Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փառաշուք Ոգեկոչում` ՀՕՄ-ի 115-Ամեակին

Նոյեմբեր 7, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը Երեւանի մէջ վերահաստատեց մեր կազմակերպութեան մարդասիրական եւ ազգային առաքելութեան շարունակութեան հրամայականը:

Ոգեկոչման ձեռնարկներու եւ հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին` Կեդրոնական վարչութիւնը, Կեդրոնական գրասենեակը, տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած մեծ թիւով ՀՕՄ-ականներ, հիւրեր եւ բարեկամներ:

Առաջին հերթին, երեքշաբթի, 14 հոկտեմբերին Կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար նիստը:

Յաջորդ օրը` չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին ՀՕՄ-ի կեդրոնին «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ  բացումը կատարուեցաւ կազմակերպութեան հիմնադիր Էդուարդ Ակնունիի կիսանդրիին, որ եղաւ լաւ առիթ մը, որպէսզի լուսարձակի տակ բերուի Ակնունիի կատարած մեծ իրագործման մարդկային եւ ազգային տարողութիւնը: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյին:

Հինգշաբթի, 16 հոկտեմբերին տրուեցաւ այցելութիւն ՀՕՄ-ի Մօր եւ մանկան ծննդատուն, ուր ՀՕՄ-ականները ականատես եղան կեդրոնին գործունէութեան եւ մամոկրաֆիայի նոր սարքին: Երկրորդ հանգրուանը  եղաւ Շիրակի մարզի Ախուրեան համայնքի ՀՕՄ-ի «Հեքիաթ» մանկապարտէզը, ուր շուրջ 250 ՀՕՄ-ականներ ողջունեցին մանկապարտէզին սաները` իրենց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնելով:

Նոյն օրը Ախուրեան համայնքի Բենիամին բնակավայրին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի «Յոյսի օճախներ» ծրագիրին բնակարանամուտին հանդիսաւոր արարողութիւնը: «Յոյսի օճախներ»-ը մեր կազմակերպութեան կարեւոր ծրագիրներէն մին է, որուն նպատակն է հայրենազուրկ արցախահայ ընտանիքները երդիքով մը ապահովել: Այս առիթով Կեդրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն, առանց որոնց զօրակցութեան եւ աշխատանքին` անկարելի պիտի ըլլար այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել:

Ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին Կոմիտաս թանգարանի մէջ կայացաւ ՀՕՄ-ի խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին հինգ զեկուցաբերներ հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առին ՀՕՄ-ի ընդհանուր գործունէութեան ծիրին մէջ ինկող թեմաներ, ինչպէս նաեւ` հայ կնոջ եւ արցախահայութեան իրավիճակին կապուած հարցեր, խնդիրներ եւ մարտահրաւէրներ:

Շաբաթ, 18 հոկտեմբերին կայացաւ 115-ամեակի կալա-ընթրիքը` աւելի քան 400 ներկաներով:

Կիրակի, 19 հոկտեմբերին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութեան թատրոնին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՕՄ-ի 115 ամեակը` պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ մեր կազմակերպութեան համահայկական առաքելութեան կարեւորութիւնը: Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան վաստակաւոր ՀՕՄ-ականներ` Յասմիկ Տէրտէրեան, Անժել Մանուկեան եւ Շաքէ Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ` ՀՕՄ-ի «Արարատ» մրցանակը յանձնուեցաւ «Ազնաւուր» հիմնարկին:

Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերը յատկանշուեցաւ Լոռիի մարզ այցելութեամբ, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ականները անմոռանալի պահեր ապրեցան Հաղբատ եւ Սանահին վանքերուն մէջ: Նոյն օրը Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Վանաձորի, Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի մասնաճիւղերուն հետ:

Երեքշաբթի, 21 հոկտեմբերը յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ` Եռաբլուր այցելութեամբ: Առաջին հերթին մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ննջեցեալ ՀՕՄ-ականներուն հոգիին համար: Ապա մասնակիցները այցելեցին Անյայտ հերոսներու յուշարձան, «Արցախի կանչ»-ը յուշահամալիր եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան: Այնուհետեւ ՀՕՄ-ականներ այցելեցին յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն շիրիմները` յարգանքի տուրք մատուցելով մեր նահատակներուն յիշատակին:

Նոյն օրը Կեդրոնական վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանին, որ իր գնահատանքը արձանագրեց  ՀՕՄ-ի ծաւալած ազգանուէր գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց  Արցախին ու արցախահայութեան ցուցաբերուած յատուկ հոգածութեան համար:

Չորեքշաբթի, 22 հոկտեմբերին այցելութիւն տրուեցաւ Սեւանայ լիճի եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հանդիպում կայացաւ ՀՕՄ-ի Գաւառի, Սեւանի, Ճամբարակի եւ Վարդենիսի մասնաճիւղերուն հետ:

Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ գրասենեակի անձնակազմը այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի կողմէ: Սրբազան հայրը ՀՕՄ-ականներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ գնահատանքը: Սրբազան հայրը ընդգծեց ՀՕՄ-ի մարդասիրական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը` վստահութիւն յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը նոյն թափով եւ ոգիով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Ուրբաթ, 24 հոկտեմբերին կայացաւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագրի հարիւր ուսանողներու` Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն, դրամական պարգեւներու բաշխման ձեռնարկը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ հայ ուսանողին նեցուկ կանգնելու Հայ օգնութեան միութեան յանձնառութիւնը:

Հայ օգնութեան միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը Երեւանի մէջ եղաւ պատեհ առիթ մը` վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը, որ Հայ օգնութեան միութիւնը անխափան պիտի շարունակէ իր երթը` հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանին:

ՀՕՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

«Ոչ Ոք Ըսաւ, Որ Ես Հիմլերի Թոռն Եմ: Ամբողջ Կեանքս Սուտ Էր»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Օքլահոմա Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 29, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?