Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Նոյեմբեր 12, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Գիւմրիի Մէջ

Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն հայ գրող, հասարակական գործիչ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Ձեռնարկները տեղի կ՛ունենան թէ՛ Վարպետի տուն-թանգարանին մէջ, թէ՛ ալ քաղաքի տարբեր մշակութային կեդրոններու յարկին տակ:

Այս ծիրին մէջ Գիւմրիի Աւ. Իսահակեանի տուն-թանգարանին մէջ արդէն իսկ կայացած է միջազգային գիտաժողով մը` զեկոյցներով, գրական քննարկումներով եւ թատերական ընթերցումներով: Այս ձեռնարկներուն լայն մասնակցութիւն կը բերեն` հանրակրթական դպրոցները, միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւնները, արուեստի եւ մշակութային կազմակերպութիւնները, թանգարաններն ու գրադարանները:

Թանգարանի ձեռնարկներու գլխաւոր կէտը Աւետիք Իսահակեանի հոլոկրաֆիք կերպարի ներկայացումն է` պատմական Անի քաղաք զօրութենական (virtuel) այցելութեամբ: Համադրելով պատմութիւնն ու նորագոյն արհեստագիտութիւնները` այցելուն այդպիսով կարելիութիւնը կ՛ունենայ զօրութենական իրականութեան (réalité virtuelle) եւ հոլոկրաֆիք ցուցադրութիւններու շնորհիւ Աւետիք Իսահակեանի հետ տեղափոխուիլ պատմական Անի քաղաք, շրջիլ անոր փողոցներուն մէջ, տեսնել հնագոյն տաճարները եւ զգալ միջնադարեան Հայաստանի շունչը:

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան այցելած են թանգարան եւ հետեւած են գիտաժողովի ընթացքին: «Խօսելով մեր մեծերու կարեւոր գաղափարներուն եւ ուղերձներուն մասին` գիտաժողովը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ վերլուծելու, քննարկելու, համադրելու եւ տեսնելու նաեւ առնչութիւններ մեր օրերուն հետ: Ուրախ եմ, որ թանգարանները նաեւ կը դառնան կենդանի խօսքի, շփման եւ երկխօսութեան միջավայրեր», նշած է նախարարը:

Գիւմրիի Ժողովրդական գործիքներու պետական նուագախումբը եւս իր մասնակցութիւնը բերած է` ներկայացնելով «Իսահակեանը` երգերու մէջ» համերգը` Վարպետի ստեղծագործութիւններուն հիման վրայ յօրինուած երգերով:

Հոկտեմբեր 30-ին` Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան օրը, Թատերական հրապարակին վրայ Վարպետի արձանին առջեւ զետեղուեցան ծաղիկներ, ապա օրուան ընթացքին տեղի ունեցան տարբեր տօնական ձեռնարկներ. «Կումայրի» արգելոց-թանգարանի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ յատուկ ցուցահանդէսի մը` «Իսահակեանը արուեստի մէջ» խորագրով, իսկ Տիկնիկային թատրոնին մէջ ներկայացուեցաւ «Քաղաքի խելօքները» թատրերգութիւնը, Աւետիք Իսահակեանի «Նուկիմ քաղաքի խելօքները» գործին հիման վրայ:

Համազգայինի Երեւանի Գրասենեակին Մէջ Կայացաւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի Անդրանիկ Գիրքին Շնորհահանդէսը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին մէջ 7 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ գրող Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի  «Սահմանելի» խորագրով անդրանիկ գիրքին շնորհահանդէսը:

Գիրքը կը բովանդակէ Խ. Տէր Ղուկասեանի տարբեր տարիներու գրած բանաստեղծութիւնները, որոնք կ՛արտայայտեն` հոգիի խռովք,  լռութիւն, կեանքի եւ սիրոյ խոհափիլիսոփայական ընկալումներ, պատերազմ եւ ապրելու տենչ:

Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը, Համազգայինի մեծ ընտանիքի անդամներ, գրականագէտներ, գրողներ, գրքասէրներ:

Հանդիսութեան բացման եւ շնորհաւորութեան խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ մեր օրերուն սփիւռքահայ գրականութեան դերին եւ նշանակութեան, ինչպէս նաեւ` հայ գրողի առաքելութեան ճակատագրական պահերուն  հայրենիքին ծառայելու եւ ազգային արժէքներու սերմանման գործին մէջ:

Բանախօսն էր գրող, գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան, որ իր խօսքին մէջ ներկայացուց Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծական լեզուն, խօսքի վարպետութիւնն ու բանաստեղծական մշակոյթը` զայն գնահատելով ինքնեղ, համարձակ ու ժամանակի շունչին համընթաց:

Շնորհահանդէսը շարունակուեցաւ գրողին հետ զրոյցով, զոր վարեց  «Թորոնթոհայ» ամսագրի խմբագիր Ռուբէն Ճանպազեանը: Զրոյցի ընթացքին ներկաները կարելիութիւն ունեցան բացայայտելու բանաստեղծին խորունկ աշխարհը, անոր ընկալումները բառ ու բանի շուրջ, հոգեհարազատ նիւթերն ու գրական ազդեցութիւնները, ինչպէս նաեւ` անոր մտորումները` սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ստեղծուող ժամանակակից գրականութեան հարցերուն շուրջ:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեանը:

«Բանաստեղծութիւնը հոգիի կենսագրութիւն է: Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի բանաստեղծութեան հերոսը աշխարհի թոհուբոհի մէջ կողմ քաշուած ու տարակուսանքով աշխարհի անցուդարձին եւ վերիվայրումներուն նայող մարդն է: Անոր բանաստեղծութիւնները խօսուն եւ պատկերաւոր պատմութիւններ են` իրենց մէջ ամփոփելով նորավիպային արձակի շատ ու շատ տարրեր: Այս բանաստեղծական կարեւոր հմտութիւն է»,  նշեց Շահբազեան:

Շնորհահանդէսին սրտի խօսք արտասանեցին նաեւ` Լիլիթ Գալստեանը, Համահայկական գրողներու միութեան նախագահ Աբգար Ափինեանը, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի ճեմարանական ընկերները:

Ղուկասեան իր մակագրութեամբ ներկաներուն նուիրեց ժողովածուն` խոստանալով շարունակութիւն եւ նոր գրական հանդիպումներ:

«100 Տարի Անց. Ֆրետրիոֆ Նանսենի Ոտնահետքերով». Միջազգային Գիտաժողով Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Եւ Այցելութիւն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Երեւանի պետական համալսարանին մէջ մեկնարկեց նորվեկիացի գիտնական Ֆրետիոֆ Նանսենի եւ անոր յանձնախումբի Հայաստան այցելութեան 100-ամեակին նուիրուած «100 տարի անց. Ֆրետիոֆ Նանսենի ոտնահետքերով» վերնագրեալ միջազգային եռօրեայ գիտաժողովը, որ կազմակերպուած է «Ֆրետիոֆ Նանսենի թանգարան» ՀՈԱԿ-ի գործակցութեամբ: Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Յովհաննէս Յովհաննիսեան շեշտեց Ֆրետիոֆ Նանսենի բացառիկ դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ` նշելով, թէ ան ո՛չ միայն մարդասիրական գործունէութեամբ օգնեց հազարաւոր հայ գաղթականներու, այլ նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնեց մեր ժողովուրդի իրաւունքներու եւ գոյութեան հարցը: Նախագահը յիշեց նաեւ, որ 19 յունիս 1925-ին Նանսեն այցելած է Երեւանի պետական համալսարան` այն ատեն նորաստեղծ, բայց մեծ գաղափարներով համալսարան: Իր յուշերուն մէջ Նանսեն գրած է. «Այն գեղեցիկ շէնք մըն էր` շրջապատուած հրաշալի այգիով… Համալսարանը նոր հիմնադրուած էր եւ նոր պիտի զարգանար, բայց հակառակ դժուարութիւններուն` շատ բան արարուած էր»: Ան օրուան որոշումով դարձաւ համալսարանի առաջին պատուաւոր դոկտորը:

Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ այս փաստը խորհրդանշականօրէն վկայ է համալսարանի հաւատքին` մարդասիրական արժէքներու, գիտութեան, միջազգային համագործակցութեան եւ խաղաղութեան գաղափարներու հանդէպ: Նանսենի թանգարանի տնօրէն Ժորա Յակոբեան նշեց, որ գիտաժողովը հարիւր տարի ետք նորէն կը բացայայտէ այն ուղիները, որոնք նախանշուած էին հայ իրականութեան զարգացման համար: Ան յայտնեց նաեւ, որ Նանսեն Հայաստան եկած էր գիւղատնտեսական ծրագիրներ իրականացնելու` նպատակ ունենալով ապահովել գաղթականներու վերաբնակեցումը: Յակոբեան Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին փոխանցեց 1925 թուականի այն փաստաթուղթի կրկնօրինակը, որով Նանսենի շնորհուած էր համալսարանի պատուաւոր դոկտորի աստիճանը: Բնօրինակը թանգարանը ձեռք բերած է Նորվեկիոյ Ազգային գրադարանին միջոցով: Ան աւելցուց, որ Նանսեն շարունակած է կապը համալսարանին հետ նաեւ 1928-ին, երբ «Հայաստանը եւ Մերձաւոր Արեւելքը» գիրքը իր մակագրութեամբ ուղարկած է Երեւանի պետական համալսարանին:

Գիտաժողովի ընթացքին հնչեցին Նանսենի խօսքերը. «Պէտք է ձգտիլ այնպէս ընել, որ աշխարհի մէջ չըլլայ ոչ մէկ արտ, խաղողի այգի կամ պարտէզ, որ ջուրի կարիք ունենայ. այդ ժամանակ մարդիկ երջանիկ, հզօր կ՛ըլլան, եւ աշխարհը կը ծաղկի»: Ան նաեւ ուսանողներուն ուղղած էր պատգամ մը. «Դուք բոլորդ ապագայ հետազօտողներ էք տարբեր բնագաւառներու մէջ: Կատարեցէ՛ք ձեր աշխատանքը ամբողջութեամբ, մի՛ յանձնուիք եւ մի՛ համարէք այն աւարտած այնքան ժամանակ, մինչեւ որ զգաք` աւելին իրագործելը այլեւս կարելի չէ»: Միջազգային գիտաժողովին ելոյթներով մասնակցեցան Երեւանի պետական համալսարանի, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` արտերկրէն եկած նանսենագէտ գիտնականներ:

Նոյեմբեր 5-ին գիտաժողովի մասնակիցները այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան ընդունեց զանոնք: Երեւանի Ֆրետիոֆ Նանսենի թանգարանի տնօրէն Ժորա Յակոբեան ներկայացուց գիտաժողովի աշխատանքներն ու արձանագրուած արդիւնքները: Նաթան սրբազանը, փոխանցելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը, ընդգծեց Ֆրետիոֆ Նանսենի անուրանալի վաստակը` Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ փախստականներուն եւ որբերուն ցուցաբերած խնամքին ու վերաբնակեցման գործին մէջ: Ան ցաւով նշեց, որ Նանսենէն հարիւր տարի ետք պատմութիւնը կրկնուեցաւ` արցախահայութիւնը բռնի տեղահանուեցաւ ու հայրենազրկուեցաւ: Սրբազան հայրը աւելցուց, որ Նանսենի ոգին` իբրեւ համամարդկային խղճի ձայն եւ մարդասիրութեան ու արդարութեան խորհրդանիշ, մեր ժամանակներուն կը մնայ բարոյական ուղեցոյց` սիրոյ, կարեկցանքի եւ ճշմարտութեան ճանապարհին հաստատուն մնալու համար:

Բռնագրաւուած Արցախի Սուրբ Ներսէս Մեծ Եկեղեցին Ալ Ազերիներու Թիրախ

Յուշարձաններու հսկողութեան «Monument Watch» կազմակերպութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ հայկական եկեղեցիի մը նոր աւերումին առնչութեամբ:

Ազրպէյճանական Թելեկրամի կարգ մը ալիքներ (ի շարս որոնց` t.me/maidentower/58690), հրապարակած են լուսանկարներ` Արցախի գրաւեալ Մարտունի քաղաքէն: Լուսանկարներէն կը պարզուի, որ քաղաքին կեդրոնը գտնուող Սուրբ Ներսէս Մեծ եկեղեցին վերջին երկու տարիներուն վնասներ կրած է. պատուհաններու գունաւոր ապակիները ջարդուփշուր եղած են, տեսանելի են նաեւ կրակոցի հետքեր:

Հաղորդենք, որ եկեղեցին եւ անոր շրջակայքը դիտումնաւոր թիրախաւորուած են ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն կողմէ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ քաղաքը անխնայ ռմբակոծուեցաւ: Նաեւ արկեր ինկած ու պայթած են եկեղեցւոյ անմիջական մօտակայքը, ինչպէս կը վկայեն անոր հարաւային ճակատին վրայի հետքերը:

«Հայկ Նագգաշեան Գրական Գնահատանք» Հիմնադրամի Մրցանակաբաշխութիւնը

Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնին մէջ ամփոփուեցաւ «Հայկ  Նագգաշեան գրական  գնահատանք»  հիմնադրամի հերթական մրցանակաբաշխութիւնը: 2017 թուականէն Հայկ Նագգաշեանի կնոջ` Սօսի Նագգաշեանի նախաձեռնած մրցանակին տարբեր տարիներու արժանացած են` Անի Ամսէեանը, Յուսիկ Արան, Հերմինէ Աւագեանը, Նորայր Գրիգորեանը, Հայկ Սիրունեանը, Վրէժ Սարուխանեանը:

2023-2024 թուականներուն հրատարակուած գիրքերուն համար յայտարարուած մրցոյթին ներկայացուած են 11 հեղինակի 15 գեղարուեստական գործ, որոնց շարքին` մանկական: Յանձնախումբին մէջ տարբեր տարիներու ընդգրկուած են` Արամ Սեփեթճեանը, Անահիտ Չարենցը, Բագրատ արք. Գալստանեանը, Հրաչ Սեփեթճեանը, Անուշ Նագգաշեանը, իսկ նախագահն է Սուրէն Դանիէլեանը: Դիւրին չէ եղած որոշելը մրցանակակիրները: Այս տարի մրցանակի արժանացած են Կարինէ Ռաֆայէլեանի «Յոյսի շաւիղ» եւ Գէորգ Պետիկեանի (ԱՄՆ) «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» գիրքերը:

Ձեռնարկին ընթացքին մրցանակակիր գիրքերու մասին  խօսքեր արտասանեցին` բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեանը, պատմաբան, բանասէր Գէորգ Եազըճեանը, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աբրահամեանը:

Հանդիսութեան Նագգաշեան ընտանիքի անունով ներկայ գտնուեցաւ, շնորհաւորական խօսք արտասանեց եւ մրցանակները յանձնեց Մարիա Սէրայտարեան-Մանանեանը:

Շնորհակալական խօսքին մէջ Կարինէ Ռաֆայէլեան իր այս հատորը բախտաւոր համարեց, որովհետեւ գիրքի վիպակներէն մէկը եւս մրցանակներու արժանացած է: Ան մանկավարժական համալսարանի շրջանաւարտ, գրող եւ գրականագէտ է: Այժմ կը ղեկավարէ Դերենիկ Դեմիրջեանի տուն-թանգարանը եւ յոյս ունի, որ այսօրուան ուսանողներուն մէջէն նոր գրողներ պիտի ծնին: Իսկ հեռաւոր ամերիկեան ափերէն հանդիսութեան միացած Գէորգ Պետիկեանի համար պահը յուզիչ էր. այս իր առաջին վէպն էր, եւ այս պարգեւը խրախուսիչ է:

Գեղարուեստական բաժինով գիրքերէն հատուածներ կարդացին բանասիրական բաժանմունքի մագիստրոս, բանասիրական բաժանմունքի աշխատակից Նինա Ճուղուրեանը, նոյն բաժանմունքի երրորդ լսարանի ուսանողուհի Աստղիկ Մկրտչեանը, երաժշտական կատարումով հանդէս եկաւ գեղարուեստական կրթութեան բաժանմունքի առաջին լսարանի ուսանող Արտաշէս Բարսեղեանը:

Ձեռնարկը եզրափակելով` «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնի տնօրէն, Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան ընդգծեց նմանօրինակ ձեռնարկներու կարեւորութիւնը յատկապէս ուսանողներու ճանաչողութեան եւ գրական ճաշակի զարգացման տեսանկիւնէն:

 

Նախորդը

Հայերու 1949-ի Զանգուածային Աքսորը

Յաջորդը

Վարանգաթաղի Բարձունքի Արծիւներուն (Քրիս Յարութիւնեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Փառաշուք Ոգեկոչում` ՀՕՄ-ի 115-Ամեակին
Հայրենի Կեանք

Փառաշուք Ոգեկոչում` ՀՕՄ-ի 115-Ամեակին

Նոյեմբեր 7, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 29, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?