Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Անոնք, որոնք ոճիրներ բացայայտող ոստիկաններու կամ գաղտնի ոստիկաններու ժապաւէններ կը դիտեն, գիտեն, որ հերոս-ոստիկանը երկար-բարակ պրպտումներ ու հետախուզութիւններ կը կատարէ, կը ցանկագրէ կասկածելիները եւ զանոնք հարցաքննելու պահուն ընդհանրական հարցում մը կ՛ուղղէ. այսինչ օրը, այսինչ ժամուն (ի մտի ունի ոճիրին պահը) ո՞ւր կը գտնուէիր, վկայ ունի՞ս, որ ոճիրին վայրէն հեռու էիր:
Մօտաւորապէս այդ տեսակի հարցաքննուողի մը վիճակին մատնուեցայ, երբ քանի մը օր առաջ «Ազդակ»-ի խմբագրութենէն իմացայ, որ յառաջիկայ 13 ապրիլը Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ին 50-րդ տարեդարձն է, ու «եթէ յուշ մը կամ պատում մը ունիս…»:
Յիշողութեանս պաստառին վրայ փայլատակեցին քանի մը հարցում. ես այդ պահուն ո՞ւր էի, Լիբանանի մէջ ի՞նչ վիճակ կը տիրէր, հայութիւնը ի՞նչ կը բանէր, իսկ աշխարհը՞…
Որբերեան տեղ մը գրած է. «Կեանքի նաւակը հետք չթողուց իր ետին,/Մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան…»: Ես նոյնը չեմ կրնար ըսել (թէեւ Որբերեանն ալ համով յուշեր ունի), որովհետեւ կեանքի մէջ կան պահեր, վիճակներ, դիպաշարեր, որոնք անջնջելի կերպով կը դրոշմուին ո՛չ միայն յիշողութեանդ, այլ ամբողջ էութեանդ մէջ, քանզի 13 ապրիլ 1975-ը անցողակի դէպք մը չի յուշեր, այլ հանդիսացած է դարձակէտ մը` Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին, անոր հողերուն վրայ բնակողներուն կեանքի՛ն մէջ: Այդ օրը սկսած դէպքերու շարանը պաշտօնապէս աւարտի մը հասած համարուեցաւ 1990/91 հանգրուանին, սակայն ատիկա համոզիչ վճիռ մը չէ, որովհետեւ, ըստ էութեան, ՏԱԳՆԱՊը կը շարունակուի մինչեւ այսօր, անուն ու ձեւ, դերակատարներ կը փոխէ, սակայն փոքր երկրին աւերումն ու մաշումը կը շարունակուին անդադրում…
Վերադառնամ քիչ առաջուան հարցումներուս եւ սկսիմ անձնականէն: Այդ օրը, կէսօրուան մօտ, այցի գացեր էինք Անթիլիասի «Աղբալեան» (նախկին) ակումբին մօտ բնակող բարեկամի մը, ուր իջեւանած էր Հալէպէն եկած հարազատ մը: Սուրճ, պլոթ, ասկէ-անկէ զրոյց… Ժամերը սահեցան, եւ ես յիշեցի, որ կէսօրէ ետք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը մրցում մը ունի Անսարին դէմ: Սա այն օրերն էին, երբ մեր խումբը կը ճառագայթէր ու բաժակներ կը նուաճէր բարձրագոյն մակարդակներու վրայ: ՀՄԸՄ, ՀՄՄ, Նըժմէ, Ռասինկ` յարատեւ մրցակցութեան մէջ էին…
Հրաժեշտ առինք մեր բարեկամներէն եւ տուն վերադարձանք: Մեր շէնքի մուտքին, քանի մը դրացիներ, թրանզիսթըր ձայնասփիւռի մը շուրջ խմբուած, մտահոգ վիճակով զրոյցի բռնուած էին: Իմացուցին, որ կարճ ատեն մը առաջ Շիահի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մօտ արիւնալի դէպք մը պատահած է փաղանգաւոր եւ պաղեստինցի զինեալներու միջեւ: Տարողութիւնը յայտնի չէր: Ո՛չ ոքի մտքէն կ՛անցնէր, թէ ինչպիսի՜ աղէտի մը մեկնակէտը տրուած էր. յաջորդ քանի մը օրերուն ալ դէպքին հեռահասութիւնը մնաց անորոշ: (Մրցումին երթալու ծրագիրը… ջուրը ինկաւ):
Լիբանան մինչ այդ տարուած էր հանրապետութեան նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի առողջական վիճակով: Ան Ամերիկեան հիւանդանոց մտած էր փոքր վիրաբուժութեան մը համար: Տեղեկատու աղբիւրներու մէջ ատիկա քանի մը օր մնաց առաջնահերթ լուրերու շարքին: Աւելի ուշ էր, որ բախումներու դաշտերուն մինչեւ Թել Զաաթար եւ այլուր տարտղնումէն ետք, ապահովութեան մտահոգութիւնները դարձան ճնշող եւ առանցք` քաղաքական բանակցութիւններու:
Հայութիւնը, նա՛եւ «սփիւռքի մայրաքաղաք» Պէյրութի մէջ, կը պատրաստուէր Ցեղասպանութեան 60-ամեակի յիշատակման: Քաղաքական հանդիպումներ, մամլոյ ասուլիսներ, արդար պահանջներու յիշեցման հրապարակային ելոյթներու պատրաստութիւն… Այս գետնի վրայ յիսնամեակը նոր թափ տուած էր մեր պայքարին, կարճ ատեն մը առաջ, հայութիւնը յաջողած էր իր ձայնը պաշտօնապէս լսելի դարձնել ՄԱԿ-ի շրջագիծին մէջ, հակառակ պետական յենարանէ զուրկ ըլլալուն` հայ քաղաքական միտքը գտած էր ցեղասպանին ոճիրն ու պահանջատիրութիւնը միջազգային բեմերէն հնչեցնելու ձեւերը: Մինչեւ իսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հոգեփոխութիւն, աւելի ճիշդը` անթեղուած կայծերու արծարծում տեղի ունեցած էր…
Անդին` աշխարհը ափ ի բերան կը հետեւէր… Վիեթնամի պատերազմի վերջին արարներուն: Ամերիկացիք տեղի տուած էին, Վիեթնամի ուժերը քայլ առ քայլ գրաւած էին երկիրը, երկարատեւ ու արիւնալի պատերազմը կ՛ապրէր վերջին կայծերը:
Վերադառնանք 13 ապրիլի դէպքին: Անմիջականօրէն անիկա ահազանգի մատնեց թէ՛ լիբանանեան ու պաղեստինեան պատասխանատու շրջանակները, իսկ կարճ ատեն ետք` արաբական աշխարհն ու Միջին Արեւելքով շահագրգիռ երկիրները: Յաջորդող իրադարձութիւնները մտաբերելով` կրնանք անուղղակի համեմատութիւն մը ընել արարչագործութեան մասին սուրբգրային պատումին, որ կը թուէ իրերայաջորդ օրերու ստեղծագործութիւնները եւ իւրաքանչիւր օրուան վախճանին կ՛արձանագրէ. «Եւ եղեւ երեկոյ, եւ վաղորդայն օր երրորդ… չորրորդ… մինչեւ եօթներորդ», որմէ ետք Աստուած հանգիստ ըրաւ եւ դիտելով իր ստեղծագործութիւնները` գոհ մնաց: Լիբանանի պարագային, «վաղորդայնները» հաշուողները շուտով կորսնցուցին հաշիւ, հոգ չէ թէ հաշուիչ մեքենաները բաւական տարածուած էին, աւելի՛ն`, մնացին… անվաղորդայն, մահ ու աւեր տարիներ շարունակ մնացին տիրապետող: Բայց հոն արդէն կայ բազմահատոր մը…
Նախերգանքները
Շիահի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մօտ 13 ապրիլ 1975-ի կէսօրին տեղի ունեցած բախումը ցնցիչ դէպք էր եւ այդ պատճառով ալ նշեց «պատերազմ»-ին ազդանշանը, որովհետեւ յաջորդող ամիսներու ու տարիներու զարգացումները ընդհանրապէս դիտուեցան այդ դէպքին մեկնարկին դիտանկիւնէն: Այսուհանդերձ, առաջին օրերուն անիկա դիտուեցաւ իբրեւ ծանր պատահար, եւ ամէն մարդ ի խորոց սրտի սպասեց, որ անիկա մնայ սահմանափակ, պարզապէս էջ մը աւելցնէ նման ծանրակշիռ պատահարներու պատմութեան մէջ: Այլապէս, Լիբանանի բարիքը ցանկացողներէն ո՞վ պիտի ուզէր, որ երկիրը մատնուի դիմափոխութեան, այլանդակումի, իրողական մասնատումի եւ վերածուի հարիւր հազարաւորներու սպանդանոցի, շրջանէ շրջան տեղափոխուող աւերումներու բեմի:
Նման սպասում, այսինքն եղածը սահմանափակ դէպքի մէջ պահելու փափաքը անհիմն չէր: Լիբանան նախընթաց տասնամեակներուն ալ երբեմն ծանրակշիռ իրադարձութիւններու ժամադրավայր եղած էր, եւ ո՛չ ոքի համար գաղտնիք էր, որ նման դէպքերու գլխաւոր խոհարարները «դրսեցիներ» եղած են: Անկախութեան հռչակումի նախօրեակին, անկախութեան տարիներուն եւ մինչեւ 1975, Լիբանան բեմ եղած է բազում անկիւնադարձեր եւ վերիվայրումներ բերող իրադարձութիւններու, որոնց յաճախ ընկերացած են զինեալ «միջամտութիւններ»: Թւումի կարգով յիշենք, որ հանրապետութեան առաջին ազգայնական նախագահը հրաժարական տուած է 1952-ին ըմբոստութեան մը առջեւ տեղի տալով (չենք ուզեր մտնել այդ դէպքերուն ներքին եւ արտաքին դրդապատճառներուն ոլորապտոյտին մէջ. պատմութեան ուսանողը կրնայ որոնել եւ գտնել մանրամասնութիւնները, եթէ արդէն չի գիտեր): Աւելի ուշ նախագահ Քամիլ Շամուն եւս իր իշխանութեան վերջին ամիսներուն, 1958-ի ամրան, իր դիմաց գտած է այլ տեսակի ըմբոստութիւն մը, որ հրապարակ բերաւ «քաղաքացիական առաջին պատերազմ»-ը: Ընթերցողս նկատած պիտի ըլլայ, որ կը չակերտեմ այս եզրը, որովհետեւ այսօր ոեւէ մէկուն համար յստակ է, յստակ պէտք է ըլլայ, որ լիբանանցիք իրենք չէին, որ պատերազմ հռչակեցին իրենց հայրենակիցներուն դէմ, որքան ալ որ տարբերութիւններ կամ անհաւասարութեան վիճակներ աղաղակող էին: Լիբանանի, եւ առհասարակ Լիբանանի ճակատագիրին մատնուած-մատնուող երկիրներու մէջ վնասարար զարգացումները սարքուած են արտաքին խոհանոցներու մէջ. արաբական խոհանոցներն անգամ զոհերն են եղած մեծ խոհարարներուն: Եւ ինչպէս որ արաբական աշխարհին մէջ պառակտումներն ու հրահրուած թշնամութիւնները առաջնորդած են աղէտալի հետեւանքներու` կորուստ, նահանջներ եւ այլն (յիշենք միայն Սուրիա-Եգիպտոս միացում-բաժանումի եւ Իրաք-Սուրիա զինակցութիւն-թշնամանքի օրինակները), նոյնը եղած է նաեւ Լիբանանի բեմին վրայ: Լիբանան խոր վէրքեր կրած է մէյ մը արաբական ելեւէջներու, ուրիշ տեղ մը, կամ` զուգահեռաբար, շրջանային զարգացումներու պատճառով. Իսրայէլի ստեղծում, Սուէզի տագնապ, Պաղտատի ուխտ եւ խախտում, նախագահ Շամունի դէմ 1958-ի շարժումն ու «քաղաքացիական առաջին` կարճատեւ պատերազմը», ամերիկեան ուժերու ցամաքահանում` նոյնինքն 1958-ին, մօտաւորապէս այն ծովափին, որուն մէկ բլուրին վրայ թառած է եւ կայսերական ծաւալ կը ստանայ… ամերիկեան դեսպանատունը: Կրնանք ցանկը երկարել` Գահիրէի 1969-ի համաձայնագիրով, արաբ-իսրայէլեան բազմահանգրուան պատերազմներով ու անոնց հետեւանքներով, մասնաւորապէս պաղեստինցիներու զանգուածային բռնագաղթով ու նա՛եւ` Լիբանան բնակեցումով…
Այս քանի մը հպանցիկ նշումները կատարելով` կ՛ուզեմ ըսել, որ ժողովուրդը, մինչեւ իսկ պետութեան բարձրագոյն դիրքերուն վրայ եղողներ գիտէին, թէ 1975-ի նախընթաց փուլերուն ինչպիսի՛ վտանգներ փոթորկած էին Լիբանանի ծովափը, սակայն գիտէին նաեւ, որ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՄԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ վերականգնումով, ուժեղ կամ թոյլ գործակցական տարազներու իրականացումով (որուն նպաստած էին արտաքին խորհարարներն ալ), կարելի եղած էր կարճ ժամանակի մէջ, հոգ չէ թէ երբեմն սուղ վճարելով, փակել արիւնալի էջերը:
Ապրիլ 1975-էն Ետք
Ապրիլ 1975-ի յիշեալ դէպքը բոլորովին այլ հաշիւներով ու տարազումներով հրապարակը գրաւեց յաջորդող ամիսներուն, ապա շղթան շարունակուեցաւ 15-16 տարի, սակայն, ինչպէս նշեցի արդէն, ՏԱԳՆԱՊը այլ ձեւերով կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Վերջին տարիներուն ալ արձանագրուած են աղէտալի զարգացումներ. ո՛չ ոք անդրադարձած է, որ տեղի ունեցած են նաեւ դրական զարգացումներ (ընթրեցողս իրաւունք ունի հարցնելու, թէ սա ի՞նչ դրական բան կը տեսնես ահաւոր դիպաշարին մէջ, որուն ծանրագոյնները իսրայէլեան յարձակումներն են, չմոռցուող` նաւահանգիստի պայթումը եւ տնտեսական-ելեւմտական արագավազ անկումը): Փորձեմ առանց լաւատեսութիւն ծախելու` մատնացոյց ընել, որ 1975-էն ետք ստեղծուած շատ մը անբաղձալի վիճակներ 1991-էն ասդին նահանջած ու վերցուած են, օրինակ` Պէյրութը վերամիացած է, շրջաններուն միջեւ «սահմանագիծներ» չկան, զինեալներու անցարգելները չեն խռովեր խաղաղ երթեւեկողները, մէկը չի մտածեր, թէ քաղաքին կամ երկրին այսինչ կամ այնինչ շրջանը երթալու պահուն կրնայ քմահաճ զինեալներու կողմէ առեւանգուիլ եւ անհետ կորսուիլ, արձակազէնի թիրախ դառնալ (եւ նման բաներ, որոնք եղան 1975-ին ծայր տուած դէպքերուն պտուղներէն: Անոնք բարեբախտաբար ընդհանրապէս մոռցուած են, կամ դարձած` յամեցող լեղի յիշատակներ):
Վերադառնամ 50 տարի առաջ սկսածներուն եւ Լիբանանի ու լիբանանցիին կեանքը յեղաշրջած իրականութիւններուն: «Քաղաքացիական պատերազմ»-ի 15-16 տարիները միանուագ եւ յարատեւ ռազմական գործողութիւններու «դարաշրջան» չէին: Տարբեր դիտանկիւններէ` այդ տարիները կարելի է բաժնել քանի մը գլխաւոր փուլի, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին կարելի է էջե՜ր եւ էջեր գրել, հետեւաբար հոս ալ պիտի կատարեմ հպանցիկ յիշումներ:
Մարտ 2025
(Շար. 1)