4-էն 25 մայիս, յաջորդական չորս կիրակիներուն տեղի պիտի ունենան Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները յետաձգուած էին տարի մը առաջ, գործող մարմիններու եւ թաղապետներու իրաւասութիւնները երկարաձգելով: Բազմաթիւ քաղաքապետութիւններ դադրած են գոյութիւն ունենալէ, որովհետեւ այլազան պատճառներով կորսնցուցած են իրենց մեծամասնութիւնը: Ընտրութեան ուշացումը աւելի պիտի բարդացնէր վիճակը, շատ վայրերու մէջ տեղական կառավարումը անկարելի դարձնելով:
Գործող քաղաքապետութիւններու իրավիճակը շատ փոփոխական է. այն քաղաքապետութիւնները, որոնք տեղական տուրքերէն անկախ եկամուտներ ունին (վարձով տրուած հողատարածքներ, զանազան մուտքեր) կը յաջողին պահպանել նուազագոյն պաշտօնէութիւն մը ու կատարել իրենց շրջաններու բարեզարդման որոշ աշխատանքներ: Քաղաքապետական տուրքերը եւ պաշտօնէութեան վճարումները օրէնքով չեն վերանայուած. հաւաքուած գումարներու եւ կատարուած վճարումներու անբաւարարութիւնը կը դժուարացնեն, երբեմն նոյնիսկ անկարելի կը դարձնեն քաղաքապետութիւններու ընթացիկ գործունէութիւնը:
Քաղաքապետութիւններու գործունէութիւնը խափանող պատճառներէն մէկն ալ պետութեան կողմէ պարտաւորութիւններու չկատարուիլն է: Շրջանի մը մէջ արձանագրութիւն ունեցողներու ջուրի, ելեկտրականութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու յաւելեալ արժէքի վճարումները, որոնք մուտք կը գործեն պետական սնտուկ, պէտք է օրէնքով փոխանցուին քաղաքապետութիւններուն: Պետութիւնը ի վիճակի չէ կատարելու իր պարտաւորութիւնը, քաղաքապետութիւնները զրկելով իրենց եկամուտի կարեւորագոյն աղբիւրէն:
Յունուարին նախագահի ընտրութիւնը եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը յոյսեր ներշնչեցին տնտեսական վիճակի բարելաւման առումով: Բարեկարգչական սպասուող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններուն մէջ տեղ պէտք է գտնէ նաեւ քաղաքապետական խորհուրդներու օրինական եկամուտներու բաւարարումը:
Եկամուտներու բաւարարումը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ յառաջացնելու ատակ պաշտօնէութիւն եւ իրագործելու քաղաքաշինական անհրաժեշտ ծրագիրներ:
Քաղաքապետութիւններու գլխաւոր պարտականութիւնը շրջանի բնակիչներու կեանքի որակին բարելաւումն է: Բարեկարգ ճամբաներ ու մայթեր, մաքրութիւն, հանգիստի վայրեր մնայուն հոգածութեան առարկայ պէտք է ըլլան: Լիբանանի քաղաքացիներուն համար գոհունակութեան պատճառ է միայն պետական միջոցներու շահագործումը: Օրէնքի խախտումը, փողոցներուն կեղտոտումը, հաւաքական հանգիստի վայրերու անհատական շահագործումը կը համարուին բնական եւ ընդունելի: Լիբանանցի քաղաքացին կը բողոքէ, երբ իր օրինազանցութեան համար արգելքի կը հանդիպի: Այս երեւոյթը հետեւանք է քաղաքացիական հասարակութեան թերի կազմաւորման: Քաղաքացիական ժողովրդավար հասարակութիւնը հիմնուած է պահանջի ու պարտաւորութեան փոխադարձ յարգանքին վրայ: Իբրեւ քաղաքացի պահանջելու իրաւունք ունինք անկասկած, բայց նաեւ պարտաւորութիւն ունինք. պարտաւորութեան առաջին կանոնը, նիւթական վճարումներու կատարման հետ, օրէնքներու նկատմամբ յարգանքն է ու անոնց գործադրութիւնը: Պահանջենք, միաժամանակ օժանդակենք ենթարկուելով կանոններուն:
Ինչպէս նախագահական ընտրութիւնը եւ կառավարութեան կազմութիւնը դարձակէտ դարձան դէպի պետական իշխանութեան վերականգնումը, նոյնպէս քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները պէտք է դարձակէտ դառնան տեղական ինքնակառավարման վերականգնման համար, բոլոր շրջաններուն մէջ կեանքի որակի բարելաւման համար:
Ինչ կը վերաբերի հայութեան մասնակցութեան այս ընտրութիւններուն, կարիք չկայ յիշեցնելու, որ քաղաքացիական պարտաւորութիւնը պէտք է գերազանցէ ամէն տեսակի վերապահութիւն, դժգոհութիւն ու անտարբերութիւն: Իբրեւ ուրոյն նկարագիրով հաւաքականութիւն, հայ քաղաքացիները պարտաւոր են, լիբանանցիի իրենց իրաւունքներուն մէջ ներառել հայկական ինքնութեան վերաբերող գործօնները: Հոն, ուր կրնանք, քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ պէտք է ապահովենք ներկայութիւնը հայ անդամներու, որոնք համայնքին մէջ ծանօթ եւ յանձնառու անձնաւորութիւններ են: Ընտրենք, ապա պահանջենք: