծաւալեցաւ:
Արցախեան Հերոս Ռոբերթ Աբաջեանի Արձանի Բացում
«Օրուան խորհուրդը կարմիր թելով պէտք է տանինք մեզի հետ, որքան ուժ ունինք, որքան շունչ ունինք, որքան քալենք ու պիտի քալենք, որովհետեւ առանց բանակի, առանց այն ամէնուն, ինչ ըրած է հայոց բանակը մեզի համար, մենք անհնար ենք»: Այս մասին քառօրեայ պատերազմի մասնակից, Արցախի հերոս Ռոբերթ Աբաջեանի արձանի բացման արարողութեան ժամանակ ըսած է դերասան, հաղորդավար Արտեոմ Մարկոսեանը:
«Խոնարհումս բոլոր այն մարդոց, որոնք բոլոր ժամանակներու մէջ իրենց կեանքը, առողջութիւնը, երջանկութիւնը, ամէն ինչ ներդրած են մեզի համար, մեր այսօրուան կեանքին համար: Խոնարհումս` ի դէմս Ռոբերթ Աբաջեանի, բոլոր երիտասարդներուն, որոնք գիտակցաբար գացին այդ քայլին: Խոնարհումս` հիմա սահմանին կանգնած մեր բոլոր տղաներուն, որոնք կը պաշտպանեն մեզ, մեր հայրենիքը, մեզի կարելիութիւն կու տան ապրելու», նշեց ան:
Ռոբերթ Աբաջեանի արձանը տեղադրուած է Երեւանի թիւ 147 դպրոցի բակին մէջ: Մարկոսեան նշեց, որ ինք այդ դպրոցի շրջանաւարտ է, իր աղջիկը եւս, որ Աբաջեանի դասընկերուհին է:
«Ինծի համար մեծ պատիւ է գտնուիլը այստեղ: Ինծի համար մեծ պատիւ է բարձրաձայնելը, որ փոքր Ռոբոն ես կը ճանչնամ իր մանկութենէն: Աղջիկս եւ Ռոբերթ Աբաջեան 10 տարի նստած են մէկ նստարանի, կողք կողքի: Ռոբոն եղած է մեր տան երեխաներէն մէկը, դուք կը պատկերացնէ՞ք, թէ որքան յոյզեր եւ խառն զգացողութիւններ պատած են հոգիս», ըսած է դերասանը:
Արտեոմ Մարկոսեան աւելցուցած է, որ Ռոբերթ Աբաջեանի նման տղաներ դեռ կ՛ըլլան եւ պէտք է ըլլան, որովհետեւ Ռոբերթ Աբաջեանն ու անոր նմանները պարզապէս մարմին եւ ֆիզիքական գոյութիւն չեն, այլ` մտածելակերպ, հոգի, մօտեցում, առանց որուն` ազգի գոյութիւնը անհնար է:
«Տիգրան Մանսուրեան. Հարցազրոյցներ Եւ Յօդուածներ». Անուանի Յօրինողին Նուիրուած Գիրքը Վերստին Պիտի Բացայայտէ Մայսթրոն Եւ Անոր Արուեստը
«Եռանդաշատ, կենսասէր, մոլեգին, հանճարեղ…» այս բառերով է, որ յօրինող, Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանը բնութագրած է անոր լաւ բարեկամներէն թարգմանիչ, լրագրող, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան վաստակաշատ խմբագիր հանգուցեալ Յովհաննէս Այվազեանը: Ան սրտանց կը հիանար` անուանի յօրինողին ստեղծագործական մտքի թռիչքներով, մարդկային որակներով, բարութեամբ: Ան յաճախ կ՛այցելէր Մանսուրեանին: Յովհաննէս Այվազեան կը գիտակցէր, որ Մանսուրեան մտածողին լաւագոյնս պէտք է ճանչնան նաեւ հանրութեան լայն շրջանակները, ուստի յաճախ հարցազրոյցներ կը կատարէր յօրինողին հետ:
Յովհաննէս Այվազեանի դուստր Տիրուհի Նազարէթեան, կարեւոր նկատելով այդ հարցազրոյցներուն դերն ու նշանակութիւնը, որոշած է զանոնք լոյս ընծայել գիրքով, որ պիտի կոչուի «Տիգրան Մանսուրեան. հարցազրոյցներ եւ յօդուածներ» խորագրով: «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին Նազարէթեան, որ նաեւ գիրքի խմբագիրն է, կը նշէ, որ գիրքին մէջ ներառուած են Յովհաննէս Այվազեանի` Տիգրան Մանսուրեանի հետ կատարած հարցազրոյցները 1981 թուականէն մինչեւ 2019 թուականը: «Այդ զրոյցները լոյս տեսած են հայաստանեան պարբերական մամուլին մէջ, կան նաեւ հարցազրոյցներ, որոնք մամուլով լոյս չեն տեսած: Բոլոր նիւթերուն տակ նշուած է, թէ ո՛ր թուականին հրապարակուած են եւ ո՛ր պարբերականին մէջ, իսկ այն նիւթերը, որոնց տակ թերթի անունը չէ նշուած, տպագրութեան պատրաստած եմ հօրս արխիւէն», ըսաւ Նազարէթեան ու աւելցուց, որ գիրքի նախաբանին հեղինակն է երաժշտագէտ Աննա Արեւշատեանը: Գիրքը պիտի սկսի «Ունկնդրում է աշխարհը» բաժինով, որուն մէջ կան միջազգային մամուլի անդրադարձները Մանսուրեանի եւ անոր ստեղծագործութիւններուն մասին: Յովհաննէս Այվազեան ինք կազմած է այդ կարծիքներուն ծաղկաքաղը:
«Տիգրան Մանսուրեան. հարցազրոյցներ եւ յօդուածներ» գիրքը պիտի ունենայ նաեւ ներդիր, որուն մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան յօրինողին լուսանկարները` ընտանիքի անդամներուն, հետաքրքրական եւ հեղինակութիւն վայելող անհատներուն հետ: Ուշագրաւ են նաեւ Յովհաննէս Այվազեանի` Տիգրան Մանսուրեանի եւ Համօ Սահեանի, Մանսուրեանի եւ Հրանդ Մաթեւոսեանի եւ այլոց միացեալ հարցազրոյցները: Զրուցակիցները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը հեղինակութիւն է իր ոլորտին մէջ, զրոյցներու ընթացքին քննարկումներ ծաւալած են երաժշտութեան, Կոմիտասի, գրականութեան եւ մշակոյթի այլ ոլորտներու մասին, յայտնած են տեսակէտներ, որոնք հետաքրքրական են նաեւ մեր օրերուն:
Նշենք, որ անուանի յօրինող Տիգրան Մանսուրեան յունուար 27-ին տօնեց ծննդեան 87-ամեակը: Այս առիթով կը շնորհաւորենք մայսթրոն` մաղթելով ստեղծագործելու ոգեշնչումներ եւ նորանոր նուաճումներ:
Սիլվա Կապուտիկեանի Ծննդեան 107-Ամեակը Նշուեցաւ Բանաստեղծուհիին Ոգիով` Շատ Հիւրերով Եւ Վանայ Ուտեստներու Մատուցմամբ
Սիլվա Կապուտիկեանի տուն-թանգարանին մէջ նշուեցաւ բանաստեղծուհիին ծննդեան 107-ամեակը:
Կապուտիկեանի տուն-թանգարանի ղեկավար Արմենուհի Տեմիրճեան նշեց, որ բանաստեղծուհին շատ կը սիրէր իր ծննդեան օրը նշել մեծ շուքով եւ շատ հիւրերով` հարազատներու եւ ընկերներու ընկերակցութեամբ:
Ըստ անոր, օրը շատ խորհրդանշական տօնի վերածուեցաւ, որովհետեւ ե՛ւ իր սիրելի ուտեստները հիւրասիրուեցան ե՛ւ գեղեցիկ համերգ եղաւ, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ բանաստեղծուհիին «Խօսք իմ որդուն» ստեղծագործութեան հիման վրայ գրուած նոր երգը:
«Իր ծննդեան օրը Կապուտիկեան միշտ իր հիւրերուն մատուցած է աւանդական հայկական ուտեստներ` յատկապէս Վանի աւանդական ճաշեր, որոնց շարքին իր առանձնայատուկ տեղը ունեցած է քեալագէօշ ուտեստը, որ կը համարուի Վանի յայտնի եւ առողջարար ուտեստներէն մէկը: Նշեմ, որ Սիլվա Կապուտիկեան հետզհետէ աւելի մեծ սէր եւ համբաւ կը վայելէ մեր ժողովուրդին մէջ, եւ մենք որոշեցինք մէկտեղել Վանայ ուտեստներու համտեսը, համերգային ծրագիրը եւ Էջմիածինի 5-րդ դպրոցի աշակերտներու աշխատանքներու ցուցադրութեան բացումը», նշեց Տեմիրճեան:
Ան ընդգծեց, որ փորձած են վերականգնել բանաստեղծուհիին կենդանութեան օրօք իր ծննդեան օրը նշելու աւանդոյթները: Այս նաեւ առիթ է երիտասարդ սերունդին ցոյց տալու եւ օրինակ ծառայելու, թէ որքան շատ արժեւորած է Սիլվա Կապուտիկեանը հայկական աւանդոյթներու, աւանդական ուտելիքներու եւ մշակոյթի պահպանումը:
Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ բանաստեղծուհիին ծննդեան օրուան կապակցութեամբ բանաստեղծուհիին շիրիմին իրականացուած է ծաղկեդրման արարողութիւն:
Մատենադարանը Սկսաւ «Շօշափելով Մատեանները» Ներառական Ծրագրին
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու մատենադարան գիտական հետազօտական հիմնարկի թանգարանին մէջ մեկնարկեց «Շօշափելով մատեանները. ամէնքի Մատենադարանը» ներառական ծրագիրը` ցուցադրութեամբ:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար, Մատենադարանի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Ժաննա Անդրէասեանը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեանը, Հայաստանի կոյրերու միաւորման «Սոկրատ Շահնազարեանի անուան մշակոյթի տան» տնօրէն, «Շօշափելով մատեանները. ամէնքի Մատենադարանը» ծրագրի փորձագէտ Սիփան Ասատրեանը:
Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Մատենադարանի խումբին եւ գործընկերներուն ստեղծագործական ջանքի եւ արժէքաւոր արդիւնքին համար. «Այսօրինակ նախաձեռնութիւններու շնորհիւ` Մատենադարանի յատկապէս թանգարանային հատուածը աւելի տեսանելի կը դառնայ մեր հանրային եւ մշակութային կեանքին մէջ, եւ մենք անընդհատ Մատենադարան վերադառնալու առիթներ կ՛ունենանք: Կատարուած աշխատանքը թոյլ կու տայ աւելի սերտ հաղորդակցելու հանրութեան հետ, աւելի տեսանելի դարձնելու այն ժառանգութիւնը, որ կայ Մատենադարանին մէջ եւ աւելի բազմաշերտ խօսիլ իրականութեան մասին` այդպիսով աւելի խոր ճանչնալու մենք մեզ»:
Անոր խօսքով, ներառականութիւնը հասարակութեան զարգացման համար անգերազանցելի արժէք է, որովհետեւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող իւրաքանչիւր գործընթաց կը վերաբերի ո՛չ միայն առանձնայատուկ պայմաններու կարիք ունեցող մարդոց ներառման, այլ նաեւ էապէս կը փոխէ հանրութեան արժեհամակարգը: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ այս ծրագիրն ալ հերթական ուղենիշ մը կը դառնայ համընդհանուր ներառման գործընթացի երկար ճանապարհին:
Արա Խզմալեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ այսօրինակ նախաձեռնութիւնները պիտի ըլլան շարունակական. «Այս նախաձեռնութիւնը նախ եւ առաջ քաղաքակրթական յայտ է, որովհետեւ իւրաքանչիւր հասարակութեան մէջ քաղաքակրթուած ըլլալու չափանիշը նաեւ այն է, թէ տուեալ երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի որքանով հասանելի են մշակոյթը, կրթութիւնը` անկախ անոր սեռական պատկանելիութենէն, տարիքէն, ֆիզիքական կարելիութիւններէն եւ այլն»:
Խօսքերով հանդէս եկան նաեւ` Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեան եւ Հայաստանի կոյրերու միաւորման «Սոկրատ Շահնազարեանի անուան մշակոյթի տան» տնօրէն, «Շօշափելով մատեանները. ամէնքի Մատենադարանը» ծրագրի փորձագէտ Սիփան Ասատրեանը:
«Շօշափելով մատեանները. ամէնքի Մատենադարանը» բնաբանը ունեցող կրթական ծրագիրը նուիրուած է ձեռագրաստեղծման արուեստին` շօշափելի կրկնօրինակներու միջոցով (եղէգնեայ եւ փետուրէ գրիչներ, մագաղաթի նմուշ, վուշէ թելեր, կապտալ, միջուկ` տախտակ, աստառ, տողաշար): Միջնադարու շունչը փոխանցելու նպատակով մասնակիցները կ՛ունկնդրեն միջնադարեան երաժշտութիւն, կը շնչեն միջնադարեան անուշահոտ եթերաիւղեր:
Ծրագրի թիրախային խումբը Երեւանի մէջ եւ Հայաստանի մարզերու մէջ բնակող, տեսողութեան առաջին եւ երկրորդ աստիճանի խանգարում ունեցող 4 տարեկանէն բարձր անձինք են: Թանգարանին մէջ տեղադրուած են ցուցադրութեան նմուշներու շօշափելի մանրակերտեր: Պատրաստուած են` Գրիգոր Նարեկացի «Մատեան ողբերգութեան», Մովսէս Խորենացի «Հայոց պատմութիւն», Մալաթիայի Աւետարան, Ֆիրտուսի «Շահնամէ» ձեռագիրներու շօշափելի կրկնօրինակները:
Ծրագրի իրականացման ընթացքին ոլորտի փորձագէտները պիտի ունենան խորհրդատուութիւն` ցուցանմուշներու եւ կրթական ծրագրի նախապատրաստական աշխատանքներու վերաբերեալ:
Ծրագրի բացման արարողութեան ելոյթ ունեցած է «Կողք կողքի» ներառական երաժշտական փառատօնի սան Արեգ Գալստեանը` «Չինար ես», «Հով արէք, սարեր ջան» ստեղծագործութիւններով:


