Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
«Հայ Ուսանողութիւն Արցախի Համար» Մրցումի Երկրորդ Փուլի Եզրափակիչ Հանդիպումը
Փետրուար 18-ին տեղի ունեցաւ «Հայ ուսանողութիւնը Արցախի համար» ուսումնասիրութիւններու մրցումին երկրորդ փուլի եզրափակիչ հանդիպումը, որուն առանցքային նիւթը Արցախ վերադարձի իրաւունքն էր:
Մրցումը կազմակերպած էր ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը` նպատակ ունենալով համախմբել աշխարհասփիւռ հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ:
Մրցումը համախմբած էր 15 հայ ուսանողներ ինը երկիրներէ, որոնք ամիսներ շարունակ աշխատած են փորձագէտ խորհրդատուներու հետ` ներկայացնելով խորքային հետազօտութիւններ Արցախ վերադարձի իրաւունքի իրաւական, քաղաքական եւ մարդասիրական կողմերուն շուրջ:
Ձեռնարկին մասնակցեցան` ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի, Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Հայաստանի եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, սփիւռքէն եկած ՀՅԴ կազմակերպական շրջաններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր, ուսանողներ: Ներկայ էր նաեւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը:
Խօսք առին` ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Ցօղիկ Աշըգեանը, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակի ծրագիրներու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեանը, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը եւ ուրիշներ:
Հաղորդենք, որ աւարտին յայտարարուեցան մրցումին յաղթողներուն անունները:
Վահան Յովհաննիսեանի 70-Ամեակին Նուիրուած Յոբելենական Երեկոյ
Փետրուար 19-ին Հայաստանի Կինոյի տան մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան, մտաւորական, պատմաբան, քաղաքական գործիչ Վահան Յովհաննիսեանի 70-ամեակին նուիրուած յուշ-երեկոյ: Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Ձեր` Վահանը» ժապաւէնը:
«Ես շատ երկար մտածեցի, թէ ինչպէ՛ս ներկայացնեմ Վահան Յովհաննիսեանը: Շատ մեծ պատիւ ու պարտաւորութիւն էր` ներկայացնել ընկերս այնպէս մը, որ իբրեւ արժէք մնայ սերունդներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ», տեսաուղերձին մէջ նշեց «TV 5» պատկերասփիւռի գործադիր տնօրէն Յարութիւն Յարութիւնեան` շարունակելով. «Վահան Յովհաննիսեան ինծի համար աւագ, մեծ ընկեր էր, կ՛երեւի բախտս է, որ արժանացայ անոր մասին ժապաւէն նկարելու պատուին»:
Վահան Յովհաննիսեանի կերպարը մարմնաւորած է Պարոյր Սանթրոսեան, ժապաւէնին մէջ կան արխիւային բացառիկ նկարներ: Բեմադրիչը Մարիամ Եգորեանն է, իսկ բեմագիրը` Լեւոն Գալստեանը:
Ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք Վահան Յովհաննիսեանի կուսակցական ընկերներ` ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան, ՀՀԿ փոխնախագահ Արմէն Աշոտեան, ինչպէս նաեւ Վահան Յովհաննիսեանի քոյրը` Վիքթորիա Յովհաննիսեան, յուշեր պատմեցին Վահան Յովհաննիսեանի մասին` անոր պատանեկան տարիներէն մինչեւ արցախեան ազատագրական շարժումը եւ բուռն քաղաքական գործունէութեան տարիները:
Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակին նուիրուած երեկոյի ընթացքին ծածանեցաւ այն նոյն դրօշը, որ ՀՅԴ-ականներու նկատմամբ յարուցուած ապօրինի քրէական գործի դատավարութեան ժամանակ` 12 դեկտեմբեր 1997-ին, դատարանի դահլիճին մէջ ծածանած էին Վահան Յովհաննիսեանը եւ ներկայիս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը` ի նշան ազատութեան:
Խորհրդանշական է, որ նոյնիսկ դատարանի դահլիճին մէջ անոնք կրցած են դրօշը դուրս բերել վանդակէն եւ ծածանել զայն վանդակէն դուրս` իբրեւ յիշեցում, որ ազատութեան խորհրդանիշ դրօշը երբեք չի գտնուիր ազատութիւնը սահմանափակող վանդակի մէջ: «Թող այս դրօշը ձեզի ուժ եւ կորով տայ ճիշդ այնպէս, ինչպէս դժուար պահուն ուժ տուաւ ինծի եւ ընկերներուս», ըսած էր Վահան Յովհաննիսեան 12 դեկտեմբեր 1997-ին:
Ձեռնարկի աւարտին հանդէս եկաւ Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Շուշան Պետրոսեան` «Երազի իմ երկիր հայրենի» երգի կատարումով:
Ձեռնարկէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին Վահան Յովհաննիսեանին եւ անոր հետ ունեցած իրենց յարաբերութիւններուն մասին խօսեցան բազմաթիւ անձեր, որոնց կարգին` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը, մշակոյթի նախկին նախարար Ռոլանդ Շառոյեանը, ՀՀԿ անդամ, պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար Արտակ Զաքարեանը, ՀՀԿ անդամ Սամուէլ Նիկոյեանը, ՀՀԿ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մարգարիտ Եսայեանը եւ ուրիշներ:
Անուանի Ցեղասպանագէտ, Հետազօտող Արա Քեթիպեան Գիրքի Տօնին Առիթով Այցելեց Հայաստանի Եւրոպական Համալսարանի Գրադարան
Գիրքի տօնի ծիրին մէջ 19 փետրուարին Հայաստանի Եւրոպական համալսարանի գրադարանին մէջ կայացաւ հանդիպում` ցեղասպանագէտ, հետազօտող Արա Քեթիպեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին հեղինակը իր գիրքերը նուիրեց համալսարանի գրադարանին` ներկայացնելով անոնց ստեղծման պատմութիւնը, հիմնական գաղափարներն ու աղբիւրագիտական արժէքը: Ան նաեւ հանգամանալից բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է օգտուիլ գիրքերուն մէջ ներառուած նիւթերէն` հետազօտական եւ ուսումնական աշխատանքներու ընթացքին:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան միջազգային յարաբերութիւններու եւ իրաւագիտութեան ուսանողները, իսկ հանդիպումը անցաւ ջերմ եւ բովանդակալից մթնոլորտի մէջ:
Լոյս Տեսաւ «Վէմ» Հանդէսին 2025 Թուականի Թիւ 4-ը
Առցանց լոյս տեսաւ «Վէմ» հանդէսին 2025 թուականի թիւ 4-ը: Աշխատակիցներուն ծանր հիւանդութեան պատճառով յետաձգուած` յառաջիկայ օրերուն լոյս պիտի տեսնէ նաեւ հանդէսին տպագիր տարբերակը:
«Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան» գիտական գնահատականը» խմբագրականին մէջ կը բացայայտուին ներկայիս Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ շրջանառուող այդ պարզ կրկնաբանութեան ձեւաւորման իրական պատճառները: Հասկացողութիւններու կաղապարներու եւ բովանդակութեան քննութեան միջոցով ցոյց կը տրուի, որ իրական ու պատմական Հայաստաններու հակաթեզը արհեստածին եւ շինծու է, իսկ անոնց շուրջ ծաւալուող լեզուական խաղերը կը ծառայեն անկախ պետականութեան փոխարէն` նոր հայկական «ռեզերվացիա» ստեղծելու նպատակին:
Միաժամանակ ցոյց կը տրուի, որ «իրական Հայաստան» հասկացողութիւնը որոշակի իմաստային բովանդակութիւն ունէր այն ժամանակ, երբ կը բացակայէր հայկական անկախ պետականութիւնը: Ուստի կը ներկայացուի անոր կապը հայ ազատամարտի պատմութեան այն փուլին հետ, երբ օրակարգային դարձաւ խօսքէն գործի անցնելու եւ իրական Հայաստան ստեղծելու հարցը:
«Վէմ»-ի 2025 թուականի թիւ 4-ի բովանդակութեան զգալի մասը նուիրուած է մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակին: Հանդէսի հերթական համարին մէջ տեղ գտած են նաեւ այլ ուշագրաւ յօդուածներ:
Զինուորական Ծառայութենէ Խուսափած 27-37 Տարեկան Քաղաքացիներուն Քրէական Հետապնդումը Կասեցնելու Օրինագիծ
11 փետրուարին որդեգրուեցաւ օրէնքի նախագիծ մը` զինուորական ծառայութենէն խուսափած 27-37 տարեկան քաղաքացիները քրէական պատասխանատուութենէ զերծ պահելու տարբերակներուն վերաբերող:
86 թեր, 0 դէմ, 5 ձեռնպահ քուէներով Ազգային ժողովը ընդունեց «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի նախագիծը, ըստ որուն, 27 տարին ամբողջացուցած ու պարտադիր զինուորական ծառայութիւն չկատարած քաղաքացիները պիտի կարենան վճարել ու զերծ մնալ քրէական պատասխանատուութենէն: Անոնք կարելիութիւնը պիտի ունենան վերադառնալու հայրենիք, գումար վճարելու, այդպիսով կատարելու Հայաստանի առջեւ ունեցած իրենց պարտքը:
Սարգսեան իր հեղինակած օրինագիծով կ՛առաջարկէ. «Դասալքութեան համար հետախուզուող հայաստանցիներուն քրէական պատասխանատուութենէն ազատելու հինգ տարբերակ: Առաջին տարբերակով` ինքնակամ Հայաստան վերադառնալ ու 24 ամիս ծառայել, երկրորդով` 12 ամիս ծառայել եւ պետութեան վճարել 2,5 միլիոն դրամ, երրորդով` ծառայել 6 ամիս ժամկէտով եւ վճարել 5 միլիոն դրամ, չորրորդով` ծառայել 1 ամիս ժամկէտով եւ վճարել 8 միլիոն դրամ: Իսկ ընդհանրապէս չծառայելու պարագային` վճարել 15 միլիոն դրամ»:
«Նարեկացի» Արուեստի Միութեան Մէջ Կայացաւ Բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի` «Տարիներս Մնացին Լեռներում» Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը
«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանի` «Տարիներս մնացին լեռներում» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:
Ժապաւէնը կը ներկայացնէ Արցախի «Մարտիկ» թերթի խմբագիր, լրագրող, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ, Արցախի բանակի սպայ Սիրվարդ Մարգարեանի ստեղծագործական եւ ծառայողական կենսագրութիւնը:
Ձեռնարկին առաջին մասով կայացաւ Սիրվարդ Մարգարեանի «Իմ աղօթարան» գիրքին շնորհահանդէսը:
Այնուհետեւ խօսք արտասանեցին` Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ Նորեկ Գասպարեանը, «Արմաւ» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Արմէն Աւանիսեանը, պատմաբան Մհեր Յարութիւնեանը, Արցախի «Մայրութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Յասմիկ Միքայէլեանը, գիրքի հեղինակ Սիրվարդ Մարգարեանն ու ժապաւէնի բեմադրիչ Սամուէլ Թադէոսեանը:
Երաժշտական համարներով հանդէս եկաւ երգիչ Գրիգոր Ղամբարեանը, գիրքէն բանաստեղծութիւններ կարդաց երիտասարդ գրող Աննա Մակունցը, իսկ երեկոն վարեց Ալիսա Բաղդասարեանը:
Ժապաւէնին նպատակն է հայ հանրութեան ներկայացնել հայրենիքին իր անմնացորդ ծառայութիւնը մատուցած հայ կնոջ եւ մտաւորականի կերպարը, որուն անցած ուղին կենդանի դաս է ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն:
Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին Մէջ Կայացաւ Գիրքերու Շնորհահանդէս
Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ` փետրուար 17-ին, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ կայացաւ 2025 թուականին թանգարանին կողմէ հրատարակուած գիրքերու շնորհահանդէս: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թանգարանի մասնաճիւղերու գծով տեղակալ Արուսեակ Ղազարեանը` ընդգծելով հրատարակչական գործունէութեան կարեւորութիւնը թանգարանի գիտական-կրթական առաքելութեան շրջանակին մէջ: Ան նշեց, որ հրատարակութիւնները ո՛չ միայն կ՛ամփոփեն թանգարանի գիտական հետազօտական աշխատանքի արդիւնքները, այլեւ կը նպաստեն մշակութային ժառանգութեան հանրահռչակման:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ հրատարակութիւնները.
1.- «Աշխատութիւններ Հայաստանի պատմութեան թանգարանի» պարբերականի (1)15 եւ (2)16 համարները ներկայացուց թանգարանի Գիտական հետազօտական աշխատանքի գծով տնօրէնի տեղակալ Նժդեհ Երանեանը` անդրադառնալով ժողովածուին մէջ տեղ գտած յօդուածներուն եւ անոնց նշանակութեան մասնագիտական համայնքին համար:
2.- «Ուժ եւ գեղեցկութիւն. ընտրանի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի ՔԱ IV – ՔԱ IV դարերի հաւաքածուից» պատկերագիրքը ներկայացուց Հնագիտութեան եւ դրամագիտութեան բաժինի գիտական հետազօտող Արմինէ Զոհրապեանը` շեշտելով Հին Հայաստանի նիւթական մշակոյթի բացառիկ նմուշներու գեղարուեստական եւ պատմական արժէքը:
3.- «Զօրավար Անդրանիկ – 160» պատկերագիրքը ներկայացուց նոր եւ նորագոյն պատմութեան բաժինի ղեկավար Սեդա Գալստեանը` անդրադառնալով Զօրավարի կենսագրական ուղիին եւ անոր գործունէութեան պատմական նշանակութեան:
4.- «20 գլուխ-գործոց քարիդարեան Հայաստանից» գրքոյկը ներկայացուց Հնագիտութեան եւ դրամագիտութեան բաժինի գիտական հետազօտող Անի Ադիգեօզալեանը` ներկայացնելով քարէ դարեան մշակոյթի կարեւորագոյն գտածոները:
«Ազնաւուր» Հիմնադրամը Նախաձեռնած Է Տնտեսական Զօրակցութեան Ծրագիր` 2020-2023 Թուականներուն Պատերազմներու Ընթացքին Նահատակուածներու Կիներուն Համար
«Ազնաւուր» հիմնադրամը նախաձեռնած է տնտեսական զօրակցութեան ծրագիր` 2020-2023 թուականներուն պատերազմական գործողութիւններու պատճառով նահատակուածներու կիներուն համար` առեւտուրի դրամաշնորհներու յատկացման միջոցով:
Ծրագիրը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ շահառուներուն զարգացնել ձեռնարկատիրական հմտութիւնները եւ կը տրամադրէ նպատակային ֆինանսական օժանդակութիւն` հիմնելու կամ ընդլայնելու սեփական ձեռնարկութիւնն ու այդպիսով ապահովելու ընտանիքի բարեկեցութիւնը:
Ծրագրին կրնան մասնակցիլ ինչպէս սկսնակ, այնպէս ալ փորձառու կին ձեռներէցներ:


