Անդրադարձ

Վաղուան Լիբանանի Կերտումը

Վաղուան Լիբանանի Կերտումը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Ոչ ոք կրնայ ուրանալ, որ 13 ապրիլ 1975-ին, Այն Ռըմմանէի մէջ փոխադրակառքի մը վրայ զինեալ յարձակումին հետեւանքով ծայր տուած լիբանանեան պատերազմէն 50 տարի ետք, երկրի քաղաքական կողմերը կրցած են դասեր քաղել: Ապրիլ 13-ի բռնկումը ունէր իր արմատները, սկսելով զուտ լիբանանեան ենթահողէն, որ պարարտ էր թէ՛ շրջանային եւ թէ՛ միջազգային միջամտութիւններ եւ շահագործումներ հրաւիրելու: Այլ խօսքով, Լիբանանի անկախութենէն ի...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ.  «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայութեան Դիրքն Ու Դերը «Քաղաքացիական պատերազմ»-ը իր աղէտալի հետեւանքները ունեցաւ նաեւ մեր` հայութեան վրայ: Քանի՜ քանի՛ փորձեր կատարուեցան հայութիւնը ներգրաւելու ռազմական ոլորապտոյտին մէջ` հարկադրելով, որ ձեռք առնուին ինքնապաշտպանութեան, սեփական դիրքորոշումը պահպանելու միջոցներ: Սկզբնական փուլին իսկ հայկական ազգային կուսակցութիւնները որդեգրեցին իմաստուն եւ հեռատես, շրջահայեաց դիրքորոշում, որ բոլորին ծանօթ եղաւ «դրական չէզոքութիւն» բանաձեւումով: Սա կրաւորականութիւն կամ անտարբերութիւն չէր նշանակեր, այլ...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ.  Քեզ Իրապէ՛ս Չէի Կարօտցած – Ա.

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Քեզ Իրապէ՛ս Չէի Կարօտցած – Ա.

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Հոկտեմբեր 2024: Մեր տան պատշգամը կանգնած կը դիտեմ չորս դիս` պատկերասփիւռէն, բջիջային հեռաձայններէն եւ անխտիր ամէն կողմէ տեղացող, Պէյրութի տարբեր շրջանները հարուածելու իսրայէլեան սպառնալիքներու լուրերու տարափէն հեռանալու, վախի ու անձկութեան մթնոլորտի ծանրութեան տակ տան նեղցող պատերէն դուրս գալու եւ մաքուր օդ շնչելու յոյսով: Լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններ Պէյրութի սրտին կապող դիմացս փռուած մայրուղին մանկութենէս մինչեւ այսօր մնայուն կերպով տեսադաշտիս...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշի Պատառիկներ` Այդ Խենթ Օրերէն

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշի Պատառիկներ` Այդ Խենթ Օրերէն

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Մենք պատերազմի սերունդն ենք: Հազիւ ծնած, քանի մը ամիս ետք արձակուեցան առաջին փամփուշտները: Դժբախտաբար լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքները չսահմանափակուեցան քրիստոնեայ-իսլամ կռիւներով, այլ յաճախ նաեւ վերածուեցան ներիսլամական եւ ներքրիստոնէական բախումներու: Այդ բախումները տեղի ունեցած են իւրաքանչիւր շրջանի իւրաքանչիւր թաղին մէջ: Եւ ոչ ոք զերծ մնաց քաղաքացիական այդ կռիւներուն հետեւանքներէն: Այդ հետեւանքները իրենց որոշիչ ազդեցութիւնը ունեցան նաեւ մեր սերունդին վրայ:...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ.  50-Ամեակ

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. 50-Ամեակ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ 10 տարեկան պատանի էի: «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան անդամ: 1975-ին ԼԵՄ-ական ըլլալը բոլորին փափաքն էր: ԼԵՄ-ական ըլլալու գլխաւոր խանդավառութիւնն ալ պահակութիւն ընելու փուլն էր: Այդ օրերուն պատանեկան միութիւններէն տասնեակ մը երկսեռ խումբ էինք, ամէն օր պահակ տղոց սանտուիչներ հասցնելու աշխատանքը մեզի կը վստահուէր: Թաղերուն անկիւնները տղոց մնայուն հիւրասիրութիւններ կ՛ըլլային` մէկը թէյ, միւսը կարկանդակ, ուրիշ մը անուշեղէն: Այլ խօսքով, ամբողջ...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Ե.

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Ե.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Անդամալուծուած, ներքնապէս փճացած, աւերուած պետութեան մէջ ապրիլը, իսկապէս որ մարտահրաւէր մըն էր նորահաս սերունդին համար: Տարիները սահած էին արդէն, մահուան ուրուականը թէեւ կը հալածէր իւրաքանչիւր անձ, իսկ աւերի հրէշութիւնը ոչ ոքի կը խնայէր, երբ սաստկանային ռմբակոծումները, այդուամենայնիւ, գոյութիւն ունէր ապրելաձեւ մը յատկապէս մեր սերունդին համար, որ այլազան փորձութենէ անցնելով` կրցած էր վաստկիլ կեանքի փորձառութիւն մը, ու անով փրկած...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Գոյատեւման Եւ Մահուան Պայքարէն Դէպի Կեանք Եւ Վերապրում

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Գոյատեւման Եւ Մահուան Պայքարէն Դէպի Կեանք Եւ Վերապրում

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Լիբանանի հայութիւնը ներկայացնում է պատկերը մի կենդանի, հայաշունչ, հայախօս, հայաբոյր ու հայակամ հայութեան, ինչ որ մեր բոլորիս սրտերը, հայաստանցիների բոլոր սրտերը ուրախացնում է, լցնում հրճուանքով եւ նոյնիսկ` մի քիչ էլ հպարտութեամբ» ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած հայութեան կարեւոր մասնիկը կայք հաստատեց հիւրընկալ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Հայորդիներ, ձեռներէց պատասխանատուներ լծուեցան` եկեղեցաշինութեան, դպրոցաշինութեան, ազգային եւ...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Յիսնամեակին Առիթով.  Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծը Վերականգնելու Անյետաձգելի Մարտահրաւէրը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Յիսնամեակին Առիթով. Պուրճ Համուտի Հայեցի Դիմագիծը Վերականգնելու Անյետաձգելի Մարտահրաւէրը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Յիսուն տարիներ առաջ, 13 ապրիլ 1975-ին սկսաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն հետեւանքներէն անման չմնաց նաեւ Լիբանանի հայութիւնը, որ 15 տարի ֆիզիքապէս պաշտպանեց հայկական թաղամասերը եւ ի մասնաւորի` հայահոծ Պուրճ Համուտը, որ իր աշխարհագրական դիրքին պատճառով վերածուած էր կռուախնձորի: 15 տարիներ ու հարիւրաւոր նահատակներ, որպէսզի Պուրճ Համուտը պահպանէ իր հայեցի դիմագիծը, եւ որպէսզի շրջանը չպարպուի հայկականութենէն: Դաշնակցութեան հովանիին տակ...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Պատերազմը,  Որ Կեանք Շինեց

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Պատերազմը, Որ Կեանք Շինեց

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Պատերազմը ահաւոր ու սարսափելի բան է: Մէկ կողմէ կը պատճառէ մահ ու կոտորած, բայց նաեւ` վախ եւ ընկճուածութիւն: Շարժապատկերի վրայ պատերազմական ժապաւէններ դիտելը կրնայ դիւրին թուիլ, բայց պատերազմի մէջ ապրիլը ուրիշ բան է: Այս ուրիշ բանին մէջ պէտք է իսկապէս ապրիլ եւ տեսնել կեանքի ողբերգութիւնները: Սիրելիներու եւ ծանօթ-անծանօթներու մահը: Անշնչացած դիակներ` սփռուած  հոս ու հոն, տակաւին` անհետ...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Չյանգող Արձագանգները Լիբանանի Պատերազմին

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Չյանգող Արձագանգները Լիբանանի Պատերազմին

ՍԻԼՎԱ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ-ԻՍԿԻԿԵԱՆ Լիբանանի նախապատերազմեան օրերը մեր սերունդին պարգեւեցին գերերջանիկ օրեր ու յիշատակներ: Ես հրճուանքով կը յիշեմ` մեր թռվռուն կեանքը, ամառնային պտոյտները, հովասուն ամարանոցները, դալարագեղ մայրիներու բոյրը, կապոյտ ծովափին փրփրոտ ալիքները ու ոսկեշող արեւին հմայքը: Նոյնպէս կարօտով կը վերյիշեմ` ձմեռնային արձակուրդները, լեռներուն բազմած անաղարտ ձիւնը, ձիւնագնդակի խաղերը, Տահր Պայտարի հանգստավայրին վառարանը եւ անոր վրայ ճարճատող շագանակն ու թէյնիկին անուշաբոյր գոլորշին: Պատանի...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց (Բ.)

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց (Բ.)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Պուրճ Համուտ, Հաճըն, Խալիլ Պատաուի, Հայաշէն ե Էշրեֆիէ հայահոծ թաղամասերը, 1978 հոկտեմբերի ծանր ռմբակոծումներէն ետք թեւակոխեցին համեմատական հանդարտութեան շրջան մը: Արաբական զսպիչ ուժերու դիրքերու նոր դասաւորումներ կատարուեցան: Սուրիական ուժեր կարգ մը դիրքերէ քաշուեցան, եւ որոշ դիրքեր ստանձնեցին սէուտական ուժերը: Համեմատական հանդարտութիւնը 1979 ապրիլ 22-էն սկսեալ խանգարուեցաւ: Այն Ռըմմանէի, Պատարոյի եւ Թայունէի ճակատները բռնկեցան, իսկ Թանգարանի շրջանին մէջ արձակազէններ...

«Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

«Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հանգրուանային «Դաստիարակութիւն» Այսօրուան պատանիին եւ երիտասարդին համար թերեւս շատ բան չեն նշանակեր (կամ առաւելաբար լսովի բաներ են) քաղաքի բաժանումն ու ճակատներու կազմաւորումը, գիշեր-ցերեկ մէկ շրջանէն միւսը ռումբերու տարափը եւ այլն: Այդ բոլորը չծագեցան մէկ օրէն միւսը, այլ կտրեցին հանգրուաններ: Նախ մարդիկ ենթակայ եղան «զէնքի դաստիարակութեան»: Խօսքը չի վերաբերիր զինեալ խմբաւորումներու կազմութեան եւ փողոցին տիրապետութեան, այլ` ընդհանուրին «դաստիարակութեան»: Մարդիկ...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց.  Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին  (Լիբանան 1975-2025)  Դ.

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Դ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Երիտասարդական «խենթ» տարիներ եւ ապրումներու խայտանք: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի վերջին տարիները (1985-1990) այլ բացատրութիւն ունէին: Անցած տասը տարիները պատերազմող կողմերուն համար կարծես փորձառական ըլլային, այլ խօսքով` քանդումը, արիւնահեղութիւնը տակաւ նոր տեսք կը ստանային, ռմբակոծումներու բնոյթը կը փոխուէր, եղբայրասպանութիւնը առաւել կը խորանար, շատ անգամ նոյն համայնքի կամ յարանուանութեան միջեւ: Պառակտուած ժողովուրդ, կոտորակուած երկիր, կղզիացած միջավայրեր, հոս ու հոն զինեալ...

Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց  (Ա.)

Ահաւոր Պատերազմին Չմասնակցած Հայութիւնը Միասնականութեամբ Գոյատեւեց Ու Տոկաց (Ա.)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Յիսուն տարիներ առաջ` 13 ապրիլ 1975-ին սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Տասնհինգ տարի տեւած եւ անհամար զոհեր ու վիրաւորներ խլած պատերազմին պատճառով երկիրը քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու մարդագրական մեծ հարուածներ կրեց եւ բազում վերիվայրումներու ենթարկուեցաւ: Լիբանանի հայութիւնը իր կարգին ճաշակեց իրեն  բաժին ինկած դառնութիւններն ու կորուստները: Պատերազմի առաջին օրէն իսկ հայութիւնը միասնական կեցուածքով մերժեց ներքաշուիլ եղբայրասպան կռիւներու թոհուբոհին...

Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի

Նոր Գիրքեր. «Զերօ» (2016/2021) . Մեր Ընկերութեան Մանրապատկերը Գծող Ճամբաներուն Վրայ Նորա Պարութճեան, «Լուսակն», Երեւան, 2022

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Նորա Պարութճեանի «Զերօ»-ն կարդալով` կը մտաբերեմ Շէյքսփիրի «Measure for Measure» թատերախաղին հետեւեալ տողերը. «Դուն ո՛չ երիտասարդութիւն ունիս, ո՛չ տարիք: Բայց կարծես ընթրիքէն յետոյ քունի անցած` կ՛երազես երկուքին մասին»: «Զերօ»-ն տղմուտն է, վերջալոյսը, կեանքի եւ մահուան միջեւ բռնուած գոյութիւն մը, տեսակ մը բանտ, ո՛չ դրախտն է, ո՛չ դժոխքը. առկախուած` մինչեւ անխուսափելի մահը: Մէկ տարի առաջ մայրս հրաժեշտ տուաւ այս...

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. «Դուք` Հայերդ, Ուրիշ Էք…»

 Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Անոնք, որոնք ոճիրներ բացայայտող ոստիկաններու կամ գաղտնի ոստիկաններու ժապաւէններ կը դիտեն, գիտեն, որ հերոս-ոստիկանը երկար-բարակ պրպտումներ ու հետախուզութիւններ կը կատարէ, կը ցանկագրէ կասկածելիները եւ զանոնք հարցաքննելու պահուն ընդհանրական հարցում մը կ՛ուղղէ. այսինչ օրը, այսինչ ժամուն (ի մտի ունի ոճիրին պահը) ո՞ւր կը գտնուէիր, վկայ ունի՞ս, որ ոճիրին վայրէն հեռու էիր: Մօտաւորապէս այդ տեսակի հարցաքննուողի մը վիճակին մատնուեցայ, երբ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին Գ.

 ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պատերազմի արհաւիրք - ծննդավայրի ներշնչած ապահովութիւն: Նախքան պատերազմի բռնկումը, նշեալ սերունդի տղաքն ու աղջիկները կը յաճախէին շրջանի վարժարանները: Անոնց համար չկար խտիր, աւելի՛ն. չէին գիտեր այս կամ այն յարանուանական վարժարանի տարբերութիւնը: Ընդհակառակն, էականը հայկական վարժարան յաճախելու տրամադրութիւնն էր, խանդավառութեամբ լիացած առօրեայի մը գոյութիւնը: Համեստ, աշխատասէր, ազգային շունչով յագեցած, հազիւ նախակրթարան մը տեսած, արհեստաւոր եւ օրապահիկի տէր ծնողներու զաւակներ...

Սթափելու Ժամանակը

Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 4-էն 25 մայիս, յաջորդական չորս կիրակիներուն տեղի պիտի ունենան Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները յետաձգուած էին տարի մը առաջ, գործող մարմիններու եւ թաղապետներու իրաւասութիւնները երկարաձգելով: Բազմաթիւ քաղաքապետութիւններ դադրած են գոյութիւն ունենալէ, որովհետեւ այլազան պատճառներով կորսնցուցած են իրենց մեծամասնութիւնը: Ընտրութեան ուշացումը աւելի պիտի բարդացնէր վիճակը, շատ վայրերու մէջ տեղական կառավարումը անկարելի դարձնելով: Գործող քաղաքապետութիւններու իրավիճակը շատ փոփոխական...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Բ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Համեստ ընթերցողը կրնայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ որոշ տարիք ունեցող սերունդի մը մասին կը պատմուի, երբ նոյն տարիներուն տարբեր տարիքի սերունդներ իրենց կարգին կ՛ապրէին ու կը դիմագրաւէին նոյն դժոխային պայմանները: Միւս կողմէ, եթէ երբեք գոյութիւն չունենար չափահաս թէ երէց սերունդը, ինչպէ՞ս պիտի կարենային տուեալ տարիներու նորահաս տղաքն ու աղջիկները տոկալ, դիմակայել դառն օրերը, փորձառութիւն ձեռք ձգել, դաստիարակուիլ, պարզապէս...

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Ապրիլ 4-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Մոնթրէալի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ վաստակաւոր բժիշկ, ազգային գործիչ եւ հայ մամուլին, «Ազդակ»-ի երկարամեայ ժրաջան եւ հետեւողական աշխատակից տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը: Յատկանշական է, որ ան իր մահէն նուազ քան ամիս մը առաջ նոր նիւթեր յղած էր մամուլին` վերապրող բժիշկներու մասին, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին յատուկ: Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր բժշկական ուսումը աւարտած է Պէյրութի...

Page 90 of 808 1 … 89 90 91 … 808

Արխիւներ