Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Անցեալի Ոգիով Կառուցենք Նոր Ժամանակաշրջան
ԶԱՐԵՀ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Լիբանանի թաղապետական եւ քաղաքապետական ընտրութիւնները կանխող ապրիլ 13-ին բոլորս յիշատակեցինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակը, մանաւանդ` այն սերունդի տղոց, որոնք իրենց երիտասարդութիւնը անցուցին ճակատագրական եւ մղձաւանջային այդ տարիներուն: Անոնք շատ բան ունին յիշելու եւ հպարտութեամբ պատմելու, թէ ինչպէ՛ս ճակատագիրին հակառակ, մղձաւանջի մէջ, քաջաբար գործելով` կարողացան լիբանանահայ գաղութը պահել իբրեւ սփիւռքեան ամրոց: Տասնհինգ տարիներ շարունակ իրերայաջորդ սերունդներ ամբողջ չեն կրնար...



















