Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց. Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին (Լիբանան 1975-2025) Բ.

Ապրիլ 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Համեստ ընթերցողը կրնայ հարց տալ, թէ ինչո՞ւ որոշ տարիք ունեցող սերունդի մը մասին կը պատմուի, երբ նոյն տարիներուն տարբեր տարիքի սերունդներ իրենց կարգին կ՛ապրէին ու կը դիմագրաւէին նոյն դժոխային պայմանները:

Միւս կողմէ, եթէ երբեք գոյութիւն չունենար չափահաս թէ երէց սերունդը, ինչպէ՞ս պիտի կարենային տուեալ տարիներու նորահաս տղաքն ու աղջիկները տոկալ, դիմակայել դառն օրերը, փորձառութիւն ձեռք ձգել, դաստիարակուիլ, պարզապէս արթուն եւ գիտակից վիճակով շարունակելու կեանքի երթը:

Այո՛, առանձնապէս կը մատնանշուի սերունդ մը (8-10 տարեկան), որ ոչ միայն ինքզինք գտաւ պատերազմի ճիրանին մէջ, ապրեցաւ ահ ու դողով, դպրոց յաճախեց ռումբերու թէ փամփուշտներու տարափին տակ, չունեցաւ երազելու ժամանակ, իր աչքերով տեսաւ ոճիրներու տեսականի, այլ նոյնիսկ զրկուեցաւ պատանի տարիքին վերաբերող խաղերէ, խնճոյքներէ եւ ապրումներէ, աւելի՛ն. ամբողջ տասնհինգ տարի պատերազմի մէջ մնալով` հասակ առաւ, փորձեց խրախուսել, ոգեւորել ինքզինք, եւ օր մըն ալ, այսպէս ասած, տեսաւ, որ կը գտնուի երիտասարդականի տարիքին, անշուշտ, առանց անդրադառնալու, որ իր կողքին սահեր ու անցեր են կեանքի գեղեցկագոյն եւ ամէնէն կենսալի տարիները` երիտասարդութեամբ բաբախուն եւ եռանդով լեցուն ժամանակները:

Ի դէպ, տեղին է ընդգծել ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, որ, հակառակ երկար տարիներու պատերազմական վիճակին, նշեալ սերունդի տղաքն ու աղջիկները, մերթ ընդ մերթ, ժամանակ առ ժամանակ, օգտուելով զինադադարի առիթներէն կրցան, գէթ փորձեցին վերարժեւորել իրենց պատանեկանի թէ երիտասարդականի տարիքը, այս կամ այն միութեան (եկեղեցական, մշակութային, կուսակցական) մաս կազմելով ու իրենց տարիքին համապատասխան գործ ստանձնելով:

Յայտնապէս, միութենական կեանքի դաստիարակութիւնը իր շինիչ, բարերար եւ դրական ներդրումը ունեցաւ պատանեկանի եւ երիտասարդականի տարիքին եղող տղոց եւ աղջիկներու կազմաւորման վրայ, որովհետեւ անոնք հասակ առին ազգային ու գաղափարական շունչով առօրեայ կեանքին մէջ, կռանեցին սեփական կամքը, խանդ ու ժպիտով պարուրեցին շրջապատ մը ամբողջ, աշխուժ եւ գործուն դեր ունեցան հաւաքական կեանքին մէջ, թեւ ու թիկունք հանդիսացան ժողովուրդին, ցոյց տուին նուիրումի եւ զոհողութեան բարձրագոյն չափանիշեր:

Արդարեւ, պատերազմի ծնունդ այս սերունդը պայքարի դաշտ նետուեցաւ, երբ երիտասարդականի տարիքին կը փորձէր ինքզինք յայտնաբերել ու ազգային-գաղափարական աշխարհը աշտարակել:

Անտարակոյս, այս տղաքն ու աղջիկները, խումբ առ խումբ, գործեցին իրենց շրջանին մէջ` ապացուցելով իրենց արժանիքներն ու կորովի պահուածքը:

Իսկ իւրաքանչիւր խմբակի ծննդավայրը (հայահոծ շրջան) յատկանշուեցաւ իր եզակի կառուցուածքով` (հայրենակցական միութիւններ, աւանդութիւն, սովորութիւն եւ  ապրելակերպի առանձնայատկութիւն):

Իրօք, չափահաս թէ երէց սերունդին ներկայութիւնը, իր կարգին, քաջալերանք էր պատանեկանի եւ երիտասարդականի շրջապատին, որովհետեւ` իբրեւ փորձառու հայրեր, մայրեր, քոյր-եղբայրներ եւ հարազատներ ինքնավստահութիւն եւ ապահովութիւն ներշնչող շրջապատ մըն էին պատերազմի այդ տարիներուն, երբ ամէնօրեայ ռմբակոծումներու եւ քանդումի արհաւիրքը գերիշխող իրականութիւն էր ամէնուրեք:

Ծննդավայր, պատանութեան օրեր:

Առանձնացնելով Պուրճ Համուտի Արագածի շրջանը, որ հսկայ տարածքի մը բնոյթը ունէր մեզի համար, իր աշխարհագրական դիրքով ու հայահոծ բնակչութեամբ կարծես ամրոց մըն էր, ինքնաբաւ իր կրթական, եկեղեցական, յարանուանական,  միութենական, կուսակցական եւ հայրենակցական կառոյցներով, որոնք ծնունդ առած էին, Եղեռնէն ազատած մեծ հայրերու եւ մայրերու անդուլ աշխատանքով, ճիգով եւ հաւատքով:

Մտահան պէտք չէ ընել, որ Արագածի շրջանին մէջ կը գործէին կրթօճախներ, ուր կը յաճախէին նորահաս սերունդի տղաներն ու աղջիկները:

 

 

 

Նախորդը

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ Պէյրութի Մասնաճիւղի 100-Ամեակի Նշում

RelatedPosts

Յայտարարութիւններ (15 Մայիս 2025)
Անդրադարձ

Շնորհահանդէս՝ Երեքշաբթի 20 Մայիսին. «Լիբանանահայ Թատրոնը (1920-2020)» (Հեղինակ` Յարութ Գնդունի)

Մայիս 16, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Յիշելով Օլիվըր Նորթը Եւ «Խունթա»-ները

Մայիս 16, 2025
Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան
Անդրադարձ

Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?